Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

4 Ստեղծուած ենք տառապելո՞ւ համար

4 Ստեղծուած ենք տառապելո՞ւ համար

Այս հարցումը ինչո՞ւ կարեւոր է

Պատասխանը կ’ազդէ կեանքի հանդէպ մեր տեսակէտին։

Պահ մը մտածէ

Այսքան գեղեցիկ բաներ Ստեղծողը ինչո՞ւ մեզ պիտի մատնէր տառապանքով լեցուն կեանքի մը։

Կրօնասէր չեղող մարդիկը տառապանքը պատճառ կը սեպեն հարցականի տակ դնելու Աստուծոյ շարժառիթները, կամ նոյնիսկ անոր գոյութիւնը։ Ըստ անոնց, տառապանքը ցոյց կու տայ, որ Աստուած 1) անզօր է զայն կեցնելու, կամ 2) չէ հետաքրքրուած զայն կեցնելով, եւ կամ 3) գոյութիւն չունի։

Ասոնք իրապէս միա՞կ հաւանական պատճառներն են, թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը տառապին։

ԱՒԵԼԻՆ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Կրնաս դիտել Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուածաշունչը ճշգրիտ է վիտէոն, www.pr418.com/hyw կայքին մէջ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ

Աստուած մեզ չստեղծեց որ տառապինք։

Ան կ’ուզէ որ կեանքը վայելենք։

«Ուրախ ըլլալէ ու կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ, ուրիշ աղէկ բան չկայ. . . Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է» (ԺՈՂՈՎՈՂ 3։12, 13

Աստուած առաջին մարդկային զոյգին տուաւ պէտք եղած ամէն բան։

Անոր նպատակը չէր որ անոնք, կամ անոնց սերունդը, տառապէին։

«Աստուած անոնց ըսաւ. ‘Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք’» (ԾՆՆԴՈՑ 1։28

Առաջին մարդկային զոյգը որոշեց Աստուծմէ անկախ ըլլալ։

Առ ի արդիւնք, անոնք իրենց եւ իրենց ամբողջ սերունդին վրայ ահռելի տառապանք բերին։

«Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5։12) *։

Աստուած մեզ չստեղծեց որ առանց իր առաջնորդութեան ապրինք։

Մենք չենք ստեղծուած որ մենք մեր վրայ իշխենք, ինչպէս որ չենք ստեղծուած որ ջուրին տակ ապրինք։

«Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (ԵՐԵՄԻԱ 10։23

Աստուած չ’ուզեր որ տառապինք։

Ան կ’ուզէ որ ապրինք այնպիսի կերպով մը, որ կարելի եղածին չափ հեռու մնանք խնդիրներէ։

«Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ գետի պէս. . . պիտի ըլլար» (ԵՍԱՅԻ 48։18

^ պարբ. 17 Աստուածաշունչին մէջ «մեղք» բառը կ’ակնարկէ ոչ միայն սխալ արարքներու, հապա նաեւ այն վիճակին, որ բոլոր մարդիկը ժառանգած են։