ԱՌԱԿԱՑ 24։1-34

24  Չար մարդոց մի՛ նախանձիրՈւ անոնց հետ կենալու մի՛ ցանկար.   Վասն զի անոնց միտքը բռնութեան մասին կը խորհիԵւ անոնց շրթունքները բռնութեան վրայով կը խօսին։ –20–   Տունը իմաստութեամբ կը շինուիՈւ հանճարով կը հաստատուի։   Շտեմարանները գիտութեամբԵւ ամէն տեսակ պատուական ու վայելուչ գանձերով կը լեցուին։ –21–   Իմաստուն մարդը զօրաւոր կ’ըլլայՈւ գիտութիւն ունեցողը ոյժ կ’աւելցնէ.   Վասն զի պատերազմդ խոհեմութեամբ կ’ընես.Եւ ազատութիւնը* խորհրդականներու շատութիւնով կ’ըլլայ։ –22–   Իմաստութիւնը յիմարին համար շատ բարձր է.Անիկա դրանը մէջ իր բերանը չի բանար։ –23–   Ով որ չարութիւն ընել կը մտածէ,Անիկա նենգամիտ պիտի կոչուի։   Յիմարութեան խորհուրդը մեղք էԵւ ծաղր ընողը մարդոց զզուելի է։ –24– 10  Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս,Ոյժդ քիչ է։ –25– 11  Ազատէ՛ զանոնք, որ մեռցուելու կը տարուինՈւ սպաննուելու վրայ եղողները ազատելէն ետ մի՛ կենար։ 12  Եթէ ըսեն թէ՝ «Մենք ասիկա չգիտցանք»,Ահա սրտերը քննողը կը հասկնայՈւ քու հոգիդ պաշտպանողը ինք գիտէԵւ ամէն մարդու իր գործին չափովը պիտի հատուցանէ։ –26– 13  Որդեա՛կ իմ, մեղր կեր, որ աղէկ էԵւ մեղրախորիսխ կե՛ր, որ քիմքիդ քաղցր է։ 14  Իմաստութեան ճանաչումն ալ քու հոգիիդ այնպէս քաղցր պիտի ըլլայ։Եթէ զանիկա գտնեսԵւ վախճան մը կայՈւ քու յոյսդ պիտի չկտրի։ –27– 15  Ո՛վ չար, արդարին տանը դարանակալ մի՛ ըլլար,Անոր բնակարանը* մի՛ աւերեր։ 16  Վասն զի արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի.Բայց չարերը ձախորդութեան մէջ պիտի իյնան։ –28– 17  Երբ քու թշնամիդ իյնայ՝ մի՛ ուրախանարՈւ երբ ոտքը սահի՝ քու սիրտդ թող չցնծայ։ 18  Չըլլայ որ Տէրը տեսնէ ու իրեն անհաճոյ երեւնայԵւ իր բարկութիւնը անոր վրայէն դարձնէ։ –29– 19  Չարագործներուն համար մի՛ սրտմտիրՈւ ամբարիշտներուն մի՛ նախանձիր. 20  Վասն զի չար մարդը բարի վախճան չ’ունենար։Ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի։ –30– 21  Որդեա՛կ իմ, Տէրոջմէ ու թագաւորէն վախցի՛րԵւ խռովարար* մարդոց հետ մի՛ խառնուիր. 22  Քանզի անոնց կործանումը յանկարծ կ’ըլլայՈւ երկուքին ալ պատուհասը ո՞վ կը ճանչնայ։ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐՈՒ 23  Այս բաներն ալ իմաստուններուն յատուկ են։Դատաստանի մէջ աչառութիւն ընելը աղէկ չէ։ 24  Ով որ ամբարշտին կ’ըսէ՝ «Դուն արդար ես»,Ազգերը անոր անէծք պիտի տանՈւ ժողովուրդները զանիկա պիտի անարգեն։ 25  Բայց զանոնք յանդիմանողները պիտի բերկրինԵւ անոնց վրայ առատ օրհնութիւն պիտի գայ։ 26  Շիտակ պատասխան տուողը՝Շրթունքներ կը համբուրէ։ 27  Դուրսի գործդ կանոնաւորէԵւ զանիկա քու արտիդ մէջ* կարգի դիրՈւ տունդ ետքը շինէ։ 28  Քու դրացիիդ դէմ զուր տեղ վկայութիւն մի՛ ըներԵւ քու շրթունքներովդ մի՛ խաբեր։ 29  Մի՛ ըսեր՝ «Անիկա ինծի ինչպէս որ ըրաւ, ես ալ անոր այնպէս պիտի ընեմ,Այն մարդուն իր գործին համեմատ հատուցում պիտի ընեմ»։ 30  Ծոյլ մարդուն՝ արտին քովէնՈւ պակասամիտ մարդուն այգիին քովէն անցայ։ 31  Ամենուն մէջ փուշեր բուսեր էինՈւ անոնց երեսը եղիճներ ծածկեր էինԵւ անոր քարէ պատը փլած էր։ 32  Երբ զանիկա տեսայ՝ մտքիս մէջ պահեցի,Անոր նայեցայ ու անկէ խրատ առի։ 33  Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհեսՈւ քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես ննջելու համար, 34  Քու աղքատութիւնդ ճամբորդի պէս պիտի գայԵւ քու կարօտութիւնդ՝ սպառազինեալ մարդու պէս։

Ստորանիշներ

24։6 Կամ, յաղթութիւնը
24։15 Կամ, հանգստութեան տեղը
24։21 Եբր., փոփոխական
24։27 Եբր., արտին մէջ քեզի համար