Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Հիմա կը զգամ որ կրնա՛մ ուրիշներուն օգնել

Հիմա կը զգամ որ կրնա՛մ ուրիշներուն օգնել
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1981

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ԿՈՒԱԹԵՄԱԼԱ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ։ ՑԱՒԱԼԻ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ Է

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Ծնած եմ Ագուլ, որ Կուաթեմալայի արեւմտեան լեռնագաւառներուն մէջ առանձնացած գիւղաքաղաք մըն է։ Ընտանիքս իքսիլ ժողովուրդէն է, որ մայա սերունդին պատկանող էթնիկ խումբ մըն է։ Պզտիկուց սկսայ սորվիլ թէ՛ սպաներէնը, թէ ալ մեր մայրենի լեզուն։ Մանկութիւնս անցուցի Կուաթեմալայի քաղաքացիական պատերազմին մէջ, որ 36 տարի տեւեց։ Այդ ժամանակուան ընթացքին բազմաթիւ իքսիլներ սպաննուեցան։

Երբ չորս տարեկան էի, եօթը տարեկան եղբայրս ձեռնառումբի մը հետ կը խաղար, որ սխալմամբ պայթեցաւ։ Այդ արկածով ես տեսողութիւնս կորսնցուցի, եւ ցաւօք սրտի եղբայրս իր կեանքը կորսնցուց։ Անկէ ետք մանկութիւնս անցուցի Կուաթեմալա Սիթիի մէկ հաստատութեան մէջ, որ կոյր պզտիկներուն համար էր։ Հոն պրայլ սորվեցայ։ Չէի հասկնար թէ ինչո՛ւ ուսուցչակազմը զիս կ’արգիլէր ուրիշ պզտիկներու հետ խօսելէ եւ դասընկերներս չէին ուզեր ինծի հետ ընկերակցիլ։ Միշտ միայնակ էի եւ ամէն տարի անհամբեր կը սպասէի այդ երկու ամսուան, երբ տուն պիտի երթայի մամայիս քով։ Ան միշտ ազնիւ եւ գթասիրտ էր։ Ցաւօք սրտի, երբ տասը տարեկան էի, մամաս մեռաւ։ Աշխարհը գլխուս փլաւ, քանի որ զգացի թէ կորսնցուցի միակ անձը որ զիս կը սիրէր։

11 տարեկանիս ծննդավայրս վերադարձայ եւ սկսայ խորթ եղբօրս ընտանիքին հետ ապրիլ։ Անոնք ֆիզիքական պէտքերուս հոգ կը տանէին, բայց ո՛չ մէկը կրնար զգացական գետնի վրայ ինծի օգնել։ Ատեններ պոռալով Աստուծոյ կ’ըսէի. «Մամաս ինչո՞ւ մեռաւ։ Ինչո՞ւ կոյր պիտի ըլլայի»։ Մարդիկ ինծի կ’ըսէին, թէ Աստուծոյ կամքն էր որ այս բաները պատահէին։ Այն եզրակացութեան հասայ, որ Աստուած անարդար եւ անսիրտ ըլլալու է։ Միակ պատճառը որ անձնասպան չեղայ այն է, թէ ատոր միջոցը չունէի։

Կոյր ըլլալուս պատճառով ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն անպաշտպան էի։ Քանի մը անգամ բռնաբարուեցայ, բայց բնա՛ւ ուրիշներուն չպատմեցի այդ ոճիրներուն մասին, քանի որ կը մտածէի որ մէկը պիտի չհետաքրքրուէր։ Քիչ կը պատահէր որ մէկը ինծի հետ խօսէր, եւ ես ալ մէկու մը հետ չէի խօսեր։ Միայնակութիւնը կը նախընտրէի, ընկճուած էի եւ մէկու մը չէի վստահեր։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Պատանեկութեանս սկիզբը, Եհովայի վկայ ամուսնացած զոյգ մը ինծի հետ խօսեցան դպրոցի զբօսանքի ժամանակ։ Ուսուցչուհի մը ինծի հետ կը զգար եւ իրենցմէ խնդրած էր որ ինծի այցելեն։ Անոնք ըսին թէ Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն եւ թէ օր մը կոյրերը պիտի տեսնեն (Եսայի 35։5. Յովհաննէս 5։28, 29)։ Իրենց սորվեցուցածը սիրեցի, բայց ինծի համար իրենց հետ խօսիլը դժուար էր, քանի որ չէի վարժուած խօսելու։ Սակայն, հակառակ որ մեկուսասէր էի, անոնք ազնուութեամբ եւ համբերութեամբ շարունակեցին այցելել, որպէսզի ինծի Աստուածաշունչին մասին սորվեցնեն։ Այս զոյգը գիւղաքաղաքս հասնելու համար, աւելի քան 10 քմ. կը քալէին եւ լեռ մը կը կտրէին։

Խորթ եղբայրս իրենց տեսքը նկարագրեց ինծի, թէ անոնք կոկիկ կը հագուէին բայց նիւթապէս շատ լաւ չէին։ Ասով հանդերձ անոնք պզտիկ նուէրներ բերելով՝ միշտ անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց կու տային ինծի հանդէպ։ Կը մտածէի որ միա՛յն ճշմարիտ քրիստոնեաները այսպիսի անձնազոհութիւն ցոյց կու տան։

Պրայլ հրատարակութիւններ գործածելով Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցի։ Թէեւ սորվածս միտքով կը հասկնայի, սակայն կարգ մը բաներ զգացական գետնի վրայ դժուար էին որ ընդունիմ։ Օրինակ՝ շատ դժուարութիւն ունեցայ հաւատալու որ Աստուած անձամբ ինձմով իրապէս հետաքրքրուած է եւ թէ կարելի է որ ուրիշներ ալ Աստուծոյ նման ինձմով հետաքրքրուին։ Կրցայ հասկնալ որ Եհովան ինչո՛ւ չարութիւնը ժամանակաւորապէս կը թոյլատրէ, բայց դժուար եղաւ որ զինք սիրալիր Աստուած մը նկատեմ *։

Սուրբ Գիրքէն սորվածներս կամաց–կամաց ինծի օգնեցին որ կարծիքս փոխեմ։ Օրինակ՝ սորվեցայ որ Աստուած խորապէս կը զգայ նեղութիւն քաշողներուն հետ։ Տեսնելով որ զինք պաշտողները մարդոց կողմէ նեղութիւն կը քաշեն, Աստուած ըսաւ. «Ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ» (Ելից 3։7)։ Երբ սկսայ Եհովային քնքուշ յատկութիւնները ըմբռնել, կեանքս իրեն նուիրեցի։ 1998–ին որպէս Եհովայի վկայ մկրտուեցայ։

Այն եղբօր հետ, որուն ընտանիքը իր թեւերուն տակ առաւ զիս

Մկրտուելէս շուրջ մէկ տարի ետք, կոյրերու յատկացուած դասընթացք մը առի Էսգուինդլա քաղաքին մօտ։ Տեղացի երէց մը իմացաւ թէ ի՛նչ դժուարութիւններ կ’ունենամ, որպէսզի գիւղաքաղաքէս ժողովներու երթամ. ամէնէն մօտ ժողովքը կը գտնուէր այդ նոյն լեռնաշղթայէն անդին, որ Վկայ զոյգը կը կտրէր ինծի հետ սերտելու համար։ Ինծի համար դժուար էր այդ մէկը ընելը։ Ինծի օգնելու համար, երէցը գտաւ Վկայ ընտանիք մը Էսգուինդլայի մէջ, որ յօժար էր զիս իր թեւերուն տակ առնելու եւ օգնելու որ ժողովներու երթամ։ Անոնք մինչեւ այսօր ինծի անանկ մէկ հոգ կը տանին, որ կարծես թէ իրենց ընտանիքին մէկ անդամն եմ։

Կրնամ շատ աւելի օրինակներ տալ, թէ ժողովքի անդամները ինչպէ՛ս անկեղծ սէր ցոյց տուած են ինծի։ Բոլոր այս փորձառութիւններս զիս կը համոզեն, թէ ես որպէս Եհովայի վկայ մը՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն մէջ եմ (Յովհաննէս 13։34, 35

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Այլեւս անարժէք եւ անյոյս չեմ զգար։ Հիմա կեանքս նպատակ մը ունի։ Աստուածաշունչը լիաժամ կը քարոզեմ եւ կը կեդրոնանամ Սուրբ Գիրքի թանկագին ճշմարտութիւնները ուրիշներուն սորվեցնելու վրայ, փոխանակ կեդրոնանալու անկարողութեանս վրայ։ Նաեւ առանձնաշնորհումը ունիմ երէց ըլլալու եւ ժողովքներուն մէջ մարդոց առջեւ դասախօսութիւններ տալու։ Նոյնիսկ առանձնաշնորհումը ունեցած եմ մարզային համաժողովներու ընթացքին դասախօսութիւններ տալու, ուր հազարաւոր մարդիկ ներկայ կ’ըլլան։

Դասախօսութիւն կու տամ, պրայլ Սուրբ Գիրքս գործածելով

2010–ին աւարտեցի Ծառաներու մարզումի դպրոցը (հիմա կը կոչուի՝ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց), որ Սալվատորի մէջ տեղի ունեցաւ։ Այս դպրոցը ինծի օգնեց որ ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւններս աւելի լաւ կերպով կատարեմ։ Այս մարզումը զգացուց որ խորապէս արժեւորուած եւ սիրուած եմ Եհովա Աստուծոյ կողմէ, որ ոեւէ անձ կրնայ որակեալ դարձնել իր գործը կատարելու։

Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Ներկայիս իրապէս կրնամ ըսել թէ ուրախ եմ եւ կը զգամ որ կրնա՛մ ուրիշներուն օգնել, հակառակ որ առաջ բնա՛ւ չէի երեւակայեր որ այս մէկը կարելի է։

^ պարբ. 13 Աւելի տեղեկութիւն առնելու համար թէ Աստուած ինչո՛ւ չարութիւնը կը թոյլատրէ, տե՛ս Եհովայի վկաներուն կողմէ հրատարակուած Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 11–րդ գլուխը։