Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

3 Ինչո՞ւ բարի մարդիկը կը տառապին

3 Ինչո՞ւ բարի մարդիկը կը տառապին

Այս հարցումը ինչո՞ւ կարեւոր է

Բարի մարդոց տառապիլը մեզի անարդար կը թուի։ Եւ ոմանք կը խորհին որ իմաստ չունի բարի ըլլալը, քանի որ ամէն պարագայի պիտի տառապին։

Պահ մը մտածէ

Ոմանք կը հաւատան, որ կրկին անգամ մարդ արարածը կը մեռնի եւ կը վերածնի։ Անոնք կ’ըսեն, թէ ան որ լաւ գործեր ըրաւ, կը վերածնի նպաստաւոր պայմաններու մէջ, մինչդեռ ան որ գէշ գործեր ըրաւ, կը վերածնի տառապանքով լեցուն կեանքի մը համար։ Ըստ այս հաւատալիքին, նոյնիսկ բարի անձը այժմ կրնայ տառապիլ, եթէ «անցեալ կեանքի մը» մէջ գէշ գործեր ըրած էր։ Իսկ ուրիշներ համոզուած են, որ մարդիկ կը տառապին, քանի որ ասիկա իրենց ճակատագիրն է։ Սակայն՝

  • Այս տառապանքը ի՞նչ նպատակի կը ծառայէ, երբ վերածնած անհատը նոյնիսկ չի յիշեր իր անցեալ կեանքը։

  • Ինչո՞ւ կը ջանանք առողջ մնալ եւ արկածներէ զգուշանալ, եթէ ճակատագիրը արդէն սահմանած է մեր բարօրութեան վիճակը։

    ԱՒԵԼԻՆ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

    Կրնաս դիտել Աստուած ինչո՞ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին վիտէոն, www.pr418.com/hyw կայքին մէջ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ

Տառապանքը՝ Աստուծոյ կողմէ պատիժ չէ։

Ընդհակառակը՝ տառապանքին մեծ մասը պատահական է. անհատը գտնուեցաւ սխալ տեղը՝ սխալ ժամանակին։

«Ճամբան վազողներունը չէ, պատերազմը զօրաւորներունը չէ նաեւ հացը իմաստուններունը չէ, հարստութիւնն ալ հանճարեղներունը չէ, նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ. հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն» (ԺՈՂՈՎՈՂ 9։11

Մեր մեղաւոր բնոյթը տառապանքը կ’աւելցնէ։

Մարդիկ յաճախ «մեղք» բառը կը գործածեն ակնարկելու համար այն գէշ բանին, որ անհատ մը կ’ընէ։ Սակայն Աստուածաշունչը զայն նաեւ կը գործածէ նկարագրելու համար այն վիճակը, որ ժառանգած են բոլոր մարդիկը՝ ըլլան բարի կամ չար։

«Ահա ես անօրէնութիւնով ծնայ ու իմ մայրս մեղքով յղացաւ զիս» (ՍԱՂՄՈՍ 51։5

Մեղքը մարդոց վրայ ահռելի ազդեցութիւն ունեցած է։

Ժառանգուած մեղքը ոչ միայն Ստեղծիչին հետ մեր փոխյարաբերութեան վնասած է, այլ նաեւ մեզ աններդաշնակ դարձուցած է Աստուծոյ մնացեալ ստեղծագործութեան հետ։ Ատոր արդիւնքը եղած է՝ մեծ տառապանք թէ՛ անհատներու եւ թէ ամբողջ մարդկային ցեղին։

«Երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ» (ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7։21

«Բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն» (ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8։22