Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլո՞ր կրօնքները Աստուծոյ կ’առաջնորդեն

Բոլո՞ր կրօնքները Աստուծոյ կ’առաջնորդեն

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Ո՛չ, բոլոր կրօնքները Աստուծոյ չեն առաջնորդեր։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք շատ մը կրօնքներու մասին, որոնք Աստուծոյ քով ընդունելի չեն։ Այդ կրօնքները կրնանք երկու խումբի բաժնել։

Առաջին խումբ։ Սուտ աստուածներ պաշտող կրօնքներ

 Աստուածաշունչը սուտ աստուածներու պաշտամունքը նկարագրելու ժամանակ կը գործածէ «ունայնութիւն» եւ «անօգուտ բաներ» արտայայտութիւնները (Երեմիա 10։3-5. 16։19, 20)։ Անցեալին, Եհովա a Աստուած իսրայէլ ազգին պատուիրեց. «Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս» (Ելից 20։3, 23. 23։24)։ Երբ իսրայէլացիները ուրիշ աստուածներ պաշտեցին, Եհովա Աստուծոյ ‘բարկութիւնը բորբոքեցաւ’ անոնց վրայ (Թուոց 25։3. Ղեւտացւոց 20։2. Դատաւորաց 2։13, 14

 Եհովա Աստուած իր կեցուածքը չէ փոխած աստուածներու հանդէպ, որոնք «անունով աստուած» են։ (Ա. Կորնթացիս 8։5, 6. Գաղատացիս 4։8)։ Ան զինք պաշտող ուզողներուն կը պատուիրէ որ չընկերակցին սուտ պաշտամունքին հետեւողներուն հետ, երբ կ’ըսէ. «Ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք» (Բ. Կորնթացիս 6։14-17)։ Եթէ բոլոր կրօնքները Աստուծոյ կ’առաջնորդեն, լաւ Աստուած ինչո՞ւ այս տեսակ պատուէր տուաւ։

Երկրորդ խումբ։ Ճշմարիտ Աստուածը անընդունելի կերպով պաշտող կրօնքներ

 Երբեմն, իսրայէլացիները Աստուած պաշտեցին այն կերպով որ սուտ կրօնքի հետեւորդները կը պաշտէին իրենց աստուածները։ Բայց Եհովա Աստուծոյ համար անընդունելի էր սուտ կրօնքը եւ ճշմարիտ կրօնքը իրարու խառնելը (Ելից 32։8. Բ. Օրինաց 12։2-4)։ Յիսուս իր օրուան կրօնական առաջնորդները դատապարտեց Աստուած պաշտելու իրենց կերպին պատճառով։ Անոնք կը ձեւացնէին որ Աստուած կը պաշտեն, բայց կ’անտեսէին «օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը» (Մատթէոս 23։23

 Այսօր ալ, միա՛յն ճշմարտութեան վրայ հիմնուած կրօնքը մարդիկը Աստուծոյ կ’առաջնորդէ։ Եւ այդ ճշմարտութիւնը կը գտնուի Աստուածաշունչին մէջ (Յովհաննէս 4։24. 17։17. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Այն կրօնքները, որոնք կը սորվեցնեն Աստուածաշունչին հակառակող բաներ, մարդիկը Աստուծմէ կը հեռացնեն։ Մարդիկ կը կարծեն որ Աստուածաշո՛ւնչը կը սորվեցնէ որ Երրորդութիւն կայ, հոգիի անմահութիւն կայ եւ յաւիտենական չարչարանք կայ դժոխքին մէջ։ Մինչդեռ այդ գաղափարները սուտ աստուածներու պաշտամունքին հետ կապ ունեցող սովորութիւններէ կու գան։ Այս տեսակ պաշտամունք «պարապ» կամ անօգուտ է, քանի որ Աստուծոյ պահանջքները կրօնական աւանդութիւններով կը փոխարինէ (Մարկոս 7։7, 8

 Աստուած կը գանի կրօնական կեղծաւորութենէ (Տիտոս 1։16)։ Մարդիկը Աստուծոյ մօտեցնելու համար, կրօնք մը պէտք է անոնց առօրեայ կեանքին ազդէ եւ ոչ թէ կեդրոնացած ըլլայ ծէսերու եւ արարողութիւններու վրայ։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ մէկը զինք կրօնասէր կը սեպէ ու իր լեզուին սանձ չի դներ, այլ իր սիրտը կը խաբէ, անոր կրօնասիրութիւնը փուճ է։ Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. որբերուն ու որբեւայրիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն» (Յակոբոս 1։26, 27

a Ինչպէս որ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, ճշմարիտ Աստուծոյ անունը Եհովա է։