Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

«Շատեր զիս կ’ատէին»

«Շատեր զիս կ’ատէին»
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ՝ 1978

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՝ ՉԻԼԻ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ՝ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ՎԱՅՐԱԳ ԱՆՀԱՏ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Մեծցած եմ Չիլիի մայրաքաղաքին՝ Սանդիակոյի մէկ շրջանին մէջ, ուր թմրեցուցիչի գործածութիւնը, աւազակախումբերու գոյութիւնը եւ ոճիրը սովորական էին։ Երբ հինգ տարեկան էի, հայրս սպաննուեցաւ։ Անկէ ետք, մայրս անգութ տղամարդու մը հետ կենակցեցաւ։ Ան միշտ երկուքս կը ծեծէր։ Այդ տարիներու զգացական սպիները մինչեւ օրս կը կրեմ։

Մինչ կը մեծնայի, բացասական ազդեցութիւններուն հակազդեցի՝ չափազանց վայրագ դառնալով։ Հէվի մէթըլ երաժշտութիւն կ’ունկնդրէի, չափազանցօրէն ոգելից ըմպելիներ կը խմէի եւ երբեմն թմրեցուցիչ կը գործածէի։ Միշտ ճամբաները կը կռուէի թմրեցուցիչ վաճառողներու հետ, որոնք քանի մը անգամ փորձեցին զիս սպաննել։ Օր մը, մրցակից աւազակախումբը վատահամբաւ ոճրագործի մը դրամ տուաւ, որ զիս սպաննէ, բայց դանակով վիրաւորուելով հանդերձ՝ կրցայ փախչիլ։ Ուրիշ առիթով, թմրեցուցիչ վաճառողներ գլխուս ատրճանակ ուղղեցին եւ փորձեցին զիս կախել։

1996–ին, Քարոլինա անունով կնոջ մը սիրահարուեցայ եւ 1998–ին ամուսնացանք։ Մեր առաջին տղան ծնելէն ետք, սկսայ վախնալ որ իմ վայրագ բնաւորութեանս պատճառաւ խորթ հօրս նմանիմ եւ ընտանիքիս հանդէպ գէշ վերաբերմունք ցուցաբերեմ։ Ուստի, տեղական վերակազդուրման կեդրոնի մը օգնութիւնը խնդրեցի։ Բժշկական դարմանում ստացայ, բայց ի զուր։ Տակաւին պզտիկ բաներ ջիղերս կը խանգարէին եւ զայրանալով անզուսպ կը դառնայի։ Ընտանիքիս յաւելեալ վնաս չպատճառելու նպատակով, դիմեցի սխալ արարքի մը՝ անձնասպանութեան։ Բարեբախտաբար չյաջողեցայ։

Երկար տարիներ անաստուած էի, բայց ուզեցի Աստուծոյ հաւատալ։ Ուստի, ժամանակ մը աւետարանչական կրօնքի մը ընկերակցեցայ։ Մինչ այդ, կինս Աստուածաշունչը կը սերտէր Եհովայի վկաներուն հետ։ Վկաները կ’ատէի եւ շատ անգամ անոնց անարգական խօսքեր կ’ուղղէի։ Բայց անոնք միշտ խաղաղութեամբ կը հակադարձէին, ինչ որ զիս կը զարմացնէր։

Օր մը, Քարոլինան ըսաւ որ Աստուածաշունչիս մէջ բանամ Սաղմոս 83։18–ը։ Այդ համարը յստակ կերպով կը նշէ թէ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Զարմացայ երբ գիտակցեցայ թէ իմ կրօնքիս մէջ աստուծոյ մը մասին սորված էի, բայց ոչ Եհովային մասին։ 2000–ի սկիզբը սկսայ ես ալ Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Մինչ Աստուածաշունչի գիտութեան մէջ կը յառաջդիմէի, մխիթարուեցայ գիտնալով որ Եհովան կարեկից եւ ներող Աստուած է։ Օրինակ, Ելից 34։6, 7–ն կը նկարագրէ Աստուած որպէս «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող»։

Մխիթարուեցայ գիտնալով որ Եհովան կարեկից եւ ներող Աստուած է

Ասով հանդերձ, սորվածս կիրարկելը դիւրին բան չէր։ Համոզուած էի որ բնաւ պիտի չկարենամ վայրագ բնաւորութիւնս սանձել։ Բայց ամէն անգամ որ ձախողէի, Քարոլինան սիրալիրօրէն զիս կը քաջալերէր ու ինծի կը յիշեցնէր, թէ Աստուած թափած ջանքերս կը տեսնէր։ Կնոջս աջակցութիւնը ինծի ոյժ տուաւ, որ շարունակեմ ջանալ Եհովան հաճեցնել, թէեւ ատեններ ինքզինքս անյոյս պարագայ կը սեպէի։

Օր մը, Ալեխանտրոն,– որուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէի,– ինձմէ խնդրեց որ կարդամ Գաղատացիս 5։22, 23–ը, որ կ’ըսէ. «Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ Ալեխանտրոն բացատրեց, թէ այդ յատկութիւնները զարգացնելը կախեալ չէր անձնական ուժէս, այլ՝ Աստուծոյ սուրբ հոգիէն։ Այս ճշմարտութիւնը բոլորովին տեսակէտս փոխեց։

Յետագային, Եհովայի վկաներու մեծ համաժողովի մը ներկայ գտնուեցայ։ Կարգուկանոնը, մաքրութիւնը եւ ընկերակցութիւնը զիս համոզեցին թէ ճշմարիտ կրօնքը գտած էի (Յովհաննէս 13։34, 35)։ Փետրուար 2001–ին մկրտուեցայ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Եհովան զիս վայրագ անհատէ խաղաղասէր անհատի փոխեց։ Կը զգամ որ ան զիս դուրս քաշեց այն ծուղակէն, որուն մէջ ինկած էի։ Շատեր զիս կ’ատէին, եւ զիրենք չեմ մեղադրեր։ Բայց այժմ խաղաղութեամբ Եհովային կը ծառայեմ, կնոջս ու երկու զաւակներուս հետ։

Ազգականներս եւ նախկին բարեկամներս իրենց աչքերուն չեն հաւատար, թէ որքա՜ն փոխուած եմ։ Առ ի արդիւնք, անոնցմէ ոմանք ուզած են Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվիլ։ Նաեւ, առանձնաշնորհում ունեցած եմ ուրիշներուն օգնելու, որ Եհովան ճանչնան։ Ի՜նչ հաճոյք էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը անոնց կեանքն ալ փոխեց։