Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաս 5

Հարազատներուդ հետ ինչպէ՛ս խաղաղութիւն պահպանել

Հարազատներուդ հետ ինչպէ՛ս խաղաղութիւն պահպանել

«Ձեր վրայ հագէ՛ք. . . քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը» (Կողոսացիս 3։12)

Երբ զոյգը կ’ամուսնանայ, նոր ընտանիք մը կը կազմուի։ Թէեւ ծնողքդ միշտ պիտի սիրես ու յարգես, բայց հիմա կողակիցդ երկրի վրայ ամէնէն կարեւոր անձն է քեզի համար։ Կրնայ ըլլալ որ հարազատներէդ ոմանք դժուար գտնեն այս մէկը ընդունիլ։ Բայց Աստուածաշունչի սկզբունքները քեզի կրնան օգնել որ հաւասարակշռուած ըլլաս, որպէսզի կարենաս խաղաղութիւն պահպանել հարազատներուդ հետ, մինչ ժրաջանօրէն կը ջանաս կողակիցիդ հետ կապդ ամրապնդել։

1 ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒԴ ՀԱՆԴԷՊ ՊԱՏՇԱՃ ՏԵՍԱԿԷՏ ՈՒՆԵՑԻՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» (Եփեսացիս 6։2)։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ տարիքդ, պէտք է միշտ ծնողքդ պատուես ու յարգես։ Ի մտի ունեցիր որ կողակիցդ ալ իր ծնողքին պէտք է իր ուշադրութիւնը տայ։ «Սէրը չի նախանձիր». ուստի անոնց միջեւ եղող փոխյարաբերութիւնը վտանգ մի՛ սեպեր (Ա. Կորնթացիս 13։4. Գաղատացիս 5։26

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Ընդհանրացած խօսքեր մի՛ ըսեր, ինչպէս՝ «Ընտանիքդ միշտ զիս կ’արհամարհէ» կամ «Մայրդ բնաւ ըրածս չի հաւնիր»

  • Փորձէ հարցերը կողակիցիդ տեսանկիւնէն դիտել

2 ՊԷՏՔ ԵՂԱԾ ԱՏԵՆ ՀԱՍՏԱՏ ԵՂԻՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծննդոց 2։24)։ Երբ ամուսնանաս, ծնողքդ թերեւս խորհի որ տակաւին քեզի համար պատասխանատու է, եւ հաւանաբար ուզէ պէտք եղածէն աւելի միջամուխ ըլլալ ամուսնութեանդ։

Դուն եւ կողակիցդ պէտք է համաձայնիք, թէ որքանո՛վ կ’ուզէք որ անոնք միջամուխ ըլլան եւ ապա սիրալիրօրէն այս մէկը իրենց փոխանցէք։ Կրնաք այս հարցին շուրջ բացէ ի բաց խօսիլ, առանց կոշտ ու կոպիտ ըլլալու (Առակաց 15։1)։ Խոնարհութիւնը, հեզութիւնը եւ երկայնմտութիւնը քեզի պիտի օգնեն հարազատներուդ հետ ջերմ փոխյարաբերութիւն կերտելու եւ «սիրով իրարու ներողամիտ» ըլլալու (Եփեսացիս 4։2

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Եթէ մտահոգուած ես որ հարազատներդ չափէ դուրս կեանքիդ կը խառնուին, խնդիրը կողակիցիդ հետ քննարկէ՝ երբ հանդարտ մթնոլորտ կը տիրէ

  • Համաձայնեցէք թէ հարցը ինչպէ՛ս ձեռք պիտի առնէք