Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 3

Չյանձնուիլ

Չյանձնուիլ

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՉՅԱՆՁՆՈՒԻԼ

Չյանձնուող անհատը ձախորդութիւն եւ յուսախաբութիւն ունենալէ ետք, ոյժ ունի ետ ոտքի կենալու։ Այս հմտութիւնը փորձառութեամբ ձեռք կը ձգուի։ Ճիշդ ինչպէս որ պզտիկը չի կրնար քալել սորվիլ առանց ատեն–ատեն իյնալու, նոյնպէս չի կրնար սորվիլ իր կեանքին մէջ ինչպէ՛ս յաջողիլ՝ առանց ատեն–ատեն խնդիրներէ անցնելու։

ՉՅԱՆՁՆՈՒԻԼԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Կարգ մը պզտիկներ կը վհատին, երբ բանի մը մէջ ձախողին, դժուար պարագայէ մը անցնին կամ քննադատուին։ Իսկ ոմանք ալ բոլորովին կը յանձնուին։ Սակայն, պզտիկները պէտք է հասկնան այս իրողութիւնները.

  • Միշտ պիտի չյաջողինք ամէն բանի մէջ որ կ’ընենք (Յակոբոս 3։2

  • Ամէն անձ դժուար պարագաներէ պիտի անցնի (Ժողովող 9։11

  • Կրնաս բարելաւուիլ միայն եթէ մէկը քեզի ըսէ, թէ ի՛նչ սխալ ըրիր (Առակաց 9։9

Երբ պզտիկները սորվին դժուար պարագաներու ներքեւ չյանձնուիլ, ինքնավստահութիւն պիտի ունենան որ կրնան կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլել։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ ՉՅԱՆՁՆՈՒԻԼ

Երբ պզտիկդ ձախողի։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի» (Առակաց 24։16

Պզտիկիդ օգնէ որ հարցերը ճիշդ տեսանկիւնէ դիտէ։ Օրինակ, ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ դպրոցը քննութեան մը մէջ ձախողի։ Թերեւս յանձնուի, ըսելով. «Ես բա՛ն մը ճիշդ կերպով չեմ կրնար ընել»։

Պզտիկիդ սորվեցնելու համար որ չյանձնուի, իրեն օգնէ որ մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնայ յաջորդ անգամ աւելի լաւ ընել։ Այսպիսով ան պիտի փորձէ խնդիրը լուծել, փոխանակ անոր զոհը դառնալու։

Միեւնոյն ժամանակ, մի՛ փորձեր պզտիկիդ տեղ խնդիրը լուծել, հապա իրեն օգնէ որ անձամբ կերպ մը գտնէ զայն լուծելու։ Կրնաս հարցնել. «Ի՞նչ կրնաս ընել որ այս նիւթը աւելի լաւ հասկնաս»։

Երբ գէշ բաներ պատահին։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Միթէ գիտէ՞ք վաղը ինչ պիտի ըլլաք» (Յակոբոս 4։14, ՆԹ

Չենք կրնար գիտնալ թէ կեանքին մէջ ի՛նչ բաներու առջեւ պիտի գտնուինք։ Այսօր հարուստ եղող անձ մը կրնայ վաղը աղքատ դառնալ, իսկ այսօր առողջ եղողը կրնայ վաղը հիւանդանալ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ճամբան վազողներունը չէ, պատերազմը զօրաւորներունը չէ. . . հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն» (Ժողովող 9։11

Ծնողք ըլլալով, ամէն կարելիդ կ’ընես որ պզտիկդ վտանգէ պաշտպանես։ Սակայն, իրողութիւնը այն է, որ պիտի չկարենաս պզտիկդ բոլոր գէշ բաներէն պաշտպանել։

Երբ պզտիկդ ցաւալի բաներու հանդիպի, օրինակ՝ երբ մտերիմ բարեկամ մը զինք լքէ կամ երբ ընտանիքին մէկ անդամը մեռնի, իրեն օգնէ որ այս պարագաներուն տոկայ։ Այսպիսով, իրեն կը սորվեցնես ինչպէ՛ս իր խնդիրները լուծէ, երբ չափահաս դառնայ, օրինակ՝ երբ գործ կորսնցնէ կամ դրամական նեղութիւն քաշէ *։

Երբ պզտիկիդ դիտողութիւն մը տրուի։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Խրատը լսէ՛. . . որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս» (Առակաց 19։20

Երբ մէկը պզտիկիդ դիտողութիւն մը կու տայ, անոր նպատակը չէ զինք վախցնել կամ կերպով մը վնասել, հապա իրեն օգնել, որ արարք մը կամ կեցուածք մը սրբագրէ։

Երբ պզտիկիդ սորվեցնես որ սրբագրումը ընդունի, երկուքդ ալ կ’օգտուիք։ Ճոն անունով հայր մը կ’ըսէ. «Եթէ պզտիկին սխալները միշտ դո՛ւն սրբագրես, ան բնա՛ւ պիտի չսորվի։ Ան մէկ խնդիրէն միւսին մէջ պիտի իյնայ, իսկ դուն պիտի շարունակես անոր խնդիրները լուծել։ Ասիկա կեանքը անախորժ կը դարձնէ ծնողքին եւ զաւակին համար»։

Ինչպէ՞ս կրնաս պզտիկիդ օգնել, որ դիտողութենէ մը օգտուի։ Երբ իրեն ըսուի դպրոցը կամ ուրիշ որեւէ տեղ, որ բան մը սրբագրէ, մի՛ ըսեր որ այդ դիտողութիւնը տեղին չէ։ Փոխարէն, կրնաս հարցնել.

  • «Քու կարծիքովդ, այդ անձը ինչո՞ւ քեզ սրբագրեց»։

  • «Ինչպէ՞ս կրնաս բարելաւուիլ»։

  • «Յաջորդ անգամ երբ քեզի դիտողութիւն մը տրուի, ի՞նչ պիտի ընես»։

Յիշէ որ շինիչ քննադատութիւնը զաւակիդ պիտի օգտէ ոչ միայն պզտիկ եղած ատեն, հապա նաեւ երբ մեծնայ։

^ պարբ. 21 Տե՛ս «Պզտիկիդ օգնէ որ սուգին հետ գլուխ ելլէ» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 յուլիս 2008 թիւին մէջ (անգլերէն)։