Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

3 Խնդիրներուն դիմանալ

3 Խնդիրներուն դիմանալ

Կան խնդիրներ, որոնցմէ չենք կրնար հեռու մնալ եւ չեն լուծուիր։ Օրինակ, եթէ սիրելի մը կորսնցուցած ես կամ եթէ երկարատեւ հիւանդութիւն մը ունիս, թերեւս ցաւիդ դիմանալէն զատ ուրիշ ճար մը չունիս։ Սուրբ Գիրքը կրնա՞յ օգնել այսպիսի նեղ պարագաներու մէջ։

ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ

Ռոզ կ’ըսէ. «Ի ծնէ առողջապահական խնդիր մը ունիմ, որ յարատեւաբար անտանելի ցաւ կու տայ ինծի։ Առօրեայ կեանքս երթալէն ետեւ գացած է»։ Իր ամէնէն մեծ մտահոգութիւններէն մէկը այն էր, որ ատեններ կեդրոնացում չէր ունենար Սուրբ Գիրքը սերտելու ատեն կամ երբ ուրիշ հոգեւոր բաներ ընէր։ Բայց Մատթէոս 19։26–ին մէջ գրուած Յիսուսին խօսքը շատ օգնեց իրեն. «Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է»։ Ռոզ սորվեցաւ որ տարբեր կերպերով կրնայ սերտել։ Ան սկսաւ Սուրբ Գիրքին եւ ուրիշ աստուածաշնչական հրատարակութիւններու ձայնագրութիւնները մտիկ ընել, քանի որ ատեններ ցաւը գրեթէ անկարելի կը դարձնէր կարդալը *։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ այս ձեւը չըլլար, չեմ գիտեր ինչպէ՛ս պիտի կարենայի հոգեւորութիւնս պահպանել»։

Երբ Ռոզ նեղուի թէ չի կրնար առաջուան ըրածները ընել, Բ. Կորնթացիս 8։12–ին խօսքը կը մխիթարէ զինք. «Եթէ առաջ յօժարութիւնը ըլլայ՝ տալը ունեցածին չափովը ընդունելի է ու ոչ թէ չունեցածին չափովը»։ Այս խօսքը Ռոզին կը յիշեցնէ, որ Աստուած գոհ է իր ըրածներով, քանի որ իր կարողութեան չափով իր ամէ՛ն կարելին կ’ընէ։

ՍԻՐԵԼԻԻ ՄԸ ՄԱՀԸ

Նախապէս նշուած Տելֆին կը պատմէ. «Երբ 18 տարեկան աղջիկս մեռաւ, ցաւս այնքա՛ն մեծ էր որ չէի հաւատար որ պիտի կարենամ շարունակել ապրիլ։ Բա՛ն մը առաջուան պէս պիտի չըլլար»։ Սակայն ան շատ մխիթարուեցաւ Սաղմոս 94։19–ին խօսքով, ուր գրողը Աստուծոյ ըսաւ. «Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին»։ Ան կ’ըսէ. «Եհովայէն խնդրեցի որ ինծի ցուցնէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ որ ցաւս թեթեւնայ»։

Ան օգտակար եղող կամաւոր գործեր ընելով իր ժամանակը լեցուց։ Ժամանակի ընթացքին, ան ինքզինք նմանցուց պզտիկներուն կաւիճին, քանի որ նոյնիսկ կոտրուած կաւիճները տակաւին կը գրեն։ Նոյն կերպով, ան տակաւին կրնար օգնել ուրիշներուն, հակառակ որ իր սիրտը կոտրուած էր։ Ան կը պատմէ. «Յանկարծ անդրադարձայ որ ամէն անգամ որ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներով եւ գաղափարներով մխիթարէի աշակերտներս, Եհովան զի՛ս մխիթարած կ’ըլլար»։ Այս կինը ցանկ մը պատրաստեց, գրելով աստուածաշնչական այն անձնաւորութիւններուն անունները, որոնք շատ ծանր սուգի մէջ եղան։ Ան նկատեց որ «անոնք բոլորն ալ միշտ կ’աղօթէին»։ Ան նաեւ սորվեցաւ որ «եթէ Սուրբ Գիրքդ գոց մնայ, պատասխան չես առներ»։

Տելֆին ուրիշ բան մըն ալ սորվեցաւ Սուրբ Գիրքէն. ապագային վրայ կեդրոնանալ եւ ոչ թէ անցեալին վրայ։ Գործք 24։15–ին տուած յոյսը կը մխիթարէ զինք. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ Ան որքա՞ն վստահ է որ իր աղջիկը յարութիւն պիտի առնէ։ Տելֆին պատասխանը կու տայ. «Կրնամ երեւակայել որ աղջիկս յարութիւն առած է։ Մեր յաջորդ ‘ժամադրութիւնը’ արդէն իսկ որոշուած է, կարծես թէ Հօրս օրացոյցին վրայ գրուած է։ Շատ յստակօրէն կրնամ երեւակայել որ աղջիկիս հետ եմ մեր պարտէզին մէջ, ճիշդ ինչպէս որ յստակօրէն կը յիշեմ իր դէմքը իր ծնած օրը եւ թէ որքան սիրեցի զինք»։

^ պարբ. 4 Շատ մը այսպիսի ձայնագրութիւններ կրնաս գտնել jw.org կայքին մէջ։

Սուրբ Գիրքը կրնայ քեզի օգնել, որ մխիթարուիս նոյնիսկ ամէնէն ծանր պարագաներուն մէջ