Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ | ՅՈՎՍԷՓ

«Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»

«Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»

ՅՈՎՍԷՓԻ մարմինէն քրտինք կը վազէր, մինչ խորշակահեղձ եւ խաւար նրբանցքին մէջ կ’աշխատէր։ Արեւը այնքան կիզիչ էր, որ եգիպտական բանտը փուռի վերածած էր։ Երբեմն կը թուէր, թէ կարծես ան բանտի պատերուն բոլոր աղիւսները եւ ճաքերը հաշուած ըլլար։ Ա՛յս էր իր աշխարհը։ Ճիշդ է որ մեծապէս յարգուած էր, բայց տակաւին բանտարկեալ էր։

Ան քանի՜ անգամ վերյիշած ըլլալու էր իր առաջուան կեանքը Քեբրոնի քարքարոտ լեռնաբլուրներուն վրայ, ուր իր հօր ոչխարները կ’արածէր։ Ան մօտ 17 տարեկան էր, երբ իր հայրը՝ Յակոբ, զինք հեռու տեղ մը ղրկեց որ իր եղբայրներէն լուր բերէր։ Բայց հիմա Յովսէփ այդպիսի ազատութեան մասին երեւակայել անգամ չէր կրնար։ Իր նախանձոտ եւ ատելավառ եղբայրները զինք որպէս ստրուկ ծախած էին։ Եգիպտոսի մէջ ան սկսած էր ծառայել Պետափրէս անունով եգիպտացի պալատականի մը տան մէջ։ Իր տիրոջ վստահութիւնը շահած էր մինչեւ որ Պետափրէսի կինը բռնաբարումի սուտ ամբաստանութիւն ըրաւ, որուն պատճառով այս բանտը նետուեցաւ (Ծննդոց, գլուխ 37, 39) *։

Գրեթէ տասնամեակ մը որպէս ստրուկ եւ բանտարկեալ ապրած ըլլալով, Յովսէփ այժմ 28 տարեկան էր։ Իր կեանքը իր յուսացածէն շա՜տ տարբեր էր։ Արդեօք երբեւէ ազատ պիտի արձակուէ՞ր։ Արդեօք վերստին պիտի տեսնէ՞ր իր անգին ու տարեց հայրը կամ իր սիրելի ու կրտսեր Բենիամին եղբայրը։ Ան որքա՞ն ատեն պիտի մնար այդ գուբին մէջ։

Երբեք Յովսէփին պէս զգացա՞ծ ես։ Երբեմն, կեանքը կրնայ մեր պատանեկան յոյսերէն բաւակա՜ն տարբեր ըլլալ։ Արդարեւ, ցաւալի պայմաններ կրնան թուիլ թէ վերջ չունին, եւ կրնայ դժուար ըլլալ ելք կամ տոկալու միջոց գտնել։ Ուստի տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Յովսէփի հաւատքէն։

«ՏԷՐԸ ՅՈՎՍԷՓԻՆ ՀԵՏ ԷՐ»

Յովսէփ քաջ գիտէր թէ իր Աստուածը՝ Եհովան, զինք բնաւ երեսէ չէր ձգած եւ ասիկա վստահաբար իրեն ոյժ տուաւ տոկալու։ Եհովան նոյնիսկ այս օտարերկրեայ բանտին մէջ Յովսէփը օրհնելու կերպեր գտաւ։ Կը կարդանք. «Տէրը Յովսէփին հետ էր ու ողորմութիւն ցուցուց անոր եւ բանտապետին առջեւ շնորհք գտնել տուաւ անոր» (Ծննդոց 39։21-23)։ Իր ծանր աշխատանքին մէջ յարատեւելով, Յովսէփ շարունակեց Աստուծոյ պատճառներ տալ որ զինք օրհնէ։ Իրեն համար որքա՜ն մխիթարական էր գիտնալ, թէ Եհովան միշտ իրեն հետ էր։

Արդեօք Եհովան մտադրած էր որ Յովսէփ մինչեւ վերջ բա՞նտը մնար։ Յովսէփ միայն կրնար կռահել, բայց վստահաբար շարունակեց Աստուծոյ աղօթել այս հարցին շուրջ։ Ինչպէս որ յաճախ կը պատահի, պատասխանը շատ անսպասելիօրէն եկաւ։ Օր մը, բանտին մէջ շարժում մը եղաւ, մինչ երկու նոր բանտարկեալներ ներս մտան։ Անոնք փարաւոնի սեփական անձնակազմին պատկանող պաշտօնեաներ էին,– մէկը իր գլխաւոր հացագործն էր, իսկ միւսը՝ գլխաւոր մատռուակը (Ծննդոց 40։1-3

Դահճապետը Յովսէփին յանձնեց այդ երկու բանտարկեալներուն հոգ տանիլը, որոնք նախապէս անուանի տղամարդիկ էին *։ Գիշերով մը, թէ՛ մատռուակը եւ թէ հացագործը վառ ու շփոթեցուցիչ երազներ տեսան։ Երբ յաջորդ առտուն Յովսէփ անոնց դէմքը տեսաւ, հասկցաւ որ սխալ բան մը կար։ Ուստի հարցուց. «Ինչո՞ւ համար ձեր երեսները տրտում են այսօր» (Ծննդոց 40։3-7)։ Թերեւս իր քաղցր խօսելակերպին շնորհիւ, անոնք ազատ զգացին իրենց խնդիրները իրեն յայտնելու։ Թէեւ Յովսէփ չէր գիտեր, բայց այդ խօսակցութիւնը պատճառ պիտի ըլլար որ իր կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւն մը տեղի ունենար։ Եթէ Յովսէփ չընտրէր ուրիշներու հանդէպ քիչ մը ազնիւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել, այս խօսակցութիւնը տեղի պիտի չունենար։ Ասիկա մեզ կը մղէ հարց տալու. «Աստուծոյ հանդէպ հաւատքս կ’արտայայտե՞մ, մարդոց հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով»։

Յովսէփ իր բանտակիցներուն հետ ազնուութեամբ եւ արժանապատուութեամբ վարուեցաւ

Երկու տղամարդիկը բացատրեցին թէ յուզուած էին իրենց վառ ու շփոթեցուցիչ երազներով, նաեւ այն բանով որ երազագէտ մը չկար։ Եգիպտացիները մեծ արժէք կու տային երազներուն եւ շատ կ’ապաւինէին անոնց, որոնք կ’ըսէին թէ կրնան երազներ մեկնել։ Երկու բանտարկեալները չէին գիտեր թէ իրենց երազները տրուած էին Յովսէփի Աստուծոյն՝ Եհովային կողմէ։ Բայց Յովսէփ գիտէր եւ անոնց վստահեցուց ըսելով. «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները, աւա՜ղ, պատմեցէ՛ք ինծի» (Ծննդոց 40։8)։ Այս խօսքերը մինչեւ օրս կը զնգան այն մարդոց ականջին, որոնք Աստուածաշունչը անկեղծօրէն կը սերտեն։ Երանի՜ թէ իւրաքանչիւր կրօնասէր անհատ նոյն խոնարհութիւնը ցոյց տար։ Հարկ է որ կամովին մէկդի դնենք մարդկային հպարտ մտածելակերպը եւ Աստուծոյ ապաւինինք, մինչ իր խօսքին շիտակ մեկնաբանութիւնները կը փնտռենք (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13. Յակոբոս 4։6

Մատռուակապետը նախաքայլը առաւ, Յովսէփին պատմելով երազ մը, ուր տեսած էր որթատունկ մը, որուն վրայ երեք ուռեր կային։ Երբ անոր ողկոյզները խաղող հասցուցին, մատռուակը խաղողները ճմլեց փարաւոնի գաւաթին մէջ։ Եհովայի շնորհիւ, Յովսէփ իսկոյն գիտցաւ երազին նշանակութիւնը։ Ան մատռուակին ըսաւ որ երեք ուռը երեք օր է. . . թէ երեք օր ետք փարաւոն մատռուակը նորէն իր պաշտօնին պիտի դարձնէր։ Մատռուակի դէմքին վրայ հանդարտութիւն եկաւ եւ Յովսէփ այս խնդրանքը աւելցուց. «Կ’աղաչեմ քեզի, ինծի բարութիւն ըրէ եւ զիս Փարաւոնին առջեւ յիշ[է]»։ Յովսէփ բացատրեց թէ իր հայրենիքէն առեւանգուած էր եւ առանց պատճառի ազատազրկուած էր (Ծննդոց 40։9-15

Հացագործը մատռուակին ստացած ուրախ լուրէն ոգեւորուեցաւ եւ ինք ալ Յովսէփէն խնդրեց որ իր երազը մեկնէ։ Ան տեսած էր հացի երեք սակառ, ինչպէս նաեւ թռչուններ, որոնք իր գլխուն վրայի սակառէն կ’ուտէին։ Այս հանելուկին պատասխանն ալ Յովսէփին տրուեցաւ։ Բայց հացագործը տխուր լուր մը ստացաւ։ Յովսէփ ըսաւ. «Ատոր մեկնութիւնը այս է. երեք սակառը երեք օր է. երեք օրէն յետոյ Փարաւոն վրայէդ պիտի վերցնէ քու գլուխդ ու քեզ ծառէ մը պիտի կախէ եւ թռչունները քու մարմինդ պիտի ուտեն» (Ծննդոց 40։16-19)։ Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմ ծառաներուն պէս, Յովսէփ քաջաբար յայտնեց Աստուծոյ պատգամները, թէ՛ ուրախ լուրը եւ թէ դատաստանական լուրը (Եսայի 61։2

Երեք օր ետք, Յովսէփի խօսքերը ճշմարիտ ելան։ Փարաւոն ծննդեան տարեդարձի խնճոյք մը ըրաւ,– սովորութիւն մը որ գործ չունէր Աստուածաշունչի ժամանակներուն ապրած Աստուծոյ ծառաներուն մէջ,– եւ իր երկու սպասաւորներուն նկատմամբ դատավճիռ արձակեց։ Յովսէփի ըսածին պէս, հացագործը մահապատիժի ենթարկուեցաւ, իսկ մատռուակը իր պաշտօնին վերադարձաւ։ Բայց ցաւօք սրտի, անհոգ մարդը բոլորովին մոռցաւ Յովսէփը (Ծննդոց 40։20-23

«ՈՉ ԹԷ ԵՍ»

Երկու տարի անցաւ (Ծննդոց 41։1)։ Երեւակայէ թէ Յովսէփ որքա՛ն յուսախաբ ըլլալու էր։ Երբ Եհովան մատռուակին եւ հացագործին երազները հասկցուց իրեն, Յովսէփ հաւանաբար ոգեւորուեցաւ։ Այնուհետեւ, ամէն անգամ որ արեւը բացուէր, ան թերեւս կը զարթնէր նորոգուած յոյսով մը, թէ այդ պիտի ըլլար իր արձակման օրը,– բայց կրկին ու կրկին ինքզինք այդ բանտին տխրագին եւ անփոփոխ մթնոլորտին մէջ կը գտնէր։ Այդ երկու տարիները շատ հաւանաբար դժուարագոյն տարիները եղած են Յովսէփին համար որ տոկար։ Ասով հանդերձ, ան բնաւ չկորսնցուց իր վստահութիւնը Եհովա Աստուծոյ վրայ։ Յուսահատութեան գիրկը իյնալու տեղ, ան վճռած էր համբերել եւ այդ փորձիչ ժամանակներուն ընթացքին աւելի զօրացաւ (Յակոբոս 1։4

Մեզմէ ո՞վ այս դժուար օրերուն մէջ հարկ չունի իր տոկունութեան վրայ աշխատելու։ Կեանքին մշտատեւ փորձութիւնները դիմագրաւելու համար, պէտք ունինք այնպիսի վճռականութեան, համբերութեան եւ ներքին խաղաղութեան, որոնք միմիայն Աստուծմէ կարելի է ստանալ։ Ինչպէս որ էր Յովսէփի պարագան, Աստուած մեզի ալ կրնայ օգնել, որ ճարահատութեան դէմ պայքարինք եւ յոյսով տոգորուինք (Հռովմայեցիս 12։12. 15։13

Ճիշդ է որ մատռուակը մոռցած էր Յովսէփը, բայց Եհովան բնաւ չմոռցաւ։ Գիշերով մը, ան փարաւոնին զոյգ մը անմոռանալի երազներ տուաւ։ Առաջինին մէջ, թագաւորը տեսաւ գեղեցիկ տեսքով ու պարարտ մարմնով եօթը երինջներ, որոնք Նեղոս գետէն ելան։ Անկէ ետք, ան տեսաւ զազիր տեսքով ու նիհար մարմնով եօթը երինջներ, որոնք կերան պարարտ երինջները։ Երկրորդին մէջ, փարաւոնը տեսաւ մէկ ծղօտի վրայ եօթը պարարտ ու աղէկ հասկեր։ Բայց անոնց ետեւէն եօթը նիհար ու խորշակահար հասկեր բուսան եւ կլլեցին աղէկ հասկերը։ Փարաւոնը առաւօտուն շատ նեղուած արթնցաւ, ուստի բոլոր մոգերն ու իմաստունները կանչեց որ իր երազները մեկնեն, բայց բոլորն ալ ձախողեցան (Ծննդոց 41։1-8)։ Թէ անոնց լեզուն բռնուեցաւ կամ թէ հակասական գաղափարներ տուին, չենք գիտեր։ Ամէն պարագայի, փարաւոն հիասթափուեցաւ,– բայց ա՛լ աւելի տենչաց այս հանելուկին պատասխանը գտնել։

Վե՛րջապէս մատռուակը իր միտքը բերաւ Յովսէփը։ Խղճահարուելով, ան փարաւոնին պատմեց այն հիանալի երիտասարդ բանտարկեալին մասին, որ երկու տարի առաջ ճշգրտօրէն բացատրած էր իր եւ հացագործին երազները։ Իր կարգին, փարաւոնը անմիջապէս Յովսէփը բանտէն կանչել տուաւ (Ծննդոց 41։9-13

Երեւակայէ Յովսէփին զգացումները երբ փարաւոնին պատգամաւորները իրեն արքայական կոչը տուին։ Ան իսկոյն իր հանդերձները փոխեց եւ ածիլուեցաւ,– հաւանաբար գլխուն մազերն ալ ածիլելով, ինչպէս որ էր սովորութիւնը Եգիպտոսի մէջ։ Կասկած չկայ թէ այդ տեսակցութեան համար ան ջերմեռանդօրէն Եհովային աղօթեց։ Շատ չանցած, ան ինքզինք գտաւ արքայական պալատին մեծակառոյց գաւիթին մէջ, միապետին առջեւ կեցած։ Կը կարդանք. «Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. ‘Երազ տեսայ ու զանիկա մեկնող մը չկայ եւ քեզի համար լսեցի որ կ’ըսեն, թէ լսած երազդ կը մեկնես’։ Եւ Յովսէփ պատասխան տուաւ Փարաւոնին ու ըսաւ. ‘Ոչ թէ ես, այլ Աստուած Փարաւոնին պիտի տայ նպաստաւոր պատասխան մը’» (Ծննդոց 41։14-16

Յովսէփ խոնարհաբար փարաւոնին ըսաւ. «Ոչ թէ ես, այլ Աստուած»

Եհովան կը սիրէ խոնարհ ու հաւատարիմ անհատները, ուստի չենք զարմանար որ Յովսէփին հասկցուց այն երազները, որոնք խառնաշփոթութեան մատնած էին իմաստուններն ու քուրմերը։ Յովսէփ բացատրեց թէ փարաւոնին տեսած երկու երազները մէկ իմաստ ունին։ Պատգամը կրկնելով, Եհովան կ’ընդգծէր թէ հարցը ‘հաստատուած’ էր. . . որ ա՛նկասկած պիտի կատարուէր։ Պարարտ երինջներն ու աղէկ հասկերը կը պատկերացնէին եօթը տարուան առատութիւն Եգիպտոսի մէջ, իսկ նիհար երինջներն ու խորշակահար հասկերը կը ներկայացնէին սովի եօթը տարիներ, որոնք առատութեան տարիներուն պիտի յաջորդէին։ Այդ սովը պիտի լափէր երկրին առատութիւնը (Ծննդոց 41։25-32

Փարաւոն գիտակցեցաւ թէ Յովսէփին մեկնութիւնը ճիշդ էր։ Բայց ի՞նչ պէտք էր ընել։ Յովսէփ գործի լծուելու յայտագիր մը յանձնարարեց։ Փարաւոն պէտք էր գտնէր այնպիսի «հանճարեղ ու իմաստուն» մարդ մը, որ պիտի վերահսկէր հետեւեալ գործին վրայ. առատութեան եօթը տարիներուն ընթացքին հաւաքել երկրին աւելցած արմտիքները շտեմարաններուն մէջ, իսկ յաջորդող սովի ժամանակ, այդ աւելցուքը բաժնել կարիքաւորներուն (Ծննդոց 41։33-36)։ Այս պաշտօնին համար ո՞վ կրնար աւելի որակեալ ըլլալ քան Յովսէփը, որ փորձառու եւ կարող մարդ էր։ Այսուհանդերձ, ան ինքզինք չառաջարկեց։ Ան այնքան խոնարհ էր որ չմտածեց այդ յաւակնոտ կեցուածքին մասին. իր հաւատքն ալ զինք մղեց որ այդ առաջարկը աւելորդ սեպէ։ Եթէ ի՛սկապէս Եհովային կը հաւատանք, պէտք չունինք փառասիրութեան կամ ինքնագովութեան։ Կրնանք չմտահոգուիլ, հարցերը իր ատակ ձեռքերուն մէջ ձգելով։

«ԿՐՆԱ՞ՆՔ ԳՏՆԵԼ ԱՍՈՐ ՊԷՍ ՄԷԿԸ»

Թէ՛ փարաւոնը եւ թէ իր բոլոր ծառաները նկատեցին Յովսէփի յայտագրին իմաստութիւնը։ Թագաւորը նաեւ գիտակցեցաւ, թէ Յովսէփին Աստուածն էր որ երիտասարդին իմաստուն խօսքեր կու տար։ Ան պալատականներուն ըսաւ. «Կրնա՞նք գտնել ասոր պէս մէկը, որ իր ներսիդին Աստուծոյ Հոգին ունենայ»։ Իսկ Յովսէփին ըսաւ. «Որովհետեւ Աստուած այս ամէնը քեզի գիտցուց, քեզի պէս հանճարեղ ու իմաստուն չկայ։ Դուն իմ տանս վրայ կեցիր եւ իմ բոլոր ժողովուրդս քու բերանդ նային։ Ես միայն աթոռով քեզմէ մեծ ըլլամ» (Ծննդոց 41։38-41

Փարաւոն իր խօսքին տէրն էր։ Յովսէփին բեհեզէ հանդերձներ հագցուցին եւ փարաւոնը իրեն տուաւ ոսկի մանեակ, մատանի, արքայական կառք եւ լիազօրութիւն ամբողջ Եգիպտոսի մէջ ճամբորդելու եւ իր յայտագիրը ի գործ դնելու (Ծննդոց 41։42-44)։ Արդ, մէկ օրուան մէջ, Յովսէփ բանտէն պալատ փոխադրուեցաւ։ Արթնցաւ որպէս խեղճ դատապարտեալ եւ քնացաւ որպէս իշխան՝ փարաւոնին երկրորդը։ Յստակ է որ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ Յովսէփին հաւատքը վարձատրուեցաւ։ Եհովան տեսաւ թէ իր ծառան այդ տարիներուն ընթացքին որքա՜ն անարդարութիւններ քաշած էր։ Ան այդ հարցը լուծեց ճիշդ յարմար ժամանակին եւ ճիշդ յարմար կերպով։ Եհովան ի մտի ունէր ոչ միայն Յովսէփին կրած անիրաւ տառապանքը վերցնել, այլեւ՝ կազմուելիք իսրայէլ ազգը պահպանել։ Այս յօդուածաշարքի ապագայ յօդուածի մը մէջ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս։

Եթէ դո՛ւն փորձիչ կացութեան մը առջեւ կը գտնուիս, թերեւս անարդարութիւն մը որ տարիներո՜վ չ’աւարտիր, մի՛ յուսահատիր։ Յիշէ՛ Յովսէփը։ Որո՛վհետեւ ան բնաւ չկորսնցուց իր ազնուութիւնը, խոնարհութիւնը, համբերութիւնն ու հաւատքը, Եհովային ամէն պատճառ տուաւ որ վերջաւորութեան զինք օրհնէր։

^ պարբ. 4 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 օգոստոս եւ 1 նոյեմբեր 2014 թիւերուն մէջ «Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք» յօդուածները։

^ պարբ. 10 Վաղեմի եգիպտացիները աւելի քան 90 տեսակ հաց եւ թխուածք կը ճաշակէին։ Ուստի փարաւոնին գլխաւոր հացագործը կարկառուն մարդ էր։ Իսկ գլխաւոր մատռուակը կը ղեկավարեր խումբ մը ծառաներ, որոնք վստահ կ’ըլլային որ փարաւոնին գինին եւ թերեւս գարեջուրը բարձրորակ էին եւ պաշտպանուած էին միապետը թունաւորելու որեւէ փորձէ,– իսկական վտանգ մը, քանի որ պալատին մէջ դաւ նիւթելը եւ ահաբեկչութիւնը ընդհանրացած էր։ Անսովոր բան մը չէր, որ մատռուակը թագաւորին վստահելի խրատատուն դառնար։