Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ԵՐԿՈՒ

Ան «Աստուծոյ հետ քալեց»

Ան «Աստուծոյ հետ քալեց»

1, 2. ա) Նոյ եւ իր ընտանիքը ի՞նչ գործի միջամուխ եղան։ բ) Անոնք ի՞նչ կարգ մը մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցին։

ՆՈՅ իր մէջքը կը շտկէ եւ պրկուած մկանները կը թուլցնէ։ Պահ մը երեւակայէ. ան կոճղի մը վրայ նստած քիչ մը կը հանգստանայ եւ կը դիտէ տապանին վիթխարի կառոյցը։ Ամէն տեղ տարածուած է հալած կպրաձիւթի զօրաւոր հոտը, եւ ատաղձագործութեան ձայները կ’արձագանգեն։ Նոյ իր նստած տեղէն կը տեսնէ, թէ իր որդիները ինչպէ՛ս ժրաջանօրէն կ’աշխատին՝ գերաններէ կազմուած այդ հսկայ շինութեան զանազան մասերուն վրայ։ Արդէն տասնամեակներ անցեր են, մինչ իր որդիներն ու իրենց կիները, ինչպէս նաեւ իր սիրելի կինը, իրեն հետ միասին կ’աշխատին այս գործին վրայ։ Ճիշդ է որ տապանին մէկ մասը վերջացուցած էին, բայց տակաւին ընելիք շա՜տ գործ կար։

2 Շրջանին մարդիկը կը խորհէին, թէ Նոյն ու իր ընտանիքը յիմարներ էին։ Տապանը ո՛րքան աւելի կազմուէր, մարդիկ ա՛յնքան աւելի կը խնդային այն գաղափարին վրայ, թէ ջրհեղեղ մը պիտի ծածկէ ամբողջ երկրագունդը։ Նոյի ազդարարած աղէտը անոնց աչքին շատ անհաւանական կը թուէր. անհեթեթութիւն։ Անոնք չէին կրնար հասկնալ, թէ մարդ մը ինչո՛ւ իր եւ իր ընտանիքին կեանքը պիտի վատնէր այդպիսի յիմար աշխատանքով։ Սակայն Նոյի Աստուածը՝ Եհովան, զինք տարբեր աչքով կը դիտէր։

3. Նոյ ի՞նչ առումով Աստուծոյ հետ քալեց։

3 Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց» (կարդա՛ Ծննդոց 6։9Ասիկա նշանակե՞ց թէ Աստուած երկրի վրայ քալեց կամ՝ Նոյ ձեւով մը երկինք ելաւ։ Ո՛չ։ Նոյ Աստուծոյ հանդէպ այնքա՛ն հնազանդութիւն եւ սէր ցուցաբերեց, որ կարծես թէ ինքն ու Եհովան իրարու հետ կը քալէին բարեկամներու պէս։ Հազարաւոր տարիներ ետք, Աստուածաշունչը Նոյի մասին ըսաւ. «Հաւատքով Նոյ. . . աշխարհս դատապարտեց» (Եբ. 11։7)։ Ան ինչպէ՞ս դատապարտեց աշխարհը։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ անոր հաւատքէն։

Անթերի մարդ՝ ամբարիշտ աշխարհի մը մէջ

4, 5. Աշխարհը ինչպէ՞ս ա՛լ աւելի չարացած էր Նոյի օրերուն։

4 Նոյ մեծցաւ աշխարհի մը մէջ, որ երթալէն աւելի կը չարանար։ Ճիշդ է որ աշխարհ արդէն չար էր, երբ իր պապին հայրը՝ Ենովք,– որ նոյնպէս արդար էր եւ Աստուծոյ հետ քալեց,– դատաստանի օր մը նախագուշակեց ամբարիշտներուն վրայ, բայց Նոյի օրերուն՝ ամբարշտութիւնը իր զենիթին հասած էր։ Եհովայի տեսանկիւնէն, երկիրը ապականած էր, քանի որ բռնութեամբ լեցուած էր (Ծն. 5։22. 6։11. Յուդա 14, 15)։ Ի՞նչ պատահեցաւ որ վիճակները այդքան վատթարացան։

5 Սոսկալի ողբերգութիւն մը սկսած էր հարուածել Աստուծոյ հոգեղէն որդիները՝ հրեշտակները։ Անոնցմէ մէկը Աստուած զրպարտելով եւ Ադամն ու Եւան մեղքի մէջ մտցնելով, արդէն իսկ ըմբոստացած էր Եհովայի դէմ եւ դարձած՝ Բանսարկու Սատանայ։ Նոյի օրերուն, ա՛յլ հրեշտակներ ալ սկսան Եհովայի արդար իշխանութեան դէմ ըմբոստանալ։ Անոնք իրենց աստուածատուր երկնային դիրքը լքելով երկիր եկան, մարդու կերպարանք առին եւ գեղեցիկ կիներու հետ ամուսնացան։ Այդ հպարտ, անձնասէր եւ ըմբոստ հրեշտակները, թունաւոր ազդեցութիւն բանեցուցին մարդոց վրայ (Ծն. 6։1, 2. Յուդա 6, 7

6. ա) Նեֆիլիմները ինչպէ՞ս ազդեցին աշխարհի հոգիին։ բ) Եհովան ի՞նչ որոշեց ընել։

6 Ասկէ զատ, մարմնացած հրեշտակներու եւ մարդկային կիներու անբնական միաւորումը յառաջ բերաւ խառնածին որդիներ՝ արտասովոր չափով եւ ուժով։ Աստուածաշունչի բնագրին մէջ անոնք կոչուած են նեֆիլիմներ, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «տապալիչներ»,– անձեր, որոնք ուրիշներու տապալումը կը պատճառեն։ Նեֆիլիմները ամբարտաւան եւ գազանաբարոյ ըլլալով, սաստկացուցին աշխարհի վայրագ ու անբարեպաշտ հոգին։ Ուստի զարմանալի չէ որ Ստեղծիչը տեսաւ, թէ «մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնա[ր] եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր»։ Եհովան որոշեց որ 120 տարուան մէջ բնաջնջէ այդ չար մարդկութիւնը (կարդա՛ Ծննդոց 6։3-5

7. Ինչո՞ւ Նոյի եւ իր կնոջ համար դժուար էր իրենց որդիները պաշտպանել՝ իրենց օրուան գէշ ազդեցութիւններէն։

7 Երեւակայէ թէ որքա՜ն դժուար էր ընտանիք մը հոգալ այդպիսի աշխարհի մը մէջ։ Այսուհանդերձ, Նոյ կրցաւ հոգալ։ Ան լաւ կին մը գտաւ, եւ երբ 500 տարեկան էր, իր կինը իրեն երեք որդիներ ծնաւ,– Սէմ, Քամ եւ Յաբեթ *։ Նոյ եւ իր կինը պէտք էր միասնաբար պաշտպանէին իրենց որդիները այն պիղծ ազդեցութիւններէն, որոնցմով շրջապատուած էին։ Պզտիկ տղաքը սովորաբար կը հիանան ու կը սքանչանան «զօրաւոր» եւ «անուանի» մարդոցմով. նեֆիլիմներն ալ այդ մարդոց պէս էին։ Նոյ եւ իր կինը չէին կրնար ամէն ատեն իրենց զաւակներէն պահել այդ հսկաներուն քաջագործութիւնները, սակայն կրնային սորվեցնե՛լ ճշմարտութիւնը Եհովա Աստուծոյ մասին, որ ան կ’ատէ ամէն տեսակ չարութիւն։ Անոնք իրենց տղաներուն պէտք էր օգնէին հասկնալու, թէ Եհովա տրտմած էր աշխարհի վայրագութեան եւ ըմբոստութեան համար (Ծն. 6։6

Նոյ եւ իր կինը պէտք էր պաշտպանէին իրենց որդիները գէշ ազդեցութիւններէն

8. Ներկայիս, իմաստուն ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան ընդօրինակել Նոյն ու իր կինը։

8 Ներկայիս, ծնողներ իրապէս կրնան հասկնալ Նոյի եւ իր կնոջ վիճակը։ Մեր օրերուն ալ աշխարհը թունաւորուած է բռնութեամբ եւ ըմբոստութեամբ։ Փողոցները յաճախ կը տեսնենք ըմբոստ պատանիներու խումբեր։ Մինչեւ իսկ երեխաներու համար պատրաստուած ժամանցը կրնայ բռնութեամբ լեցուած ըլլալ։ Իմաստուն ծնողներ իրենց կարելին կ’ընեն այդ տեսակ ազդեցութիւններուն հակառակ կենալու, իրենց զաւակներուն սորվեցնելով խաղաղութեան Աստուծոյն՝ Եհովայի մասին, որ օր մը վերջ պիտի դնէ ամբողջ բռնութեան (Սաղ. 11։5. 37։10, 11)։ Յաջողութիւնը կարելիութի՛ւն է։ Նոյ եւ իր կինը յաջողեցան. անոնց տղաքը լաւ երիտասարդներ եղան եւ ամուսնացան կիներու հետ, որոնք նոյնպէս յօժար էին ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան, առաջին տեղը դնելու իրենց կեանքին մէջ։

«Դուն քեզի. . . տապան մը շինէ»

9, 10. ա) Եհովայի տուած ո՞ր պատուէրը փոխեց Նոյի կեանքը։ բ) Եհովա Նոյին ի՞նչ մանրամասնութիւններ տուաւ տապանին ձեւին եւ նպատակին մասին։

9 Օր մը, Նոյի կեանքը ամբողջովին փոխուեցաւ։ Եհովան իր այս սիրելի ծառային խօսեցաւ ըսելով, որ նպատակադրած էր այդ օրուան աշխարհին վերջ մը դնել։ Աստուած Նոյին պատուիրեց. «Դուն քեզի խժաբեր փայտէ տապան մը շինէ» (Ծն. 6։14

10 Այս տապանը նաւ մը չէր, ինչպէս ոմանք կ’ենթադրեն. անիկա ո՛չ ղեկ ունէր, ո՛չ ողնափայտ, ո՛չ յառաջամաս եւ ոչ ալ յետսամաս։ Տապանը կոր ձեւ չունէր, հապա պարզապէս հսկայ արկղ կամ սնտուկ մըն էր։ Եհովան Նոյի տուաւ տապանին ճշգրիտ չափերը, անոր տեսքին շուրջ որոշ մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ ըսաւ որ զայն ներսէն ու դուրսէն ձիւթով ծեփէր։ Աստուած պատճառն ալ ըսաւ Նոյի. «Ահա երկրի վրայ ջրհեղեղ պիտի բերեմ. . . Երկրի վրայ ինչ որ կայ՝ պիտի սատկի»։ Այսուհանդերձ, Եհովան Նոյի հետ այս ուխտը կամ պաշտօնական համաձայնութիւնը ըրաւ՝ ըսելով. «Տապանը պիտի մտնէք դուն ու քու որդիներդ եւ կինդ ու որդիներուդ կիները քեզի հետ»։ Նոյ նաեւ պէտք էր բերէր ամէն տեսակ անասունէ ներկայացուցիչներ։ Միայն տապանին մէջ եղողնե՛րը կրնային վերապրիլ գալիք Ջրհեղեղէն (Ծն. 6։17-20

Նոյ եւ իր ընտանիքը միասնաբար աշխատեցան Աստուծոյ պատուէրները իրագործելու համար

11, 12. ա) Նոյ ի՞նչ հսկայածաւալ գործ մը դիմագրաւեց։ բ) Ան ինչպէ՞ս վարուեցաւ այդ մարտահրաւէրին հետ։

11 Նոյի դիմաց հսկայածաւալ գործ մը կար։ Տապանը վիթխարի պիտի ըլլար,– երկայնութիւնը շուրջ 133 մ, լայնութիւնը շուրջ 22 մ եւ բարձրութիւնը շուրջ 13 մ։ Անիկա նո՛յնիսկ այսօրուան մեծագոյն ծովագնաց տախտակէ նաւերէն աւելի մեծ էր։ Արդեօք Նոյ փորձե՞ց այս գործէն փախուստ տալ, մարտահրաւէրներուն դէմ բողոքել կամ մանրամասնութիւններուն չհետեւիլ՝ այնպէս որ իրեն համար աւելի դիւրին ըլլար աշխատիլը։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս» (Ծն. 6։22

12 Գործը տասնամեակներ տեւեց. թերեւս 40-50 տարի։ Պէտք էր ծառեր կտրուէին, գերաններ փոխադրուէին եւ փայտեր տաշուէին, ձեւաւորուէին եւ իրարու կցուէին։ Տապանը պիտի ունենար երեք յարկ կամ տախտակամած՝ կարգ մը բաժանմունքներ եւ դուրսի կողմէն մէկ դուռ։ Բացայայտօրէն, պատուհաններ կային վերեւի մասը, ինչպէս նաեւ տանիք մը, որ հաւանաբար, մէջտեղէն քիչ մը բարձր էր, որպէսզի անձրեւի ջուրը հոսէր (Ծն. 6։14-16

13. Նոյի գործը ուրիշ ի՞նչ երեսակ մը ունէր, որ թերեւս աւելի դժուար էր քան տապանը շինելը, եւ մարդիկ ինչպէ՞ս հակազդեցին անոր։

13 Մինչ տարիները կ’անցնէին եւ տապանը կը ձեւաւորուէր, Նոյ շատ ուրախ ըլլալու էր իր ընտանիքին աջակցութիւնը ունենալով։ Գործը ուրիշ երեսակ մըն ալ ունէր, որ թերեւս աւելի՛ դժուար էր, քան տապանը շինելը։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Նոյ «արդարութեան քարոզիչ» էր (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։5Ան խիզախօրէն առաջնորդութիւնը առաւ այդ չար եւ անաստուած աշխարհի մարդիկը ազդարարելու այն կործանման համար, որ հետզհետէ կը մօտենար։ Ի՞նչ էր այդ մարդոց հակազդեցութիւնը։ Յետագային, Յիսուս Քրիստոս այդ ժամանակաշրջանը մտաբերեց ըսելով, թէ այդ մարդիկը «չգիտցան» կամ ուշադրութիւն չդարձուցին։ Ան ըսաւ որ անոնք այնքա՛ն բազմազբաղ էին իրենց առօրեայ կեանքով,– ուտելով, խմելով եւ ամուսնանալով,– որ ականջ չտուին Նոյի խօսքերուն (Մատ. 24։37-39)։ Անկասկած, շատեր զինք եւ իր ընտանիքի անդամները ծաղրեցին. ոմանք հաւանաբար սպառնացին եւ վայրագօրէն հակառակեցան իրեն։ Անոնք թերեւս նոյնիսկ փորձեցին տապանին շինութեանը արգելք հանդիսանալ։

Նոյի վրայ Աստուծոյ օրհնութիւնը տեսնելով հանդերձ, մարդիկ զինք ծաղրեցին եւ իր պատգամը անտեսեցին

14. Ներկայիս, քրիստոնեայ ընտանիքներ ի՞նչ կրնան սորվիլ Նոյէն եւ իր ընտանիքէն։

14 Այսուհանդերձ, Նոյ եւ իր ընտանիքը բնաւ ձեռնթափ չեղան։ Անոնք հաւատա՛րմօրէն շարունակեցին իրենց գլխաւոր աշխատանքը՝ տապանը կառուցանելը, հակառակ որ իրենց շուրջինները կը խորհէին թէ իրենց ըրածը սնոտի, մոլորեալ կամ յիմարական արարք մըն էր։ Այսպիսով այժմու քրիստոնեայ ընտանիքներ կրնան շատ բան սորվիլ Նոյի եւ իր ընտանիքի հաւատքէն։ Ի վերջոյ, ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը կոչէ, կ’ապրինք այս աշխարհի «վերջին օրեր»ուն մէջ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Յիսուս ըսաւ, որ մեր ժամանակաշրջանը պիտի ըլլար ճիշդ այն ժամանակաշրջանին պէս, երբ Նոյ տապանը շինեց։ Եթէ աշխարհ Աստուծոյ Թագաւորութեան պատգամին նկատմամբ անտարբեր գտնուի, զայն ծաղրէ կամ մինչեւ իսկ հալածանք պատճառէ, լաւ կ’ըլլայ որ քրիստոնեաները մտաբերեն Նոյը եւ յիշեն որ իրենք առաջինը չեն որ այսպիսի մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։

«Տապանը մտիր»

15. Նոյ ի՞նչ կորուստներ ունեցաւ, երբ 600 տարեկան պիտի ըլլար։

15 Տասնամեակներ անցան եւ տապանը աստիճանաբար իր վերջնական տեսքը առաւ։ Երբ Նոյ 600 տարեկան պիտի ըլլար, կորուստներ ունեցաւ։ Իր հայրը՝ Ղամէքը, մեռաւ *։ Հինգ տարի ետք, Ղամէքին հայրը՝ Մաթուսաղան, որ Նոյի մեծ հայրն էր, 969 տարեկանին մահացաւ, վերջ դնելով Աստուածաշունչին արձանագրած մարդկային ամէնէն երկար կեանքին (Ծն. 5։27)։ Թէ՛ Մաթուսաղան եւ թէ Ղամէքը Ադամի ժամանակակից էին։

16, 17. ա) Նոյ ի՞նչ նոր պատգամ մը ստացաւ իր 600 տարեկանին։ բ) Նկարագրէ այն անմոռանալի տեսարանը, որուն Նոյ եւ իր ընտանիքը ականատես եղան։

16 Երբ Նոյ նահապետը 600 տարեկան էր, Եհովա Աստուծմէ նոր պատգամ մը ստացաւ. «Դուն քու բոլոր տունովդ տապանը մտիր»։ Միեւնոյն ատեն, Աստուած Նոյի ըսաւ որ անասուններու բոլոր տեսակներէն տապանը մտցնէր,– մաքուր անասուններէն եօթնական հատ՝ որոնցմէ կարելի էր գործածել զոհաբերութեան համար, իսկ մնացեալներէն՝ զոյգ–զոյգ (Ծն. 7։1-3

17 Տեսարանը անմոռանալի ըլլալու էր։ Հարիւրաւոր անասուններ հեռուէն գալով տապանը կը մտնէին,– քալելով, թռչելով, սողալով, շարժտկելով, դանդաղօրէն յառաջանալով,– շշմեցուցիչ չափերով, երեւոյթով եւ բնոյթով։ Դժուար չէ երեւակայել, թէ Նոյ ինչպէ՛ս կը փորձէր փարախել, խթանել կամ ձեւով մը կառավարել այդ բոլոր անասունները, որ սեղմ եւ սահմանափակ տապանը մտնեն։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ անոնք «տապանը Նոյին գացին» (Ծն. 7։9

18, 19. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք տրամաբանել այն հարցերուն շուրջ, որոնք սկեպտիկներ կը յարուցանեն Նոյի օրուան դէպքերուն մասին։ բ) Եհովայի իմաստութիւնը ինչպէ՞ս յայտնի կ’ըլլայ այն կերպէն, որով ազատեց իր անասնական ստեղծագործութիւնը։

18 Կարգ մը սկեպտիկներ, թերեւս հարց տան. «Այդպիսի բան ինչպէ՞ս կրնար պատահիլ։ Եւ այդ բոլոր անասունները ինչպէ՞ս կրնային խաղաղութեամբ իրարու հետ գոյատեւել արգելափակուած վայրի մը մէջ»։ Նկատի առ. միթէ տիեզերքի Ստեղծիչին կարողութենէն գերիվե՞ր է իր ստեղծած անասունները ղեկավարելը եւ, եթէ հարկ ըլլայ՝ զանոնք նոյնիսկ ընտանի դարձնելն ու հնազանդեցնելը։ Յիշէ՛. Եհովա՛ն է այն Աստուածը, որ Կարմիր ծովը ճեղքեց եւ արեւը անշարժ կեցուց։ Արդեօք ան չէ՞ր կրնար Նոյի արձանագրութեան մէջ նկարագրուած բոլոր դէպքերը իրականացնել։ Անշո՛ւշտ որ կրնար, եւ ըրա՛ւ ալ։

19 Ճիշդ է որ Աստուած կրնար ընտրել անասունները պաշտպանելու ա՛յլ կերպ մը, բայց իմաստունօրէն ընտրեց կերպ մը, որ մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովա սկիզբէն իսկ մարդոց վստահած էր բոլոր կենդանութեան շունչ ունեցողներուն հոգատարութիւնը (Ծն. 1։28)։ Այսօր, շատ մը ծնողներ Նոյի պատմութեամբ իրենց երեխաներուն կը սորվեցնեն, որ Եհովան իր ստեղծած մարդիկն ու անասունները կ’արժեւորէ։

20. Նոյ եւ իր ընտանիքը հաւանաբար ինչո՞վ զբաղած էին Ջրհեղեղին նախորդող ամբողջ շաբաթը։

20 Եհովան Նոյին ըսաւ որ Ջրհեղեղը մէկ շաբաթէն պիտի գար։ Վստահաբար ընտանիքը իրարանցումի մէջ էր։ Երեւակայէ թէ անոնք ինչպէ՛ս իրենց ամբողջ ունեցուածքը եւ բոլոր անասունները տապանը կը մտցնէին, ինչպէս նաեւ կը դասաւորէին իրենց եւ անասուններուն սննդամթերքը։ Հաւանաբար Նոյի կինն ու երեք հարսերը, յատկապէս զբաղած էին տապանին մէջ ապրելու յարմարաւէտ տեղ մը պատրաստելով։

21, 22. ա) Նոյի շուրջ գտնուող անհատներուն անտարբերութիւնը ինչո՞ւ մեզ պէտք չէ զարմացնէ։ բ) Շրջակայ մարդիկ ե՞րբ դադրեցան Նոյն ու իր ընտանիքը ծաղրելէ։

21 Ի՞նչ կարելի է ըսել իրենց շուրջ գտնուող անհատներուն մասին։ Թէպէտեւ անոնք իրենց աչքերով կը տեսնէին թէ Եհովան ինչպէս կ’օրհնէր Նոյն ու իր ջանքերը, եւ թէ ինչպէս անասունները տապանը կը մտնէին, բայց անոնք «չգիտցան» կամ ուշադրութիւն չդարձուցին։ Սակայն պէտք չէ զարմանանք անոնց անտարբերութեան վրայ։ Ներկայիս, մարդիկ ուշադրութիւն չեն դարձներ այն փաստացի իրողութեան վրայ, թէ այժմ աշխարհիս վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Եւ ինչպէս որ Պետրոս առաքեալ նախագուշակեց, եկած են ծաղր ընողներ, որոնք կը ծաղրեն զանոնք, որոնք ականջ կու տան Աստուծոյ ազդարարութեան (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։3-6Նմանապէս, մարդիկ անկասկած ծաղրեցին Նոյը եւ իր ընտանիքը։

22 Ծաղրանքը ե՞րբ դադրեցաւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ անմիջապէս որ Նոյ իր ընտանիքն ու անասունները տապանը մտցուց, «Տէրը անոր ետեւէն տապանը գոցեց»։ Եթէ տապանին մօտակայքը ծաղր ընողներ կային, անկասկած այդ աստուածային արարքը լռեցուց զանոնք։ Իսկ եթէ տապանի դրան գոցուիլն ալ չազդեց, տեղատարափ անձրեւը ազդած ըլլալու էր իրենց։ Անձրեւը տեղաց, տեղաց ու տեղաց,– Եհովայի ըսածին պէս աշխարհը հեղեղելով (Ծն. 7։16-21

23. ա) Ուրկէ՞ գիտենք թէ Եհովան չհրճուեցաւ Նոյի օրուան չար մարդոց մահուամբ։ բ) Ներկայիս ինչո՞ւ իմաստութիւն է Նոյի հաւատքը ընդօրինակել։

23 Արդեօք Եհովան հրճուեցա՞ւ այդ չար մարդոց մահուամբ։ Անշո՛ւշտ ոչ (Եզեկ. 33։11)։ Ընդհակառակը. ան անոնց ամէն պատեհութիւն տուած էր իրենց ճամբաները փոխելու եւ ճիշդը գործելու։ Անոնք կրնայի՞ն այս մէկը ընել։ Նոյի կեանքի ընթացքը այս հարցումին պատասխանեց։ Եհովայի հետ քալելով եւ ամէն բանի մէջ իր Աստուծոյն հնազանդելով, Նոյ ցոյց տուաւ թէ վերապրիլը կարելիութիւն էր։ Այդ առումով, Նոյի հաւատքը դատապարտեց իր օրուան աշխարհը՝ լուսարձակի տակ առնելով այդ մարդկութեան չարութիւնը։ Իր հաւատքը՝ թէ՛ զինք եւ թէ իր ընտանիքը ազատեց։ Եթէ Նոյի հաւատքը ընդօրինակես, դո՛ւն ալ կրնաս թէ՛ անձդ եւ թէ սիրելիներդ ազատել։ Կրնաս Նոյին պէս Եհովա Աստուծոյ հետ քալել՝ որպէս Բարեկամդ։ Եւ այդ բարեկամութիւնը կրնայ յաւիտեա՛ն տեւել։

^ պարբ. 7 Այդ օրերուն, մարդիկ մեզմէ շա՜տ աւելի երկար կ’ապրէին։ Անոնց երկարակեցութիւնը բացայայտօրէն կապ ունենալու էր այն իրողութեան հետ, թէ անոնք մօտ էին այն կենսունակութեան եւ կատարելութեան, զորոնք Ադամն ու Եւան կորսնցուցին։

^ պարբ. 15 Ղամէք իր որդին անուանած էր Նոյ, որ հաւանաբար կը նշանակէ «հանգստութիւն» կամ «մխիթարութիւն», եւ մարգարէացած՝ թէ Նոյ պիտի իրագործէր իր անուան իմաստը՝ մարդկութիւնը անիծուած երկրի վրայ աշխատելէն առաջնորդելով դէպի հանգստութիւն (Ծն. 5։28, 29)։ Ղամէք չկրցաւ տեսնել այս մարգարէութեան կատարումը։ Իսկ Նոյի մայրը, եղբայրներն ու քոյրերը հաւանաբար Ջրհեղեղին մեռան։