Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Եսասէր կեանք մը կը վարէի

Եսասէր կեանք մը կը վարէի
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1951

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ։ ՀՊԱՐՏ, ԱՆԿԱԽ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՈՒՆԵՆԱԼ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Կեանքիս առաջին տարիներուն, ընտանիքս կ’ապրէր Լայփցիկի մօտ, Արեւելեան Գերմանիա, չեխական եւ լեհական սահմաններէն ո՛չ շատ հեռու։ Երբ վեց տարեկան էի, հօրս գործին պատճառաւ փոխադրուեցանք արտասահման,– նա՛խ Պրազիլ եւ ապա Էքուատոր։

14 տարեկանիս, ղրկուեցայ Գերմանիոյ մէկ գիշերօթիկ դպրոցը։ Որովհետեւ ծնողքս ինձմէ շա՜տ հեռու էր՝ Հարաւային Ամերիկայի մէջ, պէտք էր որ ե՛ս իմ անձիս հոգ տանէի։ Շատ անձնապաստան մէկը դարձայ։ Չէի մտածեր թէ արարքներս ինչպէ՛ս կ’ազդէին ուրիշներուն։

17 տարեկանիս, ծնողքս Գերմանիա վերադարձան։ Սկիզբը իրենց հետ բնակեցայ։ Բայց անկախ կեցուածքս թոյլ չտուաւ, որ դարձեալ ընտանիքիս հեղինակութեան ներքեւ ապրիմ։ Ուստի, 18 տարեկանիս տունը ձգեցի։

Սկսայ կեանքիս մէջ նպատակ փնտռել։ Զանազան կենցաղակերպեր ու խումբեր նկատի առնելէ ետք, համոզուեցայ թէ կեանքս գործածելու լաւագոյն կերպն է՝ այս գեղեցիկ մոլորակը հետազօտել, առաջ որ մարդկութիւնը զայն կործանէ։

Գերմանիան ձգեցի, շարժակաւոր հեծանիւ մը գնեցի եւ Ափրիկէ ուղղուեցայ։ Սակայն շատ չանցած, ստիպուեցայ Եւրոպա վերադառնալ շարժակաւոր հեծանիւս նորոգելու համար։ Անկէ քիչ ետք, երբ Փորթուգալի ծովեզերքն էի, որոշեցի շարժակաւոր հեծանիւը չգործածել եւ նաւով ճամբորդել։

Միացայ խումբ մը երիտասարդներու, որոնք կը պատրաստուէին Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ նաւարկել։ Այդ խումբին մէջ ծանօթացայ ապագայ կնոջս՝ Լորիի։ Նախ նաւարկեցինք դէպի Քարայիպեան կղզիները։ Ապա, Բորթօ Ռիքոյի մէջ կարճատեւ կեցութենէ ետք, Եւրոպա վերադարձանք։ Ես ու Լորին կը յուսայինք առագաստանաւ մը գտնել, որ կրնայինք զբօսանաւի վերածել։ Բայց միայն երեք ամիս փնտռելէ ետք, յանկարծ մեր ծրագիրը ջուրը ինկաւ։ Գերմանական բանակին զինուորագրուեցայ։

Գերմանական նաւատորմին մէջ 15 ամիս անցուցի։ Այդ ժամանակամիջոցին, Լորի ու ես ամուսնացանք եւ պատրաստուեցանք մեր ճամբորդելու կենցաղակերպը շարունակել։ Զինուորական ծառայութենէս քիչ առաջ, փրկանաւի մը կմախքը գնած էինք։ Զինուորութեանս ընթացքին, այդ կմախքը աստիճանաբար պզտիկ նաւի վերածեցինք։ Մեր ծրագիրն էր անոր մէջ ապրիլ եւ շարունակել այս գեղեցիկ մոլորակը հետազօտել։ Այս հանգրուանին,– զինուորական ծառայութենէս ետք բայց նաւին նորոգութիւնը լրացնելէ առաջ,– Եհովայի վկաներուն ծանօթացանք եւ սկսանք Աստուածաշունչը սերտել։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Սկիզբը, հարկ չտեսայ կեանքիս մէջ շատ բաներ փոխելու։ Ամուսնացած էի այն կնոջ հետ որ կ’ապրէի, եւ արդէն իսկ ծխախոտ ծխելը կեցուցած էի (Եփեսացիս 5։5)։ Իսկ ինչ կը վերաբերի աշխարհին չորս կողմը ճամբորդելու մեր ծրագիրներուն, կը խորհէի թէ վստահաբար կ’արժէր մեր կեանքը նուիրել Աստուծոյ սքանչելի ստեղծագործութիւնը տեսնելու։

Սակայն, իրականութեան մէջ, պէ՛տք էր փոփոխութիւններ ընէի,– մանաւանդ անձնաւորութեանս մէջ։ Չափազանց հպարտ եւ անձնապաստան ըլլալով, մեծ համարում ունէի անձնական կարողութիւններուս եւ իրագործումներուս վրայ։ Եսասէր կեանք մը կը վարէի։

Օր մը Յիսուսի նշանաւոր Լերան քարոզը կարդացի (Մատթէոս, գլուխ 5-7)։ Սկիզբը չըմբռնեցի երանութիւններուն մասին Յիսուսի ըսածը։ Օրինակ, ան ըսաւ թէ երջանիկ են անոնք, որ անօթի ու ծարաւ են (Մատթէոս 5։6)։ Հարց տուի թէ կարիքաւոր ըլլալը ինչպէ՞ս կրնայ մէկը երջանիկ դարձնել։ Մինչ ուսումնասիրութիւնս կը շարունակէի, սկսայ գիտակցիլ թէ բոլորս հոգեւոր կարիք ունինք, բայց զայն պէտք է խոնարհութեամբ ընդունինք, որպէսզի զայն գոհացնենք, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատթէոս 5։3, ՆԱ

Գերմանիոյ մէջ Աստուածաշունչի մեր ուսումնասիրութիւնը սկսելէ ետք, Ֆրանսա փոխադրուեցանք եւ յետագային՝ Իտալիա։ Ո՛ւր որ երթայինք, Եհովայի վկաներու կը հանդիպէինք։ Զիս մեծապէս տպաւորեց անոնց միութիւնը եւ իրարու հանդէպ անկեղծ սէրը։ Շօշափեցի թէ Վկաները իսկապէս համաշխարհային եղբայրութիւն են (Յովհաննէս 13։34, 35)։ Ժամանակի ընթացքին, Լորի եւ ես մկրտուեցանք ու Եհովայի վկաներ եղանք։

Մկրտութենէն ետք, շարունակեցի անձնաւորութեանս մէջ փոփոխութիւններ մտցնել։ Լորի ու ես որոշեցինք նաւարկել Ափրիկէի ծովեզերքը եւ ապա՝ Ատլանտեան ովկիանոսը կտրելով Միացեալ Նահանգներ երթալ։ Այդ հսկայ ովկիանոսին մէջ ես ու կինս պզտիկ նաւու մը մէջ ըլլալով, անդրադարձայ թէ որքա՜ն աննշան եմ բաղդատած մեր փառաւոր Ստեղծիչին։ Ովկիանոսին մէջտեղը ընելիք շատ բան չունենալով, ամէն ժամանակս տրամադրեցի Աստուածաշունչը կարդալու։ Յատկապէս զիս տպաւորեց երկրի վրայ Յիսուսի կեանքին արձանագրութիւնը։ Ան կատարեալ մարդ մըն էր, որ աներեւակայելի յատկութիւններ ունէր. ասով հանդերձ ան բնաւ իր վրայ ուշադրութիւն չհրաւիրեց։ Անոր կեանքին առանցքն էր՝ իր երկնաւոր Հայրը։

Տեսայ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պէտք էր կեանքիս մէջ առաջին տեղը դնէի

Մինչ Յիսուսի օրինակին վրայ կը խոկայի, տեսայ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պէտք էր կեանքիս մէջ առաջին տեղը դնէի, փոխանակ անոր տեղ մը տալու բազմաթիւ ընելիքներուս կողքին (Մատթէոս 6։33)։ Երբ Լորի ու ես վերջապէս Միացեալ Նահանգներու ցամաքը հասանք, որոշեցինք հոն հաստատուիլ եւ մեր պաշտամունքին վրայ կեդրոնանալ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Անցեալին, երբ եսասէր կեանք կը վարէի, յաճախ որոշումներէս վստահ չէի։ Սակայն այժմ գտած եմ անսխալ իմաստութիւն մը, որ զիս կ’առաջնորդէ (Եսայի 48։17, 18)։ Նաեւ կեանքիս մէջ նպատակ մը գտած եմ, որ անցեալին բնաւ չունէի,– Աստուած պաշտել եւ ուրիշներուն օգնել որ իրեն մասին սորվին։

Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելով, Լորի ու ես մեր ամուսնական կապը իրապէս ամրացուցած ենք։ Նաեւ մեզի օրհնութիւն է մեր սիրելի աղջիկը, որ այժմ Եհովան կը ճանչնայ եւ կը սիրէ։

Չեմ կրնար ըսել թէ մեր կեանքի նաւարկութիւնը դիւրին եղած է։ Բայց Եհովայի օգնութեամբ, վճռած ենք բնաւ չյանձնուիլ կամ Եհովային վստահելէն չդադրիլ (Առակաց 3։5, 6