ՍԱՂՄՈՍ 36։1-12

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը 36  Ամբարիշտին չարութեանը վրայով սրտիս մէջի խօսքը այս է.Աստուծոյ վախը չկայ իր աչքերուն առջեւ։   Վասն զի ինքզինք կը շողոքորթէ իր աչքերուն առջեւ՝Խորհելով թէ իր անօրէնութիւնը յայտնի եւ ատելի չ’ըլլար։   Անոր բերնին խօսքերը անօրէնութիւն ու նենգութիւն են.Իմաստութիւն չունի բարին ընելու համար։   Իր անկողնին մէջ անօրէնութեան վրայ կը մտածէՈւ կը կենայ այնպիսի ճամբու մը մէջ, որ աղէկ չէԵւ չարէն չի զզուիր։   Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք կը հասնիՈւ քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։   Քու արդարութիւնդ հզօր լեռներու պէս է,Քու իրաւունքդ մեծ անդունդ մըն է.Մարդիկն ու անասունները դուն կ’ապրեցնես, ո՛վ Տէր։   Ո՛վ Աստուած, ի՜նչ գերազանց է քու գթութիւնդ։Մարդոց որդիները քու թեւերուդ հովանաւորութեանը կ’ապաւինին։   Անոնք քու տանդ պարարտութենէն պիտի կշտանանՈւ քու հաճութիւններուդ գետէն պիտի խմցնես անոնց։   Վասն զի կեանքի աղբիւրը քու քովդ է.Քու լուսովդ լոյս պիտի տեսնենք։ 10  Քու ողորմութիւնդ քեզ ճանչցողներուն շարունակէՈւ քու արդարութիւնդ՝ սրտով ուղիղներուն։ 11  Ամբարտաւանութեան ոտքը թող իմ վրաս չգայՈւ չարերուն ձեռքը զիս չշարժէ։ 12  Հոն ինկան անօրէնութիւն գործողները.Գետինը զարնուեցան ու չկրցան վեր ելլել։

Ստորանիշներ