Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տալուն օգուտները քաղէ

Տալուն օգուտները քաղէ

«ՊԱՍԸ կրնայ քալել, բայց չինացին հոս պիտի մնայ»։ Ալեքսանդրան ասիկա լսեց մինչ պասին մէջ նստած էր, եւ կը սպասէր որ Հարաւային Ամերիկայի մէկ երկրին սահմանը կտրէր։ Ան գնաց որ տեսնէ թէ ինչ կը պատահի, եւ տեսաւ որ չինացի երիտասարդ մը կտրտուած սպաներէն խօսելով կը փորձէր իր վիճակը բացատրել զինուորի մը։ Ալեքսանդրան առաջարկեց թարգմանել անոր ըսածը, քանի որ չինարէն գիտէր։ Ան Եհովայի վկաներու չինախօս ժողովքի մը մէջ կը ծառայէր։

Մարդը ըսաւ որ օրինաւոր կեցութիւն ունի, բայց իր բոլոր թուղթերը եւ դրամը գողցուեցան։ Սկիզբը, զինուորը չհաւատաց անոր ըսածին եւ նոյնիսկ կասկածեցաւ որ Ալեքսանդրան ստրկավաճառութեամբ կը զբաղի։ Վերջապէս, ան ընդունեց անոր ըսածը, բայց խեղճ ճամբորդը ստիպուած էր տուգանք վճարել, քանի որ պէտք եղած փաստաթուղթը չունէր։ Ալեքսանդրան առաջարկեց 20 տոլար իբրեւ պարտք տալ, քանի որ ան դրամ չունէր։ Մարդը ձեռքով–ոտքով շնորհակալութիւն յայտնեց, եւ ըսաւ որ 20 տոլարէն աւելի պիտի վերադարձնէր իրեն։ Ալեքսանդրան բացատրեց որ դրամը իր աչքը չէր. ինք ուրախութեամբ կ’ուզէր օգնել, քանի որ ասիկա ընելը ճիշդ էր։ Ան կարգ մը աստուածաշնչական հրատարակութիւններ տուաւ մարդուն, եւ զինք քաջալերեց որ Վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքը սերտէ։

Օտարներուն հանդէպ առատաձեռն գտնուիլը որքա՜ն քաջալերական է։ Կասկած չկայ որ բոլոր կրօնքներուն մէջ կան մարդիկ, եւ նոյնիսկ կրօնք չունեցողներ, որոնք ցոյց կու տան նոյնանման ազնուութիւն։ Եթէ Ալեքսանդրային տեղը ըլլայիր, իրեն պէս անձնազոհութեամբ կը վարուէի՞ր։ Ասիկա հետաքրքրական հարցում մըն է, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Նաեւ գիտնականները պրպտումներ ընելով մէջտեղ հանած են որ տալը օգուտներ ունի։ Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս։

«ՅՕԺԱՐԱԿԱՄ ՏՈՒՈՂԸ»

Ժամանակի ընթացքին յայտնի եղած է, թէ տալը եւ ուրախութիւնը իրարու հետ շատ կապ ունին։ Պօղոս առաքեալ գրեց թէ «Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։ Ան կը խօսէր այն քրիստոնեաներուն մասին, որոնք առատաձեռնօրէն նուիրատուութիւն ըրին նեղութեան մէջ եղող հաւատակիցներուն (Բ. Կորնթացիս 8։4. 9։7)։ Պօղոս չըսաւ որ անոնք տուին քանի որ ուրախ էին։ Ընդհակառակը, անոնք ուրախ էին քանի որ տուին։

Ըստ ուսումնասիրութեան մը, տալը «կ’աշխուժացնէ ուղեղին այն մասերը, որոնք կապ ունին հաճոյքին, ընկերային յարաբերութիւններու եւ վստահութեան հետ, ստեղծելով ջերմ զգացում մը»։ Ուրիշ ուսումնասիրութիւն մը յայտնեց թէ «մէկու մը դրամ տալը աւելի ուրախացուց մասնակցողները, քան՝ դրամը իրենց վրայ ծախսելը»։

Երբեք զգացա՞ծ ես որ ձեռքէդ շատ բան չի գար ընել, քանի որ պայմաններդ չեն ներեր։ Իրականութիւնը այն է թէ ամէն անձ կրնայ տալուն ուրախութիւնը վայելել։ Երբ շարժառիթը ճիշդ է, տրուած գումարը կարեւոր չէ։ Եհովայի վկաներէն մէկը նուիրատուութիւն մը ղրկելով այս խօսքը գրեց այս պարբերաթերթը հրատարակողներուն. «Տարիներ շարունակ միայն պզտիկ գումարներ դրած եմ Թագաւորութեան սրահին մէջ»։ Բայց ան շարունակեց. «Եհովա Աստուած իմ տուածէս աւելին տուած է ինծի. . . Շնորհակալ եմ որ կարելի դարձուցած էք որ այս նուէրը ընեմ։ Ատիկա զիս կը հանգստացնէ»։

Անշուշտ տալը միշտ դրամով չ’ըլլար. ուրիշ շատ մը կերպերով ալ կ’ըլլայ։

ՏԱԼԸ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆԴ ԼԱՒ Է

Տալը թէ՛ քեզի համար լաւ է եւ թէ ուրիշներուն համար

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ, բայց անողորմ մարդը իր մարմնին նեղութիւն կու տայ» (Առակաց 11։17)։ Ողորմած կամ ազնիւ անձերը առատաձեռն են եւ պատրաստ կ’ըլլան զոհուելու ու հոգալու եւ իրենց ժամանակն ու կորովը տրամադրելու։ Այսպէս վարուիլը շատ մը օգուտներ ունի իրենց, ինչպէս՝ աւելի լաւ առողջութիւն։

Ուսումնասիրութիւնները կը ցուցնեն թէ անոնք որոնք ուրիշներուն կ’օգնեն, աւելի քիչ ցաւեր եւ ընկճուածութիւն կ’ունենան։ Ընդհանուր առմամբ, անոնց առողջութիւնը աւելի լաւ կ’ըլլայ։ Տալը նոյնիսկ կը լաւացնէ այն մարդոց առողջութիւնը, որոնք ունին երկարատեւ առողջապահական խնդիրներ, ինչպէս՝ բազմադիմի կարծրախտ (multiple sclerosis) կամ մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահրը (HIV)։ Նաեւ յայտնի եղած է որ այն նախկին ալքոհոլականները, որոնք ուրիշներուն կ’օգնեն, աւելի քիչ կ’ընկճուին եւ հաւանականութիւնը կը քիչնայ որ իրենց մոլութեան ետ դառնան։ Ինչո՞ւ։

Կ’ըսուի թէ «երբ մէկը կարեկից, բարեսէր եւ ազնիւ ըլլայ, բացասական զգացումները շատ տեղ չեն ունենար»։ Տալը նաեւ կը թեթեւցնէ ճնշուածութիւնը եւ արեան ճնշումը։ Իսկ անոնք որոնք իրենց կողակիցը կորսնցուցին, աւելի շուտ ընկճուածութենէն դուրս ելան, երբ ուրիշներուն օգնեցին։

Ինչպէս որ տեսանք, կասկած չկայ թէ տալը լաւ է։

ՏԱԼԸ ՓՈԽԱՆՑԻԿ Է

Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց, ըսելով. «Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի» (Ղուկաս 6։38)։ Երբ տաս, աւելի հաւանականութիւն կայ որ մարդիկ ըրածդ գնահատեն եւ իրենք ալ առատաձեռն գտնուին։ Այսպիսով, տալը կը ձգէ որ համագործակցութիւն ու բարեկամութիւն ըլլայ։

Տալը կը ձգէ որ համագործակցութիւն ու բարեկամութիւն ըլլայ

Մարդկային փոխյարաբերութիւնները ուսումնասիրողները անդրադարձած են, որ «անոնք որոնք միշտ անձնազոհ կը գտնուին, ուրիշները կը քաջալերեն որ նոյնը ընեն»։ Իրապէս, «մարդիկ աւելի առատաձեռն կը դառնան պարզապէս կարդալով շատ ազնիւ արարքներու մասին»։ Ուրեմն, ըստ ուսումնասիրութեան մը, «իւրաքանչիւր անձ կրնայ ազդել շատերու, եւ նոյնիսկ հարիւրաւորներու, որոնցմէ ոմանք ո՛չ կը ճանչնայ եւ ոչ ալ հանդիպած է»։ Ուրիշ խօսքով, մէկ առատաձեռն արարքը կրնայ փոխանցուիլ մէկէն միւսին։ Չէի՞ր ուզեր այսպիսի մարդոց մէջ ապրիլ։ Եթէ ա՛լ աւելի մարդիկ սորվին տալ, շատ օգուտներ մէջտեղ կու գան։

Ասոր ճիշդ ըլլալը յայտնի կ’ըլլայ հետեւեալ փորձառութենէն, որ պատահեցաւ Ֆլորիտայի մէջ (ԱՄՆ)։ Ոլորամրրիկէ մը ետք, խումբ մը Վկաներ մասնակցեցան օգնութեան գործին։ Մինչ անոնք նորոգելիք տան առջեւ կը սպասէին նորոգութեան ապրանքներուն, անդրադարձան որ դրացիին ցանկապատը վնասուած է, եւ առաջարկեցին զայն շինել։ Դրացին նամակ մը գրեց Եհովայի վկաներուն գլխաւոր կեդրոնատեղիին, եւ ըսաւ. «Շատ երախտապարտ եմ ձեզի։ Այս մարդիկը մինչեւ հիմա իմ ծանօթացած ամէնէն լաւ մարդիկն էին»։ Անոր երախտագիտութիւնը զինք մղեց որ առատաձեռնօրէն նուիրատուութիւն ընէ, որպէսզի գումարը գործածուի Վկաներուն հոյակապ գործին, ինչպէս որ ան արտայայտուեցաւ։

ՏԱԼՈՒ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՕՐԻՆԱԿԻՆ ՀԵՏԵՒԷ

Գիտնականները մէջտեղ հանած են որ «այնպէս կ’երեւի թէ ուրիշներուն օգնելու հիմնական մղում մը կայ մարդուն մէջ»։ Ուսումնասիրութիւնը կ’ըսէ թէ «պզտիկները անձնազոհութեամբ կը վարուին նոյնիսկ առաջ որ խօսիլ սորվին»։ Ինչո՞ւ։ Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ, ըսելով թէ մարդ արարածը ստեղծուած է «Աստուծոյ պատկերովը», այսինքն՝ նոյն հիմնական յատկութիւններով (Ծննդոց 1։27

Առատաձեռնութիւնը Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ հոյակապ յատկութիւններէն մէկն է։ Ան մեզի տուած է կեանք եւ ամէն ինչ որ պէտք ունինք ուրախ ըլլալու (Գործք 14։16. 17։26-28)։ Աստուծոյ Խօսքը՝ Սուրբ Գիրքը սերտելով կրնանք աւելի լաւ ճանչնալ մեր երկնաւոր Հայրը եւ գիտնալ մեզի նկատմամբ իր սիրալիր նպատակները։ Ատիկա նաեւ կը ցուցնէ թէ Աստուած մեր ապագայ ուրախութեան համար կարգադրութիւն մը ըրած է (Ա. Յովհաննէս 4։9, 10) *։ Լաւ, Աստուած առատաձեռնութեան բուն աղբիւրը եւ դուն իր պատկերով ստեղծուած ըլլալով, զարմանալի չէ որ տալը քեզի համար լաւ է եւ Աստուած կ’ուրախացնէ (Եբրայեցիս 13։16

Այս յօդուածին սկիզբը նշուած Ալեքսանդրան կը յիշե՞ս։ Թէեւ պասին մէջ մէկը իրեն ըսաւ որ իր տուած դրամին երեսը պիտի չտեսնէ, բայց երբ պասը քաղաք մը կեցաւ, չինացին կապ պահեց այդտեղի իր բարեկամներուն հետ եւ 20 տոլար պարտքը վճարեց։ Ասկէ զատ, մարդը Ալեքսանդրային ըսածը ընելով՝ սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել։ Երեք ամիս ետք, Փերուի մէջ քոյրը շատ ուրախացաւ երբ դարձեալ տեսաւ զինք՝ Եհովայի վկաներու չինարէն լեզուով վարուած համաժողովի մը ընթացքին։ Մարդը իր ճաշարանը հրաւիրեց Ալեքսանդրան եւ անոր հետ համաժողով եկողները, որպէսզի իր երախտագիտութիւնը ցուցնէ անոր բոլոր ըրածներուն համար։

Ուրիշներուն տալը եւ օգնելը կը պատճառեն մեծ ուրախութիւն։ Տակաւին ա՛լ աւելի կ’ուրախանաս երբ միեւնոյն ատեն մարդոց օգնես, որ աւելի լաւ ճանչնան բոլոր լաւ պարգեւներ Տուողը՝ Եհովա Աստուած (Յակոբոս 1։17)։ Դուն ալ տալուն օգուտները կը քաղե՞ս։

^ պարբ. 21 Աւելի տեղեկութիւններ ստանալու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ, եւ մատչելի է www.pr418.com/hy-latn կայքին մէջ։ Նայէ՛ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ։