Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Մինչեւ որ յաջողիմ, քանի՜ անգամներ ձախողեցայ

Մինչեւ որ յաջողիմ, քանի՜ անգամներ ձախողեցայ
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1953

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ։ ՊՈՌՆԿԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄՈԼԻ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

1949–ին, հայրս Գերմանիայէն Աւստրալիա գաղթեց։ Ան սկսաւ գործ փնտռել հանքագործութեան եւ ելեկտրականութիւն արտադրելու մարզերուն մէջ, եւ Վիքթորիա նահանգին մէջ հաստատուեցաւ, ուր մօրս հետ ամուսնացաւ եւ 1953–ին ես ծնայ։

Միայն քանի մը տարի ետք, մայրս սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել Եհովայի վկաներուն հետ, եւ այսպիսով Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածները կեանքիս առաջին յիշատակներէն եղան։ Բայց հայրս ո՛չ մէկ կրօնք կը հանդուրժէր։ Ան սկսաւ վայրագ ու կռուազան ըլլալ, եւ մայրս իրմէ կը վախնար։ Մայրս շարունակեց Սուրբ Գիրքը գաղտնօրէն սերտել եւ իր սորված բաները սիրեց։ Երբ հայրս տունը չըլլար, մայրս քրոջս եւ ինծի կը պատմէր իր սորվածները։ Ան մեզի ըսաւ որ ապագային երկիրը դրախտի պիտի վերածուի։ Ան նաեւ ըսաւ որ եթէ Սուրբ Գիրքին տուած վարքի չափանիշներուն հետեւինք, կրնանք ուրախ ըլլալ (Սաղմոս 37։10, 29. Եսայի 48։17

Երբ 18 տարեկան էի, ստիպուեցայ հօրս վայրագութեան պատճառով տունը ձգել։ Թէեւ կը հաւատայի այն բաներուն որ մայրս ինծի սորվեցուցած էր Սուրբ Գիրքէն, բայց ատոնց արժէքը չէի գիտեր։ Ուստի ատոնց հիման վրայ չապրեցայ։ Սկսայ որպէս ելեկտրագէտ աշխատիլ ածուխի հանքերուն մէջ։ 20 տարեկանիս ամուսնացայ։ Երեք տարի ետք, մեր առաջին աղջիկը ծնաւ, եւ սկսայ դարձեալ մտածել թէ կեանքիս մէջ ի՛նչն է կարեւորը։ Գիտէի որ Սուրբ Գիրքը կրնայ ընտանիքիս օգնել, եւ ասոր համար սկսայ Եհովայի վկայի մը հետ զայն սերտել։ Բայց կինս Վկաներուն շատ հակառակ էր։ Երբ ժողովի մը ներկայ եղայ, ան վերջին առիթը տուաւ ինծի. կա՛մ ուսումնասիրութիւնը կը կեցնեմ, կամ ալ ընտանիքս կը ձգեմ կ’երթամ։ Անկարող զգացի եւ իր ուզածներուն տեղի տուի։ Այսպիսով, Վկաներուն հետ ամէն կապ կտրեցի։ Յետագային զղջացի որ գիտցածիս վրայ չմնացի ու ճիշդը չըրի։

Օր մը, գործակիցներուս միջոցաւ ծանօթացայ պոռնկագրութեան։ Ատիկա թէ՛ գրաւիչ էր թէ ալ գանելի, եւ ձգեց որ յանցաւոր ըլլալու զգացումին մէջ թաղուիմ։ Յիշեցի որ Աստուածաշունչը այսպիսի բաներ սխալ կը սեպէ, եւ երեւակայեցի որ Աստուած զիս պիտի պատժէ։ Բայց ժամանակի ընթացքին սկսայ ա՛լ աւելի դիտել անամօթ տեսարաններ։ Այսպիսով պոռնկագրութեան հանդէպ կեցուածքս փոխուեցաւ եւ ատոր մոլի դարձայ։

Յաջորդ 20 տարիներուն ընթացքին, երթալէն աւելի հեռացայ այն չափանիշներէն որ մայրս փորձած էր ինծի սորվեցնել։ Վարմունքս յայտնեց թէ ի՛նչ կը մտցնէի մտքիս մէջ։ Հասարակ լեզու մը կը գործածէի եւ աղտոտ կատակներ կ’ընէի, իսկ սեռային յարաբերութեան մասին ծուռ տեսակէտ մը ունէի։ Ուրիշ կիներու հետ կ’ելլէի, հակառակ որ տակաւին կնոջս հետ կ’ապրէի։ Օր մը հայելիին նայեցայ եւ միտքէս ըսի. «Քեզ չեմ սիրեր»։ Այլեւս անձիս հանդէպ յարգանք չունէի եւ ես ինձմէ կը գանէի։

Ամուսնութիւնս քանդուեցաւ եւ տունս գլխուս փլաւ։ Ետքը, ամբողջ սրտովս Եհովային աղօթեցի ու դարձեալ սկսայ Սուրբ Գիրքը սերտել, հակառակ որ 20 տարի անցած էր։ Այդ ժամանակ հայրս արդէն իսկ մահացած էր եւ մայրս մկրտուած էր որպէս Եհովայի վկայ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Ապրելակերպիս եւ Սուրբ Գիրքին չափանիշներուն միջեւ մեծ տարբերութիւն մը կար։ Բայց այս անգամ միտքս դրած էի, որ Սուրբ Գիրքին խոստացած խաղաղութիւնը ունենամ։ Սկսայ խօսակցութիւնս մաքրել եւ ջղայնութիւնս զսպել։ Նաեւ որոշեցի որ անբարոյ ապրելակերպէս վազ անցնիմ, այլեւս բախտախաղ չխաղամ, չափէ դուրս չխմեմ ու գործատէրէս բան մը չգողնամ։

Գործակիցներս չէին հասկնար թէ ինչո՛ւ կ’ուզէի այս մեծ փոփոխութիւնները ընել։ Անոնք երեք տարի գլուխս կերան որ առաջուան պէս դառնամ։ Եթէ պատահէր որ ջղայնութենէս մէկու մը վրայ պայթէի կամ սխալ խօսք մը ըսէի, անոնք յաղթանակ տարածի պէս կը պոռային. «Վերջապէս առաջուան Եոզեֆը վերադարձաւ»։ Այս խօսքը դանակի պէս զիս կը վիրաւորէր։ Շատ անգամներ ինքզինքս ձախող անձ մը կը զգայի։

Գործատեղս լեցուն էր պոռնկագրութեամբ, թէ՛ ելեկտրոնային թէ ալ տպուած։ Գործակիցներս միշտ համակարգիչին միջոցաւ աղտոտ նկարներ կը ղրկէին իրարու, ճիշդ ինչպէս որ առաջ ես ալ կ’ընէի։ Ջանք կը թափէի որ մոլութիւնս ձգեմ, բայց անոնք անդադար կը փորձէին զիս փոսը ձգել։ Իմ հետս սերտող անձին հետ խօսեցայ, որպէսզի ինծի թիկունք կանգնի եւ քաջալերէ։ Ան համբերութեամբ ինծի մտիկ ըրաւ, մինչ սիրտս կը պարպէի։ Ան որոշ համարներ գործածելով ինծի ցուցուց թէ ինչպէ՛ս կրնամ մոլութեանս դէմ պայքարիլ, եւ զիս քաջալերեց որ միշտ աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրեմ (Սաղմոս 119։37

Օր մը, գործակիցներս ժողովի կանչեցի։ Երբ հաւաքուեցան, ըսի որ գարեջուր տան իրենցմէ երկուքին, որոնք ճանչցուած էին որպէս ալքոլամոլ։ Անոնք գանգատելով ըսին. «Չ’ըլլար. իրենք գլուխնին պատէ պատ կը զարնեն որ իրենց մոլութիւնը ձգեն»։ Ես ալ պատասխանեցի. «Այո՛, նոյնպէս ալ ես»։ Այդ օրուընէ սկսեալ, անոնք անդրադարձան որ ես ալ կը պայքարիմ որ պոռնկագրութիւն չդիտեմ, եւ անգամ մըն ալ զիս չստիպեցին որ առաջուան պէս ըլլամ։

Ժամանակի ընթացքին, Եհովային օգնութեամբ կրցայ պոռնկագրութեան մոլութիւնս յաղթահարել։ 1999–ին, մկրտուեցայ որպէս Եհովայի վկայ, երախտապարտ ըլլալով որ նորէն առիթը ունեցայ որ մաքուր եւ ուրախ կեանք մը ապրիմ։

Ես հի՛մա կը հասկնամ որ Եհովան ինչո՛ւ կ’ատէ այն բաները որ ես առաջ կը սիրէի։ Ան սիրալիր Հայր մը ըլլալով՝ կ’ուզէր զիս պաշտպանել պոռնկագրութեան վնասներէն։ Առակաց 3։5, 6–ին խօսքերը որքա՜ն ճիշդ են. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ Սուրբ Գիրքին չափանիշները ոչ թէ միայն պաշտպանութիւն եղած են ինծի, այլեւ՝ վստահեցուցած են որ պիտի յաջողիմ (Սաղմոս 1։1-3

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Առաջ, ես ինձմէ կը պժգայի, բայց հիմա՝ ինքնայարգանք եւ ներքին խաղաղութիւն ունիմ։ Մաքուր կեանք մը կը վարեմ, եւ մորթիս վրայ կը զգամ Եհովայի ներումն ու օգնութիւնը։ 2000–ին, ամուսնացայ Քէրոլընի հետ, որ աղուոր քոյր մըն է եւ Եհովան կը սիրէ որքան որ ես կը սիրեմ։ Մեր տան մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ։ Մեզի համար շատ մեծ առանձնաշնորհում մըն է, որ կը պատկանինք եղբայրութեան մը, որ մաքուր ու սիրալիր է եւ աշխարհի չորս կողմը տարածուած է։