Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՂՕԹԵԼԸ ՕԳՈՒՏ ՄԸ ՈՒՆԻ՞

Աստուած ինչո՞ւ կ’ըսէ որ աղօթենք

Աստուած ինչո՞ւ կ’ըսէ որ աղօթենք

Աստուած կ’ուզէ որ իր բարեկամը դառնաս։

Եթէ երկու հոգի կ’ուզեն իրարու սերտ բարեկամներ ըլլալ, իրարու հետ կը հաղորդակցին։ Նոյնն է պարագան Աստուծոյ հետ։ Ան մեզ կը քաջալերէ որ իրեն աղօթենք, եւ այսպիսով՝ ճամբայ կը բանայ որ իր եւ մեր միջեւ ջերմ բարեկամութիւն ըլլայ։ Աստուած կ’ըսէ. «Ինծի պիտի կանչէք եւ պիտի երթաք ու ինծի աղօթք պիտի ընէք եւ ձեզի պիտի լսեմ» (Երեմիա 29։12)։ Եւ մինչ Աստուծոյ կ’աղօթես, ‘իրեն պիտի մօտենաս եւ ան քեզի պիտի մօտենայ’ (Յակոբոս 4։8)։ Աստուածաշունչը մեզի կը վստահեցնէ, որ «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն» (Սաղմոս 145։18)։ Ո՛րքան աւելի իրեն աղօթենք, ա՛յնքան աւելի պիտի մտերմանանք իրեն հետ։

«Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն» (Սաղմոս 145։18)

Աստուած կ’ուզէ քեզի օգնել։

Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ՝ որմէ եթէ իր որդին հաց ուզէ, ինք քար տայ անոր, եւ կամ եթէ ձուկ ուզէ, օձ տայ անոր։ Ուստի եթէ դուք. . . ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Մատթէոս 7։9-11)։ Այո, Աստուած քեզ կը քաջալերէ որ աղօթես, որովհետեւ ‘քեզի համար կը հոգայ’ եւ կ’ուզէ քեզի օգնել (Ա. Պետրոս 5։7)։ Ան նոյնիսկ կը քաջալերէ որ խնդիրներդ իրեն պատմես։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ» (Փիլիպպեցիս 4։6

Ստեղծուած ենք հոգեւոր կարիքով։

Մարդոց բնաւորութիւնը սերտող մասնագէտներ նկատած են, որ հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ պէտքը կը զգան աղօթելու։ Այս թիւին մէջ կան նոյնիսկ կարգ մը անաստուածներ եւ երեւութապաշտներ *։ Ասիկա կը փաստէ, որ ստեղծուած ենք հոգեւոր կարիքով։ Յիսուս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ» (Մատթէոս 4։4)։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնանք այս կարիքը գոհացնել։ Կերպերէն մէկը կանոնաւորաբար աղօթք ընելն է։

Եթէ աղօթենք, ի՞նչ օգուտներ կրնանք ակնկալել։

^ պարբ. 8 Փիու հետազօտական կեդրոնը 2012–ին փորձագիտանք մը ըրաւ, որ երեւան հանեց թէ Միացեալ Նահանգներու անաստուածներուն կամ երեւութապաշտներուն 11 առ հարիւրը առնուազն ամիսը անգամ մը կ’աղօթէ։