ՍԱՂՄՈՍ 37։1-40

Սաղմոս Դաւիթի 37  Չարերուն համար մի՛ նեղանար,Անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր,   Վասն զի անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուինՈւ կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան։   Տէրոջը յուսա՛ ու բարութիւն ըրէ՛,Երկրին վրայ բնակէ՛ ու ճշմարտութեան մէջ արածուիր   Ու Տէրոջմով ուրախացիր, քանզիԱնիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները։   Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադՈւ անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ   Ու դուրս պիտի հանէ քու արդարութիւնդ լոյսի պէսՈւ քու իրաւունքդ՝ կէսօրուան պէս։   Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր սպասէ՛Եւ մի՛ նախանձիր իր ճամբան յաջողութեամբ գացողինՈւ խաբէութիւն ընող մարդուն։   Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս։   Վասն զի չարագործները պիտի կորսուին,Սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։ 10  Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ,Անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ 11  Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրըՈւ խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։ 12  Մեղաւորը արդարին դէմ դաւ կը լարէՈւ անոր վրայ ակռաները կը կրճտէ։ 13  Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանիկա,Վասն զի անոր օրը հասնելու վրայ կը տեսնէ։ 14  Մեղաւորները թուր քաշեցինՈւ աղեղնին լարեցին՝Աղքատն ու տնանկը վար ձգելու համար,Շիտակ ճամբու մէջ քալողները* սպաննելու համար։ 15  Անոնց թուրը իրենց սիրտը պիտի մտնէՈւ անոնց աղեղները պիտի կոտրտուին։ 16  Արդարին քիչ բանըԱմբարիշտներու առատ ստացուածքէն աղէկ է։ 17  Վասն զի ամբարիշտներուն բազուկները պիտի կոտրուին,Բայց արդարներուն ապաւէնը* Տէրն է։ 18  Տէրը արդարներուն օրերը գիտէԵւ անոնց ժառանգութիւնը յաւիտենական պիտի ըլլայ. 19  Փորձանքի ժամանակ պիտի չամչնանՈւ սովի օրերը պիտի կշտանան։ 20  Բայց ամբարիշտները պիտի կորսուինՈւ Տէրոջը թշնամիները գառնուկներու ճարպին պէս պիտի սպառին,Մուխի պէս պիտի ցնդին։ 21  Ամբարիշտը փոխ կ’առնէ ու չի վճարեր.Սակայն արդարը կ’ողորմի ու կու տայ։ 22  Վասն զի անոր օրհնածները պիտի ժառանգեն երկիրը,Բայց անկէ անիծուածները պիտի կորսուին։ 23  Բարի մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուինՈւ Անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի։ 24  Թէեւ իյնայ, պիտի չկործանի,Վասն զի Տէրը անոր ձեռքը պիտի բռնէ։ 25  Տղայ էի ու ծերացայ,Բայց արդարը անտես եղած չտեսայ,Կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող։ 26  Ամէն օր կ’ողորմի ու փոխ կու տայԵւ անոր սերունդը օրհնուած է։ 27  Չարութենէ ետ կեցի՛ր ու բարութիւն ըրէ՛Եւ յաւիտեան պիտի մնաս. 28  Վասն զի Տէրը կը սիրէ իրաւունքըԵւ իր սուրբերը երեսէ չի ձգեր.Յաւիտեան կը պահուին անոնք,Բայց ամբարիշտներուն սերունդը պիտի կորսուի։ 29  Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրըՈւ յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին։ 30  Արդարին բերանը իմաստութեամբ կը խօսիՈւ անոր լեզուն իրաւունքը կը յայտնէ։ 31  Իր Աստուծոյն օրէնքը իր սրտին մէջ էԵւ անոր քայլերը պիտի չսահին։ 32  Մեղաւորը արդարը կը դիտէԵւ զանիկա մեռցնելու ետեւէ կ’ըլլայ։ 33  Տէրը չարին ձեռքը պիտի չձգէ զանիկաԵւ անոր դատաստանը տեսնուած ատեն պիտի չդատապարտէ զանիկա։ 34  Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛Եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես։ 35  Ամբարիշտը զօրացած տեսայՈւ իր տեղը կեցող կանանչ ծառի մը պէս տարածուած, 36  Բայց ան անցաւ ու ահա չկայ։Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։ 37  Արդարը տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛.Վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ, 38  Իսկ անօրէնները մէկտեղ պիտի կորսուին։Ամբարիշտներուն վախճանը կորուստ պիտի ըլլայ, 39  Բայց արդարներուն փրկութիւնը Տէրոջմէն է,Նեղութեան ժամանակ ինք անոնց ապաւէնն է։ 40  Տէրը պիտի օգնէ անոնց եւ պիտի ազատէ զանոնք,Ամբարիշտներէն պիտի ազատէՈւ պիտի փրկէ զանոնք, վասն զի իրեն կը յուսան։

Ստորանիշներ

37։14 Եբր., Ճամբով շիտակ եղողները
37։17 Եբր., նեցուկը