Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ տունէ տուն կը քարոզեն

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ տունէ տուն կը քարոզեն

 Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք» (Մատթէոս 28։19, 20)։ Եւ երբ իր աշակերտները քարոզելու ուղարկեց, անոնց ըսաւ որ մարդոց տուները երթան (Մատթէոս 10։7, 11-13)։ Յիսուսի մահէն ետք, առաջին դարու քրիստոնեաները շարունակեցին իրենց պատգամը «հրապարակաւ եւ տան մէջ» տարածել (Գործք 5։42. 20։20)։ Մենք անոնց օրինակին կը հետեւինք եւ կը նկատենք թէ տունէ տուն քարոզելը մարդոց հասնելու ազդու կերպ մըն է։