Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ԵՐԵՔ

‘Բոլոր հաւատացողներուն հայրը’

‘Բոլոր հաւատացողներուն հայրը’

1, 2. ա) Նոյի օրերէն ի վեր աշխարհը ինչպէ՞ս փոխուեր էր։ բ) Այս փոփոխութիւնը Աբրահամին ինչպէ՞ս ազդած էր։

ԱԲՐԱՀԱՄ վեր նայելով կը տեսնէ բրգաձեւ վիթխարի աշտարակը, որ կը գտնուի իր ծննդավայրին՝ Ուր քաղաքին մէջ *։ Աշտարակէն աղմուկի ձայներ կ’ելլեն եւ ծուխ կը բարձրանայ, որովհետեւ լուսինի աստուծոյն քահանաները անգամ մը եւս զոհեր կը մատուցանեն։ Պատկերացուր Աբրահամի խոժոռ դէմքը, մինչ աչքերը ետ դարձնելով գլուխը կը շարժէ։ Ամբոխներու ընդմէջէն տուն վերադառնալու ատեն, ան հաւանաբար կը մտածէր այն կռապաշտութեան մասին, որ կը տիրէր Ուր քաղաքին մէջ։ Ապականուած պաշտամունքը Նոյի օրերէն ի վեր որքա՜ն տարածուեր էր աշխարհին մէջ։

2 Նոյ մահացած էր Աբրահամի ծնունդէն միայն երկու տարի առաջ։ Մեծ Ջրհեղեղէն ետք, երբ Նոյ նահապետը ընտանեօք տապանէն դուրս ելաւ, ողջակէզ մը մատուցանեց Եհովա Աստուծոյ, որ իր կարգին ծիածան մը երեւցուց (Ծն. 8։20. 9։12-14)։ Այդ ատեն, աշխարհի միակ պաշտամունքը՝ մաքուր պաշտամունքն էր։ Բայց այժմ, որ Նոյէն տասը սերունդ անցած էր եւ ժողովուրդը երթալով երկրի վրայ կը տարածուէր, մաքուր պաշտամունքին հետեւողները հազուագիւտ կը դառնային։ Մարդիկ ամէնուրեք հեթանոսական աստուածներ կը պաշտէին։ Նոյնիսկ Աբրահամին հայրը՝ Թարա, կռապաշտութեան միջամուխ եղած էր՝ թերեւս կուռքեր շինելով (Յես. 24։2

Աբրահամ ինչպէ՞ս հաւատքի ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ

3. Մինչ տարիները կ’անցնէին, Աբրահամի ո՞ր յատկութիւնը աչքառու դարձաւ, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

3 Բայց Աբրահամ տարբեր էր։ Տարիներու ընթացքին, ան ա՛լ աւելի աչքառու դարձաւ, իր հաւատքին համար։ Յետագային, Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ զինք կոչեց ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 4։11Տեսնենք թէ ի՞նչը Աբրահամին օգնեց այդպիսի անձ մը դառնալու, որովհետեւ ասկէ շատ բան կրնանք սորվիլ մեր հաւատքը զօրացնելու առնչութեամբ։

Եհովային ծառայեց՝ յետջրհեղեղեան աշխարհին մէջ

4, 5. Աբրահամ Եհովայի մասին որմէ՞ սորված կրնար ըլլալ, եւ ինչո՞ւ կրնանք եզրակացնել թէ այս մէկը հաւանական է։

4 Աբրահամ ինչպէ՞ս սորվեցաւ Եհովա Աստուծոյ մասին։ Գիտենք թէ այդ օրերուն, Եհովան երկրի վրայ ունէր հաւատարիմ ծառաներ, որոնցմէ մէկն էր Սէմ։ Թէեւ Սէմ Նոյի երեք որդիներուն անդրանիկը չէր, բայց իր անունը յաճախ սկիզբը կը յիշուի, հաւանաբար, քանի որ ան արտասովոր հաւատք ունէր *։ Ջրհեղեղէն ատեն մը ետք, Նոյ Եհովային ակնարկեց ըսելով. «Սէմին Տէր Աստուածը» (Ծն. 9։26)։ Սէմ Եհովային եւ մաքուր պաշտամունքին հանդէպ յարգանք ցոյց տուաւ։

5 Արդեօք Աբրահամ Սէմը կը ճանչնա՞ր։ Հաւանական է որ այո՛։ Աբրահամ իր մանկութեան որքա՜ն հիացած ըլլալու էր, գիտնալով որ ապրող նախահայր մը ունէր, որուն իմաստուն աչքերը տեսած էին մարդկային պատմութեան աւելի քան չորս դարերը։ Սէմ ականատես եղած էր՝ նախաջրհեղեղեան աշխարհի չարութիւններուն, երկիրը մաքրագործած մեծ Ջրհեղեղին, առաջին ազգերուն հաստատուելուն՝ մինչ մարդկութիւնը երկրի վրայ կը շատնար, եւ Բաբելոնի աշտարակին վրայ Նեբրովթի ըմբոստութեան դաժան օրերուն։ Հաւատարիմ Սէմ այդ ըմբոստութեան չմիացաւ. ուստի, երբ Եհովան աշտարակը կառուցանողներուն լեզուն խառնակեց, Սէմը եւ իր ընտանիքը շարունակեցին մարդկային առաջին լեզուն՝ Նոյի լեզուն խօսիլ։ Այդ ընտանիքէն եկաւ Աբրահամը։ Ուրեմն Աբրահամ, մինչ կը մեծնար, վստահաբար մեծ յարգանք ունէր Սէմի հանդէպ։ Ասկէ զատ, Սէմ գրեթէ Աբրահամի բոլոր օրերուն ողջ մնաց։ Ուստի, Աբրահամ հաւանաբար Սէմի միջոցով սորված էր Եհովայի մասին։

Աբրահամ Ուրի մէջ տարածուած կռապաշտութիւնը մերժեց

6. ա) Աբրահամ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ Ջրհեղեղի պատմութենէն մեծ դաս մը քաղած էր։ բ) Աբրահամ եւ Սառա միասնաբար ինչպիսի՞ կեանք մը վարեցին։

6 Ամէն պարագայի, Աբրահամ Ջրհեղեղի պատմութենէն մեծ դաս մը քաղած էր։ Ան ջանաց Նոյին պէս Աստուծոյ հետ քալել։ Այդ էր պատճառը, որ Աբրահամ մերժեց կռապաշտութիւնը եւ անջատ մնաց Ուր քաղաքի բնակիչներէն, թերեւս մինչեւ իսկ իր մօտիկ ազգականներէն։ Սակայն Աբրահամ կրցաւ իրեն հիանալի աջակից մը գտնել։ Ան ամուսնացաւ Սառայի հետ,– կին մը որ արտակարգ էր ոչ միայն գեղեցկութեամբ, այլեւ Եհովայի հանդէպ իր մեծ հաւատքով *։ Անզաւակ ըլլալով հանդերձ, այդ զոյգը անկասկած կրցաւ մեծապէս ուրախանալ՝ միասնաբար Եհովային ծառայելով։ Անոնք նաեւ որդեգրեցին Ղովտը՝ Աբրահամին որբացած եղբօրորդին։

7. Յիսուսի հետեւորդները ինչպէ՞ս պէտք է ընդօրինակեն Աբրահամը։

7 Աբրահամ բնաւ Եհովան չթողուց Ուր քաղաքի կռապաշտութեան համար։ Ինքն ու Սառան պատրաստ էին այդ կռապաշտ համայնքին մէջ անջատ մնալու։ Եթէ իսկական հաւատք պիտի մշակենք, հարկ է որ նոյնանման հոգի մը ունենանք։ Մենք ալ պէտք է յօժարինք տարբեր ըլլալու։ Յիսուս ըսաւ, որ իր հետեւորդները ‘աշխարհէն պիտի չըլլային’ եւ, առ ի արդիւնք, աշխարհը պիտի ատէր զիրենք (կարդա՛ Յովհաննէս 15։19Եթէ երբեւէ պատահի, որ Եհովայի ծառայելուդ համար ընտանիքիդ անդամները կամ շուրջիններդ քեզ մերժեն եւ ցաւ պատճառեն, յիշէ՛ թէ մինակ չես։ Դուն կ’ընդօրինակես Աբրահամն ու Սառան, որոնք հաւատարմաբար Աստուծոյ ծառայեցին։

«Ելի՛ր քու երկրէդ»

8, 9. ա) Աբրահամի հետ ի՞նչ անմոռանալի դէպք մը պատահեցաւ։ բ) Եհովան ի՞նչ պատգամ տուաւ Աբրահամին։

8 Օր մը, Աբրահամի հետ անմոռանալի դէպք մը պատահեցաւ։ Ան պատգամ մը ստացաւ Եհովա Աստուծմէ։ Թէեւ Աստուածաշունչը մանրամասնօրէն չ’ըսեր թէ Աբրահամ ինչ կերպով պատգամը ստացաւ, սակայն կ’ըսէ թէ այդ հաւատարիմ մարդուն երեւցաւ «Փառաց Աստուածը» (կարդա՛ Գործք 7։2, 3Աբրահամ, թերեւս հրեշտակի մը միջոցով, տիեզերքի Գերիշխանին ահարկու փառքէն նշոյլ մը տեսաւ։ Ան որքա՜ն հրճուած ըլլալու էր տեսնելով հակադրութիւնը՝ ապրող Աստուծոյն եւ այդ անկենդան կուռքերուն միջեւ, զորոնք իր շուրջինները կը պաշտէին։

9 Եհովան ի՞նչ պատգամ տուաւ Աբրահամին։ Ան ըսաւ. «Ելի՛ր քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ»։ Եհովան չըսաւ թէ ո՛ր քաղաքը ի մտի ունէր, հապա միայն նշեց՝ թէ զայն պիտի ցուցնէր Աբրահամի։ Սակայն Աբրահամ նախ պէտք էր իր ետին ձգէր իր հայրենիքն ու ազգականները։ Ըստ վաղեմի Միջին Արեւելքի մշակոյթներուն, ընտանիքը մեծ կարեւորութիւն ունէր։ Եթէ տղամարդ մը իր ազգականները լքելով հեռուները ճամբորդէր, այս բանը յաճախ դժբախտութիւն կը նկատուէր. իսկ ոմանց համար՝ նոյնիսկ մահէն աւելի գէշ բան մը։

10. Ինչո՞ւ Աբրահամի եւ Սառայի համար զոհողութիւն պիտի ըլլար Ուր քաղաքի իրենց տունը լքելը։

10 Իր երկրէն հեռանալը զոհողութիւններ կը պահանջէր։ Ուրը բացայայտօրէն հարուստ եւ խճողուած քաղաք մըն էր (տե՛ս « Աբրահամի եւ Սառայի ետին ձգած քաղաքը» շրջանակը)։ Պեղումները ցոյց տուած են, թէ վաղեմի Ուրի մէջ կային շատ հանգստաւէտ տուներ, որոնցմէ ոմանք ընտանիքի անդամներուն եւ ծառաներուն համար ունէին 12 կամ աւելի սենեակներ, բոլորն ալ կառուցուած՝ քարայատակ ներքին գաւիթի մը շուրջ։ Քաղաքը հարուստ էր շատրուաններով, լուացարաններով եւ կոյուղիներով։ Նաեւ մտաբերէ, թէ Աբրահամ եւ Սառա տարիքնին առած էին. այրը իր եօթանասունական տարիքին մէջ էր, իսկ կինը՝ իր վաթսունական։ Աբրահամ վստահաբար ուզեց որ Սառան, որոշ չափով, հանգստաւէտ կեանք մը ունենար եւ լաւ հոգատարութիւն ստանար. այս մէկը իւրաքանչիւր ամուսինի փափաքն է իր կնոջ համար։ Մտածէ թէ իրենց միջեւ ի՜նչ խօսակցութիւն կը դառնար Ուր քաղաքէն հեռանալու նշանակումին մասին. . . ինչ հարցումներ եւ մտահոգութիւններ։ Աբրահամ որքա՜ն ուրախացաւ, երբ Սառա այս մարտահրաւէրը ընդունեց։ Սառան՝ իր ամուսինին պէս պատրաստ էր տան ամբողջ հանգստաւէտութիւնը լքելու։

11, 12. ա) Ուրէն մեկնելէ առաջ, ի՞նչ որոշումներ եւ նախապատրաստութիւններ պէտք էր կատարուէր։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք պատկերացնել այն առաւօտը, երբ ընտանիքը Ուրը լքեց։

11 Որոշումը կայացուցած ըլլալով, Աբրահամն ու Սառան ընելիք շա՜տ գործ ունէին, ինչպէս՝ իրերը հաւաքել եւ կազմակերպել։ Անոնք պէտք էր որոշէին իրենց հետ ինչը առնել եւ ինչը չառնել։ Աւելի կարեւորը. . . անոնք ի՞նչ պիտի ընէին իրենց ընտանիքին, ծառաներուն եւ մա՛նաւանդ Աբրահամի հօր՝ Թարային։ Անոնք որոշեցին Թարան իրենց հետ տանիլ եւ զինք հոգալ մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Թարան հաւանաբար համաձայնած էր այս ճամբորդութեան, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Թարա նահապետը իր ընտանիքը հանեց Ուր քաղաքէն։ Կասկած չկայ թէ ան հրաժարած էր կռապաշտութենէն։ Աբրահամի եղբօրորդի Ղովտն ալ իրենց հետ պիտի ընկերակցէր (Ծն. 11։31

12 Վերջապէս եկաւ մեկնելու պահը։ Երեւակայէ տեսարանը. առաւօտուն կանուխ, ճամբորդները հաւաքուած են քաղաքին պարիսպներէն եւ խրամէն դուրս։ Ուղտերն ու էշերը բեռնաւորուած են, հօտերը համախմբուած՝ իսկ ընտանիքն ու ծառաները, բոլորը կազմ ու պատրաստ ակնկալութեամբ կը սպասեն *։ Թերեւս բոլորին ուշադրութիւնը Աբրահամի վրայ էր, սպասելով որ մեկնելու հրամանը տար։ Ի վերջոյ, ատենը եկաւ եւ անոնք ճամբայ ելան՝ Ուրը վերջնականապէս իրենց ետին ձգելով։

13. Ներկայիս, Եհովայի ծառաներէն շատեր ինչպէ՞ս Աբրահամի եւ Սառայի ցուցաբերած հոգին կը դրսեւորեն։

13 Ներկայիս, Եհովայի ծառաներէն շատեր կ’որոշեն տեղափոխուիլ հո՛ն, ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Ուրիշներ կ’որոշեն օտար լեզու մը սորվիլ իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելու համար, կամ ալ կ’որոշեն ծառայութեան նոր, բայց անհանգստաւէտ ձեւ մը փորձել։ Այս տեսակ որոշումներ ընդհանրապէս զոհողութիւն կը պահանջեն,– պատրաստակամութիւն՝ նիւթական որոշ հանգստաւէտութենէ հրաժարելու։ Այս հոգին որքա՜ն գովելի է եւ նման այն հոգիին, որ ունէին Աբրահամն ու Սառան։ Եթէ համանման հաւատք ցուցնենք, կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովան միշտ մեր տուածէն շատ աւելին պիտի տայ մեզի։ Ան միշտ կը վարձատրէ իր ծառաները՝ իրենց հաւատքին համար (Եբ. 6։10. 11։6)։ Իսկ Աբրահամ վարձատրուեցա՞ւ։

Եփրատէն կ’անցնին

14, 15. ա) Ինչպիսի՞ն էր ճամբորդութիւնը Ուրէն դէպի Խառան։ բ) Աբրահամ հաւանաբար ինչո՞ւ որոշեց ժամանակ մը Խառանի մէջ հաստատուիլ։

14 Կարաւանը աստիճանաբար վարժուեցաւ ճամբորդական կեանքին։ Թերեւս պատկերացնենք թէ ինչպէ՛ս Աբրահամն ու Սառան երբեմն քալելով, երբեմն ալ անասուններու վրայ հեծնելով իրարու հետ կը խօսակցէին, մինչ համետներուն վրայ կախուած զանգակները կը զնգային։ Նոյնիսկ անոնք որոնք ճամբորդութեան մէջ շատ փորձառութիւն չունէին, հետզհետէ սորվեցան վրան լարել, նաեւ քակել եւ ծերունի Թարային օգնել, որ ուղտի կամ իշու մը վրայ հեծնայ։ Անոնք Եփրատ գետին հետեւելով, դէպի հիւսիս–արեւմուտք ճամբորդեցին, օրերով եւ շաբաթներով։

15 Վերջապէս, գրեթէ 960 քմ ճամբայ կտրելէն ետք, անոնք հասան Խառանի փեթականման խրճիթներուն քով։ Խառանը արեւելեան եւ արեւմտեան վաճառականական ճամբաներու վրայ գտնուող հարուստ քաղաք մըն էր։ Անոնք կանգ առին եւ ժամանակ մը հոն հաստատուեցան։ Թերեւս Թարայի ուժը ա՛լ չէր ներեր ճամբորդութիւնը շարունակել։

16, 17. ա) Աբրահամ ո՞ր ուխտով հրճուեցաւ։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս օրհնեց Աբրահամը, մինչ Խառանի մէջ էր։

16 Ժամանակ անցաւ եւ Թարա 205 տարեկանին մահացաւ (Ծն. 11։32)։ Այդ վշտագին օրերուն, Աբրահամ մեծապէս մխիթարուեցաւ, որովհետեւ Եհովան դա՛րձեալ հետը խօսեցաւ։ Աստուած կրկնեց այն ուղղութիւնները, որոնք իրեն տուած էր Ուր քաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ աւելցուց իր խոստումները։ Աբրահամ «մեծ ազգ» պիտի դառնար, եւ երկրի բոլոր ընտանիքները պիտի կարենային օրհնուիլ իր պատճառով (կարդա՛ Ծննդոց 12։2, 3Աստուծոյ եւ իր միջեւ եղած այս ուխտով հրճուելով, Աբրահամ հասկցաւ թէ ժամանակը հասած էր ճամբորդութիւնը շարունակելու։

17 Սակայն այս անգամ, նախապատրաստելիք շատ աւելի բաներ կային, քանի որ Եհովան օրհնած էր Աբրահամը, մինչ Խառանի մէջ էր։ Արձանագրութիւնը կը նշէ «իրենց բոլոր ստացուածքը եւ Խառանի մէջ իրենց ստացած ծառաները» (Ծն. 12։5)։ Ազգ մը դառնալու համար, Աբրահամ պէտք պիտի ունենար նիւթական միջոցներու եւ ծառաներու, այսինքն՝ հսկայ ընտանիքի մը։ Ճիշդ է որ Եհովան միշտ չի հարստացներ իր ծառաները, սակայն անոնց կու տայ հարկ եղած բոլոր բաները, որպէսզի իր կամքը կատարուի։ Ուստի ամրապնդուած ըլլալով, Աբրահամ իր կարաւանը դէպի անծանօթ վայր մը առաջնորդեց։

Ուր քաղաքի հանգստաւէտ կեանքը ձգելը մարտահրաւէր մըն էր Աբրահամի եւ Սառայի համար

18. ա) Աբրահամ ո՞ր օրը Եփրատ գետէն անցաւ, որ Աստուծոյ եւ Իր ժողովուրդի պատմութեան մէջ կարեւոր կը նկատուի։ բ) Ուրիշ ի՞նչ կարեւոր դէպքեր զուգադիպեցան յետագայ տարիներու նիսան 14–ին (տե՛ս « Կարեւոր օր մը՝ Աստուածաշունչի պատմութեան մէջ» շրջանակը)։

18 Խառանէն Քարքամիս հասնելու համար, կարաւանները քանի մը օր պէտք էր ճամբորդէին եւ Եփրատ գետէն անցնէին։ Թերեւս Աբրահամ Եփրատ գետէն անցաւ այն օրը, որ Աստուծոյ եւ Իր ժողովուրդին պատմութեան մէջ կարեւոր կը նկատուի։ Ակներեւաբար, ան իր կարաւանը գետէն անցուց Ք.Ա. 1943–ին, այն ամսուն 14–րդ օրը, որ յետագային նիսան կոչուեցաւ (Ել. 12։40-43)։ Դէպի հարաւ կը գտնուէր այն երկիրը, որ Եհովան խոստացած էր Աբրահամին ցոյց տալ։ Այդ օրը, Աբրահամի հետ Աստուծոյ ըրած ուխտը սկսաւ ի գործ դրուիլ։

19. Եհովան Աբրահամին տուած իր խոստումին մէջ ի՞նչ նշեց, եւ ասիկա հաւանաբար ի՞նչ յիշեցուց Աբրահամին։

19 Աբրահամ դէպի երկրին հարաւը չուեց եւ կարաւանը կանգ առաւ Սիւքէմի մօտ, Մօրէի հսկայ ծառերուն քով։ Հո՛ն, Եհովան դարձեալ Աբրահամին հետ խօսեցաւ, այս անգամ իր խոստումին մէջ նշելով Աբրահամի սերունդը, որ պիտի ժառանգէր երկիրը։ Արդեօք Աբրահամի մտքէն անցա՞ւ Եդեմի մէջ Եհովայի ըսած այն մարգարէութիւնը, որ կը նշէր «սերունդ» մը, որ օրին մէկը պիտի փրկէր մարդկութիւնը (Ծն. 3։15. 12։7)։ Թերեւս։ Թէեւ շատ յստակ չէր իրեն համար, բայց հաւանաբար սկսած էր հասկնալ, թէ ինք մաս կը կազմէր մե՜ծ նպատակի մը, զոր Եհովան ի մտի ունէր։

20. Աբրահամ ինչպէ՞ս գնահատութիւն ցուցաբերեց այն առանձնաշնորհումին հանդէպ, որ Եհովան տուած էր իրեն։

20 Աբրահամ խորապէս գնահատեց այն առանձնաշնորհումը, որ Եհովան տուած էր իրեն։ Մինչ երկրին մէջէն կ’անցնէր,– վստահաբար զգուշութեամբ, քանի որ այն ատեն հոն դեռ քանանացիներ կը բնակէին,– Աբրահամ կանգ առաւ եւ Եհովային զոհասեղաններ շինեց, նախ Մօրէի հսկայ ծառերուն քով, ետքը Բեթէլի մօտակայքը։ Ան Եհովայի անունը կանչեց, հաւանաբար իր սրտաբուխ շնորհակալութիւնը յայտնելու իր Աստուծոյն, մինչ իր սերունդին ապագային մասին կը խորհրդածէր։ Թերեւս ան իր քանանացի դրացիներուն քարոզած ըլլար (կարդա՛ Ծննդոց 12։7, 8Անշուշտ, Աբրահամ դիմագրաւելիք մեծ դժուարութիւններ ունէր, որոնք մարտահրաւէր պիտի հանդիսանային իր հաւատքին։ Աբրահամ խոհեմութեամբ ետ չէր նայեր այն տունին ու հանգստաւէտութեան, որ իր ետին ձգած էր Ուր քաղաքին մէջ։ Ան դէպի առջեւ կը նայէր։ Եբրայեցիս 11։10–ն Աբրահամին մասին կ’ըսէ. «Ինք կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է»։

21. ա) Աբրահամի հետ համեմատելով, մենք որքա՞ն տեղեկութիւն ունինք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ բ) Մղուած ես ի՞նչ ընելու։

21 Մենք, որ ներկայիս Եհովային կը ծառայենք, Աբրահամէն շատ աւելին գիտենք այդ այլաբանական քաղաքին՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Գիտենք թէ Թագաւորութիւնը այժմ կ’իշխէ երկինքի մէջ եւ շուտով այս աշխարհին վերջ պիտի դնէ։ Նաեւ գիտենք թէ երկար ժամանակէ խոստացուած Աբրահամի Սերունդը՝ Յիսուս Քրիստոս, այժմ կ’իշխէ այդ Թագաւորութեան վրայ։ Ինչ մե՜ծ առանձնաշնորհում պիտի ունենանք ապրելու այն ժամանակին մէջ, երբ Աբրահամ վերակենդանանայ եւ վե՛րջապէս ըմբռնէ այն աստուածային նպատակը, որուն իմաստը նախապէս շատ պղտոր էր իր մտքին մէջ։ Կ’ուզե՞ս Եհովայի ամէն մէկ խոստումի կատարման ականատես ըլլալ։ Եթէ այո՛, ամէն գնով շարունակէ ընել ինչ որ Աբրահամ ըրաւ։ Անձնազոհ եւ հնազանդ հոգի ցուցաբերէ եւ աղօթքով երախտագիտութիւնդ յայտնէ այն առանձնաշնորհումներուն համար, որոնք Եհովան կը շնորհէ քեզի։ Մինչ Աբրահամի հաւատքը կ’ընդօրինակես, ան՝ ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’, առումով մը, քու հայրդ ալ պիտի դառնայ։

^ պարբ. 1 Այս ժամանակաշրջանին, Աբրահամին անունը Աբրամ էր։ Սակայն տարիներ ետք, Աստուած զայն փոխեց եւ դրաւ Աբրահամ, որ կը նշանակէ «հայր բազմութեան» (Ծն. 17։5

^ պարբ. 4 Նոյնանման կերպով, Աբրահամ Թարայի որդիներուն մէջ յաճախ սկիզբը կը յիշուի, հակառակ որ անդրանիկը չէր։

^ պարբ. 6 Այս ժամանակաշրջանին, Սառային անունը Սարա էր։ Բայց յետագային, Աստուած զայն փոխեց եւ դրաւ Սառա, որ կը նշանակէ «իշխանուհի» (Ծն. 17։15

^ պարբ. 12 Ուսումնականներէն ոմանք կը կասկածին, թէ ուղտերը Աբրահամի օրերուն ընտանի անասուններ էին։ Բայց անոնք չեն կրնար ասիկա փաստել։ Աստուածաշունչը բազմիցս կը նշէ թէ Աբրահամ ուղտեր ունէր (Ծն. 12։16. 24։35