ՍԱՂՄՈՍ 55։1-23

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը 55  Ո՛վ Աստուած, ականջ դիր իմ աղօթքիսՈւ իմ խնդրուածքէս քու երեսդ մի՛ ծածկեր։   Մտի՛կ ըրէ ու պատասխանէ՛ ինծի։Իմ գանգատովս կը մոլորիմ* ու կը խռովիմ,   Թշնամիին ձայնէն ու ամբարշտին նեղութիւն տալէն,Վասն զի իմ վրաս անիրաւութիւն կը բերենՈւ բարկութիւնով զիս կը հալածեն։   Սիրտս դողաց իմ ներսիդիսՈւ մահուան արհաւիրքները իմ վրաս ինկան։   Վախ ու դող եկաւ իմ վրասՈւ սոսկումը զիս ծածկեց   Ու ըսի. «Երանի՜ թէ աղաւնիի թեւեր ունենայի,Որպէս զի թռչէի ու հանգիստ ըլլայի։   Հեռուն պիտի փախչէի,Անապատին մէջ պիտի բնակէի։ (Սէլա։)   Սաստիկ հովէն ու փոթորիկէնՓախչիլ պիտի արտորայի, ապաստան մը գտնելու համար»։   Ո՛վ Տէր, կորսնցո՛ւր, անոնց լեզուները բաժնէ՛,Վասն զի քաղաքին մէջ բռնութիւն ու կռիւ տեսայ։ 10  Ցորեկ ու գիշեր անոր չորս կողմը, անոր պարիսպներուն վրայ կը պտըտին.Անօրէնութիւն ու չարիք կայ անոր մէջ։ 11  Անոր մէջ եղեռնագործութիւն կայԵւ բռնութիւնը ու նենգութիւնը անոր հրապարակներէն չեն հեռանար, 12  Վասն զի թշնամին չէր զիս նախատողը, որ համբերէի.Կամ ատողը չէր իմ վրաս հպարտացողը, որ անկէ պահուէի։ 13  Հապա դո՛ւն, ո՛վ մարդ, իմ հաւասա՛րս,Իմ ընկե՛րս ու ճանչուո՛րս, 14  Որ իրարու հետ անոյշ խօսակցութիւն կ’ունենայինքԵւ բազմութեան հետ Աստուծոյ տունը կ’երթայինք։ 15  Մահը յանկարծ անոնց վրայ պիտի հասնիՈւ ողջ ողջ գերեզմանը պիտի իջնեն,Վասն զի իրենց բնակարաններուն ու իրենց մէջ չարութիւն կայ, 16  Իսկ ես Աստուծոյ պիտի կանչեմՈւ Տէրը զիս պիտի փրկէ։ 17  Իրիկունը, առտուն ու կէսօրը պիտի գանգատիմ ու հառաչեմ։Անիկա պիտի լսէ իմ ձայնս։ 18  Խաղաղութիւնով պիտի փրկէ իմ անձս այն պատերազմէն, որ կը մղեմ,Վասն զի շատ թշնամիներ ինծի կը մօտենան։ 19  Աստուած պիտի լսէՈւ յաւիտենականութեան մէջ բնակողը պիտի խոնարհեցնէ զանոնք. (Սէլա.)Որովհետեւ չեն փոխուիր անոնքՈւ Աստուծմէ չեն վախնար։ 20  Ձեռքը իրեն հետ հաշտ եղողներուն վրայ երկնցուց,Իր ուխտը աւրեց։ 21  Անոր բերնին խօսքերը կոգիէն կակուղ են,Բայց անոր սրտին մէջ պատերազմ կայ։Անոր խօսքերը ձէթէն կակուղ են,Բայց մերկ սուրեր են։ 22  Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛Ու ան քեզ պիտի խնամէ.Անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ։ 23  Բայց դուն, ո՛վ Աստուած, զանոնք ապականութեան գուբին մէջ պիտի իջեցնես.Արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդիկ օրերնուն կիսուն պիտի չհասնին,Սակայն ես քեզի պիտի յուսամ։

Ստորանիշներ

55։2 Կամ, կը տրտմիմ