Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆՈՒԹ

Ան «իր սրտին մէջ կը մտածէր»

Ան «իր սրտին մէջ կը մտածէր»

1, 2. Նկարագրէ՛ Մարիամի ճամբորդութիւնը եւ բացատրէ՛ թէ ինչը իրեն անհանգստութիւն կը պատճառէր։

ՄԱՐԻԱՄ աւանակի մը վրայ նստած՝ անհանգիստ շարժումներ կ’ընէ. ժամերէ ի վեր ան անասունին վրայ հեծած է։ Իսկ Յովսէփ, աւանակին կապը բռնած՝ դանդաղ քայլերով առջեւէն կ’ընթանայ։ Անոնք դէպի հեռաւոր Բեթլեհէմ կ’ուղղուին։ Մարիամ նորէն կը զգայ թէ մանուկը իր փորին մէջ կը շարժի։

2 Արձանագրութենէն յայտնի կ’ըլլայ, թէ Մարիամի յղութիւնը բաւական յառաջացած էր (Ղուկ. 2։5, 6)։ Մինչ անոնք դաշտերու քովէն կ’անցնին, հաւանաբար հողագործներէն ոմանք հերկելու կամ ցանելու ատեն՝ անոնց նայելով հարց կու տան, թէ կին մը այդ վիճակով ինչո՛ւ ճամբայ ելած պիտի ըլլայ։ Իրապէս, Մարիամ ինչո՞ւ իր քաղաքէն՝ Նազարէթէն, այդքան հեռուները կը ճամբորդէ։

3. Մարիամ ի՞նչ նշանակում մը ստացած էր, եւ ի՞նչ պիտի սորվինք իր մասին։

3 Ամէն ինչ սկիզբ առաւ ամիսներ առաջ, երբ այս հրեայ երիտասարդուհին մարդկային պատմութեան մէջ իւրայատուկ նշանակում մը ստացաւ։ Ան ծնունդ պիտի տար մանուկի մը, որ Մեսիան պիտի դառնար. Աստուծոյ Որդին (Ղուկ. 1։35)։ Մինչ ծնանելու ժամանակը կը մօտենար, այս ճամբորդութեան կարիքը ստեղծուեցաւ։ Ճամբորդութեան ընթացքին, Մարիամ դիմագրաւեց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնք իր հաւատքը փորձեցին։ Տեսնենք թէ ի՛նչը իրեն օգնեց որպէսզի հոգեւորապէս զօրաւոր մնար։

Ճամբորդութիւն դէպի Բեթլեհէմ

4, 5. ա) Յովսէփ եւ Մարիամ ինչո՞ւ Բեթլեհէմ կ’ուղղուէին։ բ) Կայսրին հրամանագիրը ո՞ր մարգարէութեան կատարման առաջնորդեց։

4 Յովսէփ եւ Մարիամ միակ ճամբորդները չէին։ Օգոստոս կայսրը հրաման արձակած էր, որ երկրին մէջ մարդահամար ըլլար. ուստի արձանագրուելու համար մարդիկ պէտք էր իրենց ծննդավայրը ճամբորդէին։ Յովսէփ ինչպէ՞ս հակազդեց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Յովսէփ ալ Գալիլիայէն, Նազարէթ քաղաքէն, ելաւ դէպի Հրէաստան, Դաւիթին քաղաքը, որ Բեթլէհէմ կը կոչուի, (ինք Դաւիթին տունէն ու ազգատոհմէն ըլլալուն համար)» (Ղուկ. 2։1-4

5 Զուգադիպութիւն չէր, որ կայսրը ճիշդ այդ ժամանակ հրամանագիրը արձակեց։ Արդէն գրեթէ 700 տարի առաջ, մարգարէացուած էր որ Մեսիան պիտի ծնէր Բեթլեհէմի մէջ։ Ուրիշ քաղաք մըն ալ կար Բեթլեհէմ անունով, որ Նազարէթէն ընդամէնը 11 քմ անդին էր։ Սակայն մարգարէութիւնը մանրամասնեց, թէ Մեսիան «Բեթլեհէմ Եփրաթա»յի մէջ պիտի ծնէր (կարդա՛ Միքիա 5։2Նազարէթէն այս գիւղակը հասնելու համար, ճամբորդներ պէտք էր շուրջ 130 քմ երկայնութեամբ ճամբայ կտրէին՝ Սամարիայի վրայով։ Յովսէփ ա՛յս Բեթլեհէմը պիտի երթար, քանի որ այս էր Դաւիթ թագաւորի տոհմին ծննդավայրը. թէ՛ Յովսէփ եւ թէ իր կինը այդ տոհմին կը պատկանէին։

6, 7. ա) Բեթլեհէմ ճամբորդելը հաւանաբար ինչո՞ւ դժուար ըլլար Մարիամին համար։ բ) Յովսէփին կինը ըլլալը ինչպէ՞ս ազդեց Մարիամի որոշումներուն (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

6 Իսկ Մարիամ թիկունք պիտի կանգնէ՞ր Յովսէփի որոշումին։ Ի վերջոյ, ճամբորդութիւնը իրեն համար դժուար պիտի ըլլար։ Ատկէ զատ, հաւանաբար աշնան սկիզբն էր եւ կրնար անձրեւել, մինչ չոր եղանակը աստիճանաբար իր աւարտին կը հասնէր։ Աւելին, «ելաւ դէպի Հրէաստան» արտայայտութիւնը տեղին է, քանի որ Բեթլեհէմը աւելի քան 760 մ բարձրութեան վրայ կը գտնուէր։ Ուստի իրենց ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը աւելի ջանք պիտի պահանջէր իրենցմէ, քանի որ զառիվեր պիտի բարձրանային։ Թերեւս սովորականէն աւելի ժամանակ ալ առնէր, քանի որ Մարիամ յաճախ հանգստանալու կարիք պիտի զգար։ Մանաւանդ այդ ատեն, որ իր յղութեան օրերը լեցուած էին, այս երիտասարդուհին թերեւս փափաքէր տունը մնալ, իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ, որոնք պատրաստակամօրէն պիտի օգնէին իրեն, երբ իր ցաւերը սկսէին։ Անկասկած, հարկ էր որ Մարիամ քաջ ըլլար՝ այս ճամբորդութիւնը կատարելու համար։

Բեթլեհէմ ճամբորդելը դիւրին չէր

7 Այսուհանդերձ, Ղուկաս կը գրէ թէ Յովսէփ գնաց «որպէսզի Մարիամին հետ արձանագրուի»։ Ան նաեւ կը նշէ, թէ Մարիամ այդ ատեն «արդէն իր կինն էր» (Ղուկ. 2։4, 5, ՆԱ)։ Յովսէփին կինը ըլլալը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Մարիամի որոշումներուն վրայ։ Գիտակցելով իր էրկան օգնական ըլլալու եւ անոր որոշումներուն թիկունք կանգնելու իր աստուածատուր դերը՝ ան իր ամուսինը, հոգեւոր առումով, իր գլուխը կը նկատէր *։ Մարիամ կրցաւ իր հաւատքին ազդող այս մարտահրաւէրը՝ ճամբորդութեան որոշումը, յաղթահարել, պարզապէս հնազանդելով իր ամուսինին։

8. ա) Ուրիշ ի՞նչ բան թերեւս Մարիամը մղեց Յովսէփին հետ Բեթլեհէմ երթալու։ բ) Մարիամին օրինակը ի՞նչ կերպով կը քաջալերէ հաւատարիմ մարդիկը։

8 Ուրիշ ի՞նչ բան թերեւս Մարիամը մղեց հնազանդելու։ Արդեօք ան գիտէ՞ր այն մարգարէութիւնը, թէ Բեթլեհէմը Մեսիային ծննդավայրը պիտի ըլլար։ Աստուածաշունչը բան մը չի նշեր։ Սակայն հաւանական է որ գիտէր, քանի որ թէ՛ կրօնական առաջնորդները եւ թէ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը գիտէին այս իրողութիւնը (Մատ. 2։1-7. Յովհ. 7։40-42)։ Մարիամ Սուրբ Գրութիւններուն քաջածանօթ էր (Ղուկ. 1։46-55)։ Թէ ան որոշեց ճամբորդել իր ամուսինին հնազանդելու, աշխարհիկ հրամանագրի մը կամ Եհովայի մարգարէութեան համար,– կամ թերեւս մէկէ աւելի պատճառներով,– ստոյգ չենք գիտեր։ Սակայն յստակ է որ ան հիանալի օրինակ մը թողուց։ Եհովան մեծապէս կ’արժեւորէ թէ՛ տղամարդոց եւ թէ կիներու ցուցաբերած խոնարհ եւ հնազանդ հոգին։ Մարիամի օրինակը յա՛տկապէս մեզ կը քաջալերէ, քանի որ ներկայիս շատեր կը խորհին որ պէտք չէ ենթարկուող ըլլան։

Քրիստոսի ծնունդը

9, 10. Մարիամ եւ Յովսէփ ի՞նչ մտաբերած ըլլալու էին, մինչ Բեթլեհէմի կը մօտենային։ բ) Յովսէփ եւ Մարիամ ինչո՞ւ ախոռի մը մէջ իջեւանեցին։

9 Մարիամ շատ հաւանաբար հանգստացաւ, երբ հեռուէն տեսաւ Բեթլեհէմը։ Մինչ բլուրներու վրայէն, ձիթենիներու պարտէզներու քովէն կ’անցնէին, ատոնց վերջին բերքահաւաքի ատեն, Մարիամ եւ Յովսէփ մտաբերած ըլլալու էին այս պզտիկ գիւղին պատմութիւնը։ Ինչպէս Միքիա մարգարէն գրած էր, ատիկա այնքան աննշան էր՝ որ չէր յիշուեր Յուդայի քաղաքներուն մէջ, սակայն հո՛ն ծնած էին Բոոսը, Նոեմին եւ Դաւիթը՝ աւելի քան հազար տարի առաջ։

10 Մարիամ եւ Յովսէփ գիւղակը խճողուած գտան։ Շատեր իրենցմէ աւելի կանուխ եկած էին աշխարհագիր մտնելու, ուստի իրենց իջեւանելու տեղ չէր մնացած *։ Անոնք ստիպուած եղան ախոռի մը մէջ գիշերել։ Կրնանք պատկերացնել թէ Յովսէփին որքա՛ն կը մտահոգէր իր կնոջ ցաւերուն սաստկանալը. այս անյարմար պայմաններու ներքեւ էր որ Մարիամին երկունքի ցաւերը սկսան։

11. ա) Ամէնուրեք, կիներ ինչո՞ւ կրնան կարեկցիլ Մարիամին։ բ) Յիսուս ի՞նչ կերպերով «անդրանիկ»ն էր։

11 Ամէնուրեք, կիներ կրնան կարեկցիլ Մարիամին։ Այդ դէպքէն գրեթէ 4000 տարի առաջ, Եհովա նախագուշակած էր թէ բոլոր կիները ծննդաբերելու ատեն ցաւ պիտի քաշէին՝ ժառանգուած մեղքին պատճառով (Ծն. 3։16)։ Եւ Մարիամ բացառութիւն մը չէր։ Ղուկաս մանրամասնօրէն չի նկարագրեր Մարիամին ցաւերը, այլ պարզապէս կը նշէ. «Իր անդրանիկ որդին ծնաւ» (Ղուկ. 2։7)։ Այո, իր առաջին զաւակը, որմէ ետք առնուազն վեց զաւակներ ալ ունեցաւ (Մար. 6։3)։ Սակայն այս մէկը լման տարբեր պիտի ըլլար միւսներէն, քանի որ ան ոչ միայն Մարիամին անդրանիկն էր, այլեւ՝ Եհովայի անդրանիկը «բոլոր ստեղծուածներուն» մէջ, Աստուծոյ միածին Որդին (Կող. 1։15

12. Մարիամ՝ մանուկը ո՞ւր պառկեցուց, եւ իրականութիւնը ինչպէ՞ս կը տարբերի Սուրբ Ծնունդի խաղարկութիւններէն, նկարչութիւններէն եւ պատկերներէն։

12 Այնուհետեւ, արձանագրութիւնը հռչակաւոր մանրամասնութիւն մը կ’աւելցնէ. «[Ան] խանձարուրով փաթթեց եւ զանիկա մսուրին մէջ պառկեցուց» (Ղուկ. 2։7)։ Համայն աշխարհի մէջ, Սուրբ Ծնունդին առիթով խաղարկութիւնները, նկարչութիւններն ու պատկերները այս տեսարանը կը ներկայացնեն՝ զգացական եւ անիրապաշտ կերպով։ Սակայն նկատի առ իրողութիւնը։ Մսուրը ուղղանկիւնաձեւ տաշտ մըն է, որուն մէջ ընտանի անասուններու համար ուտելիք կը լեցնեն։ Յիշէ թէ անոնք ախոռի մը մէջ էին, ուր առողջապահական պայմաններ չկային եւ օդն ալ մաքուր չէր (նոյնն ալ այսօր)։ Իրապէս, ո՞ր ծնողքը այսպիսի տեղ մը պիտի ընտրէր ծննդաբերութեան համար, եթէ ա՛յլ ընտրանք մը ունենար։ Ընդհանրապէս, ծնողներ լաւագոյնը կ’ուզեն իրենց զաւակներուն համար։ Իսկ որչա՛փ աւելի Մարիամ եւ Յովսէփ, որոնք կ’ուզէին Աստուծոյ Որդւոյն համար լաւագոյն հոգատարութիւնը հայթայթել։

13. ա) Մարիամ եւ Յովսէփ ի՞նչ կերպով լաւագոյնս օգտուեցան իրենց ունեցածէն։ բ) Ներկայիս, իմաստուն ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան նոյնանման առաջնահերթութիւններ դնել։

13 Այսուհանդերձ, անոնք թոյլ չտուին որ սեղմ պայմանները զիրենք ճնշեն. անոնք պարզապէս լաւագոյնս օգտուեցան իրենց ունեցածէն։ Նշմարէ, զոր օրինակ, թէ Մարիամ ի՛նք հոգ տարաւ նորածինին, զայն խանձարուրելով, զգուշօրէն մսուրին մէջ դնելով եւ վստահ ըլլալով որ իր զաւակը տաքուկ ու ապահովաբար պիտի քնանար։ Նոյնիսկ այս աննպաստ պայմաններուն տակ, Մարիամ իր կարելին ըրաւ զաւկին հոգ տանելու համար։ Ինք եւ Յովսէփ նաեւ գիտէին, թէ կարեւորագոյն բանը որ կրնային ընել՝ իրենց մանուկին հոգեւոր կարիքները հոգալն էր (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։6-8Ներկայիս, իմաստուն ծնողներ նոյնանման առաջնահերթութիւններ կը դնեն, մինչ իրենց զաւակները կը մեծցնեն աշխարհի մը մէջ, որ հոգեւոր բաները չի գնահատեր։

Քաջալերական այցելութիւն մը

14, 15. ա) Հովիւները ինչո՞ւ անհամբերութեամբ կ’ուզէին մանուկը տեսնել։ բ) Հովիւները ի՞նչ ըրին, երբ զինք տեսան մսուրին մէջ։

14 Յանկարծ՝ անսպասելի հիւրեր կու գան,– հովիւներ, որոնք անհամբերութեամբ կ’ուզէին տեսնել ընտանիքը, յա՛տկապէս մանուկը։ Այս տղամարդիկը ոգեւորուած էին եւ իրենց դէմքերը կը փայլէին ուրախութենէն։ Անոնք աճապարելով իջած էին բլուրներէն, ուր կ’ապրէին իրենց հօտերուն հետ մէկտեղ *։ Անոնք անակնկալի եկած ծնողներուն պատմեցին այն հրաշալի դէպքը, որ տեղի ունեցած էր իրենց հետ, երբ կէսգիշերին, բլրակողմը, յանկարծ հրեշտակ մը երեւցած էր, ինչպէս նաեւ Եհովայի փառքը լուսաւորած էր իրենց բոլորտիքը։ Հրեշտակն ըսած էր, թէ Քրիստոսը, կամ՝ Մեսիան, ծնած է Բեթլեհէմի մէջ եւ անոնք մանուկը պիտի գտնէին խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մը մէջ պառկած։ Իսկոյն, շատ աւելի տպաւորիչ բան մը պատահած էր,– յայտնուած էր հրեշտակներու հզօր բազմութիւն մը, որ Աստուած կը գովաբանէր (Ղուկ. 2։8-14

15 Զարմանալի չէ, որ այս խոնարհ տղամարդիկը շտապեցին Բեթլեհէմ երթալ։ Անոնք հրճուած ըլլալու էին, երբ տեսան նորածինը մսուրին մէջ պառկած, ճիշդ ինչպէս որ հրեշտակը նկարագրած էր։ Անոնք այս ուրախ լուրը իրենց մէջ չպահեցին, հապա «իմացուցին այն խօսքերը. . . Ամէնքը որ կը լսէին, կը զարմանային այն բաներուն վրայ, որոնք հովիւները իրենց կ’ըսէին» (Ղուկ. 2։17, 18)։ Այդ օրուան կրօնական առաջնորդները, ակներեւաբար, կ’արհամարհէին հովիւները։ Սակայն յստակ է որ Եհովան կ’արժեւորէր այս խոնարհ եւ հաւատարիմ տղամարդիկը։ Արդեօք Մարիա՞մ ինչպէս ազդուեցաւ այս այցելութենէն։

Յստակ է որ Եհովան կ’արժեւորէր խոնարհ եւ հաւատարիմ հովիւները

16. Մարիամ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ իրապէս խորհրդածող էր, եւ իր հաւատքը ամուր պահելու կարեւոր մէկ ազդակը ի՞նչ էր։

16 Ծննդաբերութենէն ետք, Մարիամ ինքզինք թոյլ զգաց, այսուհանդերձ, ան բառ առ բառ մտիկ ըրաւ։ Աւելին, «Մարիամ այս ամէն բաները կը պահէր ու իր սրտին մէջ կը մտածէր» (Ղուկ. 2։19)։ Այս երիտասարդուհին իրապէս խորհրդածող էր։ Ինք գիտէր թէ հրեշտակին յայտնած այս պատգամը շատ կարեւոր էր։ Իր Աստուածը՝ Եհովան, կ’ուզէր որ Մարիամ գիտնար իր որդւոյն ինքնութիւնն ու կարեւորութիւնը։ Ուստի Մարիամ ոչ միայն լսեց, այլեւ այդ բոլոր խօսքերը իր սրտին մէջ պահեց, որպէսզի կարենար ատոնց շուրջ կրկին անգամ խորհրդածել գալիք ամիսներուն եւ տարիներուն ընթացքին։ Ասիկա կարեւոր ազդակ մըն է, թէ Մարիամ ինչո՛ւ կրցաւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, իր հաւատքը ամուր պահել (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։1

Մարիամ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ հովիւներուն եւ անոնց խօսքերը իր սրտին մէջ պահեց

17. Ինչպէ՞ս կրնանք հետեւիլ Մարիամի օրինակին, հոգեւոր ճշմարտութիւններու առնչութեամբ։

17 Պիտի հետեւի՞ս Մարիամի օրինակին։ Եհովան իր Խօսքին էջերը կարեւոր եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններով լեցուցած է։ Սակայն այդ ճշմարտութիւնները մեզի շատ օգտակար չեն կրնար դառնալ, եթէ նախ անոնց վրայ ուշադրութիւն չընծայենք։ Այս մէկը կ’ընենք՝ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալով,– ոչ թէ իբրեւ գրականութիւն մը, այլ՝ որպէս Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը (Բ. Տիմ. 3։16)։ Իսկ ընթերցելէն ետք, ինչպէս Մարիամ ըրաւ, մենք ալ այդ հոգեւոր խօսքերը մեր սրտին մէջ պէտք է պահենք եւ անոնց շուրջ մտածենք։ Եթէ մեր կարդացածին վրայ խոկանք, մտածելով թէ ի՛նչ կերպերով կրնանք Եհովայի խրատները աւելի լաւ կիրարկել մեր կեանքին մէջ, մեր հաւատքը աւելի՛ զօրացուցած պիտի ըլլանք։

Աւելի խօսքեր՝ պահելու համար

18. ա) Մարիամ եւ Յովսէփ ինչպէ՞ս հնազանդեցան Մովսիսական օրէնքին՝ երբ Յիսուս մանուկ էր։ բ) Տաճարին մէջ Յովսէփի եւ Մարիամի մատուցած զոհը ի՞նչ կը յայտնէ իրենց տնտեսական վիճակին մասին։

18 Երբ մանկիկը ութ օրուան էր, Մարիամ եւ Յովսէփ, Մովսիսական օրէնքին համաձայն, զինք թլփատել տուին եւ անուանեցին Յիսուս, ինչպէս որ հրեշտակը պատուիրած էր (Ղուկ. 1։31)։ Իսկ երբ 40 օրուան էր, զինք Բեթլեհէմէն Երուսաղէմի տաճարը տարին, գրեթէ 10 քմ հեռաւորութեամբ, եւ հոն մատուցանեցին մաքրուելու ա՛յն ընծաները, որոնք Օրէնքը աղքատներուն թոյլ կու տար,– զոյգ մը տատրակ կամ երկու աղաւնիներ։ Նոյնիսկ եթէ Յովսէփն ու Մարիամը ամչցան, քանի որ կարող չէին ուրիշ ծնողներու պէս գառ մը եւ աղաւնիի ձագ մը կամ տատրակ մը մատուցանել, անոնք մէկ կողմ դրին այդ զգացումը։ Ամէն պարագայի, անոնք մեծապէս քաջալերուեցան, մինչ հոն էին (Ղեւ. 12։6-8. Ղուկ. 2։21-24

19. ա) Սիմէոն ի՞նչ խօսքեր ըսաւ, որոնք Մարիամ նոյնպէս իր սրտին մէջ պահեց։ բ) Աննան ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ Յիսուսը տեսաւ։

19 Սիմէոն անունով ծերունի մը անոնց մօտեցաւ եւ ըսաւ խօսքեր, որոնք Մարիամ նոյնպէս իր սրտին մէջ պահեց։ Այդ մարդուն խոստացուած էր, որ նախքան իր մահը, պիտի տեսնէր Մեսիան, նաեւ Եհովայի սուրբ հոգին իրեն յայտնած էր, թէ Յիսուս մանուկը նախագուշակուած Փրկիչն էր։ Սիմէոն նաեւ իմացուց Մարիամին այն ցաւին մասին, որ պիտի կրէր ապագային։ Ան ըսաւ թէ Մարիամի ցաւը այնքան զօրաւոր պիտի ըլլար, կարծես թէ թուր մը պիտի անցնէր իրմէ (Ղուկ. 2։25-35)։ Նոյնիսկ այդ չարագուշակ խօսքերը թերեւս Մարիամին օգնեցին տոկալու, երբ երեք տասնամեակ ետք, այդ դժուարին ժամանակը հասաւ։ Սիմէոնէն ետք, Աննա անունով մարգարէուհի մը տեսաւ Յիսուս մանուկը եւ սկսաւ անոր մասին խօսիլ բոլոր անոնց, որոնք Երուսաղէմին փրկութեան կը սպասէին (կարդա՛ Ղուկաս 2։36-38

Մարիամ եւ Յովսէփ մեծապէս քաջալերուեցան Երուսաղէմի Եհովայի տաճարին մէջ

20. Յիսուսը Երուսաղէմի տաճարը բերելը ինչպէ՞ս լաւ որոշում մըն էր։

20 Ի՜նչ լաւ որոշում մը կայացուցած էին Յովսէփն ու Մարիամը՝ իրենց զաւակը բերելով Երուսաղէմ՝ Եհովայի տաճարը։ Այդպիսով, անոնք հիմ դրին, որ իրենց որդին մինչեւ վերջ հաւատարմօրէն այցելէ Եհովայի տաճարը։ Անոնք իրենց լաւագոյնը մատուցանեցին Եհովային, եւ ուղղութիւն ու քաջալերութիւն ստացան։ Վստահաբար, Մարիամ այդ օրը տաճարէն մեկնեցաւ զօրացած հաւատքով եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններով, որոնց վրայ կրնար խոկալ եւ զանոնք ուրիշներուն հետ բաժնել։

21. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր հաւատքը, Մարիամի հաւատքին պէս, հետզհետէ պիտի զօրանայ։

21 Այսօր ուրախալի է տեսնել, թէ ծնողներ ինչպէ՛ս կը հետեւին այդ օրինակին։ Եհովայի վկայ ծնողներ իրենց երեխաները հաւատարմօրէն քրիստոնէական հանդիպումներու կը տանին եւ իրենց լաւագոյնը կ’ընեն՝ իրենց հաւատակիցներուն քաջալերական խօսքեր ըսելով։ Իսկ երբ կը մեկնին, աւելի ուրախ եւ զօրացած կը զգան, եւ ուրիշներուն հետ բաժնելիք բազմաթիւ լաւ բաներ կ’ունենան։ Ի՜նչ հաճոյք է անոնց հետ մէկտեղ հաւաքուիլը։ Մինչ այդպէս կ’ընենք, պիտի զգանք թէ մեր հաւատքը, Մարիամի հաւատքին պէս, հետզհետէ պիտի զօրանայ։

^ պարբ. 7 Նշմարէ թէ ի՜նչ տարբերութիւն կայ այս եւ նախկին ճամբորդութեան նկարագրութեան միջեւ, ուր կ’ըսուի թէ Մարիամ «ելաւ. . . ու արտորալով. . . գնաց» Եղիսաբէթին այցելելու (Ղուկ. 1։39)։ Այդ ատեն, ան նշանուած էր Յովսէփի հետ, սակայն դեռ ամուսնացած չէր, ուստի կրնայ ըլլալ որ այդ ճամբորդութիւնը առանց Յովսէփին կարծիքը առնելու ըրաւ։ Իսկ հիմա որ զոյգը արդէն ամուսնացած էր, իրենց ճամբորդութիւնը Յովսէփին վերագրուեցաւ եւ ոչ թէ Մարիամին։

^ պարբ. 10 Այդ օրերուն, գիւղացիները սովորութիւն ունէին ճամբորդներուն եւ անցող կարաւաններուն իջեւանելու տեղ տրամադրելու։

^ պարբ. 14 Այն իրողութիւնը, թէ այդ ատեն հովիւները իրենց հօտերուն հետ դուրսերը կ’ապրէին, կը հաստատէ Աստուածաշունչին նշած ժամանակագրութիւնը. ուստի Քրիստոս ծնած էր ոչ թէ դեկտեմբերին, երբ հօտերը ախոռներու մէջ կը պահուէին, այլ՝ մօտաւորապէս հոկտեմբերի սկիզբը։