Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ | ՅՈՎՍԷՓ

«Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ»

«Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ»

ՅՈՎՍԷՓ թանձր եւ տաք օդը շնչելով, լուտասի եւ ուրիշ ջրաբոյսերու ծաղիկներուն հոտը կ’առնէ։ Ան կ’առաջնորդուի առեւտրական կարաւանով մը, որ Նեղոսի ընդարձակ տելթային դաշտավայրերէն կ’անցնի։ Մտապատկերէ շարք մը տղամարդիկ, որոնք իրենց ուղտերով ջրանցքի մը կը հետեւին՝ եգիպտական ուրիշ քաղաք մը հասնելու համար,– մերթ ընդ մերթ պատճառելով որ ձկնկուլ մը կամ քաջահաւ մը ցնցուելով թռչի։ Յովսէփ դարձեալ կը մտածէ իրմէ հարիւրաւոր քիլոմեթրներ հեռու մնացած իր տան մասին, որ Քեբրոնի հողմակոծ լեռնային շրջանին մէջ է. այժմ ինք տարբեր աշխարհ կը դիմագրաւէ։

Փորձէ լսել արմաւենիներու եւ թզենիներու վրայ մագլցած կապիկներուն պապաչիւնը։ Յովսէփին համար, շրջապատի մարդոց խօսակցութիւնը այդ ձայներուն պէս անհասկնալի է։ Ան թերեւս կը փորձէ սորվիլ որեւէ բառ կամ արտայայտութիւն որ կը լսէ։ Ան կը գիտակցի որ իր ընտանիքը անգամ մը եւս պիտի չտեսնէ։

Յովսէփ տակաւին 17 կամ 18 տարեկան է. բայց ան այնպիսի դժուարութիւններէ անցաւ, որոնք շատ մը չափահաս տղամարդոց վախ կը պատճառեն։ Իր եղբայրները նախանձով լեցուած էին, քանի որ Յակոբ ամէնէն շատ զինք կը սիրէր։ Անոնք քիչ մնաց որ Յովսէփը սպաննէին. բայց փոխարէն զինք այս վաճառականներուն ծախեցին (Ծննդոց 37։2, 5, 18-28)։ Այժմ, շաբաթներ ճամբորդելէ ետք, վաճառականներուն մտահոգութիւնը կը նուազի մինչ կը մօտենան այն մեծ քաղաքին, ուր մտադրած են Յովսէփը ե՛ւ իրենց թանկարժէք ապրանքները ծախելով մեծ շահ ապահովել։ Յովսէփ ի՞նչ կ’ընէ որպէսզի թոյլ չտայ յուսահատութեան, որ իր սրտին մէջ արմատ կապէ եւ զինք հոգեխռով դարձնէ։ Եւ ներկայիս ի՞նչ կրնանք ընել, որ կեանքի դժուարութիւններն ու խնդիրները մեր հաւատքը չբեկանեն։ Յովսէփէն շատ բան կրնանք սորվիլ։

«ՏԷՐԸ ՅՈՎՍԷՓԻՆ ՀԵՏ ԷՐ»

«Յովսէփը Եգիպտոս իջեցուցին եւ Փարաւոնին ներքինին՝ Եգիպտացի Պետափրէս դահճապետը ծախու առաւ զանիկա Իսմայելացիներուն ձեռքէն, որոնք զանիկա հոն իջեցուցին» (Ծննդոց 39։1)։ Այս քանի մը բառերով, Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ երեւակայելու պատանիի մը քաշած նուաստացումը, երբ անգամ մը եւս կը ծախուի։ Ան պարզապէս ստացուա՛ծք մըն էր։ Երեւակայենք թէ ան ինչպէ՛ս իր նոր տիրոջ՝ եգիպտական պալատականին ետեւէն քալելով, պազարներով լի աղմկոտ փողոցներէ անցաւ դէպի իր նոր տունը։

Բայց ի՜նչ տուն։ Անիկա Յովսէփին տուն կոչած բաներէն բոլորովին տարբեր էր։ Ան մեծցած էր վրանաբնակ ընտանիքի մը մէջ, որ յաճախ կը փոխադրուէր եւ հօտերը կ’արածէր։ Իսկ հոս, Պետափրէսի նման հարուստ եգիպտացիներու տուները շքեղ եւ գունագեղ էին։ Հնագէտներ կը տեղեկագրեն, թէ վաղեմի եգիպտացիները կը սիրէին փարթամ, ստուերախիտ ծառերով պատնիշափակ պարտէզները եւ մարմանդ աւազանները, ուր կրնային աճեցնել պապիրոս, լուտաս եւ այլ ջրաբոյսեր։ Կարգ մը տուներ առանձնացած էին պարտէզներու մէջ, զեփիւռը վայելելու նախասրահներով, օդափոխութեան համար կառուցուած բարձր պատուհաններով եւ բազմաթիւ սենեակներով, ներառեալ՝ խոշոր ճաշասենեակ մը եւ ծառաներու ննջասենեակներ։

Յովսէփ այս ճոխութիւնը տեսնելով չափէ դուրս տպաւորուեցա՞ւ։ Շատ հաւանաբար ո՛չ։ Ամէն բանէ աւելի, ան խորապէս մինակ զգաց։ Եգիպտացիներուն լեզուն, հագուելակերպը, յարդարանքը եւ մա՛նաւանդ կրօնքը, Յովսէփին համար օտար էին։ Անոնք բազմատեսակ չաստուածներ կը պաշտէին, խորհրդապաշտական եւ կախարդական սովորութիւններ ունէին եւ մահուան ու անդէնականի նկատմամբ հիւանդագին հետաքրքրութիւն ունէին։ Բայց բան մը Յովսէփին օգնեց, որ առանձնութեան զգացումով չջախջախուի։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Տէրը Յովսէփին հետ էր» (Ծննդոց 39։2)։ Յովսէփ վստահաբար իր սիրտը Եհովայի առջեւ թափեց։ Սուրբ Գիրքը կը նշէ, թէ «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն» (Սաղմոս 145։18)։ Յովսէփ ուրիշ ի՞նչ կերպով իր Աստուծոյն մօտեցաւ։

Պատանի Յովսէփ մերժեց յուսահատութեան տեղի տալ եւ իր աշխատանքին մէջ իր լաւագո՛յնը ըրաւ։ Այսպիսով, ան Եհովային բազմաթիւ պատճառներ տուաւ որ զինք օրհնէ. եւ շուտով իր նոր տիրոջ աչքը մտաւ։ Պետափրէս նկատեց թէ իր պատանի ծառան կ’օրհնուէր Եհովայի կողմէ,– Յովսէփի ընտանիքին Աստուածը. եւ այսպիսի օրհնութիւններ անկասկած եգիպտացիին տունը ուռճացուցին։ Յովսէփ հետզհետէ մեծցաւ իր տիրոջ աչքին, մինչեւ որ ամէն բան իրեն յանձնեց (Ծննդոց 39։3-6

Յովսէփ կարեւոր օրինակ մը կը հանդիսանայ՝ ներկայիս Աստուծոյ ծառայող պատանիներուն։ Օրինակ, թերեւս անոնք դպրոցի միջավայրը տարօրինակ եւ օտար տեսնեն, աշխարհ մը՝ որ խորհրդապաշտութեամբ հիացած է եւ կեանքի նկատմամբ մռայլ ու անյոյս հայեցակէտ ունի։ Եթէ դուն այդպիսի կացութեան մէջ ես, յիշէ որ Եհովան չէ փոխուած (Յակոբոս 1։17)։ Ան տակաւին անոնց հետ է, որոնք իրեն հաւատարիմ կը մնան եւ կը ջանան կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ ժրաջան ըլլալով զինք հաճեցնել։ Եհովան զանոնք առատապէս կ’օրհնէ. քեզ ալ պիտի օրհնէ։

Մինչ այդ, արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ Յովսէփ չափահաս կը դառնար։ Պատանին երիտասարդ եղաւ, եւ «գեղեցիկ էր դէմքով ու գեղեցիկ՝ տեսքով»։ Այս խօսքերէն կը հասկնանք, որ վտանգներ կը սպասէին իրեն, որովհետեւ ֆիզիքական գեղեցկութիւնը յաճախ անփափաքելի եւ անպատշաճ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ։

Պետափրէսին կինը երիտասարդ Յովսէփին վրայ աչք տնկեց

«ՄՏԻԿ ՉԷՐ ԸՆԵՐ ԱՆՈՐ»

Յովսէփ հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէր, բայց Պետափրէսին կինը՝ ոչ։ Կը կարդանք. «Անոր տիրոջը կինը աչք տնկեց Յովսէփին վրայ ու ըսաւ. ‘Պառկէ՛ ինծի հետ’» (Ծննդոց 39։7)։ Յովսէփին համար, այս հեթանոս կնոջ լիրբ առաջարկին տեղի տալը փորձութի՞ւն էր։ Աստուածաշունչը մեզի չ’ըսեր թէ ան երիտասարդ տղամարդոց ցանկութիւններէն կամ կիրքերէն զերծ էր, ոչ ալ կը նշէ թէ հարուստ եւ հեղինակաւոր պալատականին այս շփացած կինը տեսքով ցանկալի չէր։ Արդեօք Յովսէփ պատճառաբանե՞ց թէ իր տէրը բնաւ պիտի չգիտնար։ Արդեօք ան մտածե՞ց այն նիւթական օգուտներուն մասին, որոնք կրնար ձեռք բերել եթէ այդ անբարոյ յարաբերութեան միջամուխ ըլլար։

Իրականութեան մէջ, չենք կրնար գիտնալ այն բոլո՜ր բաները՝ որոնք Յովսէփին մտքէն անցան. բայց կրնանք իր սրտին մէջինը զատորոշել իր տուած այս պատասխանէն. «Ահա իմ տէրս տանը մէջ իմ քովս ինչ որ կայ՝ չի գիտեր եւ իր բոլոր ունեցածը իմ ձեռքս յանձնեց. այս տանը մէջ ինձմէ մեծը չկայ ու բա՛ն մը ինձմէ չարգիլեց՝ քեզմէ զատ, վասն զի դուն անոր կինն ես. ուրեմն ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ» (Ծննդոց 39։8, 9)։ Պահ մը երեւակայէ թէ ան ինչպէս ամենայն լրջութեամբ արտայայտուեցաւ։ Կնոջ այս առաջարկը գործադրելու գաղափա՛րն իսկ կը վիրաւորէր զինք։ Ինչո՞ւ։

Ինչպէս որ Յովսէփ ըսաւ, իր տէրը կը վստահէ՛ր իրեն։ Պետափրէս իր ամբողջ տունը յանձնած էր անոր, բան մը չխնայելով՝ իր կնոջմէն զատ։ Յովսէփ ի՞նչ երեսով կրնար այդպիսի վստահութիւն քանդել։ Դաւաճանելու գաղափարը իրեն համար գարշելի էր։ Սակայն, իր Աստուծոյն՝ Եհովային դէմ մեղանչելու գաղափարը աւելի՛ զօրաւոր դրդապատճառ մըն էր այդ արարքը մերժելու։ Ան իր ծնողքէն շատ բան սորված էր ամուսնութեան եւ հաւատարմութեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտին մասին։ Եհովան առաջին ամուսնութիւնը կատարեց եւ ամուսնութեան շուրջ իր տեսակէտը յայտնեց։ Այրն ու կինը պէտք է իրարու յարին՝ «մէկ մարմին» ըլլալով (Ծննդոց 2։24)։ Անոնք որոնք փորձեցին այդ միաւորումը քանդել, Աստուծոյ բարկութիւնը դիմագրաւեցին։ Օրինակ՝ աղէտի առջեւ գտնուեցան այն տղամարդիկը, որոնք պղծելու վրայ էին Աբրահամին կինը՝ Յովսէփին մեծ–հօր մայրը, եւ Իսահակին կինը՝ Յովսէփին մեծ մայրը (Ծննդոց 20։1-3. 26։7-11)։ Յովսէփ այդ դասը աղէկ սորված էր եւ մտադրած էր զայն կիրարկել իր կեանքին մէջ։

Պետափրէսին կինը իր լսածը չհաւնեցաւ։ Երեւակայէ. ստրո՛ւկ մը զինք կը մերժէր, իր առաջարկը «մեծ չարութիւն» կոչելով։ Ասով հանդերձ, կինը շարունակեց նոյն բանը առաջարկել։ Յովսէփին պատասխանը թերեւս իր ինքնահաւանութեան ու հպարտութեան դպաւ, զինք մղելով որ վճռէ Յովսէփին ո՛չը այոյի վերածել։ Արդ, կինը դրսեւորեց Յիսուսը փորձող Սատանային նոյն հոգին։ Սատանան ալ չյաջողեցաւ, եւ ձեռնթափ ըլլալու տեղ, «ուրիշ յարմար ժամանակ մը» փնտռեց (Ղուկաս 4։13, ՆԱ)։ Ուստի հաւատարիմ մարդիկը պէտք է վճռակամ եւ հաստատ մնան։ Եւ Յովսէփ ճիշդ այս մէկը ըրաւ։ Թէեւ նոյն փորձութիւնը «օրէ օր» կը կրկնուէր, բայց Յովսէփ բնաւ տեղի չտուաւ։ Կը կարդանք. «Անիկա մտիկ չէր ըներ անոր՝ որ հետը պառկի կամ հետը ըլլայ» (Ծննդոց 39։10)։ Սակայն Պետափրէսին կինը վճռած էր զինք հրապուրել։

Կինը ընտրեց ժամանակ մը, երբ բոլոր ծառաները տունէն դուրս էին։ Ան գիտէր թէ Յովսէփ աշխատելու համար ներս պէտք էր մտնէր։ Երբ ան մտաւ, կինը իր թակարդը լարեց։ Երիտասարդին հանդերձէն բռնելով, ան վերջին անգամ ըլլալով աղաչեց. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։ Յովսէփ անմիջապէս փորձեց ետեւ երթալով կնոջմէն անջատուիլ, բայց ան իր հանդերձը ամուր բռնած մնաց։ Ուստի որոշ դարձուածքով ան կրցաւ ինքզինք ազատել. հանդերձը կնոջ ձեռքը թողուց ու փախա՛ւ (Ծննդոց 39։11, 12

Այս դէպքը թերեւս մեզի կը յիշեցնէ Պօղոս առաքեալին այս ներշնչեալ խրատը. «Պոռնկութենէն փախէք» (Ա. Կորնթացիս 6։18)։ Յովսէփ ի՜նչ մեծ օրինակ մըն է բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար։ Մեր կեանքին մէջ թերեւս ստիպուինք Աստուծոյ բարոյական օրէնքները չյարգող մարդոց մօտիկ ըլլալ, սակայն ասիկա չի նշանակեր թէ պէտք է սխալ ազդեցութիւններու տեղի տանք։ Հետեւանքները ի՛նչ որ ալ ըլլան, պէտք է փախչինք։

Յովսէփին փախուստը սուղի նստաւ։ Պետափրէսին կինը ուզեց վրէժ առնել։ Ան անմիջապէս պոռչտալով՝ միւս ծառաները ներս կանչեց, եւ ըսաւ թէ Յովսէփ փորձեց զինք բռնաբարել, ապա կծիկը տուաւ երբ ինք սկսաւ ճչալ։ Յովսէփը ամբաստանելու համար, կինը անոր հանդերձը պահեց մինչեւ որ Պետափրէս վերադառնայ։ Երբ ամուսինը տուն մտաւ, կինը նոյն սուտը կրկնեց եւ հասկցուց թէ իր ամուսինը յանցաւոր էր, քանի որ այս օտարականը իրենց տունը բերած էր։ Պետափրէս ինչպէ՞ս հակազդեց։ Կը կարդանք. «Իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ»։ Ան Յովսէփը առաւ ու բանտը դրաւ (Ծննդոց 39։13-20

«ԱՆՈՐ ՈՏՔԵՐԸ ԿԱՊԱՆՔՈՎ ՆԵՂԵՑԻՆ»

Չնչին տեղեկութիւն ունինք այդ օրերուն եգիպտական բանտերուն մասին։ Հնագէտներ գտած են այդպիսի վայրերու աւերակներ,– հսկայ բերդանման կառոյցներ, խցիկներով եւ զնդաններով։ Յետագային, Յովսէփ իր տեղը նկարագրեց՝ գործածելով բառ մը, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «գուբ», ինչ որ ցոյց կու տայ թէ բանտը խաւար եւ անյոյս վայր մըն էր (Ծննդոց 40։15)։ Սաղմոսներու գիրքը կը նշէ, թէ Յովսէփ յաւելեալ տանջանքի ենթարկուեցաւ, ըսելով. «Անոր ոտքերը կապանքով նեղեցին, անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ» (Սաղմոս 105։17, 18)։ Եգիպտացիները երբեմն կապանքներով բանտարկեալին արմուկները իր ետեւէն կը կապէին, իսկ ոմանց վզին երկաթէ մանեակ կը դնէին։ Այս գէշ վերաբերմունքը որքա՜ն տանջած ըլլալու էր անմեղ Յովսէփը։

Այս տառապանքը քանի մը օրուան հարց չէր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Յովսէփ «բանտին մէջ մնաց»։ Ան այս սոսկալի վայրին մէջ տարինե՜ր անցուց *, եւ չէր գիտեր թէ օրին մէկը ազատ պիտի արձակուէր կամ ոչ։ Մինչ առաջին ցնցիչ օրերը շաբաթներու վերածուեցան, ապա՝ ամիսներու, Յովսէփ ինչպէ՞ս յուսահատութեան եւ վհատութեան տեղի չտուաւ։

Արձանագրութիւնը մեզի այս քաջալերական պատասխանը կու տայ. «Տէրը Յովսէփին հետ էր ու ողորմութիւն ցուցուց անոր» (Ծննդոց 39։21)։ Ո՛չ բանտին պատերը, ո՛չ կապանքները եւ ոչ ալ խաւար զնդանները կրնան զատել Եհովայի ծառաները իր հաւատարիմ սէրէն (Հռովմայեցիս 8։38, 39)։ Կրնանք երեւակայել թէ Յովսէփ ինչպէ՛ս իր վշտահար սիրտը աղօթքով կը պարպէր իր սիրելի երկնաւոր Հօրը, եւ ապա կը ստանար այն խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը, որ միայն «ամէն մխիթարութեան Աստուածը» կրնայ հայթաթել (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4. Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Եհովան ուրիշ ի՞նչ ըրաւ Յովսէփին համար։ Կը կարդանք թէ «բանտապետին առջեւ շնորհք գտնել տուաւ» անոր։

Բանտարկեալներուն ակներեւաբար գործ կը տրուէր, եւ Յովսէփ անգամ մը եւս Եհովային պատճառ մը տուաւ, որ զինք օրհնէ։ Ան ծանր աշխատեցաւ, իր ստացած բոլոր պարտականութիւնները լաւագոյն կերպով կատարելով եւ մնացածը Եհովային յանձնելով։ Աստուծոյ օրհնութեամբ, Յովսէփ վստահութեան եւ յարգանքի արժանացաւ, ինչպէս որ էր պարագան Պետափրէսի տան մէջ։ Կը կարդանք. «Բանտապետը Յովսէփին ձեռքը յանձնեց բանտին մէջ եղած բոլոր բանտարկեալները։ Հոն ամէն գործ տեսնողը ան էր։ Բանտապետը անոր ձեռքը եղած մէ՛կ բանին չէր նայեր. վասն զի Տէրը անոր հետ էր եւ անոր բոլոր ըրածները Տէրը կը յաջողցնէր» (Ծննդոց 39։22, 23)։ Յովսէփ որքա՜ն մխիթարուեցաւ, տեսնելով թէ Եհովա Աստուած իրեն հոգ կը տանէր։

Յովսէփ բանտին մէջ ժրաջանօրէն աշխատեցաւ, եւ Եհովան զինք օրհնեց

Թերեւս կարգ մը ջախջախիչ վերիվայրումներ ունենանք, նոյնիսկ կարգ մը դաժան անարդարութիւններու զոհը երթանք, սակայն կրնանք Յովսէփին հաւատքէն դասեր քաղել։ Եթէ շարունակենք աղօթքով Եհովային մօտիկ մնալ, հաւատարմաբար իր պատուէրները պահել եւ ծանր աշխատիլ իր աչքին ճիշդ եղածը ընելու, այն ատեն ան մեզ ալ պիտի օրհնէ։ Ինչ կը վերաբերի Յովսէփին, Եհովան շա՛տ աւելի օրհնութիւններ պիտի թափէր իր վրան, ինչպէս որ պիտի տեսնենք գալիք յօդուածներու մէջ։

^ պարբ. 23 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Յովսէփ շուրջ 17 կամ 18 տարեկան էր, երբ Պետափրէսին տունը մտաւ, եւ թէ բաւական ատեն՝ թերեւս քանի մը տարի՝ հոն մնաց։ Ան 30 տարեկան էր, երբ բանտէն դուրս ելաւ (Ծննդոց 37։2. 39։6. 41։46