Անցնիլ բովանդակութեան

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ | ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Զաւակիդ սորվեցուր սեռային յարաբերութեան մասին

Զաւակիդ սորվեցուր սեռային յարաբերութեան մասին

ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Միայն քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ, ծնողները հաւանաբար առաջին անհատներն էին, որոնք իրենց տղուն կամ աղջկան հետ կը խօսէին սեռային յարաբերութեան մասին։ Եւ անոնք կրնային աստիճանաբար բացատրել՝ զաւակին տարիքին եւ պէտքերուն համաձայն։

Սակայն, ամէն բան փոխուեցաւ։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Ներկայիս, նոյնիսկ պզտիկները կը տեսնեն ու կը լսեն բաներ, որոնք կապ ունին սեռային յարաբերութեան հետ, եւ ասիկա երթալով սովորական կը դառնայ նոյնիսկ պզտիկներու գիրքերուն, ֆիլմերուն եւ յայտագիրներուն մէջ» (The Lolita Effect)։ Ասիկա պզտիկներուն կ’օգնէ՞, թէ ոչ՝ կը վնասէ։

ԳԻՏԷԻ՞Ր

Ամէն տեղ պզտիկները կրնան տեսնել ու լսել բաներ, որոնք սեռային յարաբերութեան հետ կապ ունին։ Talk to Me First վերնագիրով իր գիրքին մէջ, Տեպրա Ռոֆման կ’ըսէ. «Մարդիկ սեռային յարաբերութեան մասին կը խօսին, եւ կրնաս անոր հետ կապ ունեցող բաներ տեսնել ու լսել՝ ծանուցումներու, ֆիլմերու, գիրքերու, երգերու, հեռատեսիլի, մէսըճներու, վիտէոյի խաղերու, պաստառներու եւ քու հեռաձայնիդ ու համակարգիչիդ մէջ։ Եւ այս պատճառով, պատանիները եւ նոյնիսկ պզտիկները կը կարծեն, որ սեռային յարաբերութիւնը ամենակարեւոր բանն է կեանքի մէջ»։

Պարագան ինչո՞ւ այսպէս է։ Վաճառականները պզտիկներուն համար կը պատրաստեն ու կը ծախեն գրգռիչ հագուստներ, եւ ասիկա պզտիկներուն այն սխալ գաղափարը կու տայ, թէ իրենց տեսքը շա՜տ կարեւոր է։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Վաճառականները գիտեն, որ պզտիկները կ’ուզեն իրենց ընկերներուն կողմէ սիրուած ըլլալ, ինչպէս նաեւ կ’ուզեն ընել ի՛նչ որ իրենց ընկերները կ’ընեն։ Եւ ասիկա կ’օգտագործեն, որպէսզի իրենց ապրանքները ծախեն։ Անոնց ըրած բոլոր ծանուցումներուն նպատակն է՝ պզտիկները մղել, որ բաներ գնեն» (So Sexy So Soon

Սեռային յարաբերութեան մասին պարզապէս գիտնալը բաւարար չէ։ Գիտես որ ինքնաշարժ քշելու մասին գաղափար ունենալը բան մըն է, իսկ վարպետ քշող ըլլալը ուրիշ բան մըն է։ Նմանապէս, սեռային յարաբերութեան մասին գաղափար ունենալը բան մըն է, իսկ այդ գիտելիքները գործածելով իմաստուն որոշումներ առնելը ուրիշ բան մըն է։

Գլխաւոր կէտը. այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, պէտք է զաւակներուդ օգնես, որ մարզեն իրենց մտային կարողութիւնները այնպէս մը որ կարենան ճիշդը սխալէն զանազանել (Եբրայեցիս 5։14

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

Զաւակներուդ հետ խօսէ։ Սեռային յարաբերութեան մասին զաւակներուդ խօսիլը որքա՛ն ալ դժուար ըլլայ, ընդունէ որ ատիկա քու պատասխանատուութիւնդ է (Աստուածաշունչէն սկզբունք. Առակաց 22։6)։

Կարճ խօսակցութիւններ ունեցէք։ Փոխանակ սեռային յարաբերութեան մասին մէկ երկար խօսակցութիւն ունենալու, զաւակիդ հետ այդ նիւթը բաց կարգ մը առիթներով, ինչպէս՝ երբ իրարու հետ էք ինքնաշարժիդ մէջ կամ երբ տան մէջ միասին գործ մը կ’ընէք։ Զաւակիդ օգնելու համար, որ իր մտքին մէջինը քեզի ըսէ, հարցումներ հարցուր։ Օրինակ, փոխանակ ըսելու. «Այսպիսի ծանուցումներ կը սիրե՞ս», կրնաս ըսել. «Քու կարծիքովդ, ծանուցումներ պատրաստողները ինչո՞ւ այսպիսի նկարներ կը գործածեն, որպէսզի իրենց ապրանքները ծախեն»։ Անոր պատասխանը առնելէ ետք, կրնաս հարցնել. «Ասոր մասին, դուն ի՞նչ կը խորհիս» (Աստուածաշունչէն սկզբունք. Բ. Օրինաց 6։6, 7)։

Սեռային յարաբերութեան մասին զաւակիդ սորվեցուր՝ իր տարիքին ներած չափով։ Զաւակդ դպրոցական տարիքի հասնելէ առաջ, իրեն սորվեցուր սեռային անդամներու անունները եւ թէ ինչպէ՛ս կրնայ ինքզինք պաշտպանել մարդոցմէ, որոնք կ’ուզեն սեռային գետնի վրայ իրեն վնաս հասցնել։ Երբ զաւակդ քիչ մը աւելի մեծնայ, կրնաս պարզ կերպով սեռային յարաբերութեան մասին հիմնական բաներ ըսել իրեն։ Երբ ան պատանի ըլլայ, պէտք է արդէն հասկցած ըլլայ, թէ սեռային յարաբերութիւնը ի՛նչ է եւ Աստուած զայն ինչպէ՛ս կը նկատէ։

Պզտիկիդ սորվեցուր, թէ ի՛նչ բան ճիշդ է եւ ի՛նչ բան սխալ է։ Երբ զաւակդ տակաւին շատ պզտիկ է, սկսէ անոր սորվեցնել, որ ճշմարտութիւնը խօսի, ճիշդ բաները ընէ եւ ուրիշները յարգէ։ Այսպէս, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, որ ետքը անոր հետ խօսիս սեռային յարաբերութեան մասին։ Նաեւ, յստակօրէն բացատրէ, թէ ի՛նչ բան ճիշդ եւ ի՛նչ բան սխալ կը նկատես։ Օրինակ, իրեն ըսէ թէ դուն սխալ կը սեպես ամուսնութենէ առաջ սեռային յարաբերութիւն ունենալը։ Եւ բացատրէ, թէ անիկա ինչո՛ւ սխալ եւ վնասակար է։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Աւելի քիչ հաւանական է, որ պատանիները սեռային յարաբերութիւն ունենան, երբ գիտեն որ իրենց ծնողները չեն ուզեր որ իրենք այդ մէկը ընեն» (Beyond the Big Talk

Լաւ օրինակ եղիր։ Գործադրէ ինչ որ զաւակներուդ կը սորվեցնես։ Օրինակ, կը խնդա՞ս երբ մարդիկ բաց կատակներ կ’ընեն, գրգռիչ կերպով կը հագնի՞ս, սիրաբանութիւն կ’ընե՞ս։ Եթէ այսպիսի բաներ կ’ընես, զաւակներդ հաւանաբար քեզի մտիկ չընեն, երբ իրենց կը սորվեցնես սեռային յարաբերութեան մասին (Աստուածաշունչէն սկզբունք. Հռովմայեցիս 2։21)։

Սեռային յարաբերութեան մասին միշտ դրականօրէն խօսէ։ Սեռային յարաբերութիւնը Աստուծոյ կողմէ նուէր է եւ կրնայ շատ ուրախացնել այն մարդն ու կինը, որոնք իրարու հետ կ’ամուսնանան (Առակաց 5։18, 19)։ Զաւակիդ ըսէ, որ երբ ժամանակը գայ եւ ինք ամուսնանայ, կրնայ այդ նուէրը վայելել, մինչդեռ ամուսնութենէն առաջ եղած սեռային յարաբերութիւնը կրնայ շատ խնդիրներ բերել (Ա. Տիմոթէոս 1։18, 19