Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը կրնա՞յ քեզի օգնել եթէ երկարատեւ հիւանդութիւն ունիս

Աստուածաշունչը կրնա՞յ քեզի օգնել եթէ երկարատեւ հիւանդութիւն ունիս

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Այո՛։ Աստուած հոգ կը տանի իր ծառաներուն, որոնք հիւանդ են։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ հաւատարիմ եղող անհատին մասին կ’ըսէ. «Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ» (Սաղմոս 41։3)։ Եթէ երկարատեւ հիւանդութիւն ունիս, կը քաջալերենք որ այս երեք քայլերը առնես.

  1.   Աղօթէ որ Աստուած քեզի ոյժ տայ որ տոկաս։ Երբ աղօթես, «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է», մտահոգութիւններդ պիտի թեթեւցնէ եւ քեզի պիտի օգնէ, որ հիւանդութեան դէմ պայքարդ շարունակես (Փիլիպպեցիս 4։6, 7

  2.   Դրական եղիր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, բայց ընկճուած հոգին անդամները կը չորցնէ» (Առակաց 17։22, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով)։ Կատակասէր եղիր, քանի որ ատիկա ոչ միայն մութ պահերը կրնայ լուսաւորել, հապա նաեւ քու առողջութեանդ լաւ կ’ազդէ։

  3.   Ապագան յոյսի աչքով դիտէ։ Յոյս ունենալը կրնայ քեզի օգնել որ ուրախ ըլլաս, հակառակ անոր որ երկարատեւ հիւանդութիւն ունիս (Հռովմայեցիս 12։12)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ օր պիտի գայ, երբ մէկը պիտի չըսէ. «Հիւանդ եմ» (Եսայի 33։24)։ Այդ ատեն, Աստուած պիտի բժշկէ բոլոր անոնք՝ որոնք երկարատեւ հիւանդութիւն ունին. բան մը՝ որ նոյնիսկ արդի գիտութիւնը կարող չէ ընել։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ մարդիկ նորէն պիտի երիտասարդանան եւ առողջ ըլլան. «Անոր մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ ու անիկա իր մանկութեան օրերուն պիտի դառնայ» (Յոբ 33։25

 Ուշադրութիւն. Ճիշդ է որ Եհովայի վկաները կը վստահին Աստուծոյ օգնութեան, բայց անոնք նաեւ կը դիմեն բժշկական դարմանումի, եթէ երկարատեւ հիւանդութիւն ունին (Մարկոս 2։17)։ Բայց եւ այնպէս անոնք որոշ բուժում մը չեն յանձնարարեր, քանի որ ամէն մէկ անհատ անձամբ պէտք է որոշէ ինչպէ՛ս բժշկուիլ։