Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Աստուածաշունչի յստակ ու տրամաբանական պատասխաններով տպաւորուեցայ

Աստուածաշունչի յստակ ու տրամաբանական պատասխաններով տպաւորուեցայ
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ՝ 1948

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՝ ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ՝ ԿԸ ՏԵՆՉԱՐ ԿԵԱՆՔԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ ԳՏՆԵԼ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Ծնած եմ Հունգարիոյ Սէյքեշֆէհերվար քաղաքը, որ աւելի քան 1000 տարուան նշանաւոր պատմութիւն ունի։ Ցաւօք սրտի, տակաւին կրնամ մտաբերել աւերակներու տեսարանները, առ ի հետեւանք Համաշխարհային Բ. պատերազմին։

Կանուխ տարիքիս, մեծ հայրս ու մեծ մայրս ինծի հոգ տարին։ Զանոնք խանդաղատագին կը յիշեմ, մանաւանդ մեծ մայրս՝ Էլիսապէթը։ Ան իմ մէջս Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք քանդակեց։ Երեք տարեկանէս սկսեալ, ամէն իրիկուն իրեն հետ կը կրկնէի ինչ որ երբեմն կը կոչուի «Տէրունական աղօթքը»։ Բայց եւ այնպէս, միայն քսանական տարիքիս վերջաւորութեան էր որ հասկցայ այդ աղօթքին նշանակութիւնը։

Մեծ ծնողքս սկիզբը ինծի հոգ տարաւ, քանի որ ծնողներս գիշեր–ցերեկ կ’աշխատէին, որպէսզի բաւարար գումար խնայելով կարենային յարմար տուն մը գնել։ Եւ ամէն երկու շաբաթ անգամ մը, շաբաթ օրով, ամբողջ ընտանիքը կը հաւաքուէր միասնաբար ճաշելու համար։ Այդ պահերուն վրայ շատ կը գուրգուրայի։

1958–ին, ծնողքիս երազը իրականացաւ. մեր երեքին համար կրցան տուն մը ծախու առնել։ Վերջապէս, ժամանակը եկաւ որ ծնողքիս հետ ապրիմ. որքա՜ն ոգեւորուած էի։ Բայց վեց ամիս ետք, յանկարծ այդ երջանկութիւնը վերջ գտաւ. հայրս քաղցկեղի պատճառով մահացաւ։

Ջախջախուած զգացի։ Կը յիշեմ թէ աղօթեցի. «Ո՛վ Աստուած, քեզի աղաչեցի որ հայրս ազատես։ Անոր պէտք ունիմ։ Ինչո՞ւ աղօթքներուս չպատասխանեցիր»։ Ջանացի գիտնալ թէ հայրս ո՛ւր գնաց։ Հարց տուի. ‘Արդեօք ան երկի՞նք գնաց, թէ ոչ առյաւէտ գոյութենէ դադրեցաւ’։ Սկսայ հայր ունեցող երեխաներուն նախանձիլ։

Տարիներ շարունակ, գրեթէ ամէն օր գերեզմանատուն կ’երթայի։ Հօրս գերեզմանին քով ծունկի գալով կ’աղօթէի. «Հաճիս, ո՛վ Աստուած, կ’ուզեմ գիտնալ թէ հայրս ո՛ւր է»։ Նաեւ կ’աղօթէի որ Աստուած ինծի օգնէ կեանքին իմաստը ըմբռնելու։

13 տարեկանիս որոշեցի գերմաներէն սորվիլ, խորհելով որ գերմանական ընդարձակ ու ճոխ գրականութեան մէջ, թերեւս կարենամ գտնել հարցումներուս պատասխանները։ 1967–ին, սկսայ ուսանիլ Եէնա քաղաքին մէջ, որ այդ ատեն Արեւելեան Գերմանիոյ կը պատկանէր։ Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի գերմանացի փիլիսոփաներու գիրքերը, յատկապէս՝ մարդուն գոյութեան նշանակութիւնը քննարկող գիրքերը։ Թէեւ կարգ մը գաղափարներ ուշադրութիւնս գրաւեցին, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը լիովին գոհացուցիչ էր։ Աղօթքով շարունակեցի պատասխաններ խնդրել։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

1970–ին, վերադարձայ Հունգարիա, ուր ծանօթացայ ապագայ կնոջս՝ Ռոզին։ Այդ օրերուն, Հունգարիան համայնավար իշխանութեան ներքեւ էր։ Ուստի, մեր ամուսնութենէն քիչ ետք, Աւստրիա փախանք, նպատակ ունենալով՝ ի վերջոյ գաղթել Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքը, ուր քեռիս կը բնակէր։

Աւստրիոյ մէջ շուտով գործ գտայ։ Օր մը, աշխատակից մը ինծի ըսաւ, որ բոլոր հարցումներուս պատասխանները կրնամ Աստուածաշունչին մէջ գտնել, եւ տուաւ աստուածաշնչական կարգ մը գիրքեր։ Զանոնք լափեցի եւ ուզեցի աւելին գիտնալ։ Ուստի նամակ մը ուղարկեցի Եհովայի վկաներուն՝ գիրքերուն հրատարակիչներուն, յաւելեալ հրատարակութիւններ խնդրելով։

Մեր ամուսնութեան առաջին տարեդարձին օրը, աւստրիացի երիտասարդ Վկայ մը մեզի այցելեց։ Ան ապսպրած հրատարակութիւններս բերած էր, եւ երբ առաջարկեց ինծի հետ Աստուածաշունչը սերտել, սիրով ընդունեցի։ Սորվելու մեծ ախորժակ ունենալով, ուսումնասիրութիւնս շաբաթը երկու անգամ տեղի կ’ունենար,– իւրաքանչիւր նիստ շուրջ չորս ժամ տեւելով։

Մեծապէս խանդավառուեցայ այն բաներով, որոնք Վկաները Սուրբ Գիրքէն ինծի սորվեցուցին։ Շատ անակնկալի եկայ, երբ հունգարերէն Աստուածաշունչիս մէջ ցոյց տուին Աստուծոյ անունը՝ Եհովա։ Թէեւ 27 տարի եկեղեցի յաճախեցի, բայց ո՛չ մէկ անգամ լսեցի Աստուծոյ անունը։ Աստուածաշունչի յստակ ու տրամաբանական պատասխաններով տպաւորուեցայ։ Օրինակ, սորվեցայ թէ մեռելները գիտակից չեն, կարծես խոր քունի մէջ են (Ժողովող 9։5, 10. Յովհաննէս 11։11-15)։ Նաեւ սորվեցայ թէ Աստուած կը խոստանայ նոր աշխարհ մը բերել, ուր «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ» (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Կը յուսամ հայրս կրկին տեսնել, քանի որ նոր աշխարհին մէջ «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ» (Գործք 24։15

Ռոզ ալ սրտանց մասնակցեցաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան։ Արագ յառաջդիմութիւն արձանագրելով, ուսումնասիրութեան գիրքը միայն երկու ամսուան մէջ վերջացուցինք։ Թագաւորութեան սրահին մէջ Վկաներուն կայացուցած բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուեցանք։ Եհովայի վկաներուն մէջ առկայ սէրը, ձեռնտուութիւնն ու միութիւնը մեզ խորապէս տպաւորեցին (Յովհաննէս 13։34, 35

1976–ին, ինծի եւ Ռոզին շնորհուեցաւ Աւստրալիա մտնել։ Հոն անմիջապէս կապ պահեցինք Եհովայի վկաներուն հետ, եւ անոնք մեզի հանգիստ զգալ տուին։ 1978–ին, մկրտուեցանք ու Վկաներ եղանք։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Վերջապէս գտած եմ պատասխաններ այն հարցումներուն, որոնք երկար ժամանակ զիս շփոթութեան մատնեցին։ Եհովա Աստուծոյ մօտենալով, նաեւ լաւագոյն ու անզուգական Հայրը գտած եմ (Յակոբոս 4։8)։ Իսկ գալիք նոր աշխարհին մէջ հայրս կրկին տեսնելու յոյսս, ինծի համար շատ բան կը նշանակէ (Յովհաննէս 5։28, 29

1989–ին, ես եւ Ռոզ որոշեցինք Հունգարիա վերադառնալ, որպէսզի մեր հաւատալիքները բաժնենք մեր ընտանիքին ու բարեկամներուն հետ, ինչպէս նաեւ՝ անծանօթներու հետ։ Աստուածաշունչը հարիւրաւոր անհատներու սորվեցնելու առանձնաշնորհումը ունեցած ենք։ Աւելի քան 70 աշակերտներ մկրտուեցան, ներառեալ՝ սիրելի մայրս։

Հարցումներուս պատասխանները գտնելու համար, 17 տարի աղօթեցի։ Այժմ յաւելեալ 39 տարի անցած է, եւ տակաւին կ’աղօթեմ, բայց ըսելով. «Շնորհակալ եմ, սիրելի երկնաւոր Հայրս, որ մանկութեան աղօթքներուս պատասխանեցիր»։