Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կնոջս՝ Թապիթային հետ, քարոզելու ատեն

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Ինծի համար՝ Աստուած գոյութիւն չունէր

Ինծի համար՝ Աստուած գոյութիւն չունէր
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1974

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԴԵՄՈԿՐԱՏԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ. ԱՆԱՍՏՈՒԱԾ

ԱՆՑԵԱԼՍ

Ծնած եմ Սաքսոնիայի մէկ գիւղը՝ նախկին Գերմանական Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ (ԳԴՀ)։ Մեր ընտանիքին մէջ ջերմ եւ սիրով լեցուն մթնոլորտ կար, եւ ծնողքս բարոյական լաւ չափանիշներ սորվեցուցին ինծի։ ԳԴՀ–ն համայնավար պետութիւն մըն էր. ասոր համար, Սաքսոնիային մէջ մարդոց մեծամասնութեան համար կրօնքը կարեւոր չէր։ Իսկ ինծի համար՝ Աստուած գոյութիւն չունէր։ Մինչեւ 18 տարեկանս, կեանքս հիմնուած էր երկու գաղափարներու վրայ՝ անաստուածութիւն եւ համայնավարութիւն։

Ինչո՞ւ համայնավարութիւնը զիս կը հետաքրքրէր։ Քանի որ կը սիրէի այն գաղափարը, որ բոլոր մարդիկը համահաւասար են։ Ասկէ զատ, համոզուած էի որ ամէն անձ պէտք է ամէն բան հաւասարապէս ունենայ, քանի որ ասիկա վերջ պիտի դնէ վերջին ծայր հարստութեան կամ աղքատութեան։ Այս պատճառով, անդամ դարձայ համայնավարական երիտասարդներու կազմակերպութեան մը մէջ։ Երբ 14 տարեկան էի, շատ ժամանակ կու տայի կենսոլորտային ծրագիրի մը, որ կապ ունէր գործածուած թուղթերը վերամշակելու հետ։ Աուէ գիւղաքաղաքը այնքա՛ն գոհ մնաց իմ թափած ջանքերէս, որ այդտեղի իշխանութիւնները մրցանակ մը տուին ինծի։ Հակառակ որ տակաւին պատանի էի, ԳԴՀ–ի կարգ մը բարձրաստիճան քաղաքագէտներ անձամբ կը ճանչնայի։ Կը կարծէի որ ճիշդ նպատակակէտերու ետեւէ կ’երթամ եւ թէ առջեւս փայլուն ապագայ մը կայ։

Ետքը, յանկարծ յոյսերս ջուրը ինկան, երբ 1989–ին՝ Պերլինի Պատը փլաւ, իրեն հետ առնելով համայնավար Արեւելեան Եւրոպան։ Ետեւ–ետեւի ցնցիչ բաներ լսեցի։ Տեղեկացայ որ միշտ անարդարութիւն եղած էր ԳԴՀ–ին մէջ։ Օրինակ, այն անհատները որոնք համայնավարութեան կողմը չէին, երկրորդական տեղ կը դրուէին։ Ես ինծի հարցուցի. ‘Ասիկա կարելի՞ բան է։ Չէ՞ որ մենք որպէս համայնավարներ կը հաւատանք, որ բոլոր մարդիկը համահաւասար են։ Ուրեմն համայնավարութիւնը միայն խօսքո՞վ է’։ Այս պատճառով մտահոգութիւնը սկսաւ խեղդել զիս։

Սկսայ կեդրոնանալ երաժշտութեան եւ արուեստի վրայ։ Կրցայ երաժշտական դպրոց երթալ եւ հաւանականութիւն կար որ ուսումս համալսարանը շարունակեմ։ Ասոր համար, երազ ունէի որ երաժիշտ եւ արուեստագէտ ըլլամ։ Ասկէ զատ, մէկ կողմ դրի այն բարոյական չափանիշները որ պզտիկուց սորված էի։ Ինծի համար այլեւս ամէնէն կարեւոր բանը լաւ ժամանակ անցընելն էր, օրինակ՝ միեւնոյն ժամանակ քանի մը աղջիկի հետ ելլել։ Բայց ո՛չ երաժշտութիւնը, ո՛չ արուեստը եւ ոչ ալ ազատ ապրելակերպը կրցան թեթեւցնել մտահոգութիւնս։ Նոյնիսկ գծած պատկերներուս մէջ սարսափ կար։ Կը մտածէի. ‘Ապագային ի՞նչ պիտի պատահի։ Կեանքին նպատակը ի՞նչ է’։

Երբ վերջապէս հարցումներուս պատասխանները գտայ, շատ զարմացայ։ Իրիկուն մը, դպրոցին մէջ նստած էի խումբ մը աշակերտներու հետ, եւ ապագային մասին կը խօսէինք։ Խումբին մէջ կար Մէնտի * անունով Եհովայի վկայ աղջիկ մը։ Ան ինծի լաւ խրատ մը տուաւ, ըսելով. «Անտրէ՛աս, եթէ կ’ուզես կեանքին եւ ապագային մասին հարցումներուդ պատասխանները առնել, սերտէ Սուրբ Գիրքը»։

Թէ՛ կասկածներ եւ թէ հետաքրքրութիւն արթնցան մէջս, բայց հետաքրքրութիւնս աւելի զօրաւոր էր։ Մէնտին ինծի ցուցուց Դանիէլ գիրքին 2–րդ գլուխը, եւ ինչ որ հոն կարդացի՝ խելքս գլուխէս թռցուց։ Այս մարգարէութիւնը կը նկարագրէ քանի մը համաշխարհային ուժեր, որոնք մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենային մինչեւ մեր օրերը։ Մէնտին ապագային մասին ուրիշ մարգարէութիւններ ալ ինծի ցուցուց Սուրբ Գիրքէն։ Վերջապէս, հարցումներուս պատասխանները կը գտնէի։ Բայց այդ մարգարէութիւնները ո՞վ գրած էր, եւ ո՞վ կրնար այսքան ճշգրտութեամբ գիտնալ ապագան։ Կրնա՞յ ըլլալ որ Աստուած գոյութիւն ունի։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ

Մէնտին զիս կապի մէջ մտցուց Վկայ զոյգի մը հետ՝ Հօրսթ եւ Անճելիքա, որոնք ինծի օգնեցին որ Աստուծոյ Խօսքը աւելի հասկնամ։ Շուտով անդրադարձայ որ Եհովայի վկաները միակ կրօնական կազմակերպութիւնն են, որ միշտ Աստուծոյ Եհովա անունը կը գործածէ, եւ ուրիշներուն ալ կը գիտցնէ զայն (Սաղմոս 83։18. Մատթէոս 6։9)։ Սորվեցայ որ Եհովա Աստուած մարդոց առջեւ կը դնէ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ Սաղմոս 37։9–ն (ԱԾ) կ’ըսէ. «Տէրոջ յուսացողները երկրին պիտի տիրանան»։ Սիրտիս խօսեցաւ այն գաղափարը, որ այս յոյսը տրուած է բոլոր անոնց՝ որոնք կը ջանան Աստուծոյ տուած վարքի չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։

Բայց ինծի համար շատ դժուար եղաւ ապրելակերպս փոխելը, որպէսզի Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածին պէս քալեմ։ Երաժշտութեան եւ արուեստին մէջ յաջող ըլլալս զիս հպարտ դարձուցած էր։ Ուրեմն նախ պէտք էր խոնարհութիւն սորվէի։ Ասկէ զատ, դիւրին չէր բարոյական գետնի վրայ փրթած ապրելակերպս ձգելը։ Որքա՜ն շնորհակալ եմ Եհովայէն որ կը համբերէ, կ’ողորմի եւ կը հասկնայ զանոնք, որոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն որ Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածները գործադրեն։

Մինչեւ 18 տարեկանս, համայնավարութիւնն ու անաստուածութիւնը անձնաւորութիւնս կաղապարեցին, իսկ ատկէ ի վեր՝ Սուրբ Գիրքը կեանքս կը բարեփոխէ։ Սորվածներս վերցուցին ապագային նկատմամբ մտահոգութիւնս եւ ձգեցին որ կեանքիս մէջ նպատակ մը ունենամ։ 1993–ին մկրտուեցայ որպէս Եհովայի վկայ, իսկ 2000–ին՝ ամուսնացայ Թապիթային հետ, որ նախանձախնդիր Վկայ մըն է։ Կարելի եղածին չափ ժամանակ կը տրամադրենք, որ ուրիշներուն օգնենք Սուրբ Գիրքէն գիտութիւն առնելու։ Կը հանդիպինք շատ մը անձերու, որոնք ինծի պէս ազդուած են համայնավարական եւ անաստուածական գաղափարներէ։ Շատ կ’ուրախանամ երբ անոնց կը սորվեցնեմ, որ ինչպէ՛ս կրնան Եհովան ճանչնալ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ

Սկիզբը, երբ սկսայ Եհովայի վկաներուն հետ ընկերակցիլ, ծնողքս շատ վախցաւ։ Բայց ժամանակի ընթացքին անոնք տեսան որ Վկաներուն հետ ընկերակցիլը ի՛նչ լաւ կերպով ազդած է կեանքիս։ Որքա՜ն ուրախ եմ որ անոնք հիմա Սուրբ Գիրքը կը կարդան եւ Եհովայի վկաներուն ժողովներուն կ’երթան։

Թապիթային հետ լաւ ամուսնական կեանք մը ունիմ, քանի որ կը փորձենք գործադրել այն խրատները որ Սուրբ Գիրքը կու տայ ամուսնացածներուն։ Օրինակ, մենք կը հետեւինք այն խրատին որ իրարու հաւատարիմ մնանք, եւ ասիկա կը զօրացնէ մեր ամուսնութիւնը (Եբրայեցիս 13։4

Այլեւս չեմ վախնար կեանքէն եւ ապագային մասին չեմ մտահոգուիր։ Կը զգամ թէ կը պատկանիմ համաշխարհային ընտանիքի մը, որ Աստուած կը պաշտէ, եւ որուն մէջ կայ իսկական խաղաղութիւն ու միութիւն։ Այս ընտանիքին մէջ հաւասար աչքով կը նայինք իրարու, եւ ճիշդ ասիկա է որ լման կեանքիս ընթացքին կ’ուզէի տեսնել։

^ պարբ. 12 Անունը փոխուած է։