Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 15

Երէցները ինչպէ՞ս ժողովքին կը ծառայեն

Երէցները ինչպէ՞ս ժողովքին կը ծառայեն

Ֆինլանտա

Ուսուցանել

Հովուել

Վկայել

Մեր կազմակերպութեան մէջ աշխատավարձ ստացող կղեր չունինք։ Փոխարէն, ինչպէս որ էր պարագան երբ քրիստոնէական ժողովքը սկսաւ, որակեալ տեսուչներ կը նշանակուին «Աստուծոյ ժողովքը հովուելու համար» (Գործք 20։28, ՆԱ)։ Այս երէցները հոգեւորապէս հասուն տղամարդիկ են, որոնք առաջնորդութիւն կ’առնեն ժողովքին մէջ եւ զայն կը հովուեն «ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ» (Ա. Պետրոս 5։1-3)։ Անոնք մեզի ի նպաստ ի՞նչ աշխատանք կը կատարեն։

Մեզ կը հոգան եւ մեր վրայ կը վերահսկեն։ Երէցները ժողովքը կ’առաջնորդեն եւ հոգեւորապէս կը պաշտպանեն։ Գիտակցելով թէ Աստուած այս կարեւոր դերը իրենց վստահած է, երէցները իր ժողովուրդին չեն տիրեր, այլ՝ մեր բարօրութեան եւ ուրախութեան կը նպաստեն (Բ. Կորնթացիս 1։23)։ Ճիշդ ինչպէս որ հովիւ մը ժրաջանօրէն իւրաքանչիւր ոչխարին հոգ կը տանի, երէցները կը ջանան ժողովքի բոլոր անդամները անհատապէս ճանչնալ (Առակաց 27։23

Մեզի կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս Աստուծոյ կամքը կատարել։ Ամէն շաբաթ, երէցները ժողովները կը վարեն, որպէսզի մեր հաւատքը ամրացնեն (Գործք 15։32)։ Այս նուիրեալ տղամարդիկը նաեւ աւետարանչութեան մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն, մեզի հետ աշխատելով եւ մեզ մարզելով ծառայութեան բոլոր երեսակներուն մէջ։

Մեզի անձնական քաջալերութիւն կու տան։ Մեր անձնական հոգեւոր պէտքերը հոգալու համար, երէցները կրնան մեր տուները այցելել կամ Թագաւորութեան սրահին մէջ մեզի հետ խօսակցիլ, Սուրբ Գրութիւններէն օգնութիւն ու մխիթարութիւն մատակարարելու համար (Յակոբոս 5։14, 15

Ժողովքին մէջ իրենց աշխատանքին կողքին, երէցներուն մեծամասնութիւնը նաեւ ունի աշխարհիկ գործեր եւ ընտանեկան պատասխանատուութիւններ, որոնք ժամանակ եւ ուշադրութիւն կը պահանջեն։ Այս ջանասէր եղբայրները մեր յարգանքին արժանի են (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13

  • Ժողովքի երէցներուն դերը ի՞նչ է։

  • Երէցները ի՞նչ կերպերով մեզի հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։