Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ոմանց հաւատալիքները

Ոմանց հաւատալիքները

Հինտուները

տառապանքը կը նկատեն հետեւանք անհատին արարքներուն, որոնք գործուած են կա՛մ այս կեանքին մէջ եւ կամ անցեալ կեանքի մը մէջ։ Անհատը կրնայ հասնիլ մոգշա–ին, որ է՝ վերածնունդներու շրջանէն ձերբազատուիլ, ձեռք ձգելով մտավիճակ մը, որ այս աշխարհի ֆիզիքական բաներով չի հետաքրքրուիր։

Իսլամները

տառապանքը կը սեպեն թէ՛ մեղքի համար պատիժ եւ թէ հաւատքի փորձութիւն։ Հիւսիսային Ամերիկայի իսլամական ընկերութեան տնօրէնը՝ դոկտ. Սէյիտ Սայիտ, կ’ըսէ թէ ցաւալի դէպքերը յիշեցում մըն են, որ «մեր բոլոր օրհնութիւններուն համար Աստուծոյ երախտապարտ մնանք ու գիտակցինք թէ պէտք է կարօտեալներուն ձեռք տանք»։

Հրէական աւանդութիւնը

կ’ըսէ թէ տառապանքը անհատին արարքներուն հետեւանքն է։ Հրեաներէն ոմանք կ’ըսեն թէ յարութիւն տեղի պիտի ունենայ, որմէ ետք տառապեալ անմեղը արդարութիւն պիտի գտնէ։ Գապալայական հրէականութիւնը կը սորվեցնէ հոգեփոխութիւնը, որ անհատին կրկին անգամ առիթ կու տայ որ իր մեղքերը քաւէ։

Պուտտայականները

կը հաւատան որ անհատը բազմաթիւ կեանքերու ընթացքին կը տառապի, շարունակ վերածնունդներու ենթարկուելով մինչեւ որ իր ժխտական արարքները, զգացումներն ու ցանկութիւնները վերջ գտնեն։ Իմաստութեան, առաքինի գործերու եւ մտքի կրթութեան միջոցաւ, անհատը կրնայ հասնիլ նիրվանա–ին, որ վիճակ մըն է, որուն մէջ որեւէ տառապանք գոյութիւն չունի։

Կոնփիւկիոսականները

տառապանքին մեծ մասը մարդկային ձախողութեան եւ սխալմունքին կը վերագրեն։ Անոնք կը բացատրեն, թէ թէեւ տառապանքը կարելի է նուազեցնել առաքինի ապրելակերպով, բայց շատ տառապանք կը պատճառեն հոգեղէն ուժեր, որոնց վրայ մարդը ազդեցութիւն չունի։ Եւ այսպիսի պարագաներու, մարդը պէտք է անտարբեր կերպով ընդունի ճակատագրին վճիռները։

Ափրիկեան կարգ մը կրօնքներ

տառապանքը կը վերագրեն վհուկութեան։ Անոնք կը հաւատան որ վհուկները կրնան լաւ բախտ կամ աղէտ պատճառել, եւ անոնց ազդեցութիւնը կարելի է նուազեցնել զանազան արարողութիւններով։ Օրինակ, կը հաւատան որ երբ անհատ մը հիւանդանայ, կախարդ–բժիշկին ծէսերն ու դեղերը կը չէզոքացնեն վհուկներուն ըրածը։

Քրիստոնեաները

կը հաւատան որ տառապանքը սկիզբ առաւ առաջին զոյգին մեղքին պատճառաւ, ինչպէս որ նկարագրուած է Աստուածաշունչին մէջ։ Սակայն շատ մը կրօնական կազմակերպութիւններ իրենց գաղափարները աւելցուցած են այդ ուսուցումին վրայ։ Օրինակ, կարգ մը կաթողիկէներ կ’ըսեն, թէ Աստուած անհատի մը տառապանքը կրնայ գործածել եկեղեցիին օգտելու համար կամ մէկը փրկելու համար։

ԱՒԵԼԻՆ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Կրնաս դիտել Աստուած բոլո՞ր կրօնքները կ’ընդունի վիտէոն, www.pr418.com/hyw կայքին մէջ։