Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաս 6

Երեխաները ինչպէ՛ս ամուսնական կեանքը կը փոխեն

Երեխաները ինչպէ՛ս ամուսնական կեանքը կը փոխեն

«Տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են» (Սաղմոս 127։3)

Զոյգի մը համար, երեխայի մը ծնունդը կրնայ թէ՛ խանդավառիչ եւ թէ ճնշիչ ըլլալ։ Որպէս նոր ծնողներ, թերեւս զարմանաք թէ ձեր ժամանակին եւ կորովին մեծ մասը երեխային հոգատարութեան կը տրամադրուի։ Անքնութիւնը ե՛ւ զգացական փոփոխութիւնները կրնան ձեր ամուսնութեան մէջ լարուածութիւն ստեղծել։ Ձեր երեխային հոգ տանելու եւ ձեր ամուսնութիւնը պահպանելու համար, դուն եւ կողակիցդ պիտի ստիպուիք ճշդումներ ընել։ Աստուածաշունչին խրատը ինչպէ՞ս կրնայ ձեզի օգնել, որ այս դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլէք։

1 ԳԻՏԱԿՑԵՑԷՔ ԹԷ ԵՐԵԽԱՆ ՁԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՊԻՏԻ ՓՈԽԷ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է»։ Նաեւ, սէրը «իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր» (Ա. Կորնթացիս 13։4, 5)։ Մայր մը դառնալով, բնականաբար ուշադրութիւնդ երեխայիդ վրայ կը կեդրոնացնես։ Սակայն կրնայ ըլլալ որ ամուսինդ սկսի անտեսուած զգալ. ուստի մի՛ մոռնար որ ինքն ալ ուշադրութեանդ կը կարօտի։ Համբերութեամբ եւ քաղցրութեամբ կրնաս իրեն օգնել, որ զգայ թէ իրեն պէտք ունիս եւ երեխային հոգ տանելու մէջ ինքն ալ պարփակուած է։

«Այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին» (Ա. Պետրոս 3։7)։ Որպէս ամուսին, պէտք է գիտակցիս թէ կինդ իր կորովին մեծ մասը երեխային պիտի տրամադրէ։ Այժմ, ան նոր պատասխանատուութիւններ ունի եւ թերեւս ճնշուած, ուժասպառ կամ նոյնիսկ ընկճուած զգայ։ Երբեմն ան թերեւս քեզմէ նեղանայ, բայց ջանա՛ հանդարտ մնալ, քանի որ «երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ է» (Առակաց 16։32)։ Խոհեմ եղիր եւ պէտք եղած օգնութիւնը կնոջդ տուր (Առակաց 14։29

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Հայր. կնոջդ օգնէ երեխային հոգ տանելու, նո՛յնիսկ գիշերները։ Ուրիշ գործունէութիւններու տրամադրած ժամանակդ սահմանափակէ, որպէսզի կարենաս աւելի ժամանակ անցընել կնոջդ եւ երեխայիդ հետ

  • Մայր. երբ ամուսինդ առաջարկէ քեզի օգնել երեխային հոգ տանելու, մի՛ մերժեր։ Իսկ եթէ իրմէ պահանջուած գործը պէտք եղած կերպով չկատարէ, զինք մի՛ քննադատեր, այլ՝ ազնուօրէն կերպը ցոյց տուր

2 ՁԵՐ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՑՈՒՑԷՔ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծննդոց 2։24)։ Թէեւ ընտանիքիդ մէջ նոր անդամ մը աւելցաւ, բայց միշտ յիշէ թէ դուն եւ կողակիցդ տակաւին «մէկ մարմին» էք։ Ամէն ջանք թափէ ձեր փոխյարաբերութիւնը ամրացնելու։

Ո՛վ կին, ամուսինիդ օգնութեան եւ աջակցութեան համար երախտապարտ եղիր։ Գնահատանքի արտայայտութիւնները կրնան «բժշկութիւն» ըլլալ (Առակաց 12։18)։ Ո՛վ ամուսին, կնոջդ ըսէ թէ զինք որքա՜ն կը սիրես եւ կ’արժեւորես։ Ընտանիքին հոգ տանելու կերպին համար, զինք միշտ գովէ (Առակաց 31։10, 28

«Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ» (Ա. Կորնթացիս 10։24)։ Կողակիցիդ համար միշտ լաւագոյն բաները ըրէ։ Որպէս զոյգ, ժամանակ տրամադրեցէք խօսակցելու, զիրար գովելու եւ իրարու մտիկ ընելու։ Իսկ ինչ կը վերաբերի սեռային յարաբերութեան, անձնասէր մի՛ ըլլար։ Կողակիցիդ կարիքները հաշուի առ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մէկզմէկ մի՜ զրկէք, եթէ ոչ՝ միաբանութեամբ» (Ա. Կորնթացիս 7։3-5)։ Ուստի այս նիւթին շուրջ իրարու հետ անկեղծօրէն խօսեցէք։ Ձեր համբերութիւնն ու հասկացողութիւնը ձեր փոխյարաբերութիւնը պիտի ամրացնէ։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Մի՛ մոռնաք իրարու ժամանակ յատկացնել

  • Ըրէ պզտիկ արարքներ, ինչպէս՝ երկտող մը ղրկել կամ պզտիկ նուէր մը տալ, որպէսզի կողակիցդ զգայ թէ սիրուած է

3 ՁԵՐ ԵՐԵԽԱՆ ՄԱՐԶԵՑԷՔ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու» (Բ. Տիմոթէոս 3։15)։ Կանխաւ մտածեցէք թէ ձեր երեխային ինչպէ՛ս պիտի սորվեցնէք։ Ան սորվելու հոյակապ կարողութիւն ունի, նոյնիսկ աշխարհ գալէն առաջ։ Մինչ տակաւին արգանդին մէջ է, ձեր երեխան կրնայ զատորոշել ձեր ձայնը եւ ձեր զգացումներուն հակազդել։ Իր մատղաշ տարիքէն իսկ իրեն կարդացէք։ Թէեւ չկարենայ հասկնալ թէ ի՛նչ կը կարդաք, բայց այս մէկը իրեն պիտի օգնէ որ երբ մեծնայ կարդալը սիրէ։

Մի՛ կարծէք որ ձեր երեխան տակաւին շա՜տ փոքր է Աստուծոյ մասին սորվելու։ Ան թող լսէ թէ ինչպէ՛ս Եհովային կ’աղօթէք (Բ. Օրինաց 11։19)։ Նոյնիսկ երբ միասին կը խաղաք, իրեն պատմեցէք Աստուծոյ ըրած բոլոր բաներուն մասին (Սաղմոս 78։3, 4)։ Մինչ ձեր զաւակը կը մեծնայ, ան Եհովայի հանդէպ ձեր սէրը պիտի զգայ եւ պիտի սորվի ինք եւս զինք սիրել։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Երեխադ մարզելու համար, աղօթքով Եհովայէն իմաստութիւն խնդրէ

  • Գլխաւոր բառերն ու գաղափարները երեխայիդ կրկնէ, որպէսզի կանուխ տարիքէն սկսի սորվիլ