Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը սիրեմ ժողովքի պատանիներուն հետ ժամանակ անցընել

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Ամէնէն շատ պէյսպոլ կը սիրէի

Ամէնէն շատ պէյսպոլ կը սիրէի
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1928

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ՔՈՍԹԱ ՌԻՔԱ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ. ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ՄԱՐԶԻԿ ԵՒ ԲԱԽՏԱԽԱՂ ԽԱՂՑՈՂ

ԱՆՑԵԱԼՍ

Մեծցած եմ Բորթօ Լիմոնի մէջ եւ շուրջի շրջանները։ Ատիկա Քոսթա Ռիքայի արեւելեան ծովափը կը գտնուի։ Մենք ութ պզտիկներ էինք եւ ես եօթներորդն էի։ Հայրս մեռաւ երբ ութ տարեկան էի, եւ ատկէ ետք՝ մայրս առանձին մեծցուց մեզ։

Պէյսպոլը միշտ կեանքիս մէկ մասն էր։ Պզտիկուց կը սիրէի այս մարզանքը։ Պատանեկութեանս վերջերուն, արհեստասէր լիկայի խումբի մը միացայ։ 20–ական տարիքիս, մինչ արհեստասէր լիկային մէջ կը խաղայի, հետազօտող մը ինձմէ խնդրեց որ Նիքարակուայի մէջ արհեստավարժ խումբի մը միանամ։ Բայց քանի որ այդ ատեն մօրս առողջութիւնը լաւ չէր եւ ես իրեն հոգ կը տանէի, չուզեցի Նիքարակուայի մէջ ապրիլ։ Այս պատճառով, առաջարկը չընդունեցի։ Ետքը, ուրիշ հետազօտող մը զիս հրաւիրեց որ միանամ Քոսթա Ռիքայի ազգային պէյսպոլի խումբին, որ կազմուած էր արհեստասէր լիկայի ընտրուած խաղցողներէ։ Այս անգամ ընդունեցի առաջարկը։ 1949–էն 1952՝ ազգային խումբին մէջն էի, եւ շարք մը խաղերու մասնակցեցայ Քուպայի, Մեքսիքայի եւ Նիքարակուայի մէջ։ Պէյսմէն էի ու լաւ խաղցող էի, եւ անգամ մը ետեւ–ետեւի 17 խաղ խաղցայ, առանց որեւէ սխալ ընելու։ Կ’ուրախանայի երբ ամբոխները անունս կանչելով կ’երգէին։

Ցաւօք սրտի, անբարոյ կեանք մը ունէի։ Թէեւ միայն մէկ սերտ ընկերուհի ունէի, բայց միշտ ուրիշ կիներ ալ կային կեանքիս մէջ։ Նաեւ շատ կը խմէի։ Անգամ մը այնքա՛ն գինովցայ, որ երբ յաջորդ օրը արթնցայ՝ չյիշեցի թէ ինչպէս տուն վերադարձած էի։ Նաեւ տոմինոյի խաղերով բախտախաղ կը խաղայի եւ վիճակահանութեան կը մասնակցէի։

Մինչ այսպէս կ’ապրէի, մայրս Եհովայի վկայ եղաւ։ Ան փորձեց հետաքրքրութիւնս արթնցնել իր կրօնքին հանդէպ, բայց սկիզբը չյաջողեցաւ, քանի որ լման տարուած էի մարզանքով։ Օրինակ, երբ ճաշի ժամանակը գար մինչ դաշտին մէջ կը մարզուէի, նոյնիսկ չէի զգար որ անօթի եմ. միտքս միայն խաղին վրայ կեդրոնացած կ’ըլլար։ Կեանքիս մէջ ամէնէն շատ պէյսպոլ կը սիրէի։

Բայց 29 տարեկանիս ծանր վնասուածք ունեցայ, մինչ կը փորձէի խաղի մը մէջ գնդակը բռնել։ Երբ լաւացայ, արհեստավարժ կերպով խաղալը ձգեցի։ Սակայն տակաւին բաժին կը բերէի կազմակերպուած պէյսպոլին մէջ, բայց այս անգամ՝ արհեստասէր լիկայի խումբի մը խաղցողները մարզելով տունիս քով։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ

1957–ին, ներկայ եղայ Եհովայի վկաներուն մէկ համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ սթատիումի մը մէջ, ուր պէյսպոլ խաղցած էի։ Մինչ ներկաներուն հետ նստած էի, նկատեցի որ ի՜նչ տարբերութիւն կայ Վկաներուն յարգալից վարմունքին եւ պէյսպոլի ամբոխներուն փողոցային վարմունքին միջեւ։ Ինչ որ այդ համաժողովին տեսայ ձգեց որ սկսիմ Վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքը սերտել եւ իրենց ժողովներուն երթալ։

Սուրբ Գիրքին շատ մը ուսուցումներով տպաւորուեցայ։ Օրինակ, Յիսուս մարգարէացաւ որ վերջին օրերուն՝ իր աշակերտները Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի քարոզէին աշխարհի տարածքին (Մատթէոս 24։14)։ Նաեւ սորվեցայ որ ճշմարիտ քրիստոնեաները դրամական շահի համար չէ որ կը ծառայեն Աստուծոյ։ Յիսուս ըսաւ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատթէոս 10։8

Մինչ Սուրբ Գիրքը կը սերտէի, ատոր ըսածները բաղդատեցի Եհովայի վկաներուն ըսածներուն եւ ըրածներուն հետ։ Հիացայ երբ տեսայ անոնց թափած ջանքերը, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեն աշխարհի տարածքին։ Նկատեցի թէ անոնք ունին այն տալու ոգին, որ քրիստոնեաները պէտք է ունենան, ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ։ Իսկ երբ կարդացի Մարկոս 10։21–ի մէջ Յիսուսի հրաւէրը՝ «Եկուր իմ ետեւէս», ուզեցի Վկայ ըլլալ։

Բայց ժամանակ առաւ որ լման գործադրեմ սորվածներս։ Օրինակ՝ երկար տարիներ «բախտ»ի թիւս ամէն շաբաթ գործածած էի ազգային վիճակահանութեան մէջ։ Բայց Սուրբ Գիրքէն սորվեցայ, որ Աստուած կը դատապարտէ «Բաղդ» չաստուածը պաշտողները, ինչպէս նաեւ՝ ագահ անձերը (Եսայի 65։11, ստորանիշ. Կողոսացիս 3։5)։ Այս պատճառով, որոշեցի բախտախաղը կեցնել։ Վիճակահանութիւնը կեցնելուս յաջորդ կիրակին, «բախտ»ի թիւս շահեցաւ։ Մարդիկ ծաղր ըրին զիս, քանի որ այդ շաբաթ չխաղցայ, եւ շատ պնդեցին որ նորէն խաղամ։ Բայց անոնց մտիկ չըրի եւ անգամ մըն ալ բախտախաղ չխաղցայ։

«Նոր մարդ»ը կամ նոր անձնաւորութիւնս ուրիշ փորձութեան առջեւ ալ եկաւ այն օրը որ մկրտուեցայ Եհովայի վկաներուն մէկ համաժողովին (Եփեսացիս 4։24)։ Այդ իրիկուն, երբ վերադարձայ պանդոկ, ուր կը մնայի, տեսայ թէ առաջուան սերտ ընկերուհիս ինծի կը սպասէր սենեակիս առջեւ։ Ան ըսաւ. «Հայտէ՛ Սամուէլ. եկուր լաւ ժամանակ անցընենք»։ Բայց մէկ կտոր «Ո՛չ» ըսի, եւ իրեն յիշեցուցի թէ ես այլեւս կ’ապրիմ Սուրբ Գիրքին բարոյական չափանիշներով (Ա. Կորնթացիս 6։18)։ Ան բերնէն փախցուց. «Ի՛նչ»։ Ապա թեթեւի առնելով Սուրբ Գիրքին ըսածը սեռային անբարոյութեան մասին, պնդեց որ նորէն ընկեր–ընկերուհի ըլլանք։ Բայց ես պարզապէս սենեակս մտնելով դուռը ետեւէս կղպեցի։ Ներկայիս ուրախ եմ որ 1958–ին մկրտուելէս մինչեւ այսօր հաւատարմօրէն մնացած եմ այն փոփոխութիւններուն վրայ, որ ապրելակերպիս մէջ մտցուցած եմ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ

Եթէ պիտի խօսիմ բոլոր այն օգուտներուն մասին որ ստացած եմ Սուրբ Գիրքին ըսածներուն հետեւելով, կրնամ գիրք մը գրել։ Օրինակ, այլեւս ունիմ անկեղծ բարեկամներ, նպատակ ունեցող կեանք մը եւ իսկական ուրախութիւն։

Տակաւին կը սիրեմ պէյսպոլը, բայց ատիկա առաջուան չափ կարեւոր չէ ինծի համար։ Պէյսպոլին միջոցաւ շահեցայ համբաւ եւ դրամ, բայց ասոնք մնայուն չէին։ Անդին, Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնս եւ այն եղբայրութիւնը որուն մէջն եմ՝ յաւիտեան պիտի մնան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. Յովհաննէս 2։17)։ Այլեւս կեանքիս մէջ ամէնէն շատ Եհովա Աստուած եւ իր ժողովուրդը կը սիրեմ։