Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնաս մեկուսացումի հետ գլուխ ելլել

Ինչպէ՞ս կրնաս մեկուսացումի հետ գլուխ ելլել

 Մեկուսացած ու միայնակ կը զգա՞ս։ Եթէ այո, թերեւս սաղմոսերգուին պէս զգաս, որ ըսաւ. «Նման եղայ տանիքին վրայ մինակ եղող ճնճղուկին» (Սաղմոս 102։7)։ Աստուածաշունչին բովանդակած իմաստութիւնը կրնայ քեզի օգնել, որ մեկուսացումին պատճառած խնդիրներուն հետ գլուխ ելլես։

 Հոգեւորապէս աճէ

 Նոյնիսկ եթէ մեկուսացած ես, կրնաս ուրախ ըլլալ՝ գիտակցելով որ հոգեւոր պէտքեր ունիս եւ անոնք գոհացնելով (Մատթէոս 5։3, 6)։ Ատիկա ընելու համար, կրնաս հետեւեալներէն ձրիօրէն օգտուիլ։

Աստուածաշունչէն մխիթարական համարներ կարդա՛

  Հետեւեալ համարները շատերը մխիթարած են։ Փոխանակ քանի մը հատուածներ մէկ կտոր կարդալու, ջանա՛ ժամանակդ գործածել ամէն մէկ հատուածի վրայ խոկալու եւ աղօթելու (Մարկոս 1։35

Աշխարհի դէպքերուն նշանակութիւնը հասկցիր

Անտեղիօրէն մի՛ մտահոգուիր

  Հետեւեալ նիւթերուն շուրջ եղող յօդուածները կրնան քեզի օգնել, որ մեկուսացումի պատճառած ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլես եւ ‘հոգ չընես’ (Մատթէոս 6։25

Բարեկամութիւններ զարգացուր

  Բարեկամութիւնները մտային եւ զգացական առողջութեան համար օգտակար են, եւ կարեւոր են՝ մանաւանդ երբ մարդոց հետ տեսնուիլը դժուար է։ Եթէ ստիպուած ես տունը մնալ, կրնաս ունեցած բարեկամութիւններդ պահպանել եւ նոր բարեկամութիւններ զարգացնել տեսահաղորդակցութեան եւ հեռաձայնային խօսակցութիւններու միջոցաւ։ Հետեւեալ յօդուածները քեզի պիտի օգնեն, որ իսկական բարեկամ գտնես ու ըլլաս (Առակաց 17։17

Ֆիզիքապէս աշխոյժ մնացի՛ր

  Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ ‘մարմնին վարժութիւնը’, այսինքն՝ մարմնամարզանքը, օգտակար է (Ա. Տիմոթէոս 4։8)։ Անիկա կրնայ մտային առողջութիւնդ բարելաւել, մանաւանդ երբ մեկուսացած ես։ Նոյնիսկ եթէ ստիպուած ես տունը մնալ, հաւանաբար կա՛ն բաներ որոնք կրնաս ընել, որ աշխոյժ մնաս։