Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաս 3

Խնդիրները ինչպէ՛ս լուծել

Խնդիրները ինչպէ՛ս լուծել

«Իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ» (Ա. Պետրոս 4։8)

Մինչ ձեր ամուսնական կեանքը կը սկսի, զանազան խնդիրներ պիտի ծագին։ Այդ խնդիրներուն ետին գտնուող պատճառները կրնան ըլլալ ձեր տարբեր մտածելակերպն ու զգացումները, ինչպէս նաեւ կեանքի հանդէպ ձեր տարբեր մօտեցումը. կամ ալ՝ արտաքին ազդակներ եւ անակնկալ դէպքեր։

Կրնայ ըլլալ որ իրողութենէն փախչիլը դիւրին լուծումը թուի, բայց Աստուածաշունչը մեզի կը պատուիրէ որ մեր խնդիրները դիմագրաւենք (Մատթէոս 5։23, 24)։ Խնդիրներուդ լաւագոյն լուծումը պիտի գտնես՝ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելով։

1 ԽՆԴԻՐԸ ՔՆՆԱՐԿԷ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Խօսելու ժամանակ» կայ (Ժողովող 3։1, 7)։ Խնդրին մասին խօսելու ժամանակ յատկացուր։ Անկեղծօրէն կողակիցիդ յայտնէ, թէ հարցին շուրջ ինչպէ՛ս կը զգաս եւ ի՛նչ կը խորհիս։ Անոր հետ միշտ ‘ճշմարտութիւնը խօսէ’ (Եփեսացիս 4։25)։ Նոյնիսկ երբ զայրացած վիճակի մէջ ես, կռուելէ խուսափէ։ Հանդարտ կերպով պատասխանէ, որպէսզի պարզ խօսակցութիւնը տաք վիճաբանութեան չվերածուի (Առակաց 15։4. 26։20

Նոյնիսկ երբ համաձայն չգտնուիս, քաղցրաբարոյ եղիր, բնաւ չմոռնալով կողակիցիդ հանդէպ սէր ու յարգանք ցուցաբերել (Կողոսացիս 4։6)։ Ջանա՛ հարցը շուտով լուծել, եւ հաղորդակցութեան կապը միշտ բաց պահէ (Եփեսացիս 4։26

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Յարմար ժամանակ մը որոշէ խնդիրը քննարկելու

  • Մինչ կողակիցիդ մտիկ կ’ընես, անհարկիօրէն մի՛ միջամտեր։ Խօսելու կարգդ պիտի գայ

2 ՄՏԻԿ ԸՐԷ ԵՒ ՀԱՍԿՑԻՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (Հռովմայեցիս 12։10)։ Շատ կարեւոր է թէ ինչպէ՛ս մտիկ կ’ընես։ Փորձէ կողակիցիդ տեսակէտը հասկնալ՝ «կարեկից. . . ու քաղցրաբարոյ» ըլլալով (Ա. Պետրոս 3։8. Յակոբոս 1։19)։ Մի՛ ձեւացներ թէ մտիկ կ’ընես։ Եթէ յարմար է, ինչ որ կ’ընես ձգէ եւ ամբողջ ուշադրութիւնդ կողակիցիդ տուր, կամ ալ հարցուր եթէ կրնաք այդ նիւթը ետքը քննարկել։ Երբ մտածես թէ կողակիցդ ընկերակիցդ է եւ ոչ թէ՝ հակառակորդդ, ‘պիտի չարտորաս բարկանալու’ (Ժողովող 7։9

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Լայնախոհութեա՛մբ մտիկ ըրէ, նոյնիսկ եթէ լսածդ քեզ կը տհաճեցնէ

  • Բառերուն ետին գտնուող միտքը հասկցիր։ Կողակիցիդ շարժուձեւերն ու ձայնին թոնը նշմարէ

3 ՔԱՅԼԵՐ ԱՌԷՔ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ, բայց դատարկաբանութիւնը միայն կարօտութեան կը տանի մարդը» (Առակաց 14։23)։ Լաւ լուծումի մը յանգիլը բաւարար չէ. պէտք է որ ձեր առած որոշումը ի գործ դնէք։ Ասիկա թերեւս ծանր աշխատանք եւ շա՛տ ջանք պահանջէ. բայց կ’արժէ՛ այդպէս ընել (Առակաց 10։4)։ Եթէ իրարու հետ համագործակցիք, ձեր ծանր աշխատանքը «աղէկ վարձք» պիտի ունենայ (Ժողովող 4։9

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Որոշեցէք թէ իւրաքանչիւրդ ի՛նչ գործնական քայլեր պիտի առնէք ձեր խնդիրը լուծելու համար

  • Ատեն–ատեն ձեր յառաջդիմութիւնը արժեւորեցէք