Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնաս նոր ժողովքի մը վարժուիլ

Ինչպէ՞ս կրնաս նոր ժողովքի մը վարժուիլ

ԵՂԱ՞Ծ է որ նոր ժողովքի մը փոխադրուած ես։ Եթէ այո հաւանաբար Ժան Շարլին հետ համաձայնիս, որ ըսաւ. «Դժուար է նոր ժողովքի մը վարժուիլ եւ միեւնոյն ատեն վստահ ըլլալ, որ ընտանիքիդ բոլոր անդամները Եհովային հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր կը պահեն»։ Երբ նոր ժողովք մը փոխադրուիս, թերեւս ստիպուիս փնտռել նոր գործ, նոր տուն, եւ զաւակներուդ համար՝ նոր դպրոց մը։ Ասկէ զատ, թերեւս պէտք է վարժուիս տարբեր օդի, տարբեր մշակոյթի եւ քարոզելու համար տարբեր թաղամասի մը։

Նիքոլան եւ Սէլինը ուրիշ դժուարութիւն մը ունեցան։ Անոնք Ֆրանսայի մասնաճիւղէն նշանակում ստացան, որ նոր ժողովք մը փոխադրուին։ Անոնք կը պատմեն. «Սկիզբը շատ խանդավառ էինք, բայց յետոյ սկսանք մեր բարեկամներուն կարօտնալ, քանի որ տակաւին չէինք մտերմացած նոր ժողովքի եղբայրներուն հետ» a։ Լաւ, այսպիսի պարագաներուն, ինչպէ՞ս կրնաս նոր ժողովքին մէջ թէ՛ ուրախ ըլլալ, եւ թէ՝ արդիւնաբեր։ Ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել։ Եւ ինչպէ՞ս կրնաս թէ՛ դուն քաջալերուիլ, եւ թէ՛ ուրիշները քաջալերել նոր ժողովքին մէջ։

ՉՈՐՍ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ՝ ՆՈՐ ԺՈՂՈՎՔԻԴ ՎԱՐԺՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Եհովային վստահէ՛

1. Եհովային վստահէ՛ (Սաղ. 37։5 Ճափոնէն եղող Քազումի անունով քոյր մը ձգեց իր ժողովքը, որուն մէջ 20 տարիէ կը ծառայէր, երբ իր ամուսինը ստիպուեցաւ իր գործին պատճառաւ ուրիշ տեղ փոխադրուիլ։ Ան ինչպէ՞ս ‘Տէրոջը յանձնեց իր ճամբան’։ Քազումի կ’ըսէ. «Սիրտս Եհովային առջեւ պարպեցի եւ իրեն խօսեցայ իմ տակնուվրայ վիճակիս, առանձնութեանս, եւ մտահոգութեանս մասին։ Եւ ամէն անգամ որ ասիկա ըրի, Եհովան ինծի պէտք եղած ուժը տուաւ»։

Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային ա՛լ աւելի վստահիլ։ Ճիշդ ինչպէս որ բոյս մը ջուրի եւ հողին մէջ եղած սնունդին պէտք ունի որպէսզի աճի, հաւատքդ ալ այլաբանական սնունդի պէտք ունի որ աճի։ Նախապէս նշուած Նիքոլան սկսաւ Եհովային աւելի վստահիլ, երբ խոկաց Աբրահամին, Յիսուսին եւ Պօղոսին օրինակներուն վրայ, որոնք շատ մը զոհողութիւններ ըրած էին Աստուծոյ կամքը կատարելու համար։ Ուրեմն, եթէ կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքի անձնական ուսումնասիրութիւն ունենաս, ոչ միայն քեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ կեանքի փոփոխութիւններուն վարժուիս, այլեւ նոր բաներ պիտի սորվիս, որոնք կրնաս գործածել նոր ժողովքիդ մէջ ուրիշները քաջալերելու համար։

Բաղդատութիւններ մի՛ դներ

2. Բաղդատութիւններ մի՛ ըներ (Ժող. 7։10 Երբ Ժուլը, Պենինէն փոխադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ան նկատեց որ երկու մշակոյթներուն միջեւ լեռ ու ձոր կար։ Ան կ’ըսէ. «Զգացի թէ, որուն որ հանդիպիմ պէտք է կեանքիս պատմութիւնը պատմեմ իրեն»։ Քանի որ ասոր վարժուած չէր, ան սկսաւ եղբայրներէն հեռու կենալ։ Բայց եղբայրներուն ու քոյրերուն մօտէն ծանօթանալէ ետք, իր տեսակէտը փոխեց։ Ան կ’ըսէ. «Հիմա համոզուած եմ, թէ ուր որ ալ ըլլանք, մարդիկ նոյնն են, բայց անոնք տարբեր կերպերով կ’արտայայտուին։ Ատոր համար կարեւոր է որ մարդիկ ընդունինք ինչպէս որ են»։ Նոր ժողովքը մի՛ բաղդատեր նախկին ժողովքիդ հետ։ Ինչպէս Էն Լիզ անունով ռահվիրայ քոյր մը ըսաւ. «Ես չփոխադրուեցայ որպէսզի նոր ժողովքիս մէջ գտնեմ ի՛նչ որ ետեւս ձգած էի, հապա փոխադրուեցայ որպէսզի նոր բաներ սորվիմ»։

Երէցները նոյնպէս պէտք չէ իրենց նոր ժողովքը բաղդատեն առաջուանին հետ։ Եթէ անոնք նկատեն որ եղբայրները որոշ բան մը տարբեր կերպով կ’ընեն, պէտք է հասկնան թէ պայման չէ որ ատիկա սխալ ըլլայ։ Լաւ կ’ըլլայ որ երէցները նոր ժողովքին պայմանները լաւ ճանչնան բան մը առաջարկելէ առաջ (Ժող. 3։1, 7բ)։ Աւելի լաւ է, որ անոնք իրենց լաւ օրինակով բան մը սորվեցնեն, քան թէ իրենց կարծիքը ուրիշներուն վրայ պարտադրեն (Բ. Կոր. 1։23

Զբաղած մնա՛

3. Զբաղած մնա՛ (Փլպ. 1։27 Մէկ ժողովքէն միւսը փոխադրուիլը շատ ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ։ Բայց կարեւոր է որ սկիզբէն իսկ ժողովներուն ներկայ ըլլաս, եւ եթէ կարելի է՝ Թագաւորութեան սրահին մէջ։ Եթէ նոր ժողովքիդ անդամները քեզ չեն տեսներ կամ շատ քիչ կը տեսնեն, անոնք ինչպէ՞ս քեզի մօտիկ պիտի զգան եւ քեզի օգնեն։ Լուսինտա անունով քոյր մը, որ իր երկու աղջիկներուն հետ փոխադրուեցաւ Հարաւային Ափրիկէի մեծ քաղաքներէն մէկը, կը յիշէ. «Բարեկամներս խրատ տուին, որ ժողովքին մօտիկ ըլլանք, ուրիշներու հետ ծառայութեան ելլենք, եւ ժողովներուն պատասխաններ տանք։ Մենք նաեւ մեր տունը բացինք, որ դաշտի ծառայութեան ժողովները հոն ըլլան»։

Նոր ժողովքիդ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ «մէկ շունչով» ժողովքային գործունէութիւններուն մասնակցիլը պիտի օգնէ, որ թէ՛ դուն զօրանաս եւ թէ՛ ուրիշներ։ Նախապէս նշուած Էն Լիզը, երէցներէն քաջալերութիւն ստացաւ, որ փորձէ բոլորին հետ քարոզել։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան կ’ըսէ. «Շուտով անդրադարձայ որ ասիկա շատ աղուոր կերպ մըն է, որ զգամ թէ ժողովքին մէկ մասն եմ»։ Ասկէ զատ, եթէ Թագաւորութեան սրահին մաքրութեան եւ նորոգութեան մասնակցիս, ցոյց պիտի տաս որ նո՛ր ժողովքդ հիմա քու ժողովքդ է։ Ո՛րքան աւելի ժողովքին մէջ զբաղած մնաս, ա՛յնքան շուտ ուրիշներ քեզ պիտի ընդունին եւ դուն պիտի զգաս, որ հոգեւոր նոր ընտանիքիդ մէկ մասն ես։

Նոր բարեկամներ ունեցի՛ր

4. Նոր բարեկամներ ունեցի՛ր (Բ. Կոր. 6։11-13 Ուրիշներով հետաքրքրուիլը լաւագոյն կերպն է, որ մէկը բարեկամներ ունենայ։ Ատոր համար, ժողովներէն առաջ եւ ետք ժամանակ յատկացուր ուրիշներուն մօտենալու եւ անոնց մօտէն ծանօթանալու։ Շատ ջանք թափէ որ անոնց անունները սորվիս։ Երբ մարդոց անունները յիշես եւ երբ անոնք հանգիստ զգան քեզի մօտենալու, նոր բարեկամներ պիտի ունենաս։

Առիթ տուր որ նոր եղբայրներդ ու քոյրերդ քեզ ճանչնան ինչպէ՛ս որ ես, փոխանակ ձեւացնելու տարբեր անձ մը ըլլալ, միայն որպէսզի քեզի հաւնին։ Լուսինտայէն սորվէ՛։ Ան կ’ըսէ. «Մենք հիմա մօտիկ բարեկամներ ունինք, քանի որ նա՛խ մենք ուրիշները մեր տունը հրաւիրեցինք»։

«ՄԷԿԶՄԷԿ ԸՆԴՈՒՆԵՑԷ՝Ք»

Օտարներով լեցուն Թագաւորութեան սրահ մը մտնելը ոմանց համար վախնալիք փորձառութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա անոնց համար դիւրացնել։ Պօղոս առաքեալը քաջալերեց. «Մէկզմէկ ընդունեցէք, ինչպէս Քրիստոս մեզ ընդունեց» (Հռով. 15։7)։ Երէցները, Քրիստոսը ընդօրինակելով կրնան նոր փոխադրուողներուն զգացնել, որ ժողովքին մէկ մասն են (տե՛ս « Ի՛նչ բան կը դիւրացնէ փոխադրութիւնը» տուփը)։ Բայց, ոչ միայն երէցները, այլեւ ամբողջ ժողովքը, մէջը ըլլալով պզտիկները, փոխադրուողներուն կրնան օգնել, որ հանգիստ զգան նոր ժողովքին մէջ։

Ուրիշները ընդունելու համար չի բաւեր միայն զանոնք մեր տունը հրաւիրել, պէտք է նաեւ գործնական կերպերով անոնց օգնենք։ Օրինակ, քոյր մը իր սուղ ժամանակը տրամադրեց, որպէսզի նոր փոխադրուած քրոջ մը նոր շրջանին ծանօթացնէ եւ իրեն բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ հանրային փոխադրամիջոցները գործածել։ Քրոջ այս ըրածը շատ ազդեց նոր փոխադրուած քրոջ եւ անոր օգնեց նոր շրջանին վարժուելու։

ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ԱՃԵԼՈՒ ԱՌԻԹ ՄԸ

Մինչ մարախ կոչուած միջատը կը մեծնայ, ան իր մորթը քանի մը անգամ կը փոխէ կամ մէկ կողմ կը նետէ, նախքան որ իր թեւերը տարածէ եւ սկսի թռչիլ։ Նոյնպէս, երբ նոր ժողովք մը փոխադրուիս, քու բոլոր վախերդ մէկ կողմ պէտք է նետես, նախքան որ Եհովայի ծառայութեան մէջ թեւերդ տարածես եւ սկսիս թռչիլ։ Նիքոլասը եւ Սէլինը կ’ըսեն. «Նոր ժողովք փոխադրուիլը հոյակապ մարզում մըն է։ Նոր մարդոց եւ նոր շրջաններու վարժուիլը մեզ քաջալերեց, որ նոր յատկութիւններ մշակենք»։ Իսկ սկիզբը նշուած Ժան Շարլը կ’ըսէ, թէ իր ընտանիքը որքա՜ն օգտուեցաւ փոխադրութենէն։ «Այս փոփոխութիւնը ձգեց որ մեր զաւակները նոր ժողովքին մէջ հոգեւորապէս աճին։ Մեր փոխադրուելէն քանի մը ամիս ետք, մեր աղջիկը սկսաւ միջշաբաթային ժողովներուն մէջ բաժին տալ, իսկ մեր տղան չմկրտուած հրատարակիչ եղաւ»։

Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ պարագաներդ չեն ներեր, որ նոր ժողովք մը փոխադրուիս, ուր հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Այս պարագային կրնաս ժողովքիդ մէջ նոր թափով սկսիլ։ Այս յօդուածին առաջարկները կրնան քեզի օգնել ասիկա ընելու։ Եհովային լման վստահելով ժողովքիդ գործունէութիւններով զբաղած մնա՛։ Ինչպէ՞ս։ Ուրիշներուն հետ ծառայութեան ելլելով եւ նոր բարեկամներ ունենալով կամ ալ ունեցած բարեկամութիւններդ զօրացնելով։ Թերեւս կրնաս գործնական կերպով օգնել նոր փոխադրուողներուն կամ անոնց, որոնք օգնութեան պէտք ունին։ Ասանկով, սէր ցոյց տուած պիտի ըլլաս եւ հոգեւորապէս աճիս, քանի որ Ճշմարիտ քրիստոնեաները իրենց սիրով ճանչցուած են (Յովհ. 13։35)։ Կրնաս վստահ ըլլալ, որ «այդպիսի՛ զոհեր հաճելի են Աստուծոյ» (Եբ. 13։16, ԱԾ

Շատ մը քրիստոնեաներ նոր ժողովք մը փոխադրուելով յաջողութիւն գտած են, հակառակ որ ասիկա իր դժուարութիւնները ունի։ Դո՛ւն ալ կրնաս յաջողութիւն գտնել։ Էն Լիզը կ’ըսէ. «Ժողովքներ փոխելը ինծի օգնած է, որ սիրտս լայնցնեմ»։ Իսկ Քազումին համոզուած է, որ փոխադրուիլը «կ’օգնէ Եհովային օգնութիւնը զգալու տարբեր կերպերով»։ Իսկ Ժուլը կ’ըսէ. «Նոր բարեկամներ ունենալը ինծի օգնած է որ օտար չզգամ։ Ես հիմա կը զգամ որ այս նոր ժողովքին մէկ մասն եմ եւ ինծի համար դժուար է որ ձգեմ երթամ»։

a Խրատներ ստանալու համար, թէ «Ի՛նչ կրնաս ընել եթէ ծառայութեանդ պատճառով առաջուան շրջանակդ կը կարօտնաս», տե՛ս այս բնաբանով յօդուածը՝ Դիտարան–ի 15 մայիս, 1994 թիւին մէջ (արաբ)։