ՄԻՔԻԱՅ 5։1-15

5  Հիմա, ո՛վ ամրութեան աղջիկ, քեզ ամրացուր.Մեզ պաշարած են։Գաւազանով պիտի զարնեն Իսրայէլի դատաւորին ծնօտին։ ՏԷՐԸ ՓՐԿԻՉ ՄԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԲԵԹԼԵՀԷՄԻՆ   Եւ դո՛ւն, ո՛վ Բեթլեհէմ Եփրաթա,Թէեւ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ պզտիկ ես,Բայց քեզմէ պիտի ելլէ Ան, որ Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլայ։Ու անոր ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է։   Անոր համար անոնց ձեռք պիտի տայ՝Մինչեւ ծնանողին ծնանելու ժամանակըԵւ անոր եղբայրներուն մնացորդըԻսրայէլի որդիներուն պիտի դառնայ։   Անիկա պիտի կենայ ու Տէրոջը զօրութիւնովըԵւ իր Տէր Աստուծոյն անուանը մեծավայելչութիւնովը պիտի հովուէ։Անոնք պիտի բնակին.Քանզի հիմա մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի մեծնայ։ ԱԶԱՏՈՒՄ ԵՒ ՊԱՏԻԺ   Անիկա խաղաղութիւն պիտի բերէ,Երբ Ասորեստանցին մեր երկիրը մտնէՈւ մեր պալատներուն մէջ ոտք կոխէ,Անոր դէմ եօթը հովիւԵւ ութը իշխաններ պիտի հանենք։   Անոնք Ասորեստանը սուրովՈւ Նեբրովթը իր դռներուն մէջ պիտի սպառեն։Անիկա մեզ պիտի ազատէ Ասորեստանցիներէն,Երբ անոնք մեր երկիրը մտնենՈւ մեր սահմաններուն մէջ ոտք կոխեն։   Յակոբին մնացորդը շատ ժողովուրդներու մէջՑօղի պէս պիտի ըլլայ, որ Տէրոջմէ կու գայԵւ շաղի պէս, որ կանանչ խոտի վրայ կ’իջնէ.Որ մարդէ չի սպասերՈւ մարդու որդիներէն չի յուսար։   Յակոբին մնացորդը ազգերու մէջ,Շատ ժողովուրդներու մէջ այնպէս պիտի ըլլայ,Ինչպէս առիւծ մը՝ անտառի գազաններուն մէջ,Կամ առոյգ առիւծ մը՝ ոչխարներու հօտերուն մէջ,Որ եթէ անցնի՝ կը կոխկռտէ ու կը պատառէԵւ ազատող մը չ’ըլլար։   Քու ձեռքդ քու հակառակորդներուդ վրայ պիտի բարձրանայՈւ բոլոր թշնամիներդ պիտի կոտրտին։ 10  «Եւ այն օրը, կ’ըսէ Տէրը,Քու ձիերդ քու մէջէդ բնաջինջ պիտի ընեմ,Քու կառքերդ պիտի կորսնցնեմ. 11  Քու երկրիդ քաղաքները բնաջինջ պիտի ընեմ,Բոլոր պարիսպներդ պիտի փլցնեմ. 12  Քու ձեռքէդ կախարդութիւնները բնաջինջ պիտի ընեմ,Ա՛լ գուշակութիւն ընողներ պիտի չունենաս։ 13  Քու մէջէդ քու կուռքերդՈւ արձաններդ բնաջինջ պիտի ընեմՈւ ա՛լ քու ձեռքերուդ գործերուն երկրպագութիւն պիտի չընես։ 14  Քու մէջէդ Աստարովթի կուռքերը պիտի կործանեմՈւ քու քաղաքներդ պիտի աւերեմ։ 15  Ինծի մտիկ չընող ազգերէնՍրտմտութեամբ ու բարկութեամբ վրէժ պիտի առնեմ»։

Ստորանիշներ