ՍԱՂՄՈՍ 146։1-10

146  Ալէլուիա՜։ Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։   Տէրը պիտի օրհնեմ իմ կեանքիս մէջ։Որքան ատեն որ ողջ եմ՝ իմ Աստուծոյս սաղմոս պիտի ըսեմ։   Մի՛ յուսաք իշխաններուն,Մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։   Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին։   Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն էՈւ անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է,   Որ երկինքը ու երկիրը,Ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեց։Ճշմարտութիւնը կը պահէ յաւիտեան,   Իրաւունք կ’ընէ զրկուածներունՈւ հաց կու տայ անօթիներուն։Տէրը կ’արձակէ կապուածները,   Տէրը կը բանայ կոյրերուն աչքերը,Տէրը կը կանգնեցնէ վար ծռածները,Տէրը կը սիրէ արդարները,   Տէրը կը պահէ պանդուխտները,Կը հաստատէ որբն ու որբեւայրին,Բայց ամբարիշտներուն ճամբան կը ծռէ։ 10  Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեան,Քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն, ազգէ մինչեւ ազգ։ Ալէլուիա՜։

Ստորանիշներ