Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կիները կրնա՞ն ապահով զգալ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Կիները կրնա՞ն ապահով զգալ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

 Աշխարհին չորս կողմը, մարդիկ կիներու եւ աղջիկներու հետ գէշ կերպով կը վարուին։ Դուն ալ ասոր զոհը գացա՞ծ ես։ Տես թէ Աստուծոյ համար ինչո՛ւ կարեւոր է որ ապահով ըլլաս, եւ թէ ան կիներու հանդէպ գէշ վերաբերմունքին նկատմամբ ի՛նչ պիտի ընէ։

 «Երբ պզտիկ էի, եղբայրս ամէն օր ինծի թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ խօսքով վնաս կը հասցնէր։ Ամուսնանալէս ետք, կեսուրս ալ հետս գէշ կերպով կը վարուէր։ Թէ՛ ինքը եւ թէ կեսրայրս ինծի հետ այնպէս կը վարուէին, կարծես իրենց ծառան ըլլայի։ Անոր համար, շարունակ կը մտածէի անձնասպան ըլլալ» (Մատու a, Հնդկաստան)։

 «Ամբողջ աշխարհի մէջ կիներու դէմ բռնութիւն կայ», կ’ըսէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը։ Անիկա կ’ենթադրէ որ երեք կիներէն գրեթէ մէկը իր կեանքին ընթացքին ֆիզիքական կամ սեռային բռնութեան զոհը կ’երթայ։

 Եթէ այս է պարագադ, թերեւս միշտ վախի մէջ ըլլաս, որ ո՛ւր ալ երթաս, մէկը կա՛մ խօսքով կամ ալ ֆիզիքական կամ սեռային գետնի վրայ քեզի վնաս պիտի հասցնէ։ Թերեւս կը զգաս որ շատերու համար կիները արժէք չունին, քանի որ, կին ըլլալով, վայրագութեան եւ գէշ վերաբերմունքի զոհը գացած ես։ Բայց արդեօք Աստուած ի՞նչ աչքով կը դիտէ կին դասակարգը։

Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ Աստուած կ’ուզէ՛ որ կիները ապահով ըլլան

Աստուծոյ տեսակէտը

 Աստուածաշունչէն համար. «[Աստուած] արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք» (Ծննդոց 1։27

 Իմաստ. Աստուած ստեղծեց տղամարդիկը եւ կիները։ Իր աչքին երկուքն ալ յարգանքի արժանի են։ Ասկէ զատ, ան կ’ակնկալէ որ ամուսին մը «իր կինը այնպէս սիրէ՝ ինչպէս որ իր անձը կը սիրէ», եւ չփորձէ իր կինը ղեկավարել՝ մանաւանդ խիստ խօսքերով կամ վայրագութեամբ (Եփեսացիս 5։33, ՆԹ. Կողոսացիս 3։19)։ Ուրեմն, ասկէ յստակ է որ Աստուած կ’ուզէ՛ որ կիները ապահով ըլլան։

 «Երբ պզտիկ էի, ազգականներս սեռային գետնի վրայ ինծի վնաս կը հասցնէին։ 17 տարեկանիս, վարպետս սպառնաց որ գործէս պիտի վռնտէ, եթէ իրեն հետ սեռային յարաբերութիւն չունենամ։ Ետքն ալ, ամուսինս, ծնողներս եւ դրացիներս հետս անարգանքով կը վարուէին։ Բայց, ի վերջոյ սորվեցայ Ստեղծիչին՝ Եհովային b մասին, եւ տեսայ որ ան կիները կը յարգէ։ Ասիկա զիս վստահեցուց, որ ինծի հանդէպ սէր ունի եւ թէ իր աչքին արժէքաւոր եմ» (Մարիա, Արժանթին)։

Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի լաւ զգալ

 Աստուածաշունչէն համար. «Եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ» (Առակաց 18։24

 Իմաստ. Իսկական բարեկամը քեզի կռնակ կը կենայ։ Զգացումներդ վստահելի մէկու մը հետ բաժնէ, եթէ կը զգաս որ ասիկա քեզի պիտի օգնէ։

 «20 տարի մէկու մը չըսի որ սեռային գետնի վրայ շահագործուած էի։ Այդ պատճառաւ, ուրախութիւնս կորսնցուցի, մտահոգ եւ ընկճուած դարձայ։ Բայց երբ վերջապէս ինծի հետ եղածը պատմեցի մէկու մը, որ պատրաստ էր ինծի մտիկ ընելու, շատ հանգստացայ» (Էլիֆ, Թուրքիա)։

 Աստուածաշունչէն համար. «Ձեր ամէն հոգը [Աստուծոյ] վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. Պետրոս 5։7

 Իմաստ. Երբ աղօթես, Աստուած իրապէս կը լսէ (Սաղմոս 55։22. 65։2)։ Քանի՛ որ ան քեզմով հետաքրքրուած է, կրնայ քեզի օգնել որ հասկնաս թէ որքա՜ն արժէքաւոր ես։

 «Եհովային մասին սորվիլը օգնեց որ զգացական խոր վէրքերս սկսին բուժուիլ։ Հիմա կրնամ իրեն աղօթել եւ բոլոր զգացումներս պատմել։ Ան կը նմանի բարեկամի մը, որ զգացումներս շատ լաւ կը հասկնայ» (Աննա, Պէլիզ)։

Աստուած ի՞նչ պիտի ընէ

 Աստուածաշունչէն համար. ‘Աստուած որբին ու տնանկին [«փշրուած անձին», ՆԱ] դատաստանը պիտի տեսնէ, որպէս զի երկրի մարդը ա՛լ զանոնք չվախցնէ’ (Սաղմոս 10։17, 18

 Իմաստ. Մօտ ատենէն, Աստուած վերջ պիտի դնէ ամէն տեսակ անարդարութեան, մէջը ըլլալով՝ կիներու դէմ եղած անգթութեան ու վայրագութեան։

 «Շատ հանգստացայ, երբ գիտցայ որ մօտ ատենէն Եհովան վերջ պիտի դնէ կիներու եւ աղջիկներու հանդէպ եղած գէշ վերաբերմունքին։ Ատիկա ինծի մտային խաղաղութիւն տուած է» (Ռոպէրթա, Մէքսիքա)։

 Աւելի գիտնալու համար, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ յոյս կու տայ, թէ ինչո՛ւ կրնաս վստահիլ անոր տուած խոստումներուն եւ թէ Եհովայի վկաները ինչպէ՛ս կրնան Աստուածաշունչին միջոցաւ հիմա քեզի օգնել, հաճիս այցելութիւն խնդրէ։

 Բեռնէ այս յօդուածին PDF տարբերակը։

a Անունները փոխուած են։

b Աստուծոյ անձնական անունը Եհովա է։ (Սաղմոս 83։18) Տե՛ս «Ո՞վ է Եհովան» յօդուածը