Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաս 7

Զաւակդ ինչպէ՛ս դաստիարակել

Զաւակդ ինչպէ՛ս դաստիարակել

«Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր» (Բ. Օրինաց 6։6, 7)

Երբ Եհովան ընտանեկան կարգադրութիւնը ըրաւ, զաւակներուն խնամքը ծնողներուն յանձնեց (Կողոսացիս 3։20)։ Որպէս ծնող, քու պատասխանատուութիւնդ է զաւակդ մարզել որ Եհովան սիրէ եւ պատասխանատու չափահաս մը դառնայ (Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։15)։ Պէտք է նաեւ գիտնաս թէ տղուդ կամ աղջիկիդ սրտին մէջ ի՛նչ կայ։ Անշուշտ, զաւակիդ լաւ օրինակ հանդիսանալդ շա՛տ կարեւոր է։ Եհովայի Խօսքը կրնաս լաւագոյն կերպով զաւակիդ սորվեցնել, եթէ նախ զանիկա քո՛ւ սրտիդ մէջ դնես (Սաղմոս 40։8

1 ԴԻՒՐԱՄԱՏՉԵԼԻ ԾՆՈՂ ՄԸ ԵՂԻՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. ‘Արագ եղիր լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու մէջ’ (Յակոբոս 1։19)։ Վստահաբար, կ’ուզես որ զաւակներդ զգան թէ կրնան քեզի հետ ազատօրէն խօսիլ։ Անոնք պէտք է գիտնան թէ պատրաստ ես մտիկ ընելու, երբ խօսելու կարիք զգան։ Խաղաղ մթնոլորտ մը ստեղծէ, որպէսզի իրենք զիրենք դիւրաւ արտայայտեն (Յակոբոս 3։18)։ Եթէ անոնք խորհին թէ խստօրէն պիտի վարուիս կամ քննադատական հոգի պիտի ցուցաբերես, թերեւս իրենց սիրտը քեզի չբանան։ Զաւակներուդ հետ համբերատար եղիր, եւ ատենէ ատեն վստահեցուր թէ զիրենք կը սիրես (Մատթէոս 3։17. Ա. Կորնթացիս 8։1

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Երբ զաւակներդ խօսելու կարիք զգան, մատչելի եղիր

  • Զաւակներուդ հետ կանոնաւորաբար հաղորդակցէ, եւ ոչ միայն երբ խնդիրներ ծագին

2 ՓՈՐՁԷ ՀԱՍԿՆԱԼ ԹԷ ԱՆՈՆՔ ԻՐԱՊԷՍ Ի՛ՆՉ ԸՍԵԼ Կ’ՈՒԶԵՆ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Գործի մէջ խելացութեամբ վարուողը բարիք կը գտնէ» (Առակաց 16։20)։ Երբեմն զաւակներուդ խօսքերէն անդին պէտք է նայիս, որ անոնց իսկական զգացումները հասկնաս։ Սովորաբար պատանիները հարցերը կը չափազանցեն կամ կ’ըսեն բաներ, որոնք ըսել չեն ուզեր։ «Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն» (Առակաց 18։13)։ Շուտով մի՛ նեղանար (Առակաց 19։11

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Զաւակներդ ի՛նչ որ ալ ըսեն, վճռէ չմիջամտել եւ չափէ դուրս չհակազդել

  • Փորձէ յիշել, թէ երբ իրենց տարիքին էիր, ինչպէ՛ս կը զգայիր եւ ի՛նչ բան կարեւոր կը սեպէ

3 ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔ ԲՌՆԵՑԷՔ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր» (Առակաց 1։8)։ Եհովան թէ՛ հօր եւ թէ մօր հեղինակութիւն տուած է զաւակներուն վրայ։ Պէտք է ձեր զաւակներուն սորվեցնէք որ ձեզ յարգեն ու ձեզի հնազանդին (Եփեսացիս 6։1-3)։ Երբ ծնողները ‘մէկ մտքի վրայ հաստատուած’ չըլլան, զաւակները ասիկա կրնան զգալ (Ա. Կորնթացիս 1։10)։ Եթէ անհամաձայն ըլլաք, փորձեցէք ձեր զաւակներուն յայտնի չընել, քանի որ այս մէկը ձեզի հանդէպ իրենց ունեցած յարգանքը կրնայ պակսեցնել։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Կողակիցիդ հետ խորհրդակցելով՝ համաձայնեցէք թէ ձեր զաւակները ինչպէ՛ս պիտի կրթէք

  • Եթէ դուն եւ կողակիցդ զաւակներ կրթելու նկատմամբ տարբեր կարծիքներ ունիք, փորձէ հարցերը կողակիցիդ տեսանկիւնէն դիտել

4 ԾՐԱԳՐԷ՛

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը» (Առակաց 22։6)։ Լաւ դաստիարակութիւնը դիպուածով պիտի չըլլայ։ Պէտք է ունենաս մարզումի ծրագիր մը, որ կ’ընդգրկէ զաւակներդ կրթել (Սաղմոս 127։4. Առակաց 29։17)։ Կրթութիւնը չի նշանակեր պարզապէս պատժել, այլ կը պարփակէ զաւակներուդ օգնել՝ որ կանոններուն ետին գտնուող պատճառները հասկնան (Առակաց 28։7)։ Աւելին, անոնց սորվեցուր որ Եհովային Խօսքը սիրեն եւ անոր սկզբունքները ըմբռնեն (Սաղմոս 1։2)։ Ասիկա անոնց պիտի օգնէ առողջ խղճմտանք մը զարգացնելու (Եբրայեցիս 5։14

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Վստահ եղիր որ զաւակներդ Աստուած կը նկատեն իսկական Անձ մը, որուն կրնան վստահիլ

  • Անոնց սորվեցուր զատորոշել եւ խուսափիլ բարոյական վտանգներէ, ինչպէս՝ համացանցին եւ ընկերային կապեր հաստատող ցանցերուն վտանգներէն։ Անոնց սորվեցուր ինչպէ՛ս խուսափիլ մանկամոլներէ

«Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը»