Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

2 Տառապանքին պատճառը մա՞րդն է

2 Տառապանքին պատճառը մա՞րդն է

Այս հարցումը ինչո՞ւ կարեւոր է

Եթէ պատասխանը այո է, ուրեմն կրնանք բան մը ընել տառապանքը նուազեցնելու համար։

Պահ մը մտածէ

Մարդիկ ո՞ր աստիճան պատասխանատու են տառապանք պատճառող հետեւեալ բաներուն համար։

  • Չարաշահութիւն։

    Ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) տուեալներուն, ամէն 4 չափահասներէն 1–ը մանկութեան ատեն ֆիզիքական չարաշահութեան ենթարկուած է, իսկ ամէն 3 կիներէն 1–ը իր կեանքին ընթացքին ենթարկուած է ֆիզիքական եւ/կամ սեռային չարաշահութեան։

  • Սիրելիի մը մահը։

    «Ըստ տուեալներու, 2016–ին, համայն աշխարհի մէջ 477,000 մարդիկ սպաննուեցան», կը նշէ World Health Statistics 2018–ը, հրատարակուած ԱՀԿ–ի կողմէ։ Ասկէ զատ, կ’ենթադրուի որ այդ տարի 180,000 մարդիկ մեռան պատերազմներու եւ խռովութիւններու պատճառով։

  • Առողջապահական խնդիրներ։

    National Geographic պարբերաթերթին մէջ հրատարակուած յօդուածին մէջ, Ֆրան Սմիթ կը նշէ. «Աւելի քան մէկ միլիառ մարդ կը ծխէ, իսկ ծխախոտը դեր ունի մահուան գլխաւոր 5 պատճառներուն մէջ. սրտի հիւանդութիւններ, կաթուած, շնչառական վարակումներ, թոքերու երկարատեւ խցումի հիւանդութիւն եւ թոքի քաղցկեղ»։

  • Ընկերային անհաւասարութիւն։

    Հոգեբան Ճէյ Ուաթց կ’ըսէ. «Աղքատութիւնը, անհաւասարութիւնը, ցեղային եւ սեռային գետնի վրայ խտրականութեան ենթարկուիլը, տեղահան ըլլալը եւ մրցակցութիւնը, բոլորն ալ կ’աւելցնեն մտային տառապանքի հաւանականութիւնը»։

    ԱՒԵԼԻՆ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

    Կրնաս դիտել Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց երկիրը վիտէոն, www.pr418.com/hyw կայքին մէջ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ

Աշխարհի մէջ, տառապանքին մեծ մասը մարդոց պատճառով կ’ըլլայ։

Հարստահարող կառավարութիւններ շատ տառապանք պատճառած են, դժուարացնելով այն մարդոց կեանքը, որոնց կը դաւանին ծառայել։

«Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (ԺՈՂՈՎՈՂ 8։9

Տառապանքը կարելի է նուազեցնել։

Սուրբ Գիրքի սկզբունքները կը նպաստեն լաւ առողջութեան եւ ուրիշներու հետ խաղաղ փոխյարաբերութեան։

«Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է, բայց նախանձը ոսկորներուն փտութիւն է» (ԱՌԱԿԱՑ 14։30

«Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ» (ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4։31