Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆԵՐԵՔ

Ան իր սխալներէն սորվեցաւ

Ան իր սխալներէն սորվեցաւ

1, 2. ա) Յովնան իր եւ նաւաստիներուն գլխուն ի՞նչ փորձանք բերած էր։ բ) Յովնանի պատմութիւնը մեզի ինչպէ՞ս կրնայ օգնել։

ՅՈՎՆԱՆ մտահոգ է։ Կատաղի քամին առագաստներու պարաններուն մէջէն կը սուրայ, հսկայ ալիքները ուժգնօրէն կը հարուածեն նաւը եւ բոլոր գերանները կը ճռճռան ու կը դղրդան։ Քամին եւ ալիքները սարսափելի աղմուկ կը հանեն։ Բայց միայն այս ձայները չեն որ Յովնանը կը մտահոգեն։ Ան չ’ուզեր լսել նաւապետին եւ նաւաստիներուն աղաղակը, որոնք խուճապի մատնուելով կը փորձեն նաւը ջուրին երեսը պահել։ Ան կը գիտակցի թէ այս մարդիկը շուտով պիտի մեռնին եւ՝ այս ամէնուն պատճառը ինքն է։

2 Յովնան ինչո՞ւ այդպիսի ճարահատ վիճակի մը մէջ էր։ Ան լուրջ սխալ մը գործած էր իր Աստուծոյն՝ Եհովայի դէմ. ան ի՞նչ ըրած էր։ Արդեօք կարելիութիւն կա՞ր հարցերը լուծելու։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեզի շատ բան կրնան սորվեցնել։ Օրինակ, Յովնանի պատմութիւնը մեզի կ’օգնէ գիտակցելու, թէ նոյնիսկ անկեղծ հաւատքի տէր անհատներ կրնան սխալներ գործել եւ ապա զանոնք սրբագրել։

Մարգարէ մը Գալիլիայէն

3-5. ա) Մարդոց միտքը յաճախ ի՞նչ կու գայ, երբ Յովնանի մասին կը մտածեն։ բ) Ի՞նչ գիտենք Յովնանի ենթահողին մասին (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։ գ) Յովնանի համար որպէս մարգարէ ծառայելը ինչո՞ւ դիւրին կամ հաճոյալի չէր։

3 Երբ մարդիկ Յովնանի մասին կը մտածեն, յաճախ իրենց միտքը կու գայ անոր ժխտական կողմերը, ինչպէս անոր անհնազանդութիւնը կամ՝ նոյնիսկ յամառութիւնը։ Բայց շատ աւելին կրնանք գիտնալ Յովնանի մասին։ Յիշէ որ ան Եհովա Աստուծոյ մարգարէն էր։ Եհովան անհաւատարիմ կամ անարդար մարդու մը պիտի չվստահէր այդ լուրջ պատասխանատուութիւնը։

Յովնան լաւ կողմեր ալ ունէր

4 Աստուածաշունչը Յովնանի ենթահողին մասին չնչին տեղեկութիւն կու տայ (կարդա՛ Դ. Թագաւորաց 14։25Ան Գեթքոփեր քաղաքէն էր, որ միայն 4 քմ հեռու էր Նազարէթէն, ուր գրեթէ 8 դար ետք պիտի մեծնար Յիսուս Քրիստոս *։ Յովնան որպէս մարգարէ ծառայեց Իսրայէլի տասը ցեղեան թագաւորութեան թագաւորին՝ Յերոբովամ Բ.–ի իշխանութեան ընթացքին։ Եղիա մարգարէն արդէն վաղուց մահացած էր, իսկ իր յաջորդը՝ Եղիսէն, Յերոբովամի հօր իշխանութեան ատեն մեռած էր։ Թէեւ Եհովան այդ տղամարդոց միջոցով Բահաղի պաշտամունքը կասեցուցած էր, բայց իսրայէլ դարձեալ կամովին կը մոլորէր։ Այժմ երկիրը կը գտնուէր թագաւորի մը իշխանութեան տակ, որ կը շարունակէր «Տէրոջը առջեւ չարութիւն» ընել (Դ. Թագ. 14։24)։ Ուստի Յովնանի համար որպէս մարգարէ ծառայելը չէր կրնար դիւրին ըլլալ, ոչ ալ հաճոյալի։ Բայց եւ այնպէս, ան հաւատարմօրէն կատարեց իր ծառայութիւնը։

5 Սակայն օր մը, Յովնանի կեանքը բոլորովին փոխուեցաւ։ Ան Եհովայէն նշանակում մը ստացաւ, որ իր աչքին չափազանց դժուար կը թուէր։ Եհովան ի՞նչ պատուէր տուաւ Յովնանին։

«Ելի՛ր, Նինուէ. . . գնա՛»

6. Եհովան ի՞նչ նշանակում տուաւ Յովնանին, եւ ասիկա ինչո՞ւ կրնար վախազդու թուիլ մարգարէին։

6 Եհովան Յովնանին ըսաւ. «Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ ու քարոզէ՛, քանզի անոնց չարութիւնը իմ առջեւս ելաւ» (Յովն. 1։2)։ Դժուար չէ հասկնալ, թէ այս նշանակումը ինչո՛ւ կրնար վախազդու թուիլ Յովնանին։ Նինուէ կը գտնուէր շուրջ 800 քմ հեռաւորութեան վրայ՝ դէպի արեւելք, եւ հոն հասնելու համար, Յովնան պէտք էր գրեթէ մէկ ամիս հետիոտն ճամբայ կտրէր։ Բայց ասիկա գործին դիւրին մէկ երեսակն էր։ Յովնան Նինուէի մէջ Եհովայի դատաստանական պատգամը պիտի հաղորդէր ասորեստանցիներուն, որոնք ակներեւաբար դաժան եւ արիւնահեղ ժողովուրդ էին։ Եթէ Աստուծո՛յ ժողովուրդը ականջ չէր կախեր իր խօսքերուն, ուր մնաց այդ հեթանոսները։ Եհովայի ծառան մինակը ի՞նչ պիտի ընէր մեծ Նինուէին մէջ, որ յետագային «արիւններու քաղաք» պիտի կոչուէր (Նաւ. 3։1, 7

7, 8. ա) Յովնան ո՞ր աստիճան վճռած էր Եհովայի տուած նշանակումէն փախչիլ։ բ) Ինչո՞ւ պէտք չէ դատենք ըսելով թէ Յովնան վախկոտ էր։

7 Չենք կրնար ստուգապէս ըսել թէ Յովնան ի՛նչ կը մտածէր, սակայն մէկ բան յստակ է. ան փախաւ։ Եհովա զինք յանձնարարած էր դէպի արեւելք երթալ, բայց ան դէպի արեւմուտք գնաց, կարելի եղածին չափ հեռուները փախչելով։ Ան ծովեզերք իջաւ, Յոպպէի նաւահանգիստը հասաւ եւ նաւ մը գտաւ որ կ’ուղղուէր դէպի Թարսիս։ Կարգ մը ուսումնականներ կ’ըսեն թէ Թարսիսը կը գտնուէր Սպանիոյ մէջ։ Եթէ այս է պարագան, ուրեմն Յովնան Նինուէէն շուրջ 3500 քմ հեռու կ’ուղղուէր։ Այսպիսի ճամբորդութիւն մը, Մեծ ծովի մէկ ափէն միւս ափը նաւարկելով, թերեւս մէկ տարի տեւէր։ Յովնան ա՛յդ աստիճան վճռած էր փախչիլ այն նշանակումէն, զոր Եհովան իրեն տուած էր (կարդա՛ Յովնան 1։3

8 Ասկէ կը հասկնանք որ Յովնան վախկո՞տ էր։ Զինք դատելու մէջ արագ չըլլանք։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, Յովնան առանձնայատուկ խիզախութիւն դրսեւորեց։ Սակայն ան իւրաքանչիւրիս պէս անկատար էր եւ կը պայքարէր իր շատ մը թերութիւններուն դէմ (Սաղ. 51։5)։ Մեզմէ ո՞վ բնաւ չէ պայքարած վախի զգացումին դէմ։

9. Երբեմն թերեւս ի՞նչ զգանք Եհովայէն ստացած նշանակումի մը նկատմամբ, եւ այդպիսի պահերուն ի՞նչ ճշմարտութիւն պէտք է յիշենք։

9 Ատեն–ատեն թերեւս թուի թէ Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ ընել բան մը, որ ըստ մեզի՝ դժուար կամ նոյնիսկ անկարելի է։ Թերեւս նոյնիսկ քաշուինք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելէ,– նշանակում մը որ պահանջուած է քրիստոնեաներէն (Մատ. 24։14)։ Մեզի համար շատ դիւրին է մոռնալ Յիսուսի ըսած այս խորիմաստ ճշմարտութիւնը. «Աստուծոյ կողմէն ամէն բան կարելի է» (Մար. 10։27)։ Եթէ երբեմն մե՛նք կը մոռնանք այս պարզ ճշմարտութիւնը, ուրեմն կրնանք հասկնալ Յովնանի մարտահրաւէրը։ Սակայն անոր փախուստին հետեւանքները ի՞նչ էին։

Եհովան կը խրատէ իր կամակոր մարգարէն

10, 11. ա) Յովնան հաւանաբար ի՞նչ խորհեցաւ, մինչ բեռնանաւը նաւահանգիստէն կը հեռանար։ բ) Ի՞նչ վտանգ սպառնաց նաւուն եւ նաւաստիներուն։

10 Կրնանք պատկերացնել թէ Յովնան նաւ կը բարձրանայ, հաւանաբար փիւնիկեան բեռնանաւ մը, եւ կը դիտէ թէ ինչպէ՛ս նաւապետն ու նաւաստիները աճապարանօք կը պատրաստուին նաւը նաւահանգիստէն դուրս հանելու։ Մինչ նաւը ափէն կը հեռանայ եւ ցամաքը հետզհետէ կը կորսուի, Յովնան թերեւս կը խորհի թէ կրցաւ փախչիլ այն վտանգէն, որմէ շատ կը վախնայ։ Բայց յանկարծ, եղանակը կը փոխուի։

11 Սարսափելի փոթորիկ մը կ’ելլէ ծովուն մէջ։ Անսանձ կատաղութեամբ բարձրացող ալիքները այնքա՛ն վիթխարի էին, որ նոյնիսկ այժմու հսկայ նաւերը կրնային ջուրին երեսը ծփացող փայտի կտորներու նմանիլ։ Քիչ մնաց որ նաւը ջարդուփշուր ըլլար։ Կը թուէր թէ փրփրադէզ ալիքները շուտով պիտի խորտակէին այդ փայտէ պզտիկ եւ դիւրաբեկ նաւը։ Արդեօք Յովնան այդ պահուն գիտէ՞ր այն ինչ որ յետագային գրեց,– թէ «Տէրը ծովուն մէջ մեծ հով մը հանեց»։ Չենք գիտէր։ Ամէն պարագայի, Յովնան տեսաւ թէ նաւաստիները սկսան իրենց տարբեր աստուածներուն աղաղակել. ինք գիտէր թէ այդ աստուածները չէին կրնար իրենց օգնել (Ղեւ. 19։4)։ Ան գրեց. «Նաւը խորտակուելու վտանգին մէջ էր» (Յովն. 1։4)։ Եւ ինք ինչպէ՞ս պիտի աղօթէր իր Աստուծոյն, որուն երեսէն կը փախչէր։

12. ա) Ինչո՞ւ արագ պէտք չէ ըլլանք Յովնանը դատելու, փոթորիկին սաստկանալուն ատեն քնանալուն համար (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս բացայայտեց աղէտին պատճառը։

12 Նաւաստիներուն օգնելու անկարող զգալով, Յովնան նաւուն ամենացած տեղը իջաւ, պառկելու տեղ գտաւ եւ խոր քունի անցաւ *։ Նաւապետը մօտեցաւ Յովնանին, արթնցուց զինք եւ ըսաւ որ միւսներուն պէս իր Աստուծոյն աղօթէր։ Նաւաստիները համոզուած ըլլալով որ այս փոթորիկին ետին գերբնական բան մը կար, վիճակ ձգեցին գիտնալու համար թէ ո՛վ էր այս աղէտին պատճառը։ Մինչ վիճակը անհատէ անհատ կ’անցնէր, Յովնանի սիրտը անկասկած կը նուաղէր։ Շուտով երեւան ելաւ ճշմարտութիւնը,– Եհովան թէ՛ փոթորիկը եւ թէ վիճակը կ’ուղղէր մէկ մարդու՝ Յովնանի վրայ (կարդա՛ Յովնան 1։5-7

13. ա) Յովնան ի՞նչ խոստովանեցաւ նաւաստիներուն։ բ) Յովնան նաւաստիները յորդորեց որ ի՞նչ ընեն եւ ինչո՞ւ։

13 Յովնան ամէն բան պատմեց նաւաստիներուն։ Ան ըսաւ թէ կը ծառայէր ամենակալ Աստուծոյ՝ Եհովային, որմէ փախած եւ որուն բարկացուցած էր, նաւուն մէջ եղող բոլոր մարդոց կեանքը վտանգի տակ դնելով։ Նաւաստիները զարհուրեցան. իրենց աչքերը կ’արտացոլէին իրենց սարսափը։ Անոնք Յովնանին հարցուցին թէ իրեն ի՛նչ պէտք է ընեն որ նաւն ու իրենց կեանքը ազատեն։ Ան ի՞նչ ըսաւ։ Թերեւս Յովնան չէր ուզեր նոյնիսկ մտածել այն սարսափելի գաղափարին մասին, թէ պիտի խեղդուէր պաղ եւ փոթորկալից ծովուն մէջ։ Բայց ան ինչպէ՞ս կրնար այս բոլոր տղամարդիկը այսպիսի մահուան ենթարկել, գիտնալով թէ կրնար զիրենք ազատել։ Ուստի զիրենք յորդորեց, ըսելով. «Զիս վերցուցէ՛ք ու ծովը նետեցէ՛ք ու ծովը պիտի դադարի, քանզի ես գիտեմ թէ այս մեծ փոթորիկը իմ պատճառովս եղաւ» (Յովն. 1։12

14, 15. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Յովնանի զօրաւոր հաւատքը։ բ) Նաւաստիները ինչպէ՞ս հակազդեցին Յովնանի խնդրանքին։

14 Միթէ վախկոտ մը այսպիսի խօսքեր կ’ըսէ՞ր։ Վստահաբար Եհովայի սիրտը ուրախացաւ, երբ տեսաւ իր ծառային խիզախութիւնն ու անձնազոհ հոգին այդ ահռելի պահուն։ Հոս կը տեսնենք Յովնանի զօրաւոր հաւատքը։ Ներկայիս կրնանք զայն ընդօրինակել, ուրիշներու բարօրութիւնը մերինէն առաջ դասելով (Յովհ. 13։34, 35)։ Երբ կը տեսնենք թէ անհատ մը ֆիզիքական, զգացական կամ հոգեւոր գետնի վրայ օգնութեան կարիք ունի, անձնազոհ հոգի կը դրսեւորե՞նք իրեն օգտակար ըլլալու համար։ Եհովան որքա՜ն կը հրճուի, երբ այդպէս կ’ընենք։

15 Հաւանաբար, նաւաստիներն ալ Յովնանի խօսքերէն ազդուեցան, որովհետեւ սկիզբը չուզեցին զինք ծովը նետել։ Փոխարէն, անոնք իրենց կարելին ըրին փոթորիկէն դուրս ելլելու համար, բայց ապարդիւն։ Փոթորկալից ծովը աւելի սաստկացաւ։ Ի վերջոյ, անոնք տեսան թէ ուրիշ ճար չունէին։ Անոնք Յովնանի Աստուծոյն՝ Եհովային աղաղակեցին, ողորմութիւն ստանալու համար, ապա Յովնանը ծովը նետեցին (Յովն. 1։13-15

Յովնանի խօսքերուն վրայ, նաւաստիները զինք ծովը նետեցին

Յովնան ողորմութիւն կը գտնէ եւ կը փրկուի

16, 17. Նկարագրէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Յովնանի, երբ զինք նաւէն վար նետեցին (տե՛ս նաեւ նկարները)։

16 Յովնան ալեկոծ ծովուն մէջ ինկաւ։ Թերեւս ան կը պայքարէր ջուրին երեսը մնալու համար, մինչ ալիքներու փրփուրներուն մէջէն յուսահատ աչքերով կը նայէր, թէ նաւը ինչպէ՛ս արագօրէն կը հեռանար։ Բայց հզօր ալիքները զինք ծածկեցին եւ քաշեցին ծովուն խորքերը։ Ան աւելի եւ աւելի խորը սուզուեցաւ, զգալով թէ փրկութեան յոյսի նշոյլ մը իսկ չէր մնացած։

17 Յետագային, Յովնան նկարագրեց թէ այդ ատեն ինչպէ՛ս զգաց։ Իր մտքին մէջ կարգ մը պատկերներ եկան։ Ան վախցաւ, խորհելով թէ իր անհնազանդութեան պատճառով պիտի կորսնցնէր Աստուծոյ հաճութիւնը։ Ան զգաց թէ հասած էր ծովուն յատակը, լեռներուն տակերը, ուր կնիւնները իրեն փաթթուեցան։ Այնպէս կը թուէր թէ հոն պիտի ըլլար իր գերեզմանը (կարդա՛ Յովնան 2։2-6

18, 19. ա) Յովնանին ի՞նչ պատահեցաւ ծովուն խորքերը։ բ) Ի՞նչ տեսակ կենդանի մը իրեն կը մօտենար (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։ գ) Այս դէպքերուն ետին ո՞վ կար։

18 Բայց վայրկեա՛ն մը. . . ։ Յովնան նկատեց թէ հսկայական շուք մը շարժելով իրեն կը մօտենար։ Յանկարծ մեծ բերան մը բացուեցաւ եւ զինք կլլեց։

Եհովան «մեծ ձուկի մը հրամայեց, որ Յովնանը կլլէ»

19 Ասիկա իր վախճանը ըլլալու էր։ Բայց Յովնան ապշեցուցիչ բան մը նկատեց։ Ինք տակաւին ողջ էր. ինք ո՛չ ջախջախուած, ո՛չ մարսուած եւ ոչ ալ նոյնիսկ խեղդուած էր։ Կեանքի շունչը տակաւին իր մէջ էր, հակառակ որ կը գտնուէր տեղ մը, ուր իրաւացիօրէն կարելի էր կոչել իր գերեզմանը։ Յովնան հետզհետէ երկիւղածութեամբ լեցուեցաւ։ Անկասկած, իր Եհովա Աստուա՛ծն էր որ «մեծ ձուկի մը հրամայեց, որ Յովնանը կլլէ» * (Յովն. 1։17

20. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յովնանի մասին այն աղօթքէն, զոր մատուցանեց մեծ ձուկին մէջ։

20 Մինչ վայրկեաններ եւ ժամեր կ’անցնէին, Յովնան այդ խորին մթութեան մէջ իր մտքերը հաւաքելով Եհովա Աստուծոյ աղօթեց։ Այդ աղօթքը, որ ամբողջութեամբ գրի առնուած է Յովնան գրքին երկրորդ գլուխին մէջ, շատ բան կը յայտնէ իր մասին։ Անիկա ցոյց կու տայ թէ Յովնան Սուրբ Գրութիւնները շատ լաւ գիտէր, որովհետեւ յաճախ սաղմոսներէն կը մէջբերէ։ Անիկա նաեւ ցցուն կ’ընէ սրտապնդիչ յատկութիւն մը,– երախտագիտութիւն։ Յովնան եզրակացուց, ըսելով. «Ես շնորհակալութեան ձայնով քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ ու ըրած ուխտս պիտի կատարեմ։ Փրկութիւնը Տէրոջմէն է» (Յովն. 2։9

21. Յովնան ի՞նչ սորվեցաւ փրկութեան մասին, եւ ի՞նչ արժէքաւոր դաս մը կրնանք յիշել։

21 Հո՛ն, այդ ամէնէն անհաւանական տեղը,– «ձուկին փորը»,– Յովնան հասկցաւ թէ Եհովան կրնայ որեւէ տեղ եւ որեւէ ատեն փրկել ոեւէ անհատ։ Նոյնիսկ հոն, Եհովան գտաւ եւ ազատեց իր թշուառ ծառան (Յովն. 1։17)։ Միայն Եհովա՛ն կրնար երեք օր ու երեք գիշեր Յովնանը մեծ ձուկի մը փորին մէջ ողջ–առողջ պահել։ Ուստի լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք, թէ Եհովա՛ն է «այն Աստուածը որուն ձեռքն է շունչդ» (Դան. 5։23)։ Իրեն կը պարտինք մեր գոյութիւնը եւ իւրաքանչիւր շունչը։ Ասոր համար երախտապա՞րտ ենք։ Եթէ այո՛, ուրեմն պէտք չէ՞ հնազանդինք իրեն։

22, 23. ա) Յովնանի երախտագիտութիւնը ինչպէ՞ս շուտով փորձի տակ դրուեցաւ։ բ) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յովնանէն, երբ հարցը կը վերաբերի մեր սխալներ գործելուն։

22 Իսկ Յովնան սորվեցա՞ւ Եհովայի հանդէպ երախտագիտութիւն յայտնել՝ հնազանդութիւն ցոյց տալով։ Այո, սորվեցաւ։ Երեք օր ու երեք գիշեր ետք, ձուկը զինք ծովափ բերաւ եւ «ցամաքը փսխեց» (Յովն. 2։10)։ Պատկերացուր. . . այս բոլոր դէպքերէն ետք, Յովնան նոյնիսկ լողալու պէտք չունեցաւ ծովափ հասնելու համար։ Իրեն կը մնար ճամբան գտնել այդ ծովեզերքէն դուրս գալու համար։ Շատ չանցած, սակայն, իր երախտագիտութեան հոգին փորձի ենթարկուեցաւ։ Յովնան 3։1, 2–ը կ’ըսէ. «Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Յովնանին եղաւ՝ ըսելով. ‘Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ ու տո՛ւր անոր այն պատգամը, որ ես քեզի կը յայտնեմ’»։ Ան ի՞նչ պիտի ընէր։

23 Յովնան չվարանեցաւ։ Կը կարդանք. «Յովնան Տէրոջը խօսքին համեմատ ելաւ Նինուէ գնաց» (Յովն. 3։3)։ Այո, ան հնազանդեցաւ։ Ակնյայտ է որ ան սորված էր իր սխալներէն։ Այս ուղղութեամբ ալ պէտք է ընդօրինակենք Յովնանի հաւատքը։ Բոլորս ալ կը մեղանչենք եւ սխալներ կը գործենք (Հռով. 3։23)։ Բայց կը յանձնուի՞նք՝ թէ ոչ մեր սխալներէն կը սորվինք եւ հնազանդօրէն կը ծառայենք Աստուծոյ։

24, 25. ա) Ի վերջոյ, Յովնան իր կեանքին ընթացքին ի՞նչ վարձատրութիւն ստացաւ։ բ) Յովնանին ի՞նչ վարձատրութիւններ կը սպասեն ապագային։

24 Եհովան վարձատրե՞ց Յովնանը իր հնազանդութեան համար։ Արդարեւ։ Եւ հաւանաբար մէկ վարձատրութիւնն այն էր, թէ Յովնան ի վերջոյ տեղեկացաւ որ նաւաստիները վերապրած էին։ Յովնանի անձնազոհ արարքէն անմիջապէս ետք, փոթորիկը դադրեցաւ, ու նաւաստիները «Եհովայէն սաստիկ վախցան» եւ իրենց չաստուածներուն փոխարէն, Եհովային զոհ մատուցանեցին (Յովն. 1։15, 16

25 Սակայն Յովնանին շատ աւելի մեծ վարձատրութիւն կը սպասէր յետագային։ Յիսուս, Յովնանի՝ ձուկին փորին մէջ անցուցած երեք օրերը մարգարէական առումով կիրարկեց այն երեք օրերուն, երբ ինք գերեզմանը պիտի մնար (կարդա՛ Մատթէոս 12։38-40Յովնան որքա՜ն պիտի հրճուի, երբ երկրի վրայ յարութիւն առնէ եւ այս օրհնութեան մասին գիտնայ (Յովհ. 5։28, 29)։ Եհովան քեզ ալ կ’ուզէ օրհնել։ Իսկ դուն Յովնանին պէս պիտի սորվի՞ս քու սխալներէդ, հնազանդ եւ անձնազոհ հոգի մը դրսեւորելով։

^ պարբ. 4 Գալիլիոյ մէկ քաղաքը Յովնանի ծննդավայրը ըլլալը յատկանշական է, քանի որ փարիսեցիները Յիսուսին ակնարկելու ատեն, ամբարտաւանութեամբ ըսին. «Զննէ՛ ու նայէ՛, որ Գալիլեայէն մարգարէ չ’ելլեր» (Յովհ. 7։52, ԱԾ)։ Բազմաթիւ թարգմանիչներ եւ հետախոյզներ կը նշեն, թէ փարիսեցիներուն միտք բանին այն էր, թէ աննշան Գալիլիայէն ոեւէ մարգարէ չէր ելած, ոչ ալ կրնար ելլել։ Եթէ փարիսեցիները այդպէս ըսել կ’ուզէին, ուրեմն կ’անտեսէին թէ՛ պատմութիւնը եւ թէ մարգարէութիւնը (Եսա. 9։1, 2

^ պարբ. 12 Եօթանասնից թարգմանութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Յովնան որքա՛ն խոր քունի մէջ էր, աւելցնելով թէ ան կը խռար։ Փոխանակ դատելու թէ Յովնանի քնանալը անհոգութեան նշան էր, ի մտի ունենանք որ յաճախ, երբ անհատ մը յուսահատ ու խիստ տրտմած կ’ըլլայ, քնանալու զօրաւոր պահանջք կը զգայ։ Յիսուսի տանջալի ժամերուն, Գեթսեմանի պարտէզին մէջ, Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս «տրտմութենէն քնացած» էին (Ղուկ. 22։45

^ պարբ. 19 Եբրայերէն «ձուկ» բառը՝ յունարէնով թարգմանուած է «ծովային հրէշ» կամ «վիթխարի ձուկ»։ Թէեւ չենք կրնար նշել թէ ի՛նչ ծովային կենդանի էր ատիկա, սակայն ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են թէ Միջերկրական ծովուն մէջ կան այնպիսի մեծ շանաձուկեր, որոնք կրնան մարդը ամբողջութեամբ կլլել։ Աւելի մեծ շանաձուկեր ալ գոյութիւն ունին, ինչպէս՝ կէտանման շանաձուկը, որուն երկայնութիւնը կրնայ աւելի քան 15 մեթրի հասնիլ։