Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ | ՍԱՌԱ

«Դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես»

«Դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես»

ՍԱՌԱՆ սենեակին մէջտեղը կենալով աջ–ձախ նայեցաւ։ Երեւակայէ միջին արեւելեան կին մը՝ սեւ եւ տպաւորիչ աչքերով։ Իր աչքերուն մէջ տխրութեան նշոյլ մը կա՞ր։ Եթէ այո՛, կրնանք հասկնալ թէ ինչո՛ւ։ Այս տունին մէջ շատ յիշատակներ ունէր։ Ան իր սիրելի ամուսինին՝ Աբրահամին հետ բազմաթիւ ուրախ ժամանակներ անցուցած էր հոս, եւ միասնաբար զայն հանգստաւէտ վայր մը դարձուցած էին *։

Անոնք կ’ապրէին Ուրին մէջ, որ հարուստ քաղաք մըն էր եւ բազմաթիւ արհեստաւորներ ու վաճառականներ ունէր։ Ասոր համար, անոնք վստահաբար ստացուածքներ ունէին։ Բայց Սառային համար՝ իր տունը պարզապէս իր ապրանքները դնելու տեղ մը չէր։ Հոս, ան իր ամուսինին հետ անցուցած էր թէ՛ ուրախ եւ թէ տխուր ժամանակներ։ Հոս, անոնք շա՜տ անգամներ աղօթած էին իրենց սիրելի Աստուծոյն՝ Եհովային։ Սառան շատ պատճառներ ունէր որ այս տեղը սիրէր։

Բայց Սառան պատրաստ էր այս բոլոր բաները ձգել–քալելու։ Թէեւ ան հաւանաբար շուրջ 60 տարեկան էր, բայց պիտի ճամբորդէր իրեն ծանօթ չեղող տեղեր, եւ պիտի ապրէր վտանգներով եւ դժուարութիւններով լեցուն կեանք մը, առանց վերադառնալու յոյսը ունենալու։ Լաւ, այս մեծ փոփոխութիւնը ինչո՞ւ եղաւ։ Եւ մենք այսօր ի՞նչ կը սորվինք իր հաւատքէն։

«ԵԼԻ՛Ր ՔՈՒ ԵՐԿՐԷԴ»

Սառան շատ հաւանաբար մեծցած էր Ուրին մէջ։ Այսօր միայն ամայի աւերակներ մնացած են այդ քաղաքէն։ Բայց Սառային օրերուն, վաճառականներուն նաւերը կ’երթային–կու գային Եփրատ գետին վրայ, եւ իրենց հետ հեռու տեղերէ կը բերէին արժէքաւոր ապրանքներ։ Մարդիկ կը խուժէին Ուրին նեղ ու կլոր–մլոր փողոցները, նաւերը իրարու կը հանդիպէին ատոր նաւակայաններուն մէջ, եւ շուկաները լեցուն կ’ըլլային ապրանքներով։ Երեւակայէ թէ Սառան ինչպէ՛ս մեծցաւ այդ խճողուած քաղաքին մէջ, եւ ժամանակի ընթացքին ծանօթացաւ բազմաթիւ մարդոց։ Վստահաբար անոնք ալ կը ճանչնային զինք, քանի որ բացառիկ գեղեցիկ աղջիկ մըն էր։ Ան նաեւ մեծ ընտանիք մը ունէր հոն։

Սառան իր մեծ հաւատքով ճանչցուած է Սուրբ Գիրքին մէջ։ Անոր հաւատքը լուսին աստուծոյ հանդէպ չէր, որ կը պաշտուէր Ուրին մէջ եւ որուն համար աշտարակ մըն ալ կար հոն։ Սառան կը պաշտէր ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ ան ինչպէ՛ս ձեռք ձգեց այդ հաւատքը։ Իր հայրը առնուազն որոշ ժամանակ մը կռապաշտ էր։ Ամէն պարագայի, ան ամուսնացաւ Աբրահամին հետ, որ իրմէ տասը տարի մեծ էր (Ծննդոց 17։17) *։ Աբրահամ ետքը ճանչցուեցաւ որպէս ‘բոլոր հաւատք ունեցողներուն հայրը’ (Հռովմայեցիս 4։11)։ Անոնք միասին մէջտեղ բերին զօրաւոր ամուսնութիւն մը, ուր իրար կը յարգէին, իրարու հետ լաւ հաղորդակցութիւն ունէին եւ պատրաստ էին խնդիրները միասնաբար լուծելու։ Սակայն իրենց կապին ամէնէն յատուկ բանն էր՝ Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը։

Սառան շատ կը սիրէր իր ամուսինը։ Անոնք իրենց ազգականներուն պէս՝ Ուր քաղաքին մէջ կ’ապրէին։ Բայց շատ չանցած, անոնք նեղութիւն մը ունեցան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ Սառան «ամուլ էր ու չէր ծնաներ» (Ծննդոց 11։30)։ Սառային պարագան շատ դժուար էր այդ մշակոյթին եւ ժամանակին մէջ։ Սակայն ան հաւատարիմ մնաց իր Աստուծոյն եւ ամուսինին։ Այնպէս կ’երեւի թէ անոնց եղբօրորդին՝ Ղովտը, որուն հայրը մահացած էր, զաւակի մը պէս էր իրենց համար։ Օրերը անցան, եւ եկաւ այն օրը՝ որուն մէջ ամէն բան փոխուեցաւ։

Աբրահամ վերջին ծայր խանդավառ եկաւ Սառային։ Ան իր աչքերուն եւ ականջներուն չէր հաւատար։ Իրենց պաշտած Աստուածը իրեն երեւցած էր եւ իրեն հետ խօսած էր (անկասկած հրեշտակի մը միջոցաւ)։ Երեւակայէ Սառային սիրունիկ աչքերը իր ամուսինին վրայ սառած, մինչ անհամբեր կը հարցնէ. «Ի՞նչ ըսաւ քեզի։ Հաճիս ըսէ»։ Թերեւս Աբրահամ նախ նստաւ որ լսածները միտքը բերէ, եւ յետոյ իր կնոջ ըսաւ ինչ որ Եհովան ըսած էր. «Ելի՛ր քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ» (Գործք 7։2, 3)։ Քիչ մը հանդարտելէ ետք, անոնք սկսան մտածել այն նշանակումին մասին, որ Եհովան իրենց առջեւ դրած էր։ Անոնք իրենց կայուն եւ հանգիստ կեանքը պիտի ձգէին եւ վրաններու մէջ պիտի ապրէին։ Լաւ, Սառան ի՞նչ պիտի ըսէր։ Անկասկած Աբրահամ ուշի ուշով նայեցաւ իրեն։ Սառան սրտանց պիտի ուզէ՞ր իրեն թիկունք կանգնիլ այս մեծ փոփոխութեան մէջ։

Թերեւս զգանք թէ Սառային առջեւ եղած ընտրութիւնը կապ չունի մեզի հետ, եւ մենք մեզի ըսենք. «Աստուած ո՛չ մէկ ատեն ասանկ բան մը ուզած է ինձմէ կամ կողակիցէս»։ Բայց ամէնքս ձեւով մը նոյն ընտրութեան առջեւ չե՞նք։ Կ’ապրինք դրամասէր աշխարհի մը մէջ, որ մեզ կը քաջալերէ առաջին տեղը դնել մեր հանգիստը, ստացուածքները կամ անձնական ապահովութիւնը։ Բայց Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ ուրիշ ընտրութիւն մը ընել. առաջին տեղը դնել հոգեւոր բաները եւ Եհովային հաճութիւնը, քան՝ մեր ուրախութիւնը (Մատթէոս 6։33)։ Մինչ կը մտածենք Սառային ըրածին վրայ, կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Կեանքիս մէջ ի՞նչ պիտի ընտրեմ’։

‘ՔԱՂԴԷԱՑԻՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐԷՆ ԵԼԱՆ’

Մինչ Սառան իր ապրանքները կը հաւաքէր, պէտք էր մտածէր թէ ի՛նչ բաներ հետը պիտի տանէր եւ ինչ բաներ պիտի ձգէր։ Ան չէր կրնար իրեն հետ տանիլ ապրանք մը, որ էշերու եւ ուղտերու կարաւան մը չի կրնար կրել։ Իր ընտրածը պէտք էր գործնական ըլլար թափառական կեանքին մէջ։ Անկասկած, անոնք պիտի ստիպուէին իրենց ունեցած–չունեցածներուն մեծ մասը ծախել կամ ուրիշներուն տալ։ Անոնք նաեւ իրենց ետեւ պիտի ձգէին հանգստաւէտ կեանքը՝ շուկաները իրենց ոտքին տակը ըլլալը, ուր կը ծախուէին հատեղէն, մսեղէն, պտուղներ, հագուստներ եւ ուրիշ պէտքեր։

Սառային հաւատքը զինք մղեց որ իր հանգիստ կեանքը ձգէ–քալէ

Թերեւս Սառային համար ա՛լ աւելի դժուար էր իր տունը ձգել։ Եթէ Ուրին տուները հնագէտներուն ըսածներուն պէս էին, ուրեմն Սառան իրապէս պիտի կորսնցնէր շատ հանգստաւէտ կեանք մը։ Այդտեղի տուներէն ոմանք ունէին տասէն աւելի սենեակներ, մաքուր ջուրի աղբիւրներ եւ ջրմուղ։ Նոյնիսկ պարզ տունը ունէր հաստատ առաստաղ մը, պատեր եւ դուռ մը որ կը կղպուի։ Վրանը պիտի կարենա՞ր զիրենք այս աստիճան պաշտպանել գողերէն, կամ առիւծներէն, ընձառիւծներէն, արջերէն եւ գայլերէն, որոնք այդ ժամանակ կ’ապրէին Աստուածաշունչի երկիրներուն մէջ։

Ի՞նչ կրնանք ըսել Սառային ընտանիքին մասին։ Ան որո՞նք պիտի ձգէր իր ետեւը։ Իրեն համար շատ դժուար ըլլալու էր ‘ելլել իր երկրէն եւ իր ազգականներէն’, ինչպէս որ Աստուած պատուիրած էր։ Ան ջերմ եւ զգայուն կին մըն էր, եւ հաւանաբար ունէր քոյրեր–եղբայրներ, զարմիկներ, հօրաքոյրեր, մօրաքոյրեր, հօրեղբայրներ եւ քեռիներ, որոնց շատ կապուած էր եւ թերեւս անգամ մըն ալ չտեսնէր։ Հակառակ ասոր, մինչ օրերը կ’անցնէին՝ Սառան կը պատրաստուէր երթալու։

Որոշուած օրը Սառան պատրաստ էր ճամբայ ելլելու, հակառակ դժուարութիւններուն։ Թարան, որ գերդաստանին գլուխն էր, պիտի երթար Աբրահամին ու Սառային հետ, հակառակ որ շուրջ 200 տարեկան էր (Ծննդոց 11։31)։ Սառան վստահաբար շատ հոգ պիտի տանէր այս տարեց ծնողին։ Ղովտն ալ «Քաղդէացիներու երկրէն ելլելով» անոնց հետ պիտի երթար (Գործք 7։4

Անոնք կարաւանով ճամբորդեցին Խառան, որ շուրջ 960 քմ. դէպի հիւսիս–արեւմուտք կը գտնուէր, հետեւելով Եփրատ գետին։ Անոնք որոշ ժամանակ մը հոն մնացին։ Հաւանաբար Թարան այդ ժամանակ առողջապահական խնդիրներ ունէր եւ չէր կրնար ճամբորդութիւնը շարունակել։ Ընտանիքը հոն մնաց մինչեւ որ ան մեռաւ 205 տարեկանին։ Իրենց ճամբորդութիւնը շարունակելէ առաջ, Եհովան նորէն խօսեցաւ Աբրահամին հետ եւ անգամ մը եւս անոր ըսաւ, որ այդ տեղը ձգելով երթայ ուր որ ինք պիտի ցուցնէր։ Սակայն այս անգամ Եհովան խոստում մըն ալ տուաւ. «Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ» (Ծննդոց 12։2-4)։ Բայց երբ անոնք Խառանէն ելան, Աբրահամ 75 տարեկան էր, իսկ Սառան՝ 65 տարեկան, եւ զաւակ չունէին։ Լաւ, ինչպէ՞ս ա՛զգ մը պիտի գար Աբրահամէն։ Արդեօք ան ուրիշ կի՞ն մը պիտի առնէր։ Այդ օրերուն, բազմակնութիւնը սովորական էր, եւ շատ հաւանաբար Սառան այս բանը իր մտքէն անցուց։

Ամէն պարագայի, անոնք Խառանը ձգելով շարունակեցին իրենց ճամբան։ Սակայն նկատէ թէ այժմ հետերնին որո՛նք կային։ Պատմութիւնը կ’ըսէ թէ իրենց հետ առին իրենց ձեռք ձգած հարստութիւնը եւ «Խառանի մէջ իրենց ստացած ծառաները» (Ծննդոց 12։5)։ Աբրահամ եւ Սառա անկասկած իրենց հաւատքին մասին խօսեցան անոնց որ պատրաստ էին մտիկ ընելու։ Կարգ մը հին հրեայ գրութիւններ կ’ըսեն, թէ այս համարին մէջ նշուած ծառաները սկսած էին Եհովան պաշտել Աբրահամին եւ Սառային պէս։ Այս պարագային, Սառային խոր հաւատքը անկասկած շատ համոզիչ դարձուց զինք, երբ կը խօսէր իր Աստուծոյն եւ յոյսին մասին։ Լաւ կ’ըլլայ որ ասոր մասին մտածենք, քանի որ կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, ուր հաւատքն ու յոյսը շատ քիչ կը գտնուին։ Երբ լաւ բան մը սորվիս Սուրբ Գիրքէն, կրնա՞ս զայն ուրիշին պատմել։

ԴԷՊԻ ԵԳԻՊՏՈՍ

Եփրատ գետը կտրելէ ետք (շատ հաւանաբար Ք.Ա. 14 նիսան 1943–ին), անոնք հարաւ երթալով մտան այն երկիրը որ Եհովան իրենց խոստացած էր (Ելից 12։40, 41)։ Երեւակայէ Սառան ինչպէս աջ–ձախ կը նայի եւ կը հիանայ երկրին գեղեցկութեան, տեսակաւոր ըլլալուն եւ աղուոր օդին վրայ։ Մօրէի կաղնիին քով, Սիւքէմի մօտ, Եհովան նորէն երեւցաւ Աբրահամին ու ըսաւ. «Քու սերունդիդ պիտի տամ այս երկիրը»։ «Սերունդ» բառը մեծ նշանակութիւն պիտի ունենար Աբրահամին համար։ Ատիկա վստահաբար Աբրահամին միտքը բերաւ Եդեմի պարտէզը, ուր Եհովան մարգարէացած էր որ օր մը սերունդ մը պիտի կործանէր Սատանան։ Եհովան արդէն իսկ ըսած էր իրեն, որ իր սերունդին միջոցաւ պիտի օրհնուէին երկրի բոլոր ազգերը (Ծննդոց 3։15. 12։2, 3, 6, 7

Սակայն այս ընտանիքը նեղութիւններ կրեց։ Քանանի երկրին մէջ սով մը եղաւ, եւ Աբրահամ որոշեց իր ընտանիքը տանիլ հարաւ՝ դէպի Եգիպտոս։ Բայց ան զգաց որ այդ երկրին մէջ որոշ վտանգ մը կայ։ Ան Սառային ըսաւ. «Ահա գիտեմ որ դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես եւ թերեւս, երբ Եգիպտացիները քեզ տեսնեն, ըսեն. ‘Ասիկա անոր կինն է’ ու զիս մեռցնեն, բայց քեզ ողջ թողուն։ Շնորհք ըրէ՛, ըսէ՛ թէ դուն իմ քոյրս ես. որ քու պատճառովդ ինծի աղէկ ըլլայ ու քու պատճառովդ իմ անձս ապրի» (Ծննդոց 12։10-13)։ Աբրահամ ինչո՞ւ այս անսովոր բանը խնդրեց։

Աբրահամ ո՛չ ստախօս էր, ոչ ալ վախկոտ, ինչպէս որ կարգ մը քննադատներ կ’ըսեն։ Սառան իրապէ՛ս իր խորթ քոյրն էր եւ իրաւունք ունէր զգոյշ ըլլալու։ Աբրահամն ու Սառան գիտէին թէ ամէնէն կարեւոր բանը Աստուծոյ նպատակն էր, որ Աբրահամէն սերունդ մը եւ ազգ մը մէջտեղ գան։ Այս պատճառով, շատ կարեւոր էր որ գէշ բան մը չպատահէր Աբրահամին։ Ասկէ զատ, հնագէտները մէջտեղ հանած են որ այդ ժամանակ Եգիպտոսի մէջ կը պատահէր, որ իշխանութիւն ունեցող անհատներ առնեն մէկու մը կինը եւ ամուսինը մեռցնեն։ Ուրեմն, Աբրահամ իմաստութեամբ վարուեցաւ եւ Սառան խոնարհօրէն ըրաւ իր ըսածը։

Ինչ որ ետքը պատահեցաւ փաստեց, որ Աբրահամ իրաւունք ունէր վախնալու։ Փարաւոնին իշխաններուն աչքին զարկաւ Սառային գեղեցկութիւնը, որ իր տարիքին եղող կնոջ մը համար յատուկ էր։ Անոնք լուր տուին փարաւոնին, եւ ան հրամայեց որ իրեն բերեն Սառան։ Չենք կրնար երեւակայել Աբրահամին մտատանջութիւնը կամ Սառային ունեցած վախերը։ Բայց այնպէս կ’երեւի թէ Սառան պատանդի տեղ չդրուեցաւ, հապա՝ պատուուած հիւրի մը տեղ։ Թերեւս փարաւոնին նպատակն էր անոր սէրը շահիլ եւ զինք տպաւորել իր հարստութեամբ, եւ յետոյ անոր «եղբօր» հետ համաձայնիլ որ զինք որպէս կին առնէ (Ծննդոց 12։14-16

Երեւակայէ Սառան պալատին մէկ պատուհանէն կամ պատշգամէն կը նայի Եգիպտոսի տեսարաններուն։ Հիմա որ պատերու մէջ եւ առաստաղի մը տակ կ’ապրի եւ իր առջեւ լաւ ուտելիքներ կան, ի՞նչ կը զգայ։ Այս ճոխ կեանքը հրապուրե՞ց զինք։ Ատիկա թերեւս շատ աւելի հարուստ կեանք մըն էր, քան՝ ինչ որ Ուրի մէջ տեսած էր։ Երեւակայէ թէ Սատանան որքա՜ն պիտի ուրախանար, եթէ ան Աբրահամը ձգէր եւ այս փարաւոնին կինը դառնար։ Բայց Սառան ասիկա չըրաւ։ Ան հաւատարիմ մնաց իր ամուսինին, իր ամուսնութեան եւ իր Աստուծոյն։ Երանի՜ ամէն ամուսնացող անհատ այսքա՛ն հաւատարիմ ըլլայ ներկայ անբարոյ աշխարհին մէջ։ Կրնա՞ս Սառային պէս հաւատարիմ ըլլալ քեզի սիրելի եղող անհատներուն եւ բարեկամներուդ հանդէպ։

Սառան իր կողակիցին հաւատարիմ մնաց, հակառակ որ փարաւոնին պալատին մէջ փորձութիւններ կային

Եհովան հարուածներով զարկաւ փարաւոնը եւ անոր ընտանիքը, որպէսզի այս սիրելի կինը պաշտպանէ։ Երբ փարաւոն ձեւով մը գիտցաւ թէ Սառան Աբրահամին կինն է, զինք իր ամուսինին վերադարձուց եւ անկէ խնդրեց որ ինչ որ ունի առնէ եւ Եգիպտոսէն դուրս ելլէ (Ծննդոց 12։17-20)։ Աբրահամ որքա՜ն ուրախացած ըլլալու էր իր կինը իրեն վերադառնալով։ Յիշէ թէ ան սիրալիրօրէն իրեն ըսած էր՝ «Գիտեմ որ դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես»։ Բայց ան ա՛լ աւելի կը գնահատէր անոր ներքին գեղեցկութիւնը, որ Եհովային քով արժէք ունի (Ա. Պետրոս 3։1-5)։ Ատիկա գեղեցկութիւն մըն է, որ բոլորս կրնանք ունենալ։ Եթէ հոգեւոր բաները նիւթական բաներէ առաջ դնենք, փորձենք Աստուծոյ մասին մեր ունեցած գիտութիւնը ուրիշին պատմել եւ փորձութեան մէջ հաւատարմօրէն վեր բռնենք Աստուծոյ բարոյական չափանիշները, Սառային հաւատքը կ’ընդօրինակենք։

^ պարբ. 3 Սկիզբը, անոնց անուններն էին՝ Աբրամ եւ Սարա, բայց անոնք աւելի ճանչցուած են այն անուններով որ Եհովան յետագային տուաւ իրենց՝ Աբրահամ եւ Սառա (Ծննդոց 17։5, 15

^ պարբ. 8 Սառան Աբրահամին խորթ քոյրն էր։ Անոնց հայրը Թարան էր, բայց իրենց մայրերը տարբեր էին (Ծննդոց 20։12)։ Ճիշդ է որ այսպիսի ամուսնութիւն մը պատշաճ չէ մեր օրերուն, բայց կարեւոր է որ մտքերնիս պահենք, թէ այդ ատեն ամէն բան տարբեր էր։ Մարդիկ աւելի մօտ էին այն կատարելութեան, որ Ադամն ու Եւան ունէին բայց կորսնցուցին։ Յստակ է թէ երբ այդպիսի առողջ մարդոց մէջ մօտիկ ազգականներ իրարու հետ ամուսնանային, ծինային վտանգներ չէին ըլլար պզտիկներուն վրայ։ Բայց շուրջ 400 տարի ետք, երբ մարդիկ կ’ապրէին այնքան՝ որքան հիմա կ’ապրինք, Մովսիսական օրէնքը արգիլեց որ մօտիկ ազգականներ իրարու հետ ամուսնանան (Ղեւտացւոց 18։6