ՍԱՂՄՈՍ 83։1-18

Ասափին երգն ու Սաղմոսը 83  Ո՛վ Աստուած, լուռ մի՛ կենար.Անձայն մի՛ ըլլար ու հանդարտ մի՛ կենար, ո՛վ Աստուած։   Վասն զի ահա քու թշնամիներդ կը գոռանՈւ քեզ ատողները գլուխ կը վերցնեն։   Խորամանկութեան հնարք կը գտնեն քու ժողովուրդիդ դէմՈւ խորհուրդ կ’ընեն քու պահպանածներուդ դէմ։   Կ’ըսեն. «Եկէ՛ք, կորսնցնե՛նք զանոնք, որպէս զի ազգ չըլլանՈւ ալ չյիշուի Իսրայէլին անունը»։   Վասն զի միաբան սրտով խորհուրդ ըրինՈւ քեզի դէմ դաշնակցութիւն ըրին   Եդովմին վրանները ու Իսմայելացիները,Մովաբն ու Հագարացիները,   Գեբաղն ու Ամմոնը եւ Ամաղէկը,Փղշտացիները՝ Տիւրոսի բնակիչներուն հետ։   Նաեւ Ասուր անոնց հետ միաբանեցաւ,Ղովտին որդիներուն ձեռնտու եղան։ (Սէլա։)   Ըրէ՛ անոնց ինչպէս Մադիամին,Ինչպէս Սիսարային ու Յաբինին ըրիր Կիսոն հեղեղատին քով։ 10  Անոնք Ենդովրի մէջ սատկեցան,Աղբի պէս եղան երկրին վրայ։ 11  Անոնց իշխանները Օրէբին ու Զէբին պէսՈւ անոնց բոլոր երեւելիները Զեբէէին ու Սաղմանային պէս ըրէ, 12  Որոնք ըսին. «Աստուծոյ բնակարաններըՄենք ժառանգենք մեզի համար»։ 13  Ո՛վ իմ Աստուածս, անոնք մղեղի* պէս,Հովի առջեւ եղող շիւղի պէս ըրէ՛։ 14  Ինչպէս կրակը անտառը կ’այրէՈւ բոցը լեռները կը բռնկեցնէ, 15  Այնպէս հալածէ՛ զանոնք քու մրրիկովդՈւ խռովութեան մէջ ձգէ՛ զանոնք քու փոթորիկովդ։ 16  Լեցո՛ւր անոնց երեսները անարգանքով,Որպէս զի քու անունդ խնդրեն, ո՛վ Տէր։ 17  Թող ամչնան ու խռովին յաւիտեանԵւ ամօթալից ըլլան ու կորսուին. 18  Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է,Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։

Ստորանիշներ

83։13 Կամ, անիւի