ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 2։1-23

2  Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ Հերովդէս թագաւորին օրերը, ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ,  Ու ըսին. «Ո՞ւր տեղ է ան՝ որ Հրեաներուն թագաւոր ծնաւ. վասն զի մենք արեւելքի մէջ անոր աստղը տեսանք ու եկանք անոր երկրպագութիւն ընելու»։  Երբ Հերովդէս թագաւորը լսեց, խռովեցաւ եւ բոլոր Երուսաղէմ իրեն հետ։  Ապա ժողվելով բոլոր քահանայապետները ու ժողովուրդին դպիրները, հարցուց անոնց թէ՝ Քրիստոսը ո՞ւր պիտի ծնանի։  Անոնք ալ իրեն ըսին. «Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ։ Վասն զի այսպէս գրուած է մարգարէին ձեռքով.  ‘Դուն, Բե՛թլեհէմ, Յուդայի երկիր, Յուդայի իշխաններուն մէջ բնաւ պզտիկ մը չես. վասն զի քեզմէ իշխան մը պիտի ելլէ որ իմ Իսրայէլ ժողովուրդս պիտի հովուէ’»։  Այն ատեն Հերովդէս ծածկաբար մոգերը կանչեց ու ստուգեց անոնցմէ աստղին երեւցած ատենը։  Զանոնք Բեթլեհէմ ղրկելով՝ ըսաւ. «Գացէք ստոյգը իմացէք այն մանուկին վրայով ու երբ գտնէք, ինծի իմացուցէք, որպէս զի ես ալ երթամ, անոր երկրպագութիւն ընեմ»։  Երբ անոնք թագաւորէն այս բանը լսեցին, գացին. եւ ահա այն աստղը որ արեւելքի մէջ տեսեր էին, անոնց առջեւէն գնաց, կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ։ 10  Երբ տեսան աստղը, շատ ուրախացան։ 11  Տունը մտնելով՝ տեսան մանուկը իր մօրը Մարիամին հետ ու ինկան երկրպագութիւն ըրին անոր եւ իրենց գանձերը բանալով ընծաներ տուին անոր՝ ոսկի ու կնդրուկ եւ զմուռս։ 12  Ու երազի մէջ հրաման առնելով, որ նորէն Հերովդէսին չդառնան, ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը։ ՓԱԽՈՒՍՏ ԴԷՊԻ ԵԳԻՊՏՈՍ 13  Երբ անկէ գացին անոնք, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ Յովսէփին ու ըսաւ. «Ելի՛ր, առ մանուկը ու անոր մայրը ու Եգիպտոս փախիր, հոն կեցիր մինչեւ ես քեզի ըսեմ, քանզի Հերովդէս պիտի փնտռէ այդ մանուկը կորսնցնելու համար»։ 14  Ան ալ ելաւ, մանուկը ու անոր մայրը գիշերով առաւ, գնաց Եգիպտոս եւ մինչեւ Հերովդէսի մահը հոն էր։ 15  Որպէս զի մարգարէին միջոցով Տէրոջմէն ըսուածը կատարուի, որ կ’ըսէ. «Եգիպտոսէն կանչեցի իմ որդիս»։ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՋԱՐԴԸ 16  Երբ Հերովդէս տեսաւ թէ խաբուեցաւ* մոգերէն, սաստիկ սրդողեցաւ ու ղրկեց ջարդեց Բեթլեհէմի եւ անոր ամէն սահմաններուն մէջ գտնուած բոլոր տղաքը՝ երկու տարեկան եւ անկէ վար, այն ժամանակին համեմատ որ մոգերէն ստուգեց։ 17  Այն ատեն կատարուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուածը, որ կ’ըսէ. «Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ, ողբ, լաց ու մեծ կոծ. 18  Ռաքէլ կու լար իր տղոցը համար ու չէր ուզեր մխիթարուիլ, վասն զի չկային»։ ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ 19  Երբ Հերովդէս մեռաւ, Տէրոջը հրեշտակը Եգիպտոսի մէջ Յովսէփին երեւցաւ ու ըսաւ. 20  «Ելի՛ր, ա՛ռ մանուկը ու անոր մայրը եւ գնա՛ Իսրայէլի երկիրը, քանզի մեռան անոնք որ մանուկին կեանքը կը փնտռէին»։ 21  Ան ալ ելաւ, մանուկը ու անոր մայրը առաւ եւ դարձաւ Իսրայէլի երկիրը։ 22  Իսկ երբ լսեց թէ Արքեղայոս թագաւորեց Հրէաստանի վրայ՝ իր հօրը Հերովդէսին տեղ, վախցաւ հոն երթալու ու երազի մէջ պատգամ առնելով՝ Գալիլիայի կողմերը գնաց. 23  Եւ Նազարէթ ըսուած քաղաքը բնակեցաւ, որպէս զի մարգարէներուն խօսքը կատարուի՝ թէ ‘Նազովրեցի պիտի կոչուի’։

Ստորանիշներ

2։16 Յուն., ծաղրուեցաւ