Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 1

Ինքնազսպում ունենալ

Ինքնազսպում ունենալ

Ի՞ՆՉ Է ԻՆՔՆԱԶՍՊՈՒՄԸ

Ինքնազուսպ անհատը կարող է՝

  • փափաք մը անմիջապէս չգոհացնել

  • իր զգացումները եւ հակումները զսպել

  • անախորժ պարտականութիւններ ամբողջացնել

  • ուրիշները իր անձէն առաջ դնել

ԻՆՔՆԱԶՍՊՈՒՄ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Ինքնազուսպ պզտիկները կրնան փորձութեան դէմ դնել, նոյնիսկ եթէ ատիկա բան մըն է, որ զիրենք պիտի ուրախացնէ։ Իսկ քիչ ինքնազսպում ունեցող պզտիկները աւելի հաւանական է որ՝

  • կռուազան ըլլան

  • ընկճուածութենէ տառապին

  • ծխեն, խմիչք խմեն կամ թմրեցուցիչ գործածեն

  • անսննդարար ուտելիքներ ուտեն

Ուսումնասիրութիւն մը մէջտեղ հանեց, թէ ինքնազուսպ պզտիկները երբ մեծնան, աւելի քիչ հաւանականութիւն կայ, որ առողջապահական եւ դրամական խնդիրներ ունենան եւ օրինապահ չըլլան։ Փէնսիլվանիոյ Համալսարանի փրոֆէսոր Էնճըլա Տըքուըրթ այդ ուսումնասիրութենէն եզրակացուց, թէ շատ ինքնազսպում ունենալը բնա՛ւ վնասակար բան մը չէ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԻՆՔՆԱԶՍՊՈՒՄ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ

«Ո՛չ» ըսել սորվէ եւ խօսքդ մի՛ փոխեր։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ» (Մատթէոս 5։37

Պզտիկները թերեւս ծնողին վճռականութիւնը փորձեն պոռչտուք մը ձգելով,– նոյնիսկ երբ մարդոց մէջ են։ Եթէ ծնողը տեղի տայ, մանուկը կը սորվի որ պոռալ–կանչելը լաւ կերպ մըն է ծնողքին «ո՛չ»ը «այո»ի փոխելու։

Անդին, եթէ ծնողը «ո՛չ» ըսէ եւ խօսքը չփոխէ, մանուկը կեանքին մասին կարեւոր իրողութիւն մը կը սորվի. միշտ չենք կրնար ունենալ ինչ որ կ’ուզենք։ «Անոնք՝ որոնք այդ դասը կը սորվին, շատ աւելի ուրախ են», կ’ըսէ տոքթ. Տէյվիտ Ուոլշ։ «Մենք մեր պզտիկներուն բարիք չենք ըներ, երբ սորվեցնենք, որ աշխարհը միշտ արծաթէ ափսէի վրայ իրենց պիտի հրամցնէ ամէն ինչ որ կ’ուզեն» *։

Հիմակուընէ պզտիկիդ «ո՛չ» ըսելդ իրեն պիտի օգնէ, որ ինքն իրեն «ո՛չ» ըսէ երբ մեծնայ. օրինակ՝ երբ փորձուի թմրեցուցիչ գործածել, ամուսնանալէ առաջ սեռային յարաբերութիւն ունենալ կամ ուրիշ վնասակար բաներ ընել։

Պզտիկներուդ օգնէ, որ հասկնան թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ երբ լաւ կերպով վարուին եւ ի՛նչ՝ երբ գէշ կերպով վարուին։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ» (Գաղատացիս 6։7, 8

Պզտիկդ պէտք է հասկնայ, որ արարքները հետեւանքներ ունին, եւ հետեւաբար եթէ ինքնազսպում չունենայ, կրնայ գէշ հետեւանքներ կրել։ Օրինակ, եթէ տղադ շատ դիւրութեամբ կը բարկանայ, ուրիշներ թերեւս իրմէ հեռանան։ Անդին, եթէ ինքզինք զսպէ երբ իր բարկութիւնը գրգռուի,– կամ երբ համբերութեամբ մտիկ ընէ առանց ընդհատելու,– ուրիշներ իրմէ պիտի ախորժին։ Պզտիկիդ օգնէ որ հասկնայ, թէ իր կեանքը շա՜տ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ ինքզինք զսպէ։

Պզտիկիդ սորվեցուր որ զանազանէ կարեւոր բաները։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Աւելի կարեւոր բաները ընտրե[ցէք]» (Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ

Ինքնազսպում ունենալը ոչ միայն կ’օգնէ որ սխալ բան մը չընենք, հապա նաեւ որ ընենք բաներ, որոնք չենք սիրեր ընել բայց պէտք է ընենք։ Անհրաժեշտ է որ պզտիկդ սորվի ինչպէ՛ս որոշել, թէ ի՛նչ բաներ կարեւոր են եւ ի՛նչ բաներ՝ ոչ, եւ նա՛խ կարեւոր բաները ընել։ Օրինակ, ան պէտք է դպրոցական պարտականութիւնները ժամանցէն առաջ դնէ։

Լաւ օրինակ եղիր։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք» (Յովհաննէս 13։15

Պզտիկդ կը նկատէ թէ ինչպէ՛ս կը վարուիս, երբ բանէ մը ջղայնանաս։ Վարուելակերպովդ ցոյց տուր, թէ ինքնազսպումը լաւ արդիւնքներ կու տայ։ Օրինակ, երբ ան սխալ բան մը ընէ, կը բարկանա՞ս, թէ՞ հանդարտ կը մնաս։

^ պարբ. 20 Մէջբերուած՝ No: Why Kids—of All Ages—Need to Hear It and Ways Parents Can Say It գիրքէն։