Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ | ՌԵԲԵԿԱ

«Կ’երթամ»

«Կ’երթամ»

ՌԵԲԵԿԱ կը նայի թէ արեւամուտը ինչպէ՛ս կ’ընդարձակէ իր շուքը խորտուբորտ դաշտերուն վրայ։ Շաբաթներէ ի վեր ճամբորդելէ ետք, ան վերջապէս կը սկսի ընտելանալ ուղտին շարժումներուն, մինչ անոր սապատին վրայ հեծած կ’ընթանայ։ Իր ծննդավայրը՝ Խառանը, իրմէ շա՜տ հեռու է,– հարիւրաւոր քիլոմեթրներ դէպի հիւսիս–արեւելք։ Ան թերեւս անգամ մըն ալ չտեսնէ իր ընտանիքը։ Կասկած չկայ թէ իր ապագային նկատմամբ հազար ու մէկ հարցում կ’անցնի իր մտքէն,– նամանաւանդ որ իր ճամբորդութեան աւարտին կը հասնի։

Ուղտերու կարաւանը Քանանի երկիրը բաւական կտրած է եւ այժմ կ’ոտնակոխէ աւելի խորտուբորտ տարածք մը, Նագեբ անունով շրջանը (Ծննդոց 24։62)։ Ռեբեկան հաւանաբար ոչխարներ կը տեսնէ։ Այստեղ հողը անմշակ ու չոր է, ուստի հողագործութեան տարածք ըլլալու փոխարէն՝ մեծ արօտավայր եղած է արածելու համար։ Սակայն, տարեց կարաւանապետի աչքին, այս վայրը շատ հարազատ է։ Ան անհամբեր կ’ուզէ իր տիրոջը յայտնել այն ուրախ լուրը, թէ Ռեբեկա՛ն Իսահակին կինը պիտի ըլլայ։ Մինչ այդ, Ռեբեկան թերեւս ինքն իրեն հարց կու տայ, թէ ինչպիսի՛ կեանք մը պիտի ունենայ այս երկրին մէջ։ Փեսացուն՝ Իսահակը, ի՞նչ տեսակ մէկն է։ Իրենք բնաւ զիրար չեն տեսած։ Փեսացուն պիտի հաւնի՞ զինք։ Իսկ Ռեբեկա՛ն ի՞նչ պիտի զգայ իրեն հանդէպ։

Ներկայիս, աշխարհի շատ մը շրջաններու մէջ, կարգադրուած ամուսնութիւնը թերեւս տարօրինակ հնչէ։ Մինչ ուրիշ տեղեր, ասիկա սովորական է։ Ենթահողդ ի՛նչ ալ ըլլայ, թերեւս համաձայնիս որ Ռեբեկան անծանօթ աշխարհ մը կ’ուղղուէր։ Իրականութեան մէջ, ան արտակարգ հաւատքի եւ քաջութեան տէր անձ մըն էր։ Այս երկու յատկութիւններուն պէտքը կը զգանք երբ կեանքի մէջ փոփոխութիւններ դիմագրաւենք։ Ռեբեկան հաւատքէն զատ ուրիշ գեղեցիկ եւ հազուագիւտ յատկութիւններ ալ ունէր։

«ՈՒՂՏԵՐՈՒԴ ԱԼ ՋՈՒՐ ՔԱՇԵՄ»

Այն հսկայ փոփոխութիւնը որ Ռեբեկայի կեանքին մէջ եղաւ, ծագեցաւ բանէ մը որ հաւանաբար շատ սովորական կը թուէր իր աչքին։ Ան Միջագետքի Խառան անունով քաղաքին մէջ կամ մօտակայքը մեծցած էր։ Իր ծնողները Խառանի ժողովուրդին մեծամասնութենէն տարբեր էին։ Անոնք չէին պաշտեր լուսնի աստուածը, որուն անունը Սին էր։ Անոնց Աստուածը Եհովան էր (Ծննդոց 24։50

Ռեբեկան մեծցաւ եւ շատ սիրունիկ երիտասարդուհի մը դարձաւ, բայց իր գեղեցկութիւնը միայն դուրսէն չէր, հապա նաեւ՝ ներսէն։ Ան կայտառ եւ բարոյապէս մաքուր աղջիկ մըն էր։ Ճիշդ է որ իր ընտանիքը հարուստ էր եւ իրենց ձեռքին տակ ծառաներ ունէին, սակայն Ռեբեկային ծնողները զինք իշխանուհիի պէս չմեծցուցին, ոչ ալ երես տուին, հապա՝ մէջը աշխատասիրութիւն ցանեցին։ Այդ ժամանակուան շատ մը կիներուն պէս, Ռեբեկան կարգ մը ծանր գործեր կը ստանձնէր, ինչպէս՝ ընտանիքին համար ջուր քաշել։ Օրը չմթնցած, ան իր ուսին վրայ կուժ մը կ’առնէր եւ դէպի ջրաղբիւր կ’երթար (Ծննդոց 24։11, 15, 16

Երեկոյ մը, ան իր կուժը լեցուցած էր, երբ տարեց մարդ մը հապճեպով իր քով եկաւ ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քու սափորէդ ինծի քիչ մը ջուր խմցուր»։ Ի՜նչ համեստ եւ քաղաքավար խնդրանք։ Ռեբեկան անդրադարձաւ որ մարդը երկար ճամբայ կտրած էր, ուստի անմիջապէս իր կուժը ուսէն իջեցուց եւ անոր ո՛չ թէ կում մը տուաւ, հապա՝ բաւարարաչափ պաղ ջուր։ Աղջիկը նկատեց թէ տարեցը ունէր տասը ուղտեր, որոնք մօտակայքը ծնրադրած էին եւ որոնց համար ջրաւազանը տակաւին չէր լեցուած։ Ան նաեւ նկատեց թէ տարեցը բարի աչքերով ուշադրութեամբ զինք կը դիտէր եւ ուզեց կարելի եղածին չափ առատաձեռն գտնուիլ։ Ուստի ըսաւ. «Ուղտերուդ ալ ջուր քաշեմ, մինչեւ ամէնն ալ խմեն» (Ծննդոց 24։17-19

Նկատէ թէ Ռեբեկան չըսաւ որ ջուրէն քիչ մըն ալ ուղտերուն տայ, հապա՝ որ զանոնք խմցնէ միջեւ որ յագենան։ Շատ ծարաւ ուղտ մը կրնայ աւելի քան 95 լիդր ջուր կլլել։ Իսկ եթէ տասը ուղտերն ալ այս աստիճան ծարաւցած էին, ապա Ռեբեկային դիմաց ժամերով գործ կար։ Ըստ երեւոյթին, հաւանական չէ որ ուղտերը չափազանց ծարաւ ըլլային *։ Բայց երիտասարդուհին ասոր տեղեա՞կ էր երբ այդ առաջարկը ըրաւ։ Ո՛չ։ Ան կ’ուզէր, նոյնիսկ կը տենչար, պէտք եղածին չափ ծանր աշխատիլ, որ այս անծանօթ տարեց մարդուն հիւրասիրութիւն ցուցնէր։ Մարդը ընդունեց առաջարկը եւ ուշի–ուշով դիտեց թէ աղջիկը ինչպէ՛ս վազելով կրկին ու կրկին ջրհորէն ջուր կը քաշէր եւ իր կուժը կը պարպէր աւազանին մէջ (Ծննդոց 24։20, 21

Ռեբեկան աշխատասէր եւ հիւրասէր աղջիկ մըն էր

Ռեբեկայի օրինակը շատ աչքառու է մեզի համար։ Ներկայիս կ’ապրինք դարաշրջանի մը մէջ, ուր եսասիրութիւնը գլուխը առած–գացած է։ Ինչպէս որ մարգարէացուած էր, մարդիկ «անձնասէր» եղած են՝ չուզելով ուրիշին համար իրենց հանգիստը խանգարել (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Լաւ կ’ըլլայ որ այս հակումին դէմ պայքարող քրիստոնեաները խոկան Աստուածաշունչի գծած պատկերին վրայ, թէ երիտասարդուհին ինչպէ՛ս վազելով կրկին ու կրկին ջրհորէն ջուր կը քաշէր եւ կուժը աւազանին մէջ կը պարպէր։

Ռեբեկան վստահաբար նկատեց թէ մարդը ուշի–ուշով իրեն կը նայէր։ Կարաւանապետը գէշ նայուածքով չէր նայեր. ան պարզապէս հիացմունքով, զարմանքով եւ ուրախութեամբ լեցուած էր։ Երբ Ռեբեկան վերջապէս իր գործը լմնցուց, մարդը իրեն թանկարժէք գոհարներ նուիրեց եւ ապա հարցուց. «Դուն որո՞ւն աղջիկն ես, կ’աղաչեմ, ըսէ՛ ինծի. քու հօրդ տունը մեզի համար գիշերը կենալու տեղ կա՞յ»։ Երբ երիտասարդուհին իր ընտանիքին մասին պատմեց, մարդուն ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ։ Ռեբեկան թերեւս շատ ոգեւորուած էր, երբ ըսաւ. «Մենք շատ յարդ ու ճարակ ունինք եւ գիշերը կենալու տեղ ալ»։ Ասիկա ընտիր առաջարկ մըն էր, ի մտի ունենալով որ տարեց մարդը ուրիշ ճամբորդակիցներ ալ ունէր։ Անկէ ետք, Ռեբեկան վազելով իրենցմէ յառաջ անցաւ ու գնաց այս անցուդարձը մօրը պատմելու (Ծննդոց 24։22-28, 32

Յստակ է որ Ռեբեկան հիւրասիրութիւն սորված էր իր ծնողներէն։ Ահաւասիկ ուրիշ յատկութիւն, որ ըստ երեւոյթին կ’անհետանայ այսօր,– ինչպէս նաեւ ուրիշ պատճառ մը այս բարեսիրտ աղջկան հաւատքը ընդօրինակելու։ Ան որ Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունի, պէտք է մղուի հիւրասէր գտնուելու։ Եհովան հիւրասէր Աստուած է, քանի որ բոլորին առատապէս կու տայ, եւ կ’ուզէ որ իր երկրպագուները իրմէ օրինակ առնեն։ Ան շատ ուրախ կ’ըլլայ, երբ հիւրասէր գտնուինք նոյնիսկ անոնց, որոնք թերեւս բնաւ մեզի չփոխադարձեն (Մատթէոս 5։44-46. Ա. Պետրոս 4։9

«ԻՄ ՈՐԴԻԻՍ ԿԻՆ ԲԵՐԵՍ»

Ջրհորին քով նստած տարեցը ո՞վ էր։ Ան Աբրահամին՝ Ռեբեկայի մեծ–հօր եղբօրը կը ծառայէր։ Հետեւաբար, Ռեբեկայի հայրը՝ Բաթուէլ, իրեն բարի գալուստ մաղթեց իր տունը։ Այս տարեց ծառային անունը հաւանական է որ Եղիազար ըլլայ *։ Հիւրընկալները իրեն առջեւ կերակուր դրին, բայց ան չկերաւ մինչեւ որ ըսէ թէ ինչո՛ւ եկած է (Ծննդոց 24։31-33)։ Կրնանք երեւակայել թէ ի՜նչ խանդավառութեամբ կը խօսէր, քանի որ դեռ նոր տեսած էր համոզիչ փաստ մը, թէ իր Եհովա Աստուածը զինք կ’օրհնէր այս կարեւոր յանձնարարութեան մէջ։ Ինչպէ՞ս։

Պատկերացուր թէ Եղիազար ինչպէ՛ս կը պատմէ իր պատմութիւնը, մինչ Ռեբեկայի հայրը՝ Բաթուէլ եւ եղբայր՝ Լաբան ուշի–ուշով մտիկ կ’ընեն։ Եղիազար իրենց ըսաւ թէ Եհովան մեծապէս օրհնած էր Աբրահամը Քանանի մէջ եւ թէ Աբրահամ ու Սառա որդի մը ունեցած էին Իսահակ անունով, որ իրենց ամբողջ ունեցուածքը պիտի ժառանգէր։ Աբրահամ այս տարեց ծառային շատ կարեւոր պաշտօն մը տուած էր. ան Իսահակին համար Խառանին մէջ կին մը պիտի փնտռէր Աբրահամի ազգականներէն (Ծննդոց 24։34-38

Աբրահամ Եղիազարին երդում ընել տուաւ, որ Իսահակին համար քանանացի կին մը չընտրէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ քանանացիները ո՛չ կը յարգէին, ոչ ալ կը պաշտէին Եհովա Աստուածը։ Աբրահամ գիտէր թէ Եհովան մտադրած էր յարմար ժամանակին պատժել այդ ժողովուրդը իրենց չար գործերուն համար։ Ան չէր ուզեր որ իր սիրելի տղան՝ Իսահակը, այդ ժողովուրդին հետ ընկերակցէր եւ անոնց անբարոյ վարքէն ազդուէր։ Աբրահամ նաեւ գիտէր, թէ իր տղան որքա՜ն կարեւոր դեր մը ունէր Աստուծոյ խոստումները կատարուելուն մէջ (Ծննդոց 15։16. 17։19. 24։2-4

Եղիազար իր հիւրընկալներուն նաեւ պատմեց, թէ երբ Խառանին մօտ գտնուող ջրհորին քով հասաւ, աղօթքով խնդրեց որ Եհովան կին մը զատէր Իսահակին համար։ Ինչպէ՞ս։ Ան Աստուծմէ խնդրեց որ Իր զատած կինը անպայման ջրհորին մօտենայ եւ երբ իրմէ ջուր խնդրուի՝ սիրայօժար կերպով տայ թէ՛ Եղիազարին եւ թէ անոր ուղտերուն (Ծննդոց 24։12-14)։ Եւ ո՞վ էր որ ջրհորին քով եկաւ եւ ճիշդ այս մէկը ըրաւ։ Ռեբեկա՛ն։ Երեւակայէ թէ Ռեբեկան ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, եթէ պատահմամբ լսեց Եղիազարին պատմածը։

Եղիազարի պատմութիւնը տպաւորեց Բաթուէլն ու Լաբանը, քանի որ ըսին. «Այս բանը Տէրոջմէն է»։ Անոնք իրենց սովորութեանը համեմատ ամուսնական ուխտով մը կնքեցին խօսակցութիւնը, Ռեբեկան Իսահակին հետ նշանելով (Ծննդոց 24։50-54)։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Ռեբեկան առիթ չունեցաւ իր կարծիքը տալու։

Եղիազար ասկէ շաբաթներ առաջ՝ միեւնոյն հարցը ուղղած էր Աբրահամին, ըսելով. «Գուցէ կինը իմ ետեւէս չգայ»։ Իսկ Աբրահամ պատասխանած էր. «Այն ատեն իմ երդումէս անպարտ պիտի ըլլաս» (Ծննդոց 24։39, 41)։ Բաթուէլի տան անդամներն ալ կարեւորութիւն կու տային Ռեբեկայի նախընտրութեան։ Եղիազար իր յանձնարարութեան յաջողութենէն ա՛յնքան ոգեւորուած էր, որ յաջորդ առաւօտ հարցուց եթէ կրնար Ռեբեկային հետ անմիջապէս Քանան վերադառնալ։ Սակայն Բաթուէլի ընտանիքը ուզեց որ Ռեբեկան գոնէ տասը օր իրենց քով մնայ։ Վերջաւորութեան, անոնք հարցը լուծելու հետեւեալ միջոցը գտան, ըսելով. «Աղջիկը կանչենք ու անոր բերանը փնտռենք» (Ծննդոց 24։57

Ահաւասիկ ե՛ւս մէկ հսկայ որոշում Ռեբեկայի կեանքին մէջ։ Ան ի՞նչ պիտի ըսէր։ Արդեօք իր հօրմէն եւ եղբօրմէն պիտի աղաչէ՞ր որ օտար երկիր ճամբորդելուն հետ համաձայն չըլլան, այնպէս մը խօսելով որ անոնց գութը շարժի, թէ ոչ առանձնաշնորհում պիտի սեպէր Եհովայի ուղղած դէպքերուն մէջ բաժին բերել։ Իր պատասխանը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ կը զգար իր կեանքի այս անսպասելի եւ թերեւս մտահոգիչ փոփոխութեան նկատմամբ։ Ան պարզապէս ըսաւ. «Կ’երթամ» (Ծննդոց 24։58

Ի՜նչ արտասովոր ոգի։ Ներկայիս, թերեւս ամուսնական աւանդութիւնները բաւական տարբեր են, սակայն տակաւին շատ բաներ կրնանք սորվիլ Ռեբեկայէն։ Իրեն համար կարեւորագոյն հարցը ոչ թէ ի՛ր նախընտրութիւնն էր, հապա՝ Եհովա Աստուծոյ։ Երբ խօսքը կը վերաբերի ամուսնութեան, լաւագոյն առաջնորդութիւնը տակաւին կրնանք գտնել Աստուծոյ Խօսքէն,– թէ ինչպիսի՛ կողակից ընտրել եւ ինչպէ՛ս ընտիր ամուսին կամ կին ըլլալ (Բ. Կորնթացիս 6։14, 15. Եփեսացիս 5։28-33)։ Լաւ կ’ըլլայ որ Ռեբեկայէն օրինակ առնենք եւ Աստուծոյ ուզածը ընենք։

«ԱՅԴ ՄԱՐԴԸ Ո՞Վ Է»

Բաթուէլի ընտանիքի անդամները օրհնեցին իրենց սիրելի Ռեբեկան։ Ետքը, ան, իր դայեակը՝ Դեբօրան, եւ քանի մը աղախիններ, Եղիազարին եւ անոր մարդոց հետ ճամբայ ելան (Ծննդոց 24։59-61. 35։8)։ Շատ չանցած, անոնք Խառանէն բաւակա՜ն հեռացած էին։ Ճամբան շատ երկար էր,– մօտ 800 քիլոմեթր։ Ճամբորդութիւնը թերեւս երեք շաբաթ առաւ եւ հաւանաբար հանգստաւէտ ալ չէր։ Ռեբեկան իր կեանքին մէջ հազար ու մէկ ուղտ տեսած էր, բայց չենք կրնար ենթադրել, թէ ան վարժուած էր ուղտ հեծնալ։ Աստուածաշունչին համեմատ, իր ընտանիքի անդամները հովիւներ էին, եւ ոչ թէ վաճառականներ՝ որոնք ուղտերու կարաւաններ կը վարէին (Ծննդոց 29։10)։ Սկսնակ ուղտաւորները յաճախ կը գանգատին անհանգստութենէն,– նոյնիսկ կարճ ճամբայ մը հեծնալէ ետք։

Ամէն պարագայի, Ռեբեկան առջեւ նայեցաւ եւ անկասկած ջանաց Եղիազարէն կրցածին չափ տեղեկութիւն առնել Իսահակին եւ անոր ընտանիքին մասին։ Պատկերացուր թէ տարեց մարդը երեկոյեան խարոյկի մը քով նստած՝ Ռեբեկային կը պատմէ թէ Եհովան Իր բարեկամին՝ Աբրահամին, ի՛նչ խոստում մը տուած է։ Աստուած Աբրահամի սերունդէն զաւակ մը պիտի հանէր, որ օրհնութիւններ պիտի բերէր ամբողջ մարդկութեան։ Պահ մը մտածէ թէ Ռեբեկայի սիրտը որքան երկիւղով լեցուեցաւ, երբ անդրադարձաւ թէ Եհովայի խոստումը պիտի իրականանար փեսացուին՝ Իսահակին միջոցով, եւ հետեւաբար՝ իր միջոցով (Ծննդոց 22։15-18

Ռեբեկան բացառիկ եւ անգին խոնարհութիւն ցոյց տուաւ

Ի վերջոյ, հասաւ այն օրը, որուն մասին խօսեցանք այս յօդուածին սկիզբը։ Մինչ կարաւանը Նագեբի շրջանէն կ’անցնէր, Ռեբեկան մթնշաղին տեսաւ երիտասարդ մը, որ դաշտին մէջ քալելով կը մտածէր կամ կը խոկար։ Ան իսկոյն «ուղտէն վար իջաւ»,– թերեւս չսպասելով որ ուղտը ծնրադրէ,– եւ կարաւանապետին հարցուց. «Դաշտին մէջ դէպի մեզ եկող այդ մարդը ո՞վ է»։ Գիտնալուն պէս որ ան Իսահակն է, Ռեբեկան իր քօղը առաւ ու ծածկուեցաւ (Ծննդոց 24։62-65)։ Ինչո՞ւ։ Ակներեւաբար, որպէսզի իր ապագայ ամուսինին հանդէպ իր յարգանքը ցուցնէր։ Ներկայիս, թերեւս ոմանք ըսեն թէ ասիկա յետամնաց վարուելակերպ է։ Բայց իրականութեան մէջ, թէ՛ տղամարդիկ եւ թէ կիներ կրնան դաս մը քաղել Ռեբեկայի խոնարհութենէն։ Չէ՞ որ բոլորս պէտք ունինք այս թանկագին յատկութեան։

Իսահակ, որ գրեթէ 40 տարեկան էր, տակաւին կը սգար իր մօր՝ Սառայի վրայ, որ գրեթէ երեք տարի առաջ մահացած էր։ Հոսկէ կրնանք հասկնալ, թէ Իսահակը ջերմ եւ քնքուշ զգացումներու տէր անձ մըն էր։ Այսպիսի տղամարդու մը համար ի՜նչ մեծ օրհնութիւն էր ունենալ աշխատասէր, հիւրասէր եւ խոնարհ կին մը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Իսահակ «սիրեց զանիկա» (Ծննդոց 24։67. 26։8

Մեզի համար ալ դիւրին է Ռեբեկան սիրել, մենք որ իրենցմէ մօտ 39 դար ետք կ’ապրինք։ Որքա՜ն կը տպաւորուինք իր քաջ, աշխատասէր, հիւրասէր եւ խոնարհ կեցուածքով։ Լաւ կ’ըլլայ որ բոլորս,– երիտասարդ թէ տարեց, այր թէ կին, ամուսնացած թէ ամուրի,– ընդօրինակենք իր հաւատքը։

^ պարբ. 10 Արդէն երեկոյ էր։ Արձանագրութիւնը տեղ մը չի հասկցներ թէ Ռեբեկան ժամերով ջրհորին քով մնաց։ Ակնարկութիւն մը չկայ, թէ իր ընտանիքը քունի անցած էր երբ տուն վերադարձաւ կամ թէ իր հօրը տունէն մէկը մտահոգուելով իր քովը եկաւ։

^ պարբ. 15 Այս պատմութեան մէջ Եղիազարին անունը նշուած չէ, բայց շատ հաւանաբար ինքն էր այդ ծառան։ Ատեն մը, Աբրահամ մտադրած էր իր ամբողջ ունեցուածքը Եղիազարին ժառանգ ձգել, եթէ անզաւակ մնար։ Ուստի կասկած չկայ թէ Եղիազար ամէնէն մեծ եւ վստահելի անձն էր Աբրահամի ծառաներուն մէջ։ Եւ այս արձանագրութեան մէջի ծառան այդ կերպով նկարագրուած է (Ծննդոց 15։2. 24։2-4