Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 6

Բարոյական արժանիքներ ունենալ

Բարոյական արժանիքներ ունենալ

Ի՞ՆՉ ԵՆ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԱՆԻՔՆԵՐԸ

Անոնք՝ որոնք բարոյական արժանիքներ կամ գովելի յատկութիւններ ունին, յստակ կերպով գիտեն, թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ։ Իրենց աչքին ճիշդը կամ սխալը կախեալ չէ տուեալ վայրկեանին իրենց զգացումներէն, հապա անոնք սկզբունքներով կ’առաջնորդուին, նոյնիսկ երբ ուրիշներ չեն տեսներ։

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԱՆԻՔՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՆ

Պզտիկները ամէն կողմէ սխալ գաղափարներ կը լսեն բարոյականութեան մասին, ըլլայ դպրոցակիցներէն, երգերէն, ֆիլմերէն կամ հեռատեսիլի յայտագիրներէն։ Այսպիսի ազդեցութիւններ կրնան պատճառ դառնալ, որ պզտիկները կասկածի տակ դնեն ճիշդի եւ սխալի նկատմամբ իրենց սորվածները։

Ասիկա մեծ խնդիր է պատանիներուն համար։ Գիրք մը կ’ըսէ թէ անոնք «պէտք է հասկնան, թէ իրենց տարեկիցները եւ լրատուամիջոցները զիրենք պիտի ճնշեն, որ որոշ կերպով վարուին ընդունելի ըլլալու համար, եւ պէտք է սորվին առնել որոշումներ, որոնք իրենց արժանիքներուն եւ ընտրութիւններուն համաձայն են, նոյնիսկ եթէ իրենց ընկերները հակառակին» (Beyond the Big Talk)։ Յստակ է որ պզտիկը պէտք է մարզուի՝ պատանի դառնալէ առաջ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԱՆԻՔՆԵՐ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ

Յստակօրէն սորվեցուր թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Չափահասներուն. . . զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել» (Եբրայեցիս 5։14

  • «Բարոյական բառամթերք» սորվեցուր պզտիկիդ։ Առօրեայ պարագաներ առ եւ իրարու հետ բաղդատէ. «Ասիկա պարկեշտութիւն է, ատիկա անպարկեշտութիւն է»։ «Ասիկա ազնիւ է, ատիկա անազնիւ է»։ Ժամանակի ընթացքին, պզտիկդ պիտի սորվի թէ ի՛նչ բաներ լաւ են եւ պէտք է ընէ զանոնք, եւ ի՛նչ բաներ գէշ են եւ պէտք չէ ընէ զանոնք։

  • Բացատրէ թէ ինչո՛ւ բան մը ճիշդ է կամ սխալ։ Օրինակ, հարցուր. «Ինչո՞ւ պարկեշտ ըլլալը լաւագոյն բանն է»։ «Սուտ խօսիլը ինչպէ՞ս կրնայ բարեկամութեան վնասել»։ «Գողնալը ինչո՞ւ սխալ է»։ Լաւ պատճառաբանութեամբ զարգացուր պզտիկիդ խիղճն ու տրամաբանութիւնը։

  • Շեշտէ թէ բարոյական չափանիշներ ունենալը ինչո՛ւ օգտակար է։ Կրնաս ըսել. «Եթէ պարկեշտ ըլլաս, քեզի պիտի վստահին», կամ «Եթէ ազնիւ ըլլաս, պիտի ուզեն քեզի ընկերակցիլ»։

Վստահ եղիր որ ընտանիքդ կը ճանչցուի նոյն բարոյական չափանիշներով։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Քննեցէք ձեր անձերը» (Բ. Կորնթացիս 13։5

  • Բարոյական չափանիշներդ պէտք է ընտանիքիդ նկարագիրը դառնան, որպէսզի կարենաս իրապէս ըսել.

    • «Մեր ընտանիքին մէջ սուտ չեն խօսիր»։

    • «Մենք ուրիշներուն վրայ չենք պոռար եւ չենք զարներ»։

    • «Մեր քով հայհոյելը արգիլուած է»։

Պզտիկդ պիտի տեսնէ որ բարոյական արժանիքները պարզապէս հետեւելիք օրէնքներ չեն, հապա թէ ընտանիքը կ’ուզէ ատոնցմով ճանչցուիլ։

  • Պզտիկիդ հետ յաճախ խօսէ ընտանիքիդ արժանիքներուն մասին։ Առօրեայ պարագաներ գործածելով սորվեցուր։ Ընտանիքիդ արժանիքները համեմատէ հեռատեսիլին կամ դպրոցին մէջ ներկայացուած արժանիքներուն հետ։ Պզտիկիդ հարցուր. «Իսկ դո՛ւն ի՞նչ պիտի ընէիր»։ «Մեր ընտանիքը այս պարագային ի՞նչ պիտի ընէր»։

Ճիշդը ընելու պզտիկիդ վճռականութիւնը զօրացուր։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Մաքուր խղճմտանք ունեցէք» (Ա. Պետրոս 3։16

  • Լաւ վարքը գովէ։ Երբ պզտիկդ բարոյական արժանիքներ դրսեւորէ, զինք գովէ եւ ըսէ թէ ինչո՛ւ ըրածը լաւ էր։ Օրինակ՝ «Պարկեշտ էիր։ Հպարտ եմ քեզմով»։ Եթէ պզտիկդ խոստովանի թէ սխալ բան մը ըրած է, զինք խրատելէ առաջ, սրտանց գովէ իր անկեղծութեան համար։

  • Գէշ վարքը սրբագրէ։ Պզտիկիդ օգնէ որ իր ըրածին պատասխանատուութիւնը կրէ։ Պզտիկը պէտք է գիտնայ թէ ի՛նչ սխալ ըրաւ եւ ինչպէ՛ս իր վարքը տարբեր է ընտանիքին սովորական վարուելակերպէն։ Կարգ մը ծնողներ իրենց պզտիկին չեն ըսեր որ սխալեցաւ, քանի որ չեն ուզեր որ ‘գէշ զգայ’, բայց պզտիկիդ բացատրելը թէ ինչո՛ւ իր ըրածը սխալ էր, պիտի մարզէ իր խիղճը, որ զգայուն ըլլայ եւ զանազանէ ճիշդն ու սխալը։