ՍԱՂՄՈՍ 103։1-22

Սաղմոս Դաւիթի 103  Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ ՏէրըՈւ այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։   Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ ՏէրըԵւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։   Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդՈւ կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ,   Որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէԵւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով.   Որ կը լեցնէ քու ծերութիւնդ բարութիւնովՈւ քու մանկութիւնդ արծիւի պէս կը նորոգուի։   Տէրը արդարութիւն ու իրաւունք կ’ընէԲոլոր զրկուածներուն.   Անիկա իր ճամբաները Մովսէսին ճանչցուցՈւ իր գործերը՝ Իսրայէլի որդիներուն։   Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը,Երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։   Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիրԵւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր։ 10  Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզիՈւ մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։ 11  Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է,Այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։ 12  Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է,Այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։ 13  Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ,Այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։ 14  Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը,Կը յիշէ թէ մենք հող ենք։ 15  Մարդուն օրերը խոտի պէս են,Դաշտի ծաղիկի պէս կը ծաղկին։ 16  Վասն զի հովը անոր վրայէն կ’անցնի ու ան կ’ոչնչանայԵւ ա՛լ անոր տեղը չի ճանչնար զանիկա։ 17  Բայց Տէրոջը ողորմութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից իրմէ վախցողներուն վրայ էՈւ անոր արդարութիւնը՝ որդիներուն որդիներուն վրայ. 18  Անոնց վրայ է՝ որոնք կը պահեն անոր ուխտըԵւ կը յիշեն անոր պատուիրանքները եւ կը կատարեն։ 19  Տէրը իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ։ 20  Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ հրեշտակներ, որ ուժով զօրաւոր էք,Որ անոր խօսքին ձայնը լսելով՝ իր հրամանը կը կատարէք։ 21  Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր,Անոր կամքը կատարող պաշտօնեաներ։ 22  Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր գործեր,Անոր տէրութեանը ամէն տեղերուն մէջ.Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։

Ստորանիշներ