Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ, ԵԹԷ ՄՏԱՀՈԳ ԵՍ

Դրամի մասին մտահոգուիլ

Դրամի մասին մտահոգուիլ

«Երբ մեր երկրին մէջ դրամի արժէզրկումը անզսպելի դարձաւ, ուտելիքը սղեցաւ եւ շատ քիչցաւ», կը պատմէ Փոլ, որ ամուսնացած է եւ երկու զաւակի տէր է։ «Ժամերով կարգի կը սպասէինք, բայց յաճախ ուտելիքը կը վերջանար մեր կարգը գալէ առաջ։ Մարդիկ անօթութենէն շա՜տ նիհարցան եւ ոմանք ճամբուն մէջտեղը մարեցան։ Հիմնական պէտքերուն գինը միլիոններու, ապա միլիառներու հասաւ։ Ի վերջոյ, տեղական դրամը անարժէք դարձաւ։ Կորսնցուցի դրամատան հաշիւս, ապահովագրութիւնս եւ հանգստաթոշակս»։

Փոլ

Փոլ կը գիտակցէր թէ պէտք էր «իմաստութիւն» գործածէր, որպէսզի իր ընտանիքը վերապրէր (Առակաց 3։21)։ Ան կը բացատրէ. «Ճիշդ է որ ելեկտրագէտ էի, բայց ձեռքս անցած գործը կ’աշխատէի՝ սովորականէն շատ աւելի քիչ վճարումով։ Ոմանք աշխատանքիս փոխարէն ուտելիք կամ տունի ապրանք կու տային ինծի։ Երբ ինծի չորս հատ օճառ տային, երկուքը կը գործածէի, իսկ միւս երկուքը կը ծախէի։ Վերջ ի վերջոյ 40 ճուտիկ ձեռք ձգեցի։ Եւ երբ մեծցան, զանոնք ծախեցի եւ 300 հատ գնեցի։ Ետքը, 50 հաւ փոխանակեցի 100 քկ. հացահատիկի ալիւրով, եւ անով երկար ժամանակ թէ՛ ընտանիքս եւ թէ քանի մը այլ ընտանիքներ սնուցանուեցանք»։

Փոլ նաեւ գիտէր թէ Աստուծոյ վստահիլը ամէնէն գործնական բանն էր, որ անձ մը կրնայ ընել։ Աստուած մեզի կ’օգնէ երբ իր ըսածը կատարենք։ Կեանքի անհրաժեշտ բաները ապահովելու առնչութեամբ Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ շփոթիք. . . ձեր Հայրը գիտէ թէ ասոնք ձեզի պէտք են» (Ղուկաս 12։29-31

Ցաւալի է թէ Աստուծոյ թշնամին՝ Սատանան աշխարհին մեծ մասը խաբած է, որ իրենց կեանքը ֆիզիքական բաներու վրայ կեդրոնացնեն։ Մարդիկ չափէ դուրս կը մտահոգուին թէ՛ իրենց իսկական եւ թէ ենթադրեալ պէտքերուն վրայով։ Անոնք անհամբեր կը ջանան ձեռք ձգել բաներ, որոնց իրապէս պէտք չունին։ Շատեր պարտքերու մէջ կը մտնեն, իրենց քսակէն սորվելով թէ «փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ» (Առակաց 22։7

Կարգ մը մարդիկ վնասակար որոշումներ կ’առնեն։ «Դրացիներէս շատեր իրենց ընտանիքն ու բարեկամները ձգեցին, աւելի լաւ պայմաններ փնտռելով ուրիշ երկիրներու մէջ», կը պատմէ Փոլ։ «Կարգ մը մարդիկ ճամբորդեցին առանց ներգաղթի թուղթերու, եւ չկրցան գործ գտնել։ Անոնք յաճախ ոստիկանութենէն կը պահուըտէին եւ փողոցները կը պառկէին։ Անոնք Աստուծոյ առիթ չտուին որ իրենց օգնէ։ Բայց մենք վճռեցինք դրամական խնդիրները ընտանեօք եւ Աստուծոյ օգնութեամբ դիմագրաւել»։

ՅԻՍՈՒՍԻ ԽՐԱՏԻՆ ՀԵՏԵՒԻԼ

Փոլ կը շարունակէ. «Յիսուս ըսաւ. ‘Վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը’։ Ուստի օրական կ’աղօթէի, որ Աստուած ‘մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի [տայ]’, որպէսզի կարենանք վերապրիլ։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս խոստացած էր, Աստուած մեզի օգնեց։ Մենք միշտ մեր նախընտրած բանը չկրցանք ունենալ։ Անգամ մը կարգի սպասեցի, առանց գիտնալու թէ ի՛նչ ուտելիք կը ծախուի։ Երբ կարգս հասաւ, տեսայ թէ մածուն էր։ Մածունը չեմ սիրեր, բայց վերջ ի վերջոյ անիկա ուտելիք է. ուստի այդ գիշեր մածուն կերանք։ Երախտապարտ եմ Աստուծոյ, որ ամբողջ այդ ժամանակամիջոցին ընտանիքս անօթի անկողին չմտաւ» *։

Աստուած խոստացած է. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ» (Եբրայեցիս 13։5)

«Ներկայիս դրամ շահիլը աւելի դիւրին է։ Բայց անձնական փորձառութեամբ գիտցած ենք, թէ Աստուծոյ վստահիլը մտահոգութենէն ձերբազատուելու լաւագոյն կերպն է։ Եհովան * միշտ մեզի պիտի օգնէ, այնքան ատեն որ իր կամքը կը կատարենք։ Սաղմոս 34։8–ին ճիշդ ըլլալը տեսած ենք. ‘Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ’։ Հետեւաբար, նորէն դրամական նեղութիւններ քաշելէ չենք վախնար։

Աստուած հաւատարիմներուն կ’օգնէ որ «ամէն օրուան հացը» ունենան

«Այժմ յստակօրէն կը հասկնանք որ մարդիկ վերապրելու համար ուտելիքի պէտք ունին, եւ ոչ թէ գործի կամ դրամի։ Անհամբեր կը սպասենք այն ժամանակին, երբ Աստուծոյ սա խոստումը պիտի իրականանայ. ‘Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ’։ Մինչ այդ, ‘կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով [պիտի] բաւականանանք’։ Աստուածաշունչին ըսածը մեզ կը զօրացնէ. ‘Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ». այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ»’» *։

Փոլին եւ իր ընտանիքին պէս «Աստուծոյ հետ քալե[լը]» անկեղծ հաւատք կ’ուզէ (Ծննդոց 6։9)։ Եթէ ներկայիս նիւթական լուրջ դժուարութիւն կը քաշենք, կամ եթէ ապագային այսպիսի դժուարութիւն քաշենք, Փոլի հաւատքէն եւ գործնական իմաստութենէն կարեւոր դասեր կը քաղենք։

Բայց ի՞նչ կրնանք ընել եթէ ընտանեկան խնդիրներ մեզ կը մտահոգեն։

^ պարբ. 10 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, Աստուծոյ անունը «Եհովա» է։