Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Սորվեցայ յարգել կիները եւ իմ անձս

Սորվեցայ յարգել կիները եւ իմ անձս
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1960

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ՖՐԱՆՍԱ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ։ ՎԱՅՐԱԳ ԹՄՐԱՄՈԼ, ԿԻՆԵՐԸ ՉՅԱՐԳՈՂ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Ծնած եմ Ֆրանսայի հիւսիս–արեւելքը գտնուող Միւլուզի մէջ, որ վայրագութեամբ ճանչցուած բանուորներու քաղաք մըն է։ Մանկութեան օրերէս կը յիշեմ այն վայրագ վիճաբանութիւնները, որոնք այդ շրջանի ընտանիքներու միջեւ կ’ըլլային։ Իմ գերդաստանիս մէջ, կիներուն ցած աչքով կը նայէին եւ գրեթէ անոնց կարծիքը չէր առնուեր։ Ինծի ըսած էին որ կիներուն տեղը խոհանոցն է եւ անոնց զբաղումը տղամարդոց եւ զաւակներուն հոգ տանիլն է։

Դիւրին մանկութիւն չեմ անցուցած։ Տասը տարեկանիս, հայրս մահացաւ իր ալքոլամոլութեան երեսէն։ Հինգ տարի ետք, մեծ եղբայրներէս մէկը անձնասպան եղաւ։ Նոյն տարին, շատ ցնցուեցայ երբ աչքիս առջեւ մարդ մը սպաննուեցաւ ընտանեկան վէճի մը ընթացքին։ Ընտանիքիս անդամները ինծի դանակ եւ զէնք բռնել սորվեցուցին, որպէսզի երբ հարկ ըլլար, կարենայի կռուիլ։ Խանգարուած պատանի մը ըլլալով, սկսայ մարմնիս մորթը դաջուածքներով (թաթուներով) ծածկել եւ խմիչք գործածել։

Երբ 16 տարեկան էի, արդէն ամէն օր 10–էն 15 շիշ գարեջուր կը խմէի, եւ կարճ ժամանակ մը ետք սկսայ թմրեցուցիչ գործածել։ Մոլութիւններուս ծախսը գոցելու համար, սկսայ մետաղի կտորներ ծախել եւ ի վերջոյ գողութեան դիմեցի։ 17 տարեկանիս, արդէն բանտ մտնելու փորձառութենէն անցած էի։ Ընդամէնը 18 անգամ բանտարկուելու դատավճիռ ստացած եմ գողութեան եւ վայրագութեան համար։

20–ական տարիներուս սկիզբը, վիճակս աւելի գէշ եղաւ։ Օրական մինչեւ 20 մարիխուանա կը ծխէի եւ ուրիշ ապօրինի թմրադեղեր ալ կը գործածէի, ինչպէս՝ հերոյին։ Շատ անգամներ մահուան դուռին հասած եմ՝ չափազանց գործածութեան պատճառով։ Սկսայ թմրադեղերու առուծախ ընել, որուն պատճառով միշտ զէնքեր ու դանակներ կը կրէի։ Անգամ մը փորձեցի մարդ մը գնդակահարել, բայց բարեբախտաբար կապարը իր հագած գօտիի ճարմանդին զարնուելով ուրիշ տեղ թռաւ։ Երբ 24 տարեկան էի, մայրս կորսնցուցի, որուն վրայով աւելի ջղային դարձայ։ Ճամբուն վրայ երբ մարդիկ զիս տեսնէին, վախով ճամբուն միւս կողմը կ’անցնէին։ Կռիւներու երեսէն, շաբաթավերջերս կա՛մ ոստիկանատան մէջ կ’անցընէի, կամ ալ հիւանդանոցը կը պառկէի վէրքերս կարելու համար։

28 տարեկանիս ամուսնացայ։ Եւ թերեւս կռահեցիր, ես կնոջս հետ յարգանքով չէի վարուեր, հապա կը նախատէի եւ կը ծեծէի։ Ո՛չ մէկ բան միասին կ’ընէինք որպէս զոյգ։ Կը կարծէի որ եթէ կնոջս առատօրէն գողցուած գոհարեղէններ տայի, ասիկա իրեն բաւարար պիտի ըլլար։ Բայց ետքը անսպասելի բան մը պատահեցաւ։ Կինս սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքը սերտել։ Իր առաջին դասէն իսկ, ան ձգեց ծխախոտը, չուզեց որ իրեն գողցուած դրամներ տամ, եւ իր գոհարեղէններն ալ ինծի վերադարձուց։ Բարկութիւնս մինչեւ քիթս հասաւ։ Հակառակեցայ իր սուրբգրային ուսումնասիրութեան, եւ երբ ծխէի, իր երեսին կը փչէի ծուխը։ Ասկէ զատ, զինք մեր թաղամասին մէջ խայտառակ կ’ընէի։

Գիշերով մը, ա՛յնքան գինովցած եւ անզգայ էի, որ տունս կրակի տուի։ Կինս փրկութեան հասաւ եւ ազատեց զիս եւ մեր 5 տարեկան աղջնակը։ Երբ ուշքի եկայ, յանցապարտութեան զգացումներու մէջ թաղուած զգացի։ Մէջէս զգացի թէ Աստուած բնաւ պիտի չներէ ինծի։ Միտքս եկաւ քահանայ մը, որ ատեն մը ըսաւ թէ չարերը դժոխք կ’երթան։ Նոյնիսկ հոգեբոյժս ինծի ըսաւ. «Պարագադ անյոյս է։ Չես կրնար շտկուիլ»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Հրդեհէն ետք, կնոջս ծնողքին տունը փոխադրուեցանք։ Երբ Վկաները կնոջս այցելութեան եկան, հարցուցի. «Աստուած կրնա՞յ բոլոր մեղքերս ներել»։ Անոնք ինծի Սուրբ Գիրքէն ցուցուցին Ա. Կորնթացիս 6։9-11–ը, որ Աստուծոյ կողմէ դատապարտուած շարք մը վարքեր կը նշէ բայց կ’աւելցնէ. «Դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք»։ Այդ խօսքերը զիս համոզեցին որ կրնա՛մ փոխուիլ։ Ետքը, Վկաները ըսին թէ Աստուած զիս կը սիրէ, ցոյց տալով Ա. Յովհաննէս 4։8–ը։ Քաջալերուած զգալով, Վկաներէն խնդրեցի որ հետս շաբաթը երկու անգամ Սուրբ Գիրք սերտեն, ինչպէս նաեւ՝ սկսայ իրենց քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Անդադար Եհովային աղօթք կ’ընէի։

Շուրջ մէկ ամիս ետք, որոշեցի թմրեցուցիչն ու ալքոլը դադրեցնել, որմէ շատ չանցած՝ բուռն պայքար մը զգացի մարմնիս մէջ։ Այս մոլութիւններս ձգելէ ետք, ունեցայ վախազդու երազներ, գլխացաւեր, մկանային պրկումներ եւ ա՛յլ անհանգստութիւններ։ Բայց միեւնոյն ատեն, զգացի թէ Եհովան իմ ձեռքէս բռնելով զիս կը զօրացնէր։ Պօղոս առաքեալին պէս զգացի, որ Աստուծոյ կողմէ ստացած իր օգնութեան մասին գրեց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փիլիպպեցիս 4։13)։ Ժամանակի ընթացքին, կրցայ նաեւ ծխախոտը ձգել (Բ. Կորնթացիս 7։1

Աստուածաշունչը ոչ միայն կեանքս կարգի բերաւ, այլեւ՝ ընտանիքս բարելաւեց։ Կնոջս հանդէպ իմ կեցուածքս փոխուեցաւ։ Սկսայ զինք աւելի յարգել ու գործածել «հաճիս» եւ «շնորհակալ եմ» բառերը։ Նաեւ սկսայ իսկական հայր մը ըլլալ մեր աղջնակին համար։ Մէկ տարի Սուրբ Գիրքը սերտելէս ետք, կեանքս Եհովային նուիրեցի ու մկրտուեցայ, կնոջս օրինակին հետեւելով։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Համոզուած եմ որ Աստուածաշունչի սկզբունքները կեանքս փրկեցին։ Նոյնիսկ Վկայ չեղող հարազատներս կ’ընդունին, որ եթէ կեանքս չփոխէի, հաւանաբար մեռած պիտի ըլլայի մոլութիւններուս կամ կռիւներուս պատճառով։

Ընտանեկան կեանքս ամբողջովին փոխուեցաւ, երբ Սուրբ Գիրքէն սորվեցայ թէ ի՛նչ են իմ ամուսնական եւ հայրական պատասխանատուութիւններս (Եփեսացիս 5։25. 6։4)։ Սկսանք միասին՝ ընտանեօք, կարգ մը բաներ ընել։ Այժմ, կինս խոհանոցին մէջ չեմ «բանտարկեր», հապա ուրախութեամբ իրեն թիկունք կը կանգնիմ իր լիաժամ քարոզչութեան մէջ։ Ինքն ալ ուրախութեամբ թիկունք կը կանգնի իմ պատասխանատուութեանս որպէս ժողովքի երէց։

Եհովա Աստուծոյ սէրն ու ողորմութիւնը կեանքիս վրայ մեծապէս ազդած են։ Շատ կը սիրեմ իր յատկութիւններուն մասին խօսիլ անոնց, որոնք անյոյս պարագայ կը նկատուին, որովհետեւ ես ալ շատերու կողմէ այդպէս կը սեպուէի։ Քաջ գիտեմ որ Սուրբ Գիրքը զօրութիւնը ունի օգնելու ոեւէ անձի, որ մաքուր եւ իմաստալից կեանք մը գտնէ։ Սուրբ Գիրքը ինծի սորվեցուցած է որ ոչ միայն տղամարդիկը եւ կիները յարգեմ ու սիրեմ, այլեւ՝ իմ անձս։