Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՎԵՑ

Ան աղօթքով իր սիրտը բացաւ Աստուծոյ առջեւ

Ան աղօթքով իր սիրտը բացաւ Աստուծոյ առջեւ

1, 2. ա) Աննան ինչո՞ւ ուրախ չէր, երբ ճամբորդութեան կը նախապատրաստուէր։ բ) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աննայի պատմութենէն։

ԱՆՆԱ ճամբորդութեան նախապատրաստութեան մէջ ինքզինք բազմազբաղ կը պահէր՝ փորձելով չկեդրոնանալ իր խնդիրներուն վրայ։ Ուրախ ժամանակ ըլլալու էր։ Ամէն տարի, իր ամուսինը՝ Եղկանան, ընտանեօք կը ճամբորդէր դէպի Սելով, տաճարին մէջ երկրպագութիւն ընելու համար։ Եհովան կ’ուզէր որ այդ տօնակատարութիւնները ուրախ առիթներ ըլլան (կարդա՛ Բ. Օրինաց 16։15Աննան, անկասկած, մանկութենէն ի վեր հաճոյք կ’առնէր այդ տօներէն։ Սակայն վերջին տարիներուն պարագաները փոխուած էին։

2 Աննան օրհնուած էր սիրալիր ամուսին մը ունենալով։ Սակայն Եղկանան ուրիշ կին մըն ալ ունէր, որուն անունը Փենանա էր։ Կարծես թէ Փենանան նպատակ դրած էր Աննան վշտացնելու եւ կերպ մըն ալ գտած էր, որ նոյնիսկ այս տարեկան առիթները Աննային խոր ցաւ պատճառէին. ինչպէ՞ս։ Ասկէ զատ, Եհովայի հանդէպ հաւատքը Աննային ինչպէ՞ս օգնեց անտանելի թուող պարագայի մը դիմանալու։ Եթէ կը դիմագրաւես մարտահրաւէրներ, որոնք ուրախութիւնդ կը խլեն, թերեւս յատկապէս Աննայի պատմութիւնը քաջալերական գտնես։

«Ինչո՞ւ համար սիրտդ այդպէս տրտում է»

3, 4. ա) Աննան ի՞նչ երկու մեծ խնդիր ունէր։ բ) Իւրաքանչիւր խնդիր ինչո՞ւ մարտահրաւէր մըն էր։

3 Աստուածաշունչը կը նշէ, որ Աննան երկու մեծ խնդիր ունէր։ Առաջին խնդրին համար, թերեւս կարենար բան մը ընել, սակայն երկրորդին համար բան մը ընելու կարող չէր։ Առաջինը՝ որ իր ամուսինը ունէր ուրիշ կին մը, որ զինք կ’ատէր։ Երկրորդը՝ որ ինք ամուլ էր։ Ոեւէ կնոջ համար, որ կը փափաքի զաւակ ունենալ, այս պարագան դժուար է։ Բայց Աննայի օրերուն եւ իր մշակոյթին համաձայն, ամլութիւնը ծանր վիշտի աղբիւր մըն էր. իւրաքանչիւր ընտանիքի համար, ազգատոհմ պահպանելը զաւակ ունենալէն կախեալ էր։ Ամլութիւնը դառն նախատինք եւ խայտառակութիւն կը սեպուէր։

4 Աննան թերեւս կարենար իր բեռը յաջողապէս կրել, եթէ Փենանան չըլլար։ Բազմակնութեան պատճառով, ընտանիքին մէջ խնդիրներ կը ծագէին։ Մրցակցութեան հոգին, լարուած մթնոլորտն ու սրտացաւը սովորական երեւոյթներ էին։ Մինչդեռ միակնութիւնը, որ Աստուած հաստատած էր Եդեմի պարտէզին մէջ, զերծ էր այդպիսի խնդիրներէ (Ծն. 2։24)։ Արդ, Աստուածաշունչը բազմակնութիւնը մռայլ գոյներով կը ներկայացնէ. իսկ Եղկանայի ընտանիքի պատկերն ալ ասիկա ցցուն կ’ընէր։

5. ա) Փենանան ինչո՞ւ ուզեց որ Աննան տառապի։ բ) Ան ինչպէ՞ս Աննան կը վիրաւորէր։

5 Եղկանան Աննան աւելի շատ կը սիրէր։ Ըստ հրէական աւանդութեան, Եղկանան նախ Աննային հետ ամուսնացաւ, իսկ քանի մը տարի ետք՝ Փենանային հետ։ Այդ աւանդութիւնը ճիշդ ըլլայ կամ ոչ, Փենանան, որ Աննային խստիւ կը նախանձէր, շատ մը կերպեր գտաւ անոր ցաւ պատճառելու։ Փենանան մեծ առաւելութիւն ունէր. ան ամուլ չէր։ Ան ետեւ–ետեւի զաւակներ ծննդաբերեց, եւ իւրաքանչիւր զաւկի ծնունդէն ետք, սկսաւ աւելի ինքզինք տեսնել։ Ան Աննային խղճալու եւ մխիթարելու տեղ, անոր վէրքին վրայ աղ կը լեցնէր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Փենանան «զանիկա կսկծեցնելու համար խիստ վշտացուց» (Ա. Թագ. 1։6)։ Փենանան միտումնաւոր կերպով Աննային ցաւ կը պատճառէր, եւ այդ բանին մէջ յաջողեցաւ։

Աննան խորին ցաւ կը զգար իր ամուլ ըլլալուն համար. իսկ Փենանան ամէն բան կ’ընէր Աննան աւելի վշտացնելու համար

6, 7. ա) Հակառակ Եղկանայի մխիթարար ջանքերուն, Աննան ինչո՞ւ ամբողջ եղելութիւնը անոր չէր պատմած։ բ) Աննային ամուլ ըլլալը նշանակե՞ց, որ Եհովան անոր չէր հաճեր. բացատրէ՛ (տե՛ս ստորանիշը)։

6 Այնպէս կը թուի, թէ տարեկան ճամբորդութիւնը դէպի Սելով՝ Փենանայի նախասիրած պատեհութիւնն էր Աննան վշտացնելու։ Եղկանան Փենանայի զաւակներուն,– «անոր տղաքներուն ու աղջիկներուն»,– բաժինները իրենց տուաւ Եհովայի մատուցած զոհերէն։ Բայց սիրելի Աննան յատուկ բաժին ստացաւ (Ա. Թագ. 1։5, ՆԱ)։ Յետոյ, նախանձոտ Փենանան անդադար անոր ամուլ ըլլալը յիշեցնելով ա՛յնքան ճնշեց զինք, որ խեղճ կինը սկսաւ լալ եւ նոյնիսկ ախորժակը կորսնցուց։ Եղկանան նկատեց որ իր սիրելի կինը տխուր էր եւ չէր ուտեր, ուստի փորձեց զայն սփոփել՝ հարցնելով. «Աննա՛, ինչո՞ւ կու լաս եւ ինչո՞ւ չես ուտեր ու ինչո՞ւ համար սիրտդ այդպէս տրտում է. միթէ ես քեզի տասը որդիէ աւելի լաւ չե՞մ» (Ա. Թագ. 1։4-8

7 Գովելի է որ Եղկանան հասկցաւ, որ Աննային վիշտը իր ամուլ ըլլալուն հետ կապ ունէր։ Աննան ալ, անշուշտ, արժեւորեց այդ ազնիւ խօսքերը, որոնցմով Եղկանան իր սէրը հաւաստիացուց *։ Բայց Եղկանան Փենանայի գէշ վերաբերմունքին մասին չխօսեցաւ. Աստուածաշունչի արձանագրութենէն ալ յայտնի չըլլար թէ Աննան այդ մասին իր ամուսինին պատմեր էր կամ ոչ։ Թերեւս Աննան մտածեց, որ եթէ Փենանային ըրածները մէջտեղ հանէր, իր վիճակը աւելի պիտի վատթարանար։ Արդեօք Եղկանան պիտի կարենա՞ր բան մը փոխել։ Աննայի դէմ Փենանայի նախատինքը պիտի չսաստկանա՞ր, եւ այդ չարամիտ կնոջ զաւակներն ու ծառաները պիտի չհետեւէի՞ն իր օրինակին։ Անտարակոյս, Աննան ինքզինք հետզհետէ օտարի մը պէս պիտի զգար իր տան մէջ։

Տան մէջ դաժան վերաբերմունք ստանալով հանդերձ, Աննան մխիթարութեան համար Եհովային դիմեց

8. Երբ գէշ վերաբերմունքի կամ անարդարութեան զոհ դառնաս, ինչո՞ւ մխիթարական է յիշել, որ Եհովան արդարութեան Աստուած է։

8 Եղկանան Փենանայի գէշ վերաբերմունքին մասին լման տեղեկութիւն ունենար կամ ոչ, Եհովա Աստուած ամէն բան կը տեսնէր։ Ան իր Խօսքին մէջ այս դէպքին մանրամասնութիւնները կը յիշէ, այսպէս՝ լրջօրէն ազդարարելով բոլոր անոնց, որոնք հաճոյք կը զգան չնչին երեւցող նախանձալից կամ ատելավառ արարքներէն։ Միւս կողմէ, բոլոր անոնք, որոնք Աննային պէս անմեղ եւ խաղաղասէր են, կրնան մխիթարուիլ՝ գիտնալով որ արդարութեան Աստուածը ամէն բան կը շտկէ իր ժամանակին եւ իր ուզած կերպով (կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։4Աննան թերեւս լաւ գիտէր այդ մասին, որովհետեւ օգնութեան համար Եհովայի՛ն դիմեց։

«Անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ»

9. Աննան յօժար էր դէպի Սելով ճամբորդել, հակառակ որ գիտէր թէ Փենանան ինչպէ՛ս պիտի վարուէր. մենք ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

9 Օրուան կանուխ ժամերուն, Եղկանայի ընտանիքը բազմազբաղ էր։ Բոլորը, նոյնիսկ երեխաները, կը պատրաստուէին ճամբայ ելլել։ Սելով հասնելու համար, այս մեծ ընտանիքը պէտք էր աւելի քան 30 քմ կտրէր Եփրեմի լեռնային տարածքով *։ Այդ ճամբորդութիւնը, քալելով մէկ կամ երկու օր պիտի տեւէր։ Աննան գիտէր թէ իրեն մրցակից Փենանան ինչպէ՛ս պիտի վարուէր, սակայն տունը չմնաց։ Այսպիսով, ան հիանալի օրինակ մը թողուց Աստուծոյ այժմու երկրպագուներուն համար։ Բնաւ իմաստութիւն չէ թոյլ տալ, որ ուրիշներու սխալ վերաբերմունքը Աստուծոյ ուղղուած մեր պաշտամունքին արգելք հանդիսանայ, քանի որ եթէ այդպէս ընենք, չենք ստանար այն օրհնութիւնները, որոնք մեզի ոյժ կու տան տոկալու։

10, 11. ա) Աննան ինչո՞ւ առաջին առիթին իսկ, անմիջապէս խորանը գնաց։ բ) Աննան ինչպէ՞ս աղօթքով իր սիրտը բացաւ իր երկնաւոր Հօր առջեւ։

10 Ամբողջ օր մը լեռնային ոլորուն ճամբաներէ անցնելէ ետք, մեծ ընտանիքը վերջապէս մօտեցաւ Սելով քաղաքին։ Հեռուէն կ’երեւնար քաղաքը՝ բլուրի մը վրայ բազմած եւ շրջապատուած բարձր բլուրներով։ Մինչ կը մօտենային, Աննան հաւանաբար շատ մտածեց թէ աղօթքով ի՛նչ պիտի ըսէր Եհովային։ Երբ հասան, ընտանիքը ճաշի նստաւ։ Առաջին առիթին իսկ, Աննան խումբէն հեռանալով անմիջապէս Եհովայի խորանը գնաց։ Հեղի քահանայապետը մուտքը նստած էր, բայց Աննան չնկատեց զինք, քանի որ իր խելքն ու միտքը իր Աստուծոյն վրայ էր։ Այստեղ, խորանին մէջ, ան վստահ էր թէ Եհովան իր աղօթքը պիտի լսէր։ Եթէ նոյնիսկ մէկը լիովին չկարենար հասկնալ իր դժուարին կացութիւնը, իր երկնաւոր Հայրը պիտի հասկնար։ Աննան իր սրտի դառնութենէն սկսաւ արցունք թափել։

11 Մինչ իր ամբողջ մարմինը հեծկլտոցէն կը ցնցուէր, Աննան իր մտքին մէջ Եհովային աղօթեց։ Իր շրթները կը դողային, մինչ մտքին մէջ կը ջանար բառեր գտնել իր ցաւը արտայայտելու։ Ան երկա՜ր աղօթեց, սիրտը բանալով իր Հօր առջեւ։ Բայց ան Աստուծմէ զաւակ մը խնդրելէն աւելին ըրաւ։ Աննան մեծ փափաք ունէր ոչ միայն օրհնութիւններ ստանալու, այլեւ իր կրցածը Աստուծոյ տալու։ Ուստի ան երդում ըրաւ ըսելով, որ եթէ որդի մը ունենար, Եհովային պիտի նուիրէր, որպէսզի որդին Աստուծոյ ծառայէր իր ամբողջ կեանքի ընթացքին (Ա. Թագ. 1։9-11

12. Ինչպէս Աննայի օրինակը ցոյց կու տայ, աղօթքի առնչութեամբ ի՞նչ բաներ պէտք է յիշենք։

12 Այսպէս, Աննան աղօթքի առնչութեամբ օրինակ հանդիսացաւ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն։ Եհովան ջերմօրէն կը հրաւիրէ իր ծառաները, որ առանց քաշուելու, ազատօրէն իրեն խօսին՝ իրենց մտահոգութիւնները յայտնելով, ինչպէս որ երեխայ մը կը վստահի իր սիրալիր ծնողներուն եւ ամէն բան կը պատմէ անոնց (կարդա՛ Սաղմոս 62։8. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17Պետրոս առաքեալ ներշնչուեցաւ Եհովային աղօթելու նկատմամբ՝ այս մխիթարական խօսքերը գրելու. «Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. Պետ. 5։7

13, 14. ա) Հեղին ինչպէ՞ս իսկոյն սխալ եզրակացութեան յանգեցաւ Աննայի մասին։ բ) Աննան իր պատասխանովը ինչպէ՞ս հաւատքի արտակարգ օրինակ մը թողուց։

13 Սակայն մարդիկ Եհովային չափ հասկցող ու կարեկից չեն։ Մինչ Աննան լալով կ’աղօթէր, յանկարծ ձայն մը կը լսէ։ Հեղին էր՝ քահանայապետը, որ զինք կը դիտէր։ Հեղին նկատած էր Աննայի շրթներուն դողալը, անոր հեծկլտանքն ու զգացական տագնապը։ Սակայն փոխանակ հարցնելու թէ ի՛նչ պատահած է, իսկոյն կ’եզրակացնէ թէ Աննան գինովցած է։ Հեղին կ’ըսէ. «Մինչեւ ե՞րբ գինովութիւն պիտի ընես. քու գինիէդ հրաժարէ՛» (Ա. Թագ. 1։12-14

14 Որքա՜ն վիրաւորական ըլլալու էր Աննային համար, այդ ծանր պահուն, այդպիսի անհիմն մեղադրանք մը լսելը. այն ալ պատուաւոր դիրքի վրայ եղող մարդու մը կողմէ։ Այսուհանդերձ, Աննան դարձեալ հաւատքի սքանչելի օրինակ մը թողուց։ Ան թոյլ չտուաւ, որ մարդու մը անկատարութիւնները արգելք հանդիսանային Եհովայի մատուցած իր պաշտամունքին։ Աննան յարգալից պատասխան մը տուաւ Հեղիին եւ իր վիճակը բացատրեց։ Իսկ քահանայապետը, հաւանաբար, իր սխալ հակազդեցութեան անդրադառնալով, մեղմ ձայնով մը ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ ու Իսրայէլի Աստուածը քու խնդրուածքդ քեզի տայ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցիր» (Ա. Թագ. 1։15-17

15, 16. Խորանին մէջ իր սիրտը Եհովային առջեւ բանալէն եւ զինք պաշտելէն ետք, Աննան ի՞նչ վիճակով տուն վերադարձաւ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Աննայի օրինակին հետեւիլ, երբ ժխտական զգացումներու դէմ կը մարտնչինք։

15 Խորանին մէջ իր սիրտը Եհովային առջեւ բանալէն եւ զինք պաշտելէն ետք, Աննան ի՞նչ վիճակով տուն վերադարձաւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Աննա. . . իր ճամբան գնաց ու կերաւ ու երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ» (Ա. Թագ. 1։18)։ Աննան հանգստացաւ։ Կարծես թէ ան իր զգացական բեռը իր ուսերէն իջեցուցած եւ աւելի ուժեղ անձի մը՝ իր երկնաւոր Հօր թիկնեղ ուսերուն վրայ դրած էր (կարդա՛ Սաղմոս 55։22)։ Արդեօք կա՞յ որեւէ խնդիր, որ Եհովայի համար չափազանց ծանր ըլլայ։ Ո՛չ, չէ եղած, չկա՛յ եւ ոչ ալ պիտի ըլլայ։

16 Երբ բեռնաւորուած, ընկճուած կամ տրտմած կը զգանք, թող որ Աննայի օրինակին հետեւինք եւ ազատօրէն խօսինք այն Անձին, զոր Աստուածաշունչը կը կոչէ «աղօթքի լսող» (Սաղ. 65։2)։ Եթէ հաւատքով աղօթենք, մենք ալ թերեւս զգանք թէ մեր տխրութիւնը կ’անհետանայ եւ փոխարէնը կը վայելենք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փլպ. 4։6, 7

«Մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ»

17, 18. ա) Եղկանան ինչպէ՞ս փաստեց, թէ իր կնոջ երդումին թիկունք կը կանգնէր։ բ) Փենանան շուտով ի՞նչ բանի անդրադարձաւ։

17 Յաջորդ օրը, առաւօտեան, Աննան Եղկանային հետ խորան վերադարձաւ։ Ան իր խնդրանքն ու երդումը հաւանաբար պատմած էր իր ամուսինին, որովհետեւ, ըստ Մովսիսական օրէնքին, այր մը իրաւունք ունէր իր կնոջ երդումին արգելք հանդիսանալու, եթէ կինը զայն ներկայացնէր առանց իր ամուսինին հաւանութեան (Թուոց 30։10-15)։ Սակայն այդ հաւատարիմ մարդը այդպիսի բան չըրաւ։ Փոխարէնը, ինք ու Աննան միասնաբար Եհովան պաշտեցին խորանին մէջ, առաջ որ տուն վերադառնան։

18 Թէ Փենանան ե՛րբ իմացաւ որ այլեւս չէր կրնար Աննան վշտացնել, արձանագրութիւնը չի նշեր։ Բայց «անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ» արտայայտութենէն կը հասկնանք, որ այդ պահէն սկսեալ, Աննային տրամադրութիւնը բարձրացաւ։ Ամէն պարագայի, Փենանան շուտով անդրադարձաւ, որ իր նենգաւոր վարքը այլեւս Աննային չէր ազդեր։ Աստուածաշունչը ա՛լ զինք չի յիշեր։

19. ա) Աննան ի՞նչ օրհնութիւն ստացաւ։ բ) Ան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ըմբռնած էր, թէ որո՛ւն շնորհիւ էր որ այդ օրհնութիւնը ստացած էր։

19 Մինչ ամիսները կ’անցնէին, Աննան մտքի խաղաղութիւն վայելեց եւ շատ չանցած՝ մե՜ծ ուրախութիւն ապրեցաւ։ Ինք յղի էր։ Ուրախութեան մէջ ըլլալով, Աննան բնաւ չմոռցաւ, թէ որո՛ւն շնորհիւ էր որ այդ օրհնութիւնը ստացած էր։ Երբ տղան ծնաւ, կինը ընտրեց Սամուէլ անունը, որ կը նշանակէ «Աստուծոյ անունը» եւ բացայայտօրէն կ’ակնարկէ Աստուծոյ անունը կանչելուն, ինչպէս որ Աննան ըրած էր։ Այդ տարին, Աննան Եղկանային եւ իր ընտանիքին հետ Սելով չգնաց։ Ան երեխային հետ երեք տարի տունը մնաց, մինչեւ որ տղան կաթէն կտրուեցաւ։ Յետոյ, ան նախապատրաստուեցաւ այն օրուան, երբ պիտի բաժնուէր իր սիրելի որդիէն։

20. Աննան ու Եղկանան ինչպէ՞ս ի գործ դրին այն երդումը, որ Եհովային ըրած էին։

20 Բաժնուիլը դիւրին բան չէր։ Անշուշտ, Աննան գիտէր որ Սամուէլ լաւ հոգատարութիւն պիտի ստանար Սելովի մէջ, թերեւս այն կիներուն կողմէ, որոնք խորանին մէջ կը ծառայէին։ Բայց չէ՞ որ Սամուէլ դեռ պզտիկ էր։ Ո՞ր մայրը չի տենչար իր զաւկին քով մնալ։ Այսուհանդերձ, երբ Աննան ու Եղկանան տղան Սելով տարին, անոնց սրտերը երախտագիտութեամբ լեցուած էր եւ ոչ թէ՝ դժկամութեամբ։ Անոնք Աստուծոյ տան մէջ զոհեր մատուցանեցին եւ Սամուէլը Հեղիին ներկայացուցին, անոր յիշեցնելով այն երդումին մասին, որ Աննան ըրած էր երեք տարի առաջ։

Աննան իսկական օրհնութիւն մը եղաւ իր տղուն՝ Սամուէլին համար

21. Եհովային ուղղուած Աննային աղօթքը ինչպէ՞ս ցցուն ըրաւ իր մեծ հաւատքը (տե՛ս նաեւ « Երկու յիշարժան աղօթքներ» շրջանակը)։

21 Ատկէ ետք, Աննան մատուցանեց աղօթք մը, որ Աստուած արժանի սեպեց գրի առնելու իր ներշնչեալ Խօսքին մէջ։ Մինչ Ա. Թագաւորաց 2։1-10–րդ համարները կ’ընթերցես, իւրաքանչիւր տողի մէջ պիտի նկատես, թէ Աննան որքա՛ն մեծ հաւատք ունէր։ Ան Եհովան փառաբանեց նշելով՝ թէ Աստուած ի՜նչ զարմանալի կերպով կը գործածէ իր ուժը՝ հպարտները խոնարհեցնելու, խեղճ մարդիկը օրհնելու, կեանքին վերջ դնելու կամ նոյնիսկ մարդիկը մահէն փրկելու համար։ Ան իր Հայրը գովաբանեց, անոր առանձնայատուկ սրբութեան, արդարութեան եւ հաւատարմութեան համար։ Այո, Աննան ամէն պատճառ ունէր ըսելու. «Մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ»։ Եհովան լիովին վստահելի է եւ անփոփոխ։ Ան ապաստանարան մըն է բոլոր ընկճուածներուն եւ հարստահարուածներուն համար, որոնք իրմէ օգնութիւն կը խնդրեն։

22, 23. ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ մինչ Սամուէլ կը մեծնար, գիտէր թէ իր ծնողները զինք կը սիրէին։ բ) Եհովան ուրիշ ի՞նչ օրհնութիւն տուաւ Աննային։

22 Վստահաբար, Սամուէլին համար առանձնաշնորհում մըն էր ունենալ մայր մը, որ Եհովայի հանդէպ այդպիսի մեծ հաւատք ունէր։ Մինչ Սամուէլ կը մեծնար, իր մօր կարօտնալով հանդերձ ինքզինք բնա՛ւ լքուած չզգաց։ Ամէն տարի, Աննան պատմուճան մը կը կարէր Սամուէլին համար եւ իրեն հետ Սելով կը տանէր, որպէսզի տղան խորանին մէջ ծառայելու ատեն հագնէր։ Այդ պատմուճանին ամէն մէկ կարը իր որդւոյն հանդէպ Աննայի սէրն ու հոգատարութիւնը ցոյց կու տար (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 2։19Կրնանք մտապատկերել, թէ Աննան ինչպէ՛ս իր տղուն կը հագցնէր նոր պատմուճանը, ապա հիացմունքով իր զաւկին նայելով՝ ազնիւ եւ քաջալերական խօսքեր կ’ըսէր։ Իրաւ որ Սամուէլին համար այսպիսի մայր մը ունենալը օրհնութիւն էր։ Իր կարգին, Սամուէլ օրհնութիւն եղաւ ոչ միայն իր ծնողներուն, այլեւ ամբողջ իսրայէլին համար։

23 Աննան նոյնպէս բնաւ չմոռցուեցաւ։ Եհովան զինք օրհնեց եւ կինը Եղկանային համար հինգ զաւակ եւս ծնաւ (Ա. Թագ. 2։21)։ Սակայն, թերեւս Աննայի մեծագոյն օրհնութիւնը իր Հօր՝ Եհովայի հետ իր փոխյարաբերութիւնն էր, որ տարիներու ընթացքին հետզհետէ զօրացաւ։ Թող որ քեզի ալ նոյն օրհնութիւնը շնորհուի, մինչ կ’ընդօրինակես Աննայի հաւատքը։

^ պարբ. 7 Թէեւ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ Եհովան Աննային «արգանդը գոցեր էր», բայց որեւէ փաստ չկայ, թէ Աստուած չէր հաճեր այս խոնարհ ու հաւատարիմ կնոջ (Ա. Թագ. 1։5)։ Աստուածաշունչը երբեմն Աստուծոյ կը վերագրէ կարգ մը դէպքեր, զորս ան պարզապէս թոյլ տուաւ որ որոշ ատեն մը տեղի ունենան։

^ պարբ. 9 Այս հաշիւը հիմնուած է այն հաւանականութեան վրայ, որ Եղկանայի ծննդավայրը՝ Ռաման, Յիսուսի օրերուն նոյն Արիմաթիա քաղաքն էր։