Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

1 Մեր տառապանքին պատճառը Աստուա՞ծ է

1 Մեր տառապանքին պատճառը Աստուա՞ծ է

Այս հարցումը ինչո՞ւ կարեւոր է

Շատեր Աստուած կը մերժեն, քանի որ կը կարծեն որ ինք տառապանքը կը պատճառէ։

Պահ մը մտածէ

Կրօնական առաջնորդներէն շատեր, ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն, սորվեցուցած են թէ մեր տառապանքին պատճառը Աստուած է։ Օրինակ, անոնցմէ ոմանք հետեւեալը կ’ըսեն.

  • Բնական աղէտները Աստուծոյ կողմէ պատիժ են։

  • Պզտիկներ կը մեռնին, քանի որ Աստուած երկինքի մէջ աւելի հրեշտակներու պէտք ունի։

  • Աստուած կողմ կը բռնէ պատերազմներու մէջ, որոնք մեծ տառապանք կը պատճառեն։

Բայց կրնա՞յ ըլլալ, որ կրօնական առաջնորդները Աստուծոյ մասին սխալ բաներ սորվեցուցած են։ Կարելի՞ է որ Աստուած զանոնք մերժած է։

ԱՒԵԼԻՆ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Կրնաս դիտել Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել վիտէոն, www.pr418.com/hyw կայքին մէջ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ

Մեր տառապանքին պատճառը Աստուած չէ։

Եթէ Աստուած մեզի տառապանք պատճառէր, ասիկա ներդաշնակ պիտի չըլլար իր յատկութիւններուն հետ, որոնք Սուրբ Գիրքը յայտնած է։ Օրինակ.

«Աստուծոյ. . . բոլոր ճամբաները արդար են. . . անիկա արդար եւ ուղիղ է» (Բ. ՕՐԻՆԱՑ 32։4

«Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ» (ՅՈԲ 34։10

«Ամենակարողը դատը չի ծռեր» (ՅՈԲ 34։12

Աստուած կը մերժէ որեւէ կրօնք, որ զինք սխալ կերպով կը ներկայացնէ։

Ասիկա կը պարփակէ այն կրօնքները, որոնք կը սորվեցնեն թէ Աստուած է մեր տառապանքին պատճառը, եւ այն կրօնքները, որոնք կը քաջալերեն պատերազմներն ու բռնութիւնը։

«Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Մարգարէները իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն։ Զանոնք ես չղրկեցի եւ անոնց չհրամայեցի ու անոնց չխօսեցայ։ Անոնք ձեզի սուտ տեսիլքներ. . . եւ իրենց սրտին խաբէութիւնները կը մարգարէանան’» (ԵՐԵՄԻԱ 14։14

Յիսուս դատապարտեց կրօնական կեղծաւորութիւնը։

«Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ։ Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք եւ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ շատ հրաշքներ ըրինք’։ Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք» (ՄԱՏԹԷՈՍ 7։21-23